ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ-ամերիկեան
«Զուլալ» երաժշտական եռեակը, աշխարհի նշանաւոր կարգ մը բեմեր
նուաճելէ ետք առաջին անգամ հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ՝ երկու
համերգներով, գրաւելով նաեւ հայաստանցի հանդիսատեսին հմայքը:
Անոր երեք անդամներուն զուլալ ձայները գերեցին հայաստանցի
հանդիսականը, իսկ հանդիսական մը, համերգներէն ետք խումբի ձայնը
բնորոշեց իբրեւ «հալալ-զուլալ»: Նախապէս ծրագրուած էր միայն մէկ
համերգ՝ 17 Յուլիսին, սակայն տեսնելով հանդիսականի խանդավառ
հետաքրքրութիւնը եւ համերգի տոմսակներու շատ կանուխ սպառումը,
«Զուլալ»ի համերգի կազմակերպիչ ընկերութիւնը՝ Deem
communications-ը համերգ մը եւս ծրագրեց՝ Շաբաթ, 16 Յուլիսին, որ
նոյնպէս ընթացաւ հանդիսատեսներով լեցուն դահլիճին մէջ: Deem
communications ընկերութիւնը այս համերգներուն առթիւ յայտարարեց
նաեւ Հայաստանի մէջ իր գործունէութեան 10-ամեակի մասին:
Գանատահայ հայրենադարձ Ռաֆֆի Նիզիպլեանի հիմնադրած
կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ մասնագիտացած է անուանի
սփիւռքահայ երաժիշտներու, համերգներու եւ ելոյթներու
կազմակերպմամբ: Մինչ օրս այս ընկերութեան ջանքերով Հայաստանի
մէջ կազմակերպուած են Վահէ Պէրպէրեանի, Սերժ Թանքեանի, Կի
Մանուկեանի, Սեպուհ Սիմոնեանի, Այլին Խաչատուրեանի եւ այլ
սփիւռքահայերու ելոյթներ:
Թենի Աբէլեան,Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Ալեքսանտրա
Թեքերեան համերգէն առաջ «Թումօ» կեդրոնին մէջ հիւրընկալեցին
«Ժամանակ»ը եւ պատասխանեցին մեր հարցումներուն: Իսկ «Թումօ»
կեդրոնը պատահական չէ ընտրուած: Անոնք շուրջ երկու շաբաթ
տեւողութեամբ աշխատանոց մը պիտի վարեն «Թումօ»ի աշակերտներուն
հետ, մանաւանդ անոնց հետ, որոնք «Թումօ»էն ներս ընտրած են
երաժշտական խումբը:
-Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք, որ պատահական հանդիպումը ծնաւ
այսպէս լուրջ խումբ մը, որ արդէն ճանչցուած է սփիւռքի եւ Հայաստանի
տարածքին:
-Շատ մտածած ենք այդ մասին, որ պատահականութիւնը ինչպէս
յաջողութիւն ծնաւ եւ այդ պատճառով կը հաւատանք
պատահականութիւններուն, զուգադիպութիւններուն, ճակատագրին:
Մենք՝ հայերս խօսք մը ունինք, որ շատ դիպուկ է. կ՚ըսենք՝ գրուած է
ճակատին: Այս ալ ձեւով մը բախտի բան էր: Թենին Հայաստան էր, յետոյ
հայաստանցի ընկեր մը հանդիպեցաւ Նիւ Եորք, փողոցին վրայ,
պատահաբար նոյն ժամանակ Անայիսը հոն էր, Երազն ու Անայիսն ալ
ուրիշ ընկերոջ մը միջոցաւ հանդիպած են: Պատահական
ծանօթութեամբ եղած է երեքիս հանդիպումը, խօսակցութեան մէջ
