Ժ. Չ.
25-րդ տարեդարձը պիտի ըլլա՞յ շրջադարձային։ Սպասումները միշտ մեծ եղած են
եւ նոյնքան մեծ՝ վհատութիւնը, յուսալքութիւնը, հայրենիքէն հեռանալու
մտադրութիւնը։ Սակայն եւ այնպէս նոյնքան եւ աւելի հզօր է ժողովուրդին,
մասնաւորապէս երիտասարդութեան փարումը Արցախին, Հայաստանի պաշտպանութեան։
Ծայրագոյն լարումը ստեղծեց «Սասնայ ծռեր»-ը՝ «խմբասպանական» արարքը։
Անսպասելի էր իշխանութեան համար, որ ոստիկանական ջոկատներու ապաւինած՝
պաշտպանուած կը զգար զինեալ ցնցումներէ։ Յենած՝ արտագաղթի մարտավարութեան,
ժողովրդային ընդվզումը՝ յեղաշրջումի վտանգէն հեռացուցած կը կարծէր։
Դեռ կայ տողանցքի, քայլերգի եւ շեփորի ցուցադրական կառավարութիւնը, որ ամէն
միջոցով կ՚ուզէ իշխանութեան գլուխ մնալ։ Ան, որ պահ մը՝ Ապրիլին դիմեց
ճշմարտութեան լեզուն խօսելու, խոստովանեցաւ, որ 2016 Ապրիլին դեռ 1980-ական
զէնքերով կը կռուի, հակառակ անոր որ ամէն կտուրէ յայտարարած էր, որ
ռուսական գերարդիական բոլոր զէնքերուն տէր է։ Ընդունեցաւ, որ այն ինչ
Թուրքիան էր Ազէրպայճանին համար, Ռուսաստանը՝ չէր Հայաստանին։ Սպառնական
խօսեցաւ միջազգային հանրութեան, սակայն խօսքը մնաց ցուցադրական,
անհետեւանք։
Քաղաքապետական, գիւղապետական ընտրութիւններու առթիւ կը խօսուի ընտրական նոր
խախտումներու մասին։ Կայ սպանութիւն, կրակոց… կայ նոր կառավարութիւն։
Ճամբան դեռ երկար է ժողովրդավար համակարգ հաստատելու համար։ Դէպքերը կը
նշեն շրջադարձի հասունացումը։ Ժողովուրդը հասուն է, ղեկավարութիւնը կը
կաղայ։
No comments:
Post a Comment