Միշիկընի Համալսարան-Տիրպոռնի
Հայագիտական Հետազօտութիւններու Կեդրոնը պիտի հիւրընկալէ «Հայերը եւ Պաղ Պատերազմը»
թեմայով աննախընթաց, բազմա-գիտակարգային, միջազգային գիտաժողով մը, որ տեղի պիտի
ունենայ 1-3 Ապրիլ 2016-ին։ Երեսուն ակադեմականներ՝ Հիւսիսային եւ Հարաւային
Ամերիկաներէն, Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն, պիտի մասնակցին այս գիտաժողովին։
Պաղ Պատերազմը միջազգային հարթակի վրայ երկարեցաւ Երկրորդ Համաշխարհային
պատերազմի աւարտէն՝ 1945-էն մինչեւ Խորհրդային Միութեան կազմալուծումը
1991ին։ Աշխարհասփիւռ հայութիւնը սակայն արդէն իսկ խորհրդային կարգերուն
նկատմամբ բարեացակամ կամ հակադիր տրամադրուած երկու հատուածներու բաժնուած
էր՝ 1920ի վերջաւորութեան Արեւելեան Հայաստանի մէջ համայնավարական կարգերու
հաստատումէն սկսեալ։
Գիտաժողովի առաջին նիստը (զեկուցաբերներ Կարապետ Գ. Մոմճեան, Վահէ
Սահակեան եւ Հէյզըլ Անթառամեան-Հաֆմըն) պիտի կեդրոնանայ 1920ական
թուականներէն մինչեւ 1947 երկարող ժամանակաշրջանին վրայ՝ փորձելով
բացայայտել ու արժեւորել նախքան Պաղ Պատերազմի «պաշտօնական» սկիզբը հայ
իրականութենէն ներս եւ մասնաւորաբար` Սփիւռքի մէջ քաղաքական զարգացումներու
ետին կանգնած մղիչ ուժերը։ Սոյն նիստի ընթացքին կայանալիք քննարկումները
պիտի փորձեն վեր հանել այն փոփոխութիւնները, որոնք Սփիւռքէն ներս եւ
Խորհրդային Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցան
1940ականներու կէսերուն՝ համաշխարհային գետնի վրայ Պաղ Պատերազմի ծաւալման
հետեւանքով։
Պաղ Պատերազմը անխուսափելի ազդեցութիւն ունեցաւ նաեւ համայն հայութեան
վրայ` ո՛չ միայն Խորհրդային Հայաստանի, այլեւ աշխարհասփիւռ հայ
համայնքներուն մէջ։ Այս ժամանակաշրջանը գիտաժողովի ընթացքին պիտի արծարծուի
աշխարհագրական բնոյթ կրող շարք մը նիստերու ընթացքին։ Լեւոն Չորպաճեան,
Կրեկըրի Աւթանդիլեան եւ Պենճըմին Ֆ. Ալեքսանտըր պիտի կեդրոնանան Հիւսիսային
Ամերիկայի վրայ։ Ժիրայր Չոլաքեան եւ Աստղիկ Ադամեան զեկուցումներ պիտի
ներկայացնեն ֆրանսահայութեան իրավիճակին մասին։ Հարաւային Ամերիկայի մէջ
տեղի ունեցած զարգացումները պիտի ներկայացնեն Վարդան Մատթէոսեան, Հէյթոր
Լուրէյրօ եւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան։ Ի վերջոյ Միջին Արեւելքի հայ
համայնքներուն մասին հինգ տարբեր զեկուցումներ պիտի կարդան Հրաչ
Չիլինկիրեան, Ճէյմզ Սթաքըր, Խաչիկ Մուրատեան, Էլտատ Պէն-Ահարոն եւ Էմրէ Ճան
Տաղլըօղլու։ Սոյն նիստերը նախապատրասուած են այնպիսի ձեւով, որ առիթ
ստեղծեն քննարկումներու, բաղդատութիւններ կատարելու Պաղ Պատերազմի ժամանակ
սփիւռքահայ տարբեր համայնքներու մէջ դրսեւորուած իւրայատկութիւններուն
միջեւ, նաեւ բացայայտնելու նոյն տարիներուն տարբեր ցամաքամասերու վրայ,
միջ-հայկական քաղաքական հակամարտութիւններու եւ բախումներու
առանձնայատկութիւնները։ Միաժամանակ առանձին նիստ մը տեղի պիտի ունենայ այդ
ժամանակահատուածին Խորհրդային Հայաստանի եւ Սփիւռքի
փոխ-յարաբերութիւններուն մասին (զեկուցողներ Նելիտա Պուլղուրճեան եւ Գէորգ