պարզած ենք, որ կ՚երգենք, կը սիրենք երգել, տեսանք նաեւ, որ մեր
ձայները իրարու համապատասխան են, թէեւ անհատապէս երեքիս
ձայներն ալ շատ տարբեր են իրարմէ: Եւ սկսանք այդպէս երգել, առանց
գիտնալու, թէ ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ շարունակութիւնը: Տասնչորս
տարի անցած է, ահաւասիկ, կը տեսնէք շարունակութիւնը:
-Ո՞ր երգով սկսած էք:
-Երեկոյ մը հաւաքուած էինք եւ սկսանք «Պինկէօլ»ը երգել, եւ այդ
երգը թէ՛ միացուց մեզ վերջնականապէս եւ թէ՛ ալ մտաւ մեր
ձայնագրութիւններուն մէջ եւ մշտապէս կը կատարուի համերգներու
ընթացքին:
-Երաժշտական արհեստավարժ կրթութեան պակասը չի՞ խանգարեր,
մանաւանդ, որ երեքդ ալ ուրիշ այլ գործերով կը զբաղիք, եւ
երաժշտութիւնը երկրորդ զբաղում է ձեզի համար:
-Այնպէս չէ, որ երաժշտական կրթութիւն չենք ստացած: Երեքս ալ
տարբեր մակարդակի երաժշտական կրթութիւն ունինք: Սակայն մշտապէս
ուսումնասիրելը, պրպտելը, մեր գործին լուրջ վերաբերիլը արդէն
արհեստավարժ մակարդակի հասցուցած է մեզ: Թենին կ՚աշխատի
մանուկներու հետ՝ մանկական երաժշտական ծրագիրներ
կ՚իրականացնէ, Երազը հոգեբան է, իսկ Անայիսը թատրոնով կը
զբաղի, թէ՛ կը խաղայ, թէ՛ ալ թատրերգութիւններ կը գրէ: Ասոնք մեր
հիմնական գործերն են, որոնք կապ ունին արուեստի հետ, այսպէս թէ
այնպէս՝ կապ ունինք արուեստի, մարդու ներաշխարհի հետ, ինչ որ մեզի
շատ կ՚օգնէ: Այնպիսի մակարդակի հասած ենք, որ Պըրքլի
երաժշտական գոլէճը երկու անգամ մեզ դասաւանդութիւններու
հրաւիրած է, եւ դասաւանդած ենք իրենց համալսարանական
մակարդակի ուսանողներուն՝ սորվեցնելով թէ՛ երաժշտութիւնն ու
ձայնը, թէ՛ երգերու բառերը եւ թէ՛ ալ հայոց պատմութիւն պատմած ենք
աշակերտներուն եւ մեր ազգային մշակոյթը ներկայացուցած ենք
անոնց:
Բացի մեր հիմնական մասնագիտութիւններէն եւ բացի «Զուլալ»
եռեակի գործունէութենէն, երեքս ալ մայրեր ենք, ամուսնացած ենք,
ունինք մեր ընտանիքները, ամէնքս միասին եօթ երեխայ ունինք: Եօթ
թիւը շատ կարեւոր թիւ մըն է մեր յաջողութիւններու ճանապարհին,
միշտ մեզի հետ եղած է եւ միշտ մեզի համար լաւ նշան է: Ահաւասիկ, մեր
առաջին համերգն ալ հայրենիքի մէջ եօթներորդ ամսուն տեղի
կ՚ունենայ եւ մեր կազմաւորումէն տասնչորս տարի ետք (7+7), իսկ
մեր երրորդ ալպոմն ալ կը կոչուի. «Եօթ գարուններ»:
-Ինչո՞ւ ա քափելլա, չէ՞ որ երաժշութիւնն ու գործիքային
հնչեղութիւնն ալ իրենց տեղը ունին խումբի մը յաջողութեան եւ
աւելի լաւ ներկայանալուն մէջ:
-Երեքս ալ նախապէս երգելու փորձ ունինք ա քափելլա, զոր սիրած
ենք եւ որ յաջողութեամբ ընդունուած է: Սկիզբէն նոյնիսկ կ՚ուզէինք
