ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Այս բառերով կը բնորոշէ նախագահ Սարգսեան ներկայ պահու սուր
հրամայականը: Օգոստոս 1-ի իր յայտարարութեամբ, պր. նախագահը կը
հաւաստիացնէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է երկրէն
ներս «դրական փոփոխութիւններու (պետական) օրակարգը» «բազմապատիկ
արագութեամբ» առաջ տանելու: Պր. նախագահը նաեւ կը վստահեցնէ հանրութիւնը ,
որ ինք «այդ մասին շատ աւելի մանրամասն» պիտի արտայայտուի յառաջիկայ
օրերուն: Նախագահական այս հաւաստիքը հացի պէս կենսական է այսօր, եւ ամբողջ
հայութեան լսողութիւնը այսօր լարուած է դէպի այդ աւետաբեր
մանրամասնութիւնը:
Երկրին սպառնացող հսկայ վտանգը շրջանցելէ ետք, պր. նախագահին այս
յայտարարութիւնը վերստին կը բանայ ակերը յոյսի, եւ այս մէկը` այնպիսի վրդով
ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր խօսքերը լայնօրէն կորսնցուցած են իրենց ուժը,
եւ երկրի քաղաքացիական դաշտը ինկած է անծայր շփոթի մէջ: Այսօր փաստը այն
է, որ քաղաքացիներու մէկ ամբողջ զանգուած, հաւանաբար` երկրի
մեծամասնութիւ՛նը, այժմ կը զգայ բացարձակապէս անզօր ինքնիր կեանքի
տնտեսական (եւ հետեւաբար` ընկերայի՛ն) մարտահրաւէրները դիմագրաւելու: Այս
կացութեան մէջ յուսադրող ամէն խօսք պետութեան առաջին դէմքին իսկ կողմէ
իսկական օրհնութիւն մըն է, բայց նաեւ` որոգա՛յթ մը միաժամանակ: Ան կրնայ
փութով վերականգնել երկրին կոտրուած կորովը եւ նոր սկիզբ հանդիսանալ մեր
երկրի անիրաւուած մարդուն: Բայց նաեւ ան կրնայ առաջնորդել նոր եւ
ճակատագրական յուսախաբութիւններու, եթէ շօշափելի եւ որոշիչ քայլեր
չյաջորդեն նախագահական հաւաստիքներուն :
Պէտք է սրտանց ողջունել պր. նախագահի յայտարարութեան հաստատումները
երկրի կայունութեան եւ օրէնքի խոստացուած գերակայութեան մասին: Այն
իրողութիւնը, որ անսպասելիօրէն ծայր առած այս արկածախնդրական
գործողութիւնը, որուն ետին վստահաբար իրենց «գունաւոր յեղափոխութիւն»ը կը
փորձէին նիւթել արտաքին ուժերը… (*) ի վերջոյ կասեցուեցաւ իշխանութեան եւ
«զինեալ խումբ»-ի փոխադարձ գործակցութեամբ, ինքնին ցոյց կու տայ, որ մեր
ազգի հաւաքական բնազդները այնուամենայնիւ սուր են եւ գիտակցութիւնը`
պայծա՛ռ: Բայց այստեղ կանգ պէտք է առնէ պարծանքի եւ ինքնաշնորհաւորման մեր
փորձութիւնը, քանի որ մեծ մարտահրաւէրը մեր առջեւն է դեռ:
Հարցերը չեն լուծուած: Անոնք շատ հեռու են լուծուած ըլլալէ: Մեր
ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ դեռ չպայթած ականներ կան, որոնք պատրաստ են
պայթելու եւ` պայթելու այն իսկ պահուն, երբ մեր երկիրը կը դիմագրաւէ
արտաքին սպառնալիքներ: Թող այս գործողութիւնը այնուամենայնիւ ազդարարութիւն
հանդիսանայ ամբողջ ազգին եւ յատկապէս երկրի իշխանութեան` անյապաղ գործի
անցնելու եւ խիզախ ու շինիչ քայլեր առնելու:
Եւ ճակատագրական իրականութիւնը այն է, որ ներկայ կացութեան մէջ այդ
քայլերը կրնան առնուիլ միայն իշխանութեան կողմէ: Պատմութիւնը ներկայ
իշխանութեան ուսերուն վրայ դրած է այդ պարտաւորութիւնը: Ուզեն կամ չուզեն`
այս իշխանութեան գործիչներն են, որ պիտի հարթեն այս ստիպողական ճանապարհը:
«Դրական փոփոխութիւնների օրակարգը», որուն կ՛ակնարկէ պր. նախագահը, այն
իսկ օրակարգն է, ուր թաղուած է այս հրէշին գլուխը: Բոլոր ցուցանիշները
ցոյց կու տան, որ երկրի տնտեսութեան հսկայ մէկ շերտը առեւանգուած կը մնայ
խորհրդային կարգերէն վերապրած մենաշնորհային համակարգին կողմէ, որուն
աղիտալի հետեւանքները երկրի տնտեսութեան համար շարունակաբար մատնացոյց ըրած
ենք այս սիւնակներէն: Երկրի տնտեսութիւնը իւրացուած է սակաւապետական
(oligarchic) խումբի մը կողմէ, եւ պետութեան ձեռքէն խլուած են տնտեսական
ազդու քաղաքականութիւն ձեւաւորելու բանալիները: Այս տնտեսակարգը
ինքնաբերաբար կը ծառայէ խումբ մը շահատէրերու, որոնք կը շահագործեն երկրի
ուժականութիւնները` առանց սակայն կարելի դարձնելու եկամուտի համապատասխան
վերաբաշխումը (income redistribution) տնտեսութեան մէջ եւ առանց ծնունդ
տալու առողջ վերաներդրումային (re-investment) դրամահոսքերու: Այս
տնտեսակարգը չի ծնիր նոր աշխատատեղեր այն չափով, որ ան պիտի ծնէր ազատ
մրցակցային պայմաններու մէջ: Ան չի կրնար համաշխարհային տնտեսութեան հետ
առողջ համարկում (integration) առաջ բերել, որ նախապայմանն իսկ է մեր երկրի
տնտեսութեան արդիականցման: Ան չի կրնար խթանել կորովի եւ ինքնավստահ
հասարակութիւն մը կառուցելու պատմական գործը, քանի որ ան չի կրնար ապահովել
երկրէն ներս միջին դասակարգի մը կազմաւորման գործը: Ընդհակառակն, ան կը
ստիպէ, որ աշխատաւորութիւնը գաղթէ. կը ստիպէ, որ Հայաստանի միջին
դասակարգը, այսինքն` երկրի ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ
բանալի՛ն, կազմաւորուի… երկրէն դուրս` Ռուսաստանի մէջ եւ այլուր: Եւ` ի շահ
օտար տնտեսութեանց եւ ազգութեա՛նց:
Հետևա՛նքը այս բոլորին: Մենաշնորհային համակարգը, եթէ արագօրէն եւ
հիմնովին չվնասազերծուի, պիտի տեւաբար սնուցանէ երկրէն զանգուածային
փախուստի հոգեբանութիւնը մեր հասարակութեան մէջ: Եւ կամ պիտի սնուցանէ
ինքնիր երկրին մէջ, ինքնիր զաւակներու աչքին` ծանր խղճմտանքով ապրող,
ինքնիր հողէն ամէն օր օտարուած, տեւաբար յուսահատ եւ տեւաբար իրաւազրկուած
քաղաքացի՛ն:
Ինչո՞ւ ընդունիլ այս կրկնապէս նահանջական կարգավիճակը: Իրականութիւնը
այն է, որ այս անհեթեթ բանտը ընդունելու երբեք պէտք չունինք: Կացութիւնը,
որուն մէջ կը գտնուի մեր երկիրը, անշրջելի չէ: Այս ծուռ դարձած անիւը
կարելի՛ է արագօրէն շրջել եւ երկիրը վերադարձնել իր տարերային (dynamic)
կշռոյթին եւ այդ կշռոյթը իր իմաստութեամբ զինող մեր ժողովուրդի՛ն: Եւ այդ
մեծ յեղաշրջումէն անպայման կը շահին բոլորը անխտիր: Ներառեալ անո՛նք, որոնք
լրջօրէն շահագրգռուած են իրենց ձեռներէցութեամբ բարձունքներ նուաճելու
երկրի տնտեսութեան խաղադաշտին մէջ: Պր. նախագահին յիշած «դրական
փոփոխութիւններու օրակարգը» այս լոյսի տակ միայն կրնայ իսկապէս
իմաստաւորուիլ: Այլապէս ան կը մնայ մեռեալ տառ` մեզ աւելի եւս խրելով այս
ողորմելի ճախճախուտին մէջ:
«Դրական փոփոխութիւնների օրակարգը» կրնայ յոյս ներշնչել միայն այն ատեն,
երբ իշխանութիւնը անկեղծօրէն եւ վճռականօրէն քաշէ կարմիր գիծը իր
սահմանադրական հեղինակութեան եւ մենաշնորհի տէրերուն միջեւ: Քաղաքական
կամք, այսօրուան Հայաստանի մէջ, առաջին հերթին, կը նշանակէ միանգամընդմիշտ
կտրել պորտակապը իշխանութեան եւ մենաշնորհային համակարգին միջեւ եւ ազատ
արձակել մեծ կալանաւորը` երկրի քաղաքացի՛ն: Քանի որ եկած է ժամանակը
եզրակացութիւններէն անդին անցնելու եւ համարձակօրէն, հպարտօրէն եւ
յեղափոխական մտատեսիլո՛վ մտնելու յաջորդ քսանհինգամեակի դռներէն ներս: Եկած
է ժամանակը մեր երկիրը վերադարձնելու իր իրաւատիրոջ: Եկած է ժամանակը մեր
ժողովուրդը լիիրաւ կարգավիճակով բաժնետէր ընելու իր հայրենիքին:
«Ազդակ», 3 Օգոստոս 2016
------------------------------
(*) Մեզի ծանօթ չէ որեւէ շօշափելի փաստ, որ թոյլ տայ «գունաւոր յեղափոխութեան» զուտ վարկածային հաստատումին աւելցնել աւելի քան տարակուսելի «վստահաբար» մակբայը («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment