15.6.16

«Հայոց ցեղապանութիւն. Պունտեսթակի քուէարկած բանաձեւը միայն սկիզբ մըն է»



«Լը  Մոնտ»-ի Յունիս 8-ի թիւին մէջ լոյս տեսած է պատմաբան Սթեֆան Իհրիկի գրիչին պատկանող եւ վերոնշեալ խորագիրը կրող յօդուած մը, որ համապարփակ պատկեր մը կու տայ հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Գերմանիոյ պատասխանատուութեան եւ Շոայի հետ անոր կապերուն:
Երուսաղէմի Վան Լիր հիմնարկէն Սթեֆան Իհրիկ, անդրադառնալով Պունտեսթակի կողմէ հայկական բանաձեւի ընդունման, կ՚ըսէ, թէ այս քուէարկութիւնը վէճերու եւ քննադատութիւններու դուռ պիտի բանայ թէ՛ խորհրդարաններու իրաւարարի կամ պատմաբանի դեր ստանձնելուն նիւթով եւ թէ՛ բանաձեւին կարեւոր գրաւարկներուն հետեւանքով: Սակայն, անմիջապէս կ՚աւելցնէ, թէ նման պարագաներու, խորհրդարաններու դերին խնդիրը կը դառնայ լոկ ձեւական, քանի որ հայոց ցեղասպանութիւնը սովորական պատմական նիւթ չէ, այլ՝ բազմաթիւ առումներով իւրայատուկ թղթածրար մըն է:
Իհրիկ կ՚ըսէ, թէ շուրջ մէկ դար թրքական կառավարութիւնները յաճախ ծայր աստիճան յարձակողական ձեւով քաջալերեցին ուրացումը: Եւ երկարամեայ այդ արշաւը կ՚ենթադրէր հակահայ  յարատեւ քարոզչութիւն, հետազօտութիւններու կաշկանդում կամ անոնց վրայ ճնշում, ինչպէս հայոց ցեղասպանութեան նիւթը արծարծող գիտնականներու վրայ դեսպանական մակարդակով գործուած ճնշումները եւլն.: Պատմաբան յօդուածագրին կարծիքով, Պունտեսթակի այս քուէարկութիւնը նախ եւ առաջ զօրակցութեան ձեռք մըն է մեկնուած՝ այն բոլորին, որոնք հայոց ցեղասպանութեան հարցը արծարծած ըլլալով՝ յարձակման ենթարկուած են, Թուրքիոյ մէջ թէ անկէ դուրս: Իհրիկ կ՚ըսէ, թէ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, գերման դիւանագիտական բոլոր տեղեկագրութիւնները՝ հրատարակուած կամ ոչ, անհերքելի փաստեր կը հանդիսանան այն մասին, թէ պատահածը ցեղասպանութիւն էր: «Հետեւաբար, չենք կրնար ըսել, թէ գերմանական խորհրդարանը շատ հեռու գնաց՝ հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ պաշտօնավարող իր դիւանագէտներուն տեղեկագրութիւնները հաստատելով։ Նոյնիսկ, ամօթալի է, որ ատոր համար հարկ եղաւ սպասել հարիւր տարի», կ՚ըսէ ան:
Այնուհետեւ, կը գրէ, թէ այդ դէպքերուն մէջ Գերմանիա առնուազն երկու պատճառով կարեւոր դեր խաղացած է. նախ, որովհետեւ Օսմանեան կայսրութեան գլխաւոր դաշնակիցն էր, ապա նաեւ անոր համար, որ սկիզբէն իսկ իրազեկ էր ցեղասպանութեան եւ այդ մասին Ա. Աշխարհամարտէն ետք այդ երկրին մէջ երկար տարիներ վիճարկումներ տեղի ունեցան նիւթին շուրջ, շատ աւելի քան ինչ որ պաշտօնապէս ցոյց տրուած է որպէս իրողութիւն: Շատոնց է, որ պատմաբաններ կ՚արծարծեն Գերմանիոյ պատասխանատւութեան հարցը:
«
Քիչ հաւանական կը թուի, որ օր մը յայտնաբերենք այն փաստը, որ Գերմանիա ուղղակի դրդած է ցեղասպանութիւնը եւ կամ գործօն մեղսակից եղած է, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ հարցը փակուած է։ Առնուազն, Գերմանիա սկիզբէն ի վեր քաջ կը գիտակցէր, թէ ի՛նչ կ՚անցնի, կը դառնայ, եւ նախընտրեց ազատ ասպարէզ թողուլ Երիտթուրքերու կուսակցութեան», կը գրէ Իհրիկ:
Մէջբերելով այն ժամանակուան գերման վարչապետ Պեթման Հոլվեկի՝ «Մեր միակ նպատակը՝ մինչեւ պատերազմին աւարտը Թուրքիան մեր կողքին պահպանելն է, հայերը բնաջնջուին, թէ ոչ» յայտարարութիւնը, Իհրիկ կ՚ըսէ, թէ ատիկա կը նշանակէ, որ հայոց ցեղասպանութիւնը նաեւ Գերմանիոյ հարցն է: Եւ այդ առումով կարեւոր էր Պունտեսթակի քուէարկութիւնը, որովհետեւ վերջ դրաւ տարիներէ ի վեր Գերմանիան  տակնուվրայ ընող այս բանավէճին: 1919-էն հայոց ցեղասպանութեան նիւթը դարձած է Գերմանիոյ առաջնակարգ հարցը, որուն հետեւած է եռամեայ բանավէճ մը:
Եւ ըստ յօդուածագրին՝ այդ բանավէճն է, որ թոյլ կու տայ հասկնալ հայոց ցեղասպանութեան, Գերմանիոյ պատմութեան եւ Շոայի միջեւ գտնուող կապը:
«1919-23-