քանի մը հոգի ալ ներառել խումբին մէջ, բայց խելացի մէկը ըսաւ, որ
դուք երեքդ արդէն ներդաշնակ էք, եւ նոյնիսկ գործիքներու կարիք ալ
չկայ, այսպէս մնացինք միայն երեքս ու առանց նուագակցութեան: Թէեւ
երբեմն գործիքային երաժշտութեամբ բաներ մը ներկայացուցած ենք
երաժիշտ Արա Տինքճեանին հետ, քանի ժամանակ առ ժամանակ
կ՚ուզենք փոխել, տարբեր բան մը ներկայացնել, հետագային ալ
թերեւս նորութիւններ ըլլան մեր ոճին մէջ, բայց չգործիքաւորուած
ձայնը, անշուշտ, շատ գրաւիչ է եւ միեւնոյն ժամանակ՝ դժուար:
Ժամանակ մը ներշնչուած էինք Լիլիթ Բիբոյեանի ձայնով: Անոր
«Մանչս» երգը մեզ ոգեւորած է, մանաւանդ մեր առաջին ալպոմի
ձայնագրութեան ժամանակ:
-Ուրկէ՞ կու գան ձեր ծնողքը եւ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած են անոնց պատմութիւնները ձեր վրայ:
-Երազի ծնողքը՝ հայրն ու մայրը Իրաքէն են, ատկէ առաջ հօր կողմը
Վանէն է, մօր կողմը՝ Տիգրանակերտէն: Անայիսին մայրը լաթվիացի
ռուս մըն է, իսկ հօր կողմը եթովպացի է: Թենիին մայրն ու հայրը
Եգիպտոսէն են, բայց արմատները կ՚երթան դէպի Սեբաստիա, Ատանա,
Կեսարիա: Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի ազատ եւ քիչ մը աւելի
դիւրին է ձուլուիլ, ինչ որ կ՚ուզես զգալ, ընել՝ ամէն ինչ բաց է:
Մեզի համար գիտնալը՝ ո՞վ ես, ուրկէ՞ կու գայ ծնողքդ, տարբեր
ծանրութիւն ու կարեւորութիւն ունի մեր կեանքին մէջ եւ անշուշտ,
գիտնալը մեր պատմութիւնը, մեր լեզուն, մեզ ձեւով մը
կեդրոնացուցած է:
-Նշանաւոր բեմերու վրայ ունեցած էք ելոյթներ: Այդ մէկը ի՞նչ տուած է ձեզի:
-Վերջին տարուան ընթացքին մեզի համար կարեւոր էր «Քենետի»
կեդրոնի «Միլենիում» բեմը, Գոնկրէսի գրադարանը, ուր եղած
համերգը իրենց արխիւներուն մէջ մտած է եւ մնայուն կերպով կը
պահպանուի: Անկէ առաջ ելոյթ ունեցած ենք «Կեթթի» թանգարան,
«Քարնեկի հոլ», Նիւ Եորքի «Սիմֆոնի Սփէյս», Պերկքլի Երաժշտական
գոլէճ եւ այլ վայրերու մէջ: Երբեմն նաեւ անգլերէն երգած ենք, քանի
որ մեր հանդիսականը միշտ չէ, որ հայ եղած է, բայց Հայաստանի մէջ
ուրախութիւն է հայ հանդիսականի համար միայն հայերէն երգելը:
Իսկ այն, որ մեր երգերը հնչած են կարեւոր կեդրոններու մէջ, անշուշտ, հպարտութիւն է մեզի համար:
Պարզ մարդիկ իրենց հոգիներէն երգեցին, հովիւը, գեղջուկը,
մամիկը, հարսը եւ այդ երգերը հնչեցին «Քարնեկի հոլ»ին, Գոնկրէսի
գրադարանին մէջ: Մեր երգերուն մէջ մարդկութիւն կայ, ատոր համար
պահպանուած են ու հասած՝ այս օրուան: Բոլոր երգերուն մէջ իմաստ
ունեցող պատմութիւններ գոյութիւն ունին:
Այդ բեմերէն ետք Հայաստանի մէջ ելոյթ ունենալը ձեւով մը
շրջանակ կը կազմէ: Մենք Թուրքիոյ մէջ ալ համերգներու ծրագիր
