«Ժամանակ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած առաջին երեք գիրքերու
համատեղ շնորհանդէսին արձագանգները կը շարունակուին
համայնքային շրջանակներէն ներս։ «Անցեալի եւ ապագայի
խաչմերուկին» խորագրեալ ձեռնարկին մասնակցած էին Սփիւռքէն երեք
յայտնի մտաւորականներ՝ Իշխան Չիֆթճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Վահէ
Թաշճեան, որոնց միացած էր նաեւ Երեւանէն Սագօ Արեան՝ որպէս
նիստավար։
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած ձեռնարկէն վերջ հիւրերը
արդէն հրաժեշտ առին քաղաքէս։ Իշխան Չիֆթճեան եւ Վահէ Թաշճեան
Կիրակի վերադարձան Գերմանիա, մին՝ Համպուրկ, իսկ միւսը՝ Պերլին։
Երէկ ալ յետմիջօրէին Իսթանպուլէն հրաժեշտ առաւ Վարդան
Մատթէոսեան։ Առաջին անգամ քաղաքս այցելեց Մատթէոսեան, որ
կարճատեւ կեցութենէն վերջ վերադարձաւ Նիւ Եորք։
Սագօ Արեան քանի մը օր եւս կը մնայ Իսթանպուլի մէջ։
«Ժամանակ», 16 Փետրուար 2016
¿Vómo anduvo la visita a Estambul?
ReplyDeleteMuy interesante y muy positiva. A pesar del poco tiempo disponible, pudimos ver algo del pasado y del presente del Bolis armenio...
Delete