Ժ. Չ.
Հազիւ երեք տարի անցած է այն օրէն երբ ՀՅԴ հրաժարեցաւ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելէ, իրաւացիօրէն պատճառաբանելով արդար ընտրութիւններու անկարելիութիւնը։ Անկէ ետք ընտրական խարդախութիւններ տեղի ունեցան նաեւ անցեալ Դեկտեմբերին՝ Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին ժամանակ։ Սակայն այս բոլորով հանդերձ ՀՅԴ գործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեց նոյն այդ զեղծարարութիւնները իրագործող վարչակարգի ետին կանգնած կուսակցութեան հետ։
Առաջին անգամը չէ, որ ՀՅԴ կը մասնակցի կառավարութեան կազմին։ Քոչարեանի նախագահութեան շրջանին եւ յետոյ ալ՝ Սարգսեանի նախագահութեան շրջանին սկիզբը ան մաս կազմեց կառավարութեան։ Ի՞նչ արդիւնք տուաւ այդ մասնակցութիւնը բացի միջազգային գետնի վրայ Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ պետական արտաքին քաղաքականութեան դիրքի փոփոխութենէն՝ ոչի՛նչ։ Գիտենք, որ Քոչարեանի շրջանին էր, որ պետութեան ազգային կարեւորագոյն սեփականութիւնները վաճառուեցան Ռուսաստանին, գոյք՝ պարտքի դիմաց սկզբունքի հիման վրայ։ Այդ շրջանին էր, որ սակաւապետութիւնը (oligarchie) իր դիրքերը ամրացուց, մեծագոյն հարստութիւնը դիզեց։ Որո՞ւ հաշւոյն. ժողովուրդին հանապազօրեայ հացին։ Հետեւանք՝ արտագաղթ եւ մասամբ նորին։ Հիմնական երկու կալուածներու մէջ ոչ մէկ յառաջխաղացք արձանագրուեցաւ՝ ո՛չ կաշառակերութեան դէմ պայքարին, ո՛չ ալ ժողովրդավարական ընտրութիւններու։ Ընդհակառակն՝ Մարտ 1ի ազգային ողբերգական սպանդը տեղի ունեցաւ։
Հայաստանի
Հանրապետութիւնը 25 տարիէ ի վեր պէտք ունի քաղաքական դասուն եւ ժողովուրդին
միջեւ հաշտութեան դաշինքի։ ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի համագործակցութեան
համաձայնագիրը պիտի կարենա՞յ այդ դերը կատարել։ Արհամարհանքը,
անարդարութիւնը, շահագործումը չարաշահումի աստիճանի հասած պետական
կառավարական վարքագիծը՝ իշխանաւոր դասը հասարակ քաղաքացիին համար կեղեքողի
ու թշնամիի համազօր դարձուցած են։ Այս պայմաններուն մէջ ստորագրուած
համաձայնագիրը, որ իր բովանդակութեան մէջ ընդհանրական սկզբունքներու
յայտարարութենէն անդին ոչինչ ունի գործնական՝ ի՞նչ կրնայ փոխել
իրադրութենէն։ Իսկ եթէ այդ համաձայնութեան սկզբունքները չյարգուին, ինչ որ
ամէնօրեայ երեւոյթ է, ի՞նչ պիտի ըլլայ հետեւանքը՝ ոչի՞նչ, թէ խզում։ Ո՞րն է
այն սահմանագիծը որմէ անդին անթոյլատրելի պիտի ըլլայ գործակցութիւնը։
Յստակ չէ։ Իսկ որո՞նք են այն լծակները որ ՀՅԴ-ին պիտի տան այն ուժը եւ
իշխանութիւնը՝ ազդելու կառավարման նոր եղանակներ առաջադրելու, մէջբերելու, ի
հարկին գործադրելու։ Գործնականին մէջ՝ ոչ մէկ։ Ո՛չ խորհրդարանական լծակ,
ո՛չ արդարադատական, ո՛չ ուժային, ո՛չ ալ տնտեսական։ Իսկ բարոյակա՞նը՝ կը
մնայ ամենէն խոցելին, ամենէն քննադատելին։ Սակայն ՀՅԴ-ն արդէն
կանխազգուշացուցած էր՝ կ՚ընդունի գործակցիլ հեղինակազրկուած քաղաքական ուժի
մը հետ։
Քաղաքականութեան մէջ պէտք է համարձակիլ քանդել կարծրացած սահմանագիծերը՝ նորոգուելու համար։ Դաշնակցիլ՝ նոյնիսկ սատանային հետ, եթէ պէտք ըլլայ իրագործելու համար անկարելին։ Մանաւանդ երբ ազգին գոյութիւնը վտանգի ենթարկուած է։ ՀՅԴ-ի եւ ՀՀԿ-ի համագործակցութեան համաձայնագիրը կը ստորագրուի նման պահու եւ իբր այդ՝ քաղաքական ռազմավարական յանդուգն որոշում է։ Ատիկա ի զօրու է ՀՀԿ-ին համար ալ, որ ոչ մէկ պատճառ ունի իշխանութիւնը բաժնելու քաղաքական ուժի մը հետ, որուն ոչինչ պարտական է, որմէ ոչ մէկ ձեւով կախեալ է։ Եւ երկրորդ, ՀՅԴ-ին, որ իր զօրակցութիւնը կը բերէ կուսակցութեան մը, որ սակաւապետական թալանող պետական համակարգ մը ստեղծած է։ Ինչո՞ւ քաղաքական այս երկու կառոյցներու մերձեցումը։ Անկասկած, որովհետեւ երկուքն ալ կը գտնուին սպառումի, սնանկութեան սեմին, ինչպէս՝ ընդդիմադիր եւ ոչ ընդդիմադիր միւս բոլոր ուժերը։ Բոլորն ալ կը գոյատեւեն շնորհիւ դուրսի դրամագլուխին՝ Սփիւռքի կամ միջազգային։ Ոչ մէկը ունի ժողովուրդէն բխող գերիշխանութիւնը։ Համակարգը պէտք է ներսէն վերանորոգուի։ Համագործակցութեան դատարապարտեալները պիտի կարենա՞ն գործակցիլ։ Համաձայնագրի ստորագրութեան լուսանկարը ամենէն խօսուն պատկերն է իրադրութեան։ Իւրաքանչիւր ճակատէն վեցական ղեկավար կանգած են սիւներու նման՝ չոր, անժպիտ, անգոյն, պարապ սեղանի ետին։ Մարդկային ջերմութենէ զուրկ, առկայծ ճրագէ զուրկ։ Ո՛չ ողջագուրում, ո՛չ ձեռքսեղմում։ Բարեբախտաբար, շամփանեը չէ բացուած, տօնական յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւն տալէ հեռու մնալով։ Պատկերը անկեղծ է՝ ի՞նչ պիտի ընեն միասին։ Ապագան ցոյց պիտի տայ։

«Նոր Յառաջ» (խմբագրական), 1 Մարտ 2016
No comments:
Post a Comment