ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Շարունակական տերեւաթափի մը ականատեսն ենք։
Մի առ մի այս աշխարհէն հրաժեշտ կ՚առնեն ու կը մեկնին այնպիսի արժէքներ, որոնք դիմագիծ տուած էին Սփիւռքին, ապահոված էին այն հիմնական թթխմորը՝ որ ցիրուցան գաղութները հայ կը պահէ, հա՛յօրէն ապրելու կռուաններ կը ստեղծէ։
Ու կ՚անդրադառնամ, որ մեկնող արժէքներուն կարեւոր մէկ տոկոսը իրեն ծննդավայր ունի ՊՈԼԻՍԸ։Մի առ մի այս աշխարհէն հրաժեշտ կ՚առնեն ու կը մեկնին այնպիսի արժէքներ, որոնք դիմագիծ տուած էին Սփիւռքին, ապահոված էին այն հիմնական թթխմորը՝ որ ցիրուցան գաղութները հայ կը պահէ, հա՛յօրէն ապրելու կռուաններ կը ստեղծէ։
Օ՜, Պոլիսը, Վոսփորի գեղածիծաղ ու ներշնչող ափերը, յաւե՜րժօրէն սիրելի «մերին Պոլիսը»։
Սա վերջին քանի մը ամիսներուն, գուժեցին մահը վիպագիր Յակոբ Խաչիկեանին (գանատաբնակ օտարագիր գրող մը, ծնունդով՝ պոլսահայ), «Ակօս»ի աշխատակազմէն՝ հրապարակագիր Սարգիս Սերովբեանին, պոլսահայ նշանաւոր թատերագիր Արման Վարդանեանին, ազնուազարմ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիին, ու երէկ ալ՝ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանին։ Բոլո՛րն ալ հարազատ պոլսեցիներ։ Անոնցմէ ոմանք մինչեւ իրենց վերջին շունչը ապրեցան ու գործեցին Պոլսոյ մէջ, ուրիշներ՝ իրենց բախտը փորձեցին օտար աստղերու տակ։
Ֆազլեան այս վերջիններէն մէկն էր։
Յաճախած էր Պոլսոյ Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարանները։ Երբ հազիւ 25 տարեկան էր՝ թողուց Պոլիսը ու մեկնեցաւ Լիբանան։ Մաս կազմեց Պէյրութի թատերական աշխոյժ կեանքին՝ բեմադրելով ոչ միայն Շանթ ու Պարոնեան, այլեւ մինչեւ իսկ Շէյքսպիր, Կոկոլ, Մոլիէր եւ դժուար իրագործելի այլ թատերախաղեր։ Գործեց արաբական թատերական շրջանակներու մէջ ալ։ Շրջան մը կայք հաստատեց Մոնրէալ։ Գրի առաւ թատերական իր հարուստ յուշերը, որոնք 90-ական թուականներուն թերթօնի ձեւով (յետոյ առանձին հատորով) լոյս տեսան Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին մէջ, «Վրաններ պողոտաներու վրայ» վերնագրով։
Անձնապէս, մէկ անգամ միայն բախտն ունեցած եմ ունկնդրելու զինք Պէյրութ, բեմին վրայ, շուրջ քսան տարի առաջ, բանաստեղծ Զահրատի նուիրուած յոբելենական ձեռնարկի մը ընթացքին։ Այդ օր, Ֆազլեան շատ խորունկ տպաւորութիւն գործած էր իմ վրայ՝ ասմունքելով մեծարեալ բանաստեղծին (որ ներկայ էր հոն) «Հէք Խարալամպոս» խորագրեալ երկարաշունչ ու երգիծախառն քերթուածը։ Ամբողջ սրահը մագնիսացած՝ ունկնդրած էր զինք.
Խարարամպոս – յոգներ ես
Անութներդ թափ թաց թրջեր են
Ու քրտինք կը հոտիս
Երէկ գիշեր ալ ճաճիկ կերեր ես
- սխտորը շատ է փախեր –
Անութներդ թափ թաց թրջեր են
Ու քրտինք կը հոտիս
Երէկ գիշեր ալ ճաճիկ կերեր ես
- սխտորը շատ է փախեր –
Ֆազլեանի մահով սփիւռքահայ թատրոնը մեծ դէմք մը կը կորսնցնէ։ Ու ճակատագրի
անիմանալի մէկ խաղով, ան այսքան շուտ կ՚երթայ միանալու իր արուեստակից
եղբօր՝ նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Խտըշեանին, որուն հետ միասին՝ տիրական
ներկայութիւն մը եղած էր Պէյրութի թատերական բեմահարթակներուն վրայ,
տասնամեակներ շարունակ։
facebook.com/AleppoArmenians, 17 Փետրուար 2016
No comments:
Post a Comment