ին, Գերմանիոյ մէջ հսկայածաւալ խորհրդածութիւն մը տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան շուրջ, —այլ խօսքով Հիթլէրի իշխանութեան գլուխ գալէն նուազ քան տասը տարի առաջ։ Այդ խորհրդածութիւնը կը վերաբերէր բնոյթին, ներգրաւումներուն եւ հետեւանքներուն՝ ինչ որ այսօր կը կոչենք «ցեղասպանութիւն»։ Ատենին, գերմանացիները կը խօսէին «ազգի մը սպանութեան», «հայոց բնաջնջման» կամ «հայ ժողովուրդի վերացման» մասին։ Եւ կը գիտակցէին թէ այդ ոճիրը նպատակ մը կը հետապնդէր եւ կազմակերպեալ էր։ «Ցեղասպանութիւն» եզրին բացակայութիւնը արգելք չեղաւ, որ վիճարկումին մասնակցողները կարենան ըմբռնել պատահածին տարողութիւնը։ Եւ իրապէ՛ս ցեղասպանութեան մը մասին էր, որ Գերմանիա կը վիճարկէր, իշխանութեան Հիթլէրի ձեռքը անցնելէն դեռ տասը տարի առաջ։ Այդ շրջանին արդէն շատեր կապեր կը հաստատէին հայոց ճակատագրին եւ այն վտանգներուն միջեւ, որոնք կը սպառնային գերման հրեաներուն (թէեւ առանց երեւեկայելու, թէ համայն Եւրոպայի հրէութիւնը այդ վտանգին պիտի
ենթարկուէր)։ Աւելի ուշ, նացիներու կողմէ հաստատուած՝ Արեւելեան Եւրոպայի կէթոներուն մէջ Հրեաները պիտի յայտնաբերէին աւստրիացի գրող Ֆրանց Վերֆէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրուած «Մուսա լերան քառասուն օրերը» վէպը եւ հայոց ճակատագրին մէջ պիտի փորձէին կարդալ իրենց ուրոյն ճակատագիրը», կը գրէ Իհրիկ:
Ըստ յօդուածագրին, եթէ նոյնիսկ յստակ եւ ուղղակի կապեր չկան հայոց ցեղասպանութեան եւ Շոային միջեւ, այդուամենայնիւ ակնյայտ է, որ երկու ջարդերը այնքան ալ տարանջատուած չեն իրարմէ՝ ժամանակի եւ տարածքի առումով: «Արդարեւ, Գերմանիան հանդիսացաւ երկուքը իրարու կապող տարածքը», կը գրէ պատմաբանը:
Այնուհետեւ Իհրիկ կը կատարէ հարցադրումներ.
 «Ինչպէ՞ս ընկերութիւն մը, որ ցեղասպանութեան մասին այդքան խոր գիտելիքներու իրազեկ դարձաւ, կրցաւ հազիւ թէ քառորդ դար ետք գործել ուրիշ մը եւ ա՜յդ տարողութեամբ։ Ի՞նչ կը նշանակէ ատիկա եւ ցեղասպանութիւններու նորօրեայ ճանաչումը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի գերմանական, եւրոպական եւ համաշխարհային պատմութեան մասին։ Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի ներմուծենք հայոց ցեղասպանութիւնը արիւնահեղ Ի. դարու պատմութիւններուն եւ պատումներուն մէջ»։
Իհրիկ, այս տեսանկիւնէն՝ Պունտեսթակի քուէարկութիւնը կը նկատէ ոչ թէ վերջակէտ մը, այլ՝ սկզբնաւորութիւն մը: «Գերմանիա ինչպէ՞ս պիտի պատրաստէ իր դասատուները եւ ընդհանրապէս իր հասարակութիւնը այս հարցը արծարծելու համար, մինչ կան այնքա՜ն մարդիկ որոնք տարբեր համոզումի տէր են եւ ունին կանխակալ գաղափարներ, եւ երբ ատիկա պարզապէս Պատմութեան այդ էջին մասին անգիտակ ըլլալու կամ անտեսելու հետեւանքով չէ»։
Պատմաբանին կարծիքով կարեւոր է Գերմանիոյ ունեցած դերին մասին ա՛լ աւելի խօսիլը. կ՚ըսէ, թէ նիւթին նուիրուած շատ քիչ թիւով գիրք գոյութիւն ունի, չըսելու համար՝ գոյութիւն չունի: Նաեւ Գերմանիոյ մէջ հանրային լայն վիճարկում տեղի չէ ունեցած նիւթին շուրջ եւ շատ քիչեր ծանօթ են Ա. Աշխարհամարտէն առաջ եւ անոր
 ընթացքին՝ Օսմանեան կայսրութեան գործերուն մէջ՝ Գերմանիոյ ներգրաւման:
Իհրիկի ամենէն վերլուծական տողերը կը գտնուին իր յօդուածին վերջին բաժնին մէջ: Կը գրէ, թէ Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը յաղթանակ մըն է, բայց ո՛չ գերման եւ ո՛չ ալ համաշխարհային հասարակութիւնը ատիկա պէտք է նկատէ հաճոյակատարութիւն: Հարցը պէտք է ցնցէ, խանգարէ եւ առաջնորդէ աւելի՛ վիճարկումի, հետազօտութեան:
«
Այս քուէարկութիւնը, Գերմանիոյ համար պէտք է հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ զանգուածային բռնութիւններու եւ վայրագութիւններու՝ Ի. դարու պատմութեան համար ունեցած նշանակութեան շուրջ վիճարկումի մը սկզբնաւորութիւնը», կ՚եզրակացնէ Իհրիկ:

«Նոր Յառաջ», 14 Յունիս 2016



No comments:

Post a Comment