ունինք, մանաւանդ՝ պատմական վայրերու մէջ, բայց վերջին
իրադարձութիւնները ստիպեցին յետաձգել այդ ծրագիրը, սակայն
կ՚արժէ մեր երգերը հնչեցնել այն վայրերուն մէջ, ուրկէ սնած են
անոնք, եւ ուրկէ սկիզբ առնելով՝ թափառած են երկրէ երկիր՝ իրարու
կապելով հայոց սիրտերը:
Հայաստանի մէջ մեր այս ելոյթները մէկ կողմէն մեր երգերը
հայրենի հանդիսականին ներկայացնելու նպատակ ունին, միւս կողմէ
ալ՝ մեզի համար կարեւոր է ցոյց տալ մեր հայաստանեան լսարանին, թէ
ինչպէ՛ս մենք հայկական երաժշտութիւնը կը ներկայացնենք
աշխարհին: Անշուշտ, շատ կը փափաքէինք Հայաստանի մէջ աւելի
յաճախակիօրէն հանդէս գալ: Մենք ձեզմէ ուժ կ՚առնենք: Մենք փափաք
ունինք աւելի լաւ ճանչնալ մեր ժողովուրդը, շրջիլ երկրին ամբողջ
տարածքը եւ սորվիլ նոր երգեր: Ժողովուրդը միշտ երգին ու մեղեդիին
ամենէն ճշգրիտ պահպանողն է: Մենք կ՚ուզենք այդ զուլալ ակէն խմել
եւ այդ զուլալ ձայնն ու պարզութիւնը ներկայացնել աշխարհին:
Հարիւր տարի ապրած են այդ երգերը՝ իրենց պարզութեան եւ
մաքրութեան շնորհիւ եւ տակաւին քանի՜ հարիւր տարիներ կ՚ապրին:
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԲԸՄ-Ի 110-ԱՄԵԱԿԻՆ
«Զուլալ»ը իր համերգները նուիրեց Հայկական բարեգործական
ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 110-ամեակին: Մեր զրոյցի ընթացքին
զուլալցիները յայտնեցին, որ իրենց համար հպարտութիւն էր
մասնակցիլ նաեւ «AGBU WebTalks» նախագիծին, որ մեծ փորձառութիւն
մըն էր խումբին համար: Այդ նախագիծը այժմ տեղադրուած է ՀԲԸՄ-ի
կայքէջին մէջ՝ «Հայ կիներ. ձայները երգի միջոցով» խորագրին տակ:
Խումբը համերգներու եւ համագործակցութեան հրաւէրներ ունի
յառաջիկայ տարուան համար եւս: Գալիք նախագիծերէն մին, որով
անոնք իրապէս շատ ոգեւորուած են, «Քարնեկի հոլ»ի
«Երաժշտախոյզներ» (Musical Explorers) նախագիծն է: Նորարարական
այս ծրագրի շրջանակներուն մէջ «Քարնեկի հոլ»ի գործընկերները
դպրոցական ուսուցիչներու հետ Նիւ Եորքի դպրոցներուն մէջ կը
դասաւանդեն երեխաներուն տարրական երաժշտական հմտութիւնները
զարգացնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն կը
ներկայացնեն իրենց տեղական համայնքներուն մէջ առկայ
մշակութային բազմազանութիւնը: «Զուլալ»ը ընտրուած է իբրեւ այս
մեծ նախագիծի մասնակից, Նիւ Եորքի մէջ (7000 հոգինոց)
երեխաներու լսարանին պիտի սորվեցնէ հայկական ժողովրդական
երաժշտութիւնը: Հպարտ են, որ նաեւ թամզարա պարել պիտի սորվեցնեն,
մինչ այդ, «Թումօ»ի աշակերտները անհամբերութեամբ կը սպասեն
սկսելու իրենց աշխատանոցին՝ «Զուլալ»ի անդամներուն հետ:
No comments:
Post a Comment