6.7.16

Ֆրանսական Ազգային Ժողովի ցեղասպանութեան մասին օրէնքը կամ... լեռը մուկ մը ծնաւ

Ֆրանսայի Ազգային ժողովը, Ուրբաթ, Յուլիս 1-ին, անակնկալ արագութեամբ եւ միաձայնութեամբ քուէարկեց «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան» օրէնքին մէջ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու ժխտումի պատժելիութեան առընչուող «բարեփոխումներ» (Հայոց ցեղասպանութեան տեսանկիւնէն. չակերտները մերն են) նախատեսող բանաձեւը:
Հայ հասարակութիւնը տարիներէ ի վեր անհամբերութեամբ կը սպասէր այս բանաձեւին:
Մինչդեռ… քուէարկուածը, որ շեփորով յայտարարուեցաւ, իրականութեան մէջ շա՜տ հեռու է հայութեան սպասումներէն:
Արդարեւ, ինչպէս կը պարզուի Ֆրանսայի Հաւասարութեան պետական քարտուղարուհի Էրիքա Պարէյցի այս առթիւ արտասանած հետեւեալ խօսքերէն ալ՝ «Ցայսօր, մինչ միայն Հրեաներու Շոահի ժխտումը պատժելի էր, այս բարեփոխումը թոյլ պիտի տայ պատժել իրաւասու ատեանի մը կողմէ դատապարտուած՝ մարդկութեան դէմ բոլոր ոճիրներու ժխտումը կամ հասարակացումը» (*): 
Հակառակ հայկական որոշ շրջանակներու խանդավառութեան, սկսելով՝ CCAF-էն (**), օրէնքի բարեփոխումներուն մէջ ուղղակի ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ոչ ալ որեւէ տրամադրութիւն անոր ժխտումի պատժումին:
Աւելի յստակ ըլլալու համար, ըսենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութեան նկատմամբ բացարձակապէս ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է, այլ՝ պարզապէս անցեալի խոչընդոտները օրինականացուած են:
Այսինքն, ինչ որ արդէն խնդիր կը յարուցանէր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ֆրանսական կամ միջազգային իրաւասու ատեանի մը կողմէ իբր Ցեղասպանութեան ոճիր դատապարտուած ըլլալու անհրաժեշտութիւնը (ինչ որ Հայոց Ցեղասպանութեան պարագան չէ), հոս՝ բանաձեւին մէջ որպէս պայման նշուած է:
Հայոց Ցեղասպանութեան պարագան (առանց ուղղակի նշուած ըլլալու) կը տեղաւորուի ժխտումներու այն դասակարգին մէջ, ուր պէտք է փաստել որ արարքը ատելութիւն եւ բռնութիւն կը հրահրէ: Այսինքն, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան որեւէ ժխտում դատապարտուի, հարկ պիտի ըլլայ նախ ապացուցել, թէ ան ատելութեան եւ բռնութեան կը մղէ: Ատոր համար ալ (եւ երեւակայեցէք, իւրաքանչիւր անգամին) անհրաժեշտ պիտի ըլլայ դիմել ֆրանսական կամ միջազգային ատեանի մը: Այդ ուղղութեամբ՝ դառն փորձառութիւն մը ունեցանք արդէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող Փէրինչէքի արտայայտութիւններուն՝ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին (ՄԻԵԴ) ներկայացումով, երբ վերջինս խօսքի ազատութեան պատճառաբանութեամբ անպարտ հռչակեց ենթական, հակառակ անոր, որ  ան դատապարտուած էր Զուիցերիոյ ատեանին կողմէ:
Մէկ խօսքով, լեռը մուկ մը ծնած է իրականութեան մէջ, զոր ոմանք կը փորձեն ցոյց տալ որպէս յաղթանակ, ուրիշներ ալ՝ որպէս խոստումի իրագործում:

***
Բանաձեւը լայնօրէն քննարկումի նիւթ դարձած է կայքէջերու եւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Իրաւունքի եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման «Կովկաս» (Covcas) կեդրոնի նախագահուհի Հիլտա Չոպոյեան սոյն բանաձեւի Հայոց Ցեղասպանութեան «վերաբերող» բաժինները հայերէնի թարգմանած եւ «Դիմագիրք»-ի իր էջին վրայ զետեղած է շահագրգռուողներուն համար: Ստորեւ այդ տողերը.-
«Որպէսզի Դիմատետրի իմ հայախօս ընկերներս լաւ ըմբռնեն Ֆրանսայի Ազգ. Ժողովի այսօրուան՝ Ցեղասպանութիւններու, Մարդկութեան դէմ ոճիրներու եւ ստրկութեան ժխտումի քրէականացման վերաբերող քուէարկութեան էութիւնը, այսու հայերէնի կը թարգմանեմ քուէարկուած օրէնքի մեզ շահագրգռող հատուածները, ընդգծելով Հայոց ցեղասպանութեան պարագային անոր սահմանափակումները։
 