Պետրոսեան)։ Գիտաժողովի քաղաքական պատմութեան նուիրուած հատուածը իր
աւարտին պիտի հասնի՝ համաշխարհային Պաղ Պատերազմի եւ հայկական «Պաղ
Պատերազմի» ժամանակագրութիւնները բաղդատող կլոր սեղանով։
Վերջին երկու նիստերը պիտի արծարծեն Պաղ Պատերազմի ազդեցութիւնը հայ
պատմագրութեան (զեկուցաբերներ՝ Սամուէլ Գրիգորեան եւ Անուշ Յովհաննիսեան),
արուեստի (Նիրի Մելքոնեան) եւ ժողովրդական կենցաղի ու մշակոյթի (Տիգրան
Մաթոսեան) վրայ։ Գիտաժողովը պիտի եզրափակուի երկրորդ կլոր սեղանով մը, որ
պիտի քննարկէ Պաղ Պատերազմին թողած ժառանգութիւնը մերօրեայ հայ կեանքէն
ներս եւ այս մարզին մէջ ապագայ հետազօտութիւններու համար
յանձնարարութիւններ պիտի կատարէ։
Գիտաժողովի տարբեր նիստերը պիտի վարեն եւ քննարկումներուն պիտի մասնակցին նաեւ Քէմ Ամին, Ասպետ Գոչիկեան, Սելի Հաուըլ, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Գէորգ Պարտաքճեան, Թամար Պոյաճեան, Արա Սանճեան, Սիմոն Փայասլեան եւ Փէմ Փենոք։
Գիտաժողովի կազմակերպիչներուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել հայոց
պատմութեան համար առանցքային այս ժամանակաշրջանը եւ քաջալերել այս
ուղղութեամբ յետագայ ուսումնասիրութիւնները՝ նկատի առնելով, որ վերջիններս
տակաւին իրենց խանձարուրին մէջ կը գտնուին։ Անոնք կը յուսան, որ սոյն
հաւաքը թեմային մօտենալով զանազան դիտանկիւններէ եւ գիտակարգերէ, քաջալեր
պիտի հանդիսանայ ուրիշներու, որ իրենք եւս պեղեն հայոց պատմութեան պաղ
պատերազմեան ժամանակահատուածի մանրամասները։ Բացի այդ մօտիկ ապագային
խորութեամբ պէտք է արծարծուին Պաղ Պատերազմին առնչուող այլ թեմաներ,
ինչպիսիք են անոր ազդեցութիւնը հայ գրականութեան վրայ, դէպի Խորհրդային
Հայաստան ներգաղթն ու անկէ արտագաղթը, կամ հայ անհատներու ներգրաւումը
միջազգային լրտեսութեան մէջ՝ ի նպաստ Պաղ Պատերազմի ժամանակ հակամարտ երկու
կողմերէն մէկուն կամ միւսին։ Վերոնշեալ թեմաները մաս կը կազմէին
գիտաժողովի մասնակցութեան հրաւէրին մէջ նշուած նիւթերուն, սակայն
կազմակերպիչները այդ ծիրերէն ներս որեւէ առաջարկ չեն ստացած։
Գիտաժողովին նիստերը բաց պիտի ըլլան հանրութեան համար։ Ան կը վայելէ
Հայագիտական Ուսումնասիրութեանց եւ Հետազօտութեանց Ազգային Միութեան
(NAASR) նեցուկը, մինչ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական
Համայնքներու բաժանմունքը պիտի օժանդակէ Հայաստանէն ժամանելիք
մասնակիցներուն։ «Արմինիըն Ռիվիւ» գիտական հանդէսը յատուկ թիւ մը պիտի
յատկացնէ՝ գիտաժողովին ներկայացուելիք զեկուցումներուն հիմամբ գրուած
ակադեմական յօդուածներու։
Միշիկընի համալսարան-Տիրպոռնի Հայագիտական
Հետազօտութիւններու Կեդրոնը հիմնուած է Դոկտ. Տենիս Ռ. Փափազեանի կողմէ, 1985ին`«Վարդանանց
ասպետներ» կազմակերպութեան եւ մանաւանդ՝ հանգուցեալ Էտուըրտ եւ Հելէն
Մարտիկեաններու նիւթական օժանդակութեամբ։ Կեդրոնը կը զբաղի հայագիտութեան մարզէն ներս
փաստագրման, հետազօտական եւ հրատարակչական աշխատանքներով։
No comments:
Post a Comment