ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Ինչպէս հաղորդած էինք, Իսթանպուլի Մխիթարեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ, բանասէր ու գրականագէտ Սեւան
Տէյիրմենճեան դպրոցի վարչութեան եւ հիմնադիրի փոխանորդի
որոշումով պաշտօնազրկուած էր։
Շուրջ ամիս մը առաջ վարչութեան
անդամներու եւ հիմնադիրի փոխանորդ Պերճ Մենզիլճիօղլուի որոշումով
կայացած այս պաշտօնազրկումէն ետք, զանազան շրջանակներ զօրակցութիւն յայտնեցին երիտասարդ ուսուցիչին՝ գրաւոր թէ բանաւոր արտայայտութիւններով։
«Ակօս»ի 13 Յուլիսի թիւէն գոհունակութեամբ կ՚իմանանք, որ վարչութիւնը վերատեսութեան ենթարկած է իր անհեթեթ որոշումը, որ պատճառաբանուած էր ոչ-մանկավարժական պատրուակով՝ մամուլի մէջ ստորագրուած յօդուածներով։ Կ՚արժէ այս պարագային վերյիշել... Արփիար Արփիարեանը եւ «Կարմիր ժամուց»ը։
Մայիսի 1-ին, առտուն կանուխ, գրեթէ հալածական, կը հեռանանք
Պոլիսէն։ Բարեխնամ կառավարութիւնը իր ամբողջ զօրութեամբ իջած է
փողոց՝ արգիլելու ոեւէ մէկը նշելու Աշխատաւորութեան տօնը,
յայտնուելով Թաքսիմի հրապարակին վրայ։ Ոստիկանները փակած են
բոլոր ճամբաները, նոյնիսկ հետիոտն անցորդներուն համար (մեր աննման
նախագահը օրուան ընթացքին դեռ յայտարարէր պիտի, թէ նման
միջոցառումներու կը դիմեն, որպէսզի քաղաքացիներուն առօրեան
չխանգարուի։ Ճի՛շդ այսպէս)։
Էսքիշեհիր պիտի երթանք։ Վերջին
տարիներուն բաւական ժողովրդականութիւն վայելող քաղաք մըն է, որու
քաղաքապետը ամէն աշխատանք կը տանի բնակավայրը վերածելու համար
գրաւիչ կեդրոնի մը։ Գոնէ Միջին Անատոլուի չափանիշներով։
Հեռատեսիլով կը դիտենք, կը կարդանք ու կը լսենք հոս հոն, գացողներ
միշտ գոհ կը վերադառնան։ Հետեւաբար, երկօրեայ արձակուրդի մը համար
թերեւս լաւագոյն վայրը ըլլայ։
Արդէն ճամբան ենք։
Հանրաշարժը կը սուրայ։ Մխիթարեան վարժարանի ծնողաց միութեան
անդամուհիներն են կազմակերպիչները. քանի մը ծնողներ, իրենց
զաւակներով, որոնք աշակերտներս են, իրենց բարեկամները եւ մարդիկ,
որոնք լսած են եւ մանաւանդ ուզած են հեռանալ Պոլիսէն։
Զիս հետաքրքրողը Սիվրիհիսարն է սակայն, աւելի քան Էսքիշեհիրը։
Այս
երկու բնակավայրերը թէեւ այսօր կը յիշատակուին միասնաբար,
սակայն Օսմանեան կայսրութեան օրօք եղած են տարբեր նահանգներու
մէջ. առաջինը՝ Սիվրիհիսար, մաս կազմած է Անգարայի նահանգին, իսկ
միւսը, Էսքիշեհիր՝ Պուրսայի նահանգին։
Անատոլուն հեռաւոր
վայր մըն է, երբ դիտես Պոլիսէն, մանաւանդ Միջին Անատոլուն։ Անապատ
երկիր մը, լեռներէ զուրկ, հրապուրիչ որեւէ արժանիք չունեցող
ընդարձակ դաշտավայրեր… Եւ քաղաքներ, որոնք ոչինչ կ՚ըսեն այսօր՝ Գոնիա, Անգարա, Նեվշեհիր, Էսքիշեհիր, Եոզկատ, Այաշ, Չանքըրը…
Ոչինչ կամ… շատ բան կ՚ըսեն։ Տխրութեամբ բանուած իրենց անորոշութիւնը,
շէկ արեւի մը տակ, լերկ հողերու վրայ, տարտամ զգացումներ
յառաջացուցած են միշտ։ Ամայի քաղաքներ, թրքութիւն բուրող, աւելի
քան այլ վայր մը, դարձած հոմանիշները ամլութեան։
Նախ
Սիվրիհիսար պիտի երթանք։ Տափարակ դաշտի մը վրայ կ՚երեւի ցցուն լեռ
մը (Կիւնեշ), որու լանջքին ալ կառուցուած է գիւղաքաղաքը։ Պատմական
աղբիւրները կը նշեն, թէ տեղւոյն հայութիւնը մեծ մասամբ գաղթած է
հեռաւոր Գանձակէն ու Արցախէն, ԺԷ. դարուն։
Սիվրիհիսար,
նորէ՛ն վերջին տարիներուն, կը յիշատակուի իր վերանորոգեալ
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիով։ 1650-ին հիմնադրուած այս եկեղեցին,
1876-ին հրկիզուած է հայկական թաղամասի հրդեհէն ետք եւ
վերակառուցուած՝ 1881-ին։ Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքի օրօք
տեղւոյն հասարակութեան միասնական ջանքերով շինուած տաճարին
ճարտարապետն է Մենթեշ Փանայոթ։
Գլխաւոր դրան արձանագրութիւնը դեռ ընթեռնելի է.