Բացատրական
13 Ապրիլ 2016-ին Ֆրանսայի վարչապետը «Քաղաքացիութեան եւ Հաւասարութեան» վերաբերեալ օրինագիծ մը քննարկման բերաւ Ազգ. Ժողով, հասարակութեան մէջ քաղաքացիական կեցուածքները եւ իրաւունքները խրախուսող եւ հաւասարութեան սկզբունքը ամրապնդող օրէնքը վերանորոգելու նպատակով։ Ի շարս այլ բնագաւառներու, օրինագիծը կը պարփակէ մարդկութեան դէմ ոճիրներու, ցեղասպանութիւններու եւ ստրկութեան իրողութեան ժխտումը քրէականացող տրամադրութիւն մը։ Նախնական տարբերակին մէջ 38-րդ յօդուածը բացէ ի բաց կը բացառէ Հայոց Ցեղասպանութեան պարագան օրէնքի շրջանակէն։ Կառավարութիւնը 38-րդ յօդուածին վրայ յաւելում մը կատարած է, որ բոլորովին կը հակասէ յօդուածին, որուն պիտի անդրադառնամ յաջորդիւ։ Բայց նախ կը հրամցնեմ նախնական յօդուածին թարգմանութիւնը։

38-րդ յօդուած
«Նոր տնօրինումները դատական հայց ներկայացնելու կարելիութիւն կ՚ընծայեն ոչ միայն Դիմադրական շարժումներուն (Բ. Համաշխարհային պատերազմի), այլ նաեւ՝ պատերազմական կամ մարդկութեան դէմ ոճիրներու զոհերու կազմակերպութիւններուն, պայմանաւ որ տուեալ ոճիրները ֆրանսական կամ միջազգային ատեանի մը կողմէ, մէկ կամ աւելի անգամներ դատապարտուած ըլլան, ինչ որ, առանց ազդելու Դիմադրական շարժումներու իրաւունքին վրայ, կը սահմանափակէ միւս կազմակերպութիւններու քրէական հայց ներկայացնելու սանձարձակ հնարաւորութիւնները, որոնք կը միտին պատժական ատեաններուն պատմութեան վերաբերող վճիռ արձակել տալ»։
Ուրեմն՝ հակասելով 38-րդ յօդուածի տրամադրութեան, Ֆրանսայի կառավարութիւնը նոյն յօդուածին վրայ յաւելուածով մը կը սահմանէ ժխտուող ցեղասպանութիւններու և այլ ոճիրներու յատկանիշները -
...«Այն պարագային երբ՝
- տուեալ ոճիրը ֆրանսական կամ միջազգային ատեանի մը կողմէ դատապարտուած է
կամ
- տուեալ ոճիրի ժխտումը, թերագնահատումը կամ հասարակացումը՝ մարդկային խումբի մը կամ անոր անդամներէն մէկուն դէմ որպէս ատելութեան կամ բռնութեան մղող արարք նկատուի»։
Հիմա, բոլորս ալ գիտենք որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը առաջին պայմանը չի լրացներ պատմական ծանօթ պայմաններու պատճառով։
- Հրէական ցեղասպանութեան պարագային, յայտարարել որ չէ եղած, օրէնքի համար համազօր է ատելութեան և բռնութեան կոչի, բայց ո՛չ Հայոց ցեղասպանութեան։
Յիշեցէ՛ք Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանի Փէրինչէքի դատին վճիռը։

39-րդ յօդուած
1) «Մամուլի ազատութեան մասին 1881 Յուլիս 29-ի օրէնքի թիւ 48-2 յօդուածը խմբագրուած է հետեւեալ ձեւով

2) «Յօդուած 48-2 .- Ամէն միութիւն (իմա՛ հասարակական կազմակերպութիւն) որ տուեալ դէպքերու թուականին արդէն 5 տարի առաջ գրանցուած էր, եւ որպէս նպատակ ճշդած է Դիմադրութեան եւ տարագրեալներու (իմա՛ Բ. Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին) բարոյական շահերը եւ պատիւը պաշտպանել, օգնութիւն հայթայթել պատերազմական կամ մարդկութեան դէմ ոճիրներու զոհերուն, անոնց յիշողութիւնը պաշտպանել կամ պայքարիլ խտրականութեան դէմ, իրաւունք կ՚ունենայ քաղաքացիական կողմի իրաւասութիւնները ստանձնելու հետեւեալ պարագաներուն՝
(3) «Պատերազմական ոճիրներու, մարդկութեան դէմ ոճիրներու, թիւ 24-րդ յօդուածի թիւ 5 պարբերութեամբ նշուած, թշնամիին հետ համագործակցութեան ոճիրներու կամ յանցագործութեան փառաբանութիւն, այն պարագային երբ տուեալ ոճիրները կամ յանցագործութիւնները ֆրանսական կամ միջազգային ատեանի մը կողմէ մէկ կամ մէկէ աւելի անգամներ դատապարտուած են»։
Եզրակացութիւն՝ եթէ օրէնքը ընդունուի, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան պաշտպան հանդիսացող կազմակերպութիւնները իրաւասութիւն չեն ունենար հայց ներկայացնելու նոյնիսկ ոճիրը արդարացնող եւ փառաբանող անհատներուն կամ խումբերուն դէմ։
Ըստ իս՝ այս օրինագիծը յաղթանակ որակող հայ անձնաւորութիւնները գիտակցաբար հայութեան անտեղեակ հատուածները ապակողմնորոշելով տարբեր նպատակներ կը հետապնդեն»։

«Նոր Յառաջ», 5 Յուլիս 2016

-------------------------
(*) Ընդգծումը մերն է («Հայկականք»)։
(**) Conseil de coordination des organisations armeniens de France («Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդ») («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment