28.1.16

Արեւմտահայերէնը եւ ապագան

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Մեծն Բրի­տա­նիոյ հնա­գոյն կրթա­կան կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կուն՝ Օքս­ֆորտ քա­ղա­քի նոյ­նա­նուն նշա­նա­ւոր հա­մալ­սա­րա­նի Փեմպ­րուք գո­լէ­ճին մէջ, ան­ցեալ շաբ­թուան ըն­թաց­քին՝ Յունուա­րի 21-23-ը, հայ­կա­կան շունչ կը տի­րէր: Մինչ ժո­ղո­վի սկսի­լը, դէ­պի գո­լէճ տա­նող մուտ­քին տեղադ­րուե­ցաւ հա­յե­րէ­նով ցու­ցա­նակ մը՝ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րու­ն» գրու­թեամբ, որ ցոյց կու տար այն սրա­հի ճամ­բան, ուր ե­րեք օ­րեր շա­րու­նա­կուե­ցան հայերէ­նի զար­գաց­ման ու պահ­պան­ման մա­սին քննար­կում­նե­րը, նաեւ օ­տար համալսարա­նա­կան­նե­ր ե­րեք օր շարունակ ա­կա­նա­տես ե­ղան հա­յե­րէն գի­րե­րով ցուցանա­