ՇՆՈՐՀԻՒ ԱԶԳԱՅՆՈՑ ՁԵՌԸՆՏՈՒՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՆՈՒՆ ԱՆԲԱԺԱՆ ՍԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ
ՆՈՐՈԳ ԿԱՌՈՒՑԱՒ ԱՅՍ ԵԿԵՂԵՑԻ
Ի ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՆԵՐՍԷՍԻ
ՍԻՎՐԻՀԻՍԱՐՈՒ ԲԱՐԵՊԱՇՏ ԱԶԳԻ
ՄԷՆԹԷՇ ԲԱՆԱՅՕԹ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԻ
ՀԱԶԱՐՈՒԹՀԱՐԻՒՐՈՒԹՍՈՒՆԵՒՄԵԿԻ
ԱՀԱ ՄԵԾ ԱՐԴԻՒՆՔ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ
Իրապէ՛ս, անմոռանալի…
Ամբողջ
քաղաքին տիրապետող փառաւոր այս տաճարը տեղւոյն հայութեան անցեալի
վկայարանն է։ Զոյգ զանգակատունով քարակերտ կառոյցը ոչ մէկ նպատակի
համար կը գործածուի այսօր։ Դռները փակ են, սակայն տեղւոյն պահակը
երբ տեսնէ որ խումբ մը եկած է, անմիջապէս կը փութայ բանալու զանոնք։
Եկեղեցւոյ սիւնազարդ դահլիճը, մկրտարանն ու աւանդատունը, աւագ ու
քովնտի խորանները, զանոնք միաւորող բարձրադիր կամարը ունին
բազմաթիւ հայատառ արձանագրութիւններ, որոնք ընթեռնելի են ալ
մասամբ։
Եկեղեցիէն քիչ մը վեր, բլուրին վրայ, նկատելի է
հայկական կիսաւեր բաղանիքը։ Ներքին կամարներուն վրայ փորագրուած
են 1867 եւ 1868 թիւերը, որոնք թերեւս կը մատնանշեն շինութեան
թուականները։
Եկեղեցւոյ շրջակայքին հայկական թաղամասն է,
ուր կան պատմական բազմաթիւ տուներ։ Ոմանք վերանորոգուած են։ Իրենց
վրայ փորագրուած են շինութեան թուականները. բոլորն ալ կը պատկանին
ԺԹ դարու երկրորդ կէսին։ Տեղեկացայ (առանց տեսնելու), որ տուներէն
ներս տեղադրուած են յատուկ ցուցանակներ, որոնց վրայ արձանագրուած
են իրենց նախկին տէրերուն անունները։
Կ՚այցելեմ տեղւոյն գերեզմանատունը՝ հայատառ տապանաքար մը գտնելու յոյսով։ Սակայն ի զուր։
Սիվրիհիսար
հայոց սրտերուն մէջ սիրելի ու անմոռանալի վայր մըն է Մուշեղ
Իշխանով։ 1914-ին այստեղ ծնած Մուշեղ Ճենտերեճեանին ընտանիքը
տարագրութենէն ետք դարձեալ վերադարձած է Սիվրիհիսար՝ ժամանակ մը
վերջ առյաւէտ լքելու համար զայն։ Ո՞վ գիտէ, «Տուներու երգը»ին
անմահ բանաստեղծը այս տուներէն մէկուն մէջ ծնած եւ մինչեւ իր
կեանքին վերջն ալ ապրած էր այդ տան կարօտով, երգած կորուստը այդ տան,
այդ տան ցաւը մեծցուցած իր սրտին մէջ։
Ահա նորէն քեզ համար կ՚այրի հոգիս այս գիշեր
Կ՚ուզեմ նորէն հեծկլտալ, բայց կը մնամ քարացած
Եւ այս ճամբէն մեղապարտ՝ ուր կը սահիմ անվերջ ցած՝
Ահա նորէն կը կանչես զիս դէպի տուն, դէպի վեր
Օ՜ կարծես սո՛ւտ է այսպէս, միայն խաբկանք, չար երազ,
Որ դուն չկաս, դուն մեռար, ո՜վ սրբութիւն մեր տան,
Որ ես դարձեր եմ հիմա փողոցային պիղծ տղան
Եւ ամբողջ ազգ մը անտուն կ՚ոգեվարի մաս առ մաս։
Մարդիկ հպարտ են իմ շուրջ, մարդիկ ուրախ, ժպտերես,-
Արտորանքով կը բախեն ծանօթ դռներն իրենց տան,
