18.7.16

Աշխարհի վրայ աւելի քան 10 միլիոն հայ կ՚ապրի

Ստորեւ տրուող տեղեկութիւնները, ի հարկէ, պէտք է որոշ վերապահութեամբ ընդունիլ։ «Գաղթականական ծառայութիւններ»ու եւ «հայկական կառոյցներ»ու տուեալներու համադրութեամբ կատարուած վիճակագրութիւն մը որքանո՞վ կրնայ վստահելի ըլլալ։ Արժանթինի ո՞ր մէկ գաղթականական ծառայութիւնը, օրինակ, 128.000 հայերու թիւ ունի, երբ հայերու գաղթականութիւնը վաղուց դադրած է (Հայաստանէն արտագաղթողներու թիւը բաղդատաբար փոքր է). կ՚արժէ յիշել, որ ո՛չ մէկ «հայկական կառոյց» երբեւէ ամբողջական մարդահամար մը կատարած է երկրին մէջ, իսկ եթէ մօտաւոր գնահատումներու մասին է, արդէն գիտենք թէ ի՞նչ արժէք ունին անոնք մեր իրականութեան մէջ։ Նոյնը պէտք է ըսել Պուէնոս Այրէսի 81.000 հայերուն մասին։ Արդեօք չե՞ն կրնար 84.000 կամ 78.000 ըլլալ։
Հետաքրքրական է, որ Սպանիոյ մասին սովորաբար 35.000-40.000 հայերու մասին կը խօսուի (հիմնականին համայնքը ծագում առած է Հայաստանէն արտագաղթողներու հաշուոյն), իսկ հոս կը տրուի 8.000 թիւը։
Վերջապէս, թէեւ խիստ կասկածներ կան, որ Հայաստանի մարդահամարներու թիւերը ճշգրիտ են, արդեօք ուրկէ՞ քաղուած է Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն մէջ ապրող 2.157.270 հայերու թիւը ։
Աւելցնենք, որ տարիներ առաջ, այս տեղեկութիւնները հաւաքած կեդրոնին պարտական էինք Արժանթինի երբեմնի նախագահ Գարլոս Մենեմի հայկական ծագումի չնաշխարհիկ գիւտը։ Տե՛ս մեր յօդուածը («Ազգ», 26 Սեպտեմբեր 2013), զոր կարելի է գտնել նաեւ սոյն կայքագրին մէջ («Հայկականք»)։

Ըստ Time to Analyze հայկական անկախ վերլուծական կեդրոնին կատարած ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքներուն, աշխարհի վրայ հայերու թիւը 10 միլիոնէն աւելի է:
Հաշիւները կատարուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայկական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ գաղթականական ծառայութիւններու կողմէ տրամադրուած տուեալներու հիման վրայ: Այսպէս, պարզուած է, որ ընդհանուր առմամբ աշխարհի վրայ կ՚ապրի 10.297.770 հայ, որոնցմէ 8.140.500-ը կ՚ապրի Հայաստանի ու Արցախի սահմաններէն դուրս:
Հայկական ամենէն ստուար համայնքները կը գտնուին ԱՄՆ, Ռուսաստան, Ֆրանսա, Իրան, Սուրիա, Լիբանան եւ Արժանթին:
Հայկական բնակչութիւն ունեցող երկիրներու ցուցակը կը պարզէ հետեւեալ պատկերը (թիւերը՝ [հազար] հոգի).
Աբխազիա-48.000, Ալպանիա-470, ԱՄՆ-1.540.000, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ-3.000, Արժանթին-128.000, Աւստրիա-3.000, Աւստրալիա-85.000, Պելառուսիա-35.000, Պելճիքա-11.000, Պոլիվիա-50, Պրազիլ-47.000, Պուլկարիա-8.000, Գերմանիա-47.000, Դանիա-2.500, Եգիպտոս-4.500, Թիւրքմէնիստան-30.000, Թուրքիա-70.000, Իսրայէլ-6.000, Իրաք-10.000, Իրան-240.000, Սպանիա-8.000, Իտալիա-4.000, Լատվիա-3.000, Լեհաստան-45.000, Լիբանան-130.000, Լիթուանիա-2.100, Գանատա-57.000, Քաթար-1.800, Կիպրոս-4.000, Գոլոմպիա-500, Հունգարիա-35.000, Հնդկաստան-600, Յունաստան-25.000, Ղազախստան-25.000, Մալթա-350, Մեքսիքա-500, Մեծն Բրիտանիա-11.000, Նորվեկիա-2.500, Հոլանտա-7.000, Զուիցերիա-7.000, Շուէտ-9.000, Չինաստան-200, Չեխիա-15.000, Չիլի-700, Ռուսաստան-1.980.000, Ռումանիա-2.000, Սուրիա-120.000 (մինչեւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը), Վենեզուելա-3.000, Վրաստան-249.000 (որոնցմէ 110.000-ը՝ Ջաւախքի մէջ), Տաճիկիստան-6.000, Ուզպէքիստան-70.000, Ուքրաինա-100.000, Ուրուկուայ-20.000, Քուէյթ-12.000, Ֆրանսա-700.000:
Աշխարհի ամենահայաշատ քաղաքները, ըստ նոյն հետազօտութիւններուն, հետեւեալներն են.-
Լոս Անճելըս (ԱՄՆ)-980.000, Մոսկուա (Ռուսաստան)-400.000, Քրասնոտարի եւ Սթաւրոփոլի երկրամասեր (Ռուսաստան)-900.000, Ռոստովի մարզ (Ռուսաստան)-200.000, Պէյրութ (Լիբանան)-100.000, Փարիզ (Ֆրանսա)-95.000, Մարսիլիա (Ֆրանսա)-94.000, Կլէնտէյլ (ԱՄՆ)-85.000, Պուէնոս Այրէս (Արժանթին)-81.000, Պոսթըն (ԱՄՆ)-75.000, Թեհրան (Իրան)-70.000, Լիոն (Ֆրանսա)-68.000, Հալէպ (Սուրիա)-50.000 (մինչեւ քաղաքացիական պատերազմը)։

«Նոր Յառաջ», 16 Յուլիս 2016

No comments:

Post a Comment