Մարդիկ հիմա լուսազարդ տուներու մէջ կը ցնծան,
Մինչ չուզեցին, որ դուն ալ այս արեւուն տակ տեւես։
Ահա նորէն քեզ համար կ՚այրի հոգիս այս գիշեր,
Եւ ես լեցուած սրբազան ու բարբարոս զայրոյթով՝
Կ՚ուզեմ քանդել, կործանե՛լ բոլոր տուներն անվրդով
Եւ տարածել անոնց տեղ ամէն կողմ սուգ ու աւեր…։
Սիվրիհիսարէն
մինչեւ Էսքիշեհիր շուրջ կէս ժամ է։ Երկար-բարակ գրելու արժանի
վայր մը չէ որ կը գտնեմ այդտեղ, հակառակ քաղաքապետին կամ
ծանուցումներու պնդումներուն։
Քանի մը բարեկամներ
կ՚առանձնանանք ու կը սկսինք հայկական հետքեր փնտռել քաղաքին մէջ։
Էսքիշեհիրի Հոշնուտիյէ թաղամասը հիմնադրուած էր ԺԷ. դարասկիզբին,
հայերուն կողմէ։ Փորսուք գետի եզրին գտնուող թաղամասը ունէր Ս.
Երրորդութիւն եկեղեցին, որ այսօր կծկուած է «Զիւպէյտէ հանըմ»
մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ։ Դուրսէն աննկատելի տաճարը
յանկարծ կը յայտնուի երբ կը մտնենք թատերասրահ։ Եկեղեցւոյ գմբէթը
կանգուն է, կ՚երեւին փոքրիկ հրեշտակները, զարդարուն սիւները…
Սակայն կառոյցը խեղուած է՝ աւելցուած զանազան բաժիններով։ Կը
ջանանք հայկական եկեղեցիներուն յատուկ ճարտարապետական
կաղապարներով վերստին կառուցել տաճարը, գտնել մուտքը, խորանին
վայրը, վերնատունը։ Անյաջող փորձեր։ Գիտելիքով հզօր մեր
երեւակայութիւնը տկար է սուտերով զրահուած իրականութեան դիմաց։
Կը
շրջինք թաղամասը, ուր հարիւրամեակ մը առաջ կային Ս. Մեսրոպ եւ Ս.
Սանդուխտ վարժարանները։ Կը յայտնաբերենք միայն Հայկական ակումբին
շէնքը, որ այսօր վերակառուցուած եւ դարձած է առողջապահական
հիմնարկ մը։
Մեզմէ մօտ ամիս մը առաջ Էսքիշեհիր այցելած էր նաեւ
լրագրող բարեկամս՝ Արիս Նալճը։ «Ռատիքալ»ի մէջ հրապարակուած իր
յօդուածին մէջ, ականատես լրագրող Ահմետ Ռեֆիքին յղուելով, ան կը
պատմէր, թէ շոգեկառքի կայարանին մօտակայ հայու տուները
Ցեղասպանութեան տարիներուն կը յանձնուին իթթիհատականներուն,
ինչպէս՝ Թալէաթ պէյին, Ճանփոլաթ պէյին, Թոփալ Իսմայիլ Հաքքըին…
Արիս
Նալճը կը գրէր նաեւ Էսքիշեհիր բնակող, աղրըցի «ծպտեալ» հայու մը՝
Արիս Խիլիճեանին պատմութիւնը։ Վերջինս 7 տարի առաջ, ուսանելու
նպատակով եկած է Էսքիշեհիր (մոռցայ ըսելու, ուսանողական քաղաք մըն
է նաեւ)։ Ծնողներուն, յատկապէս մեծ մօրը բերնէն, զանոնք ստիպելով,
կը քաղէ զանազան տեղեկութիւններ ու կը հասնի իր ինքնութիւնը
դարձեալ բացայայտելու կէտին։ Այո՛, մեծ մօրը ընտանիքը վերապրած
էր։ Ալ վստահ էր։ Եւ կը փոխէ իր անունը, կը դարձնէ Արիս։ Ինքզինք ծպտեալ
չի նկատեր այլեւս, քանի որ բացայայտօրէն կը խոստովանի հայու իր
ինքնութիւնը։
Վերադարձի ճամբուն կը հանդիպինք Պարտիզակ, ուր ընթրելէ ետք կը շարունակենք մեր ճանապարհը ու կը հասնինք Պոլիս։
No comments:
Post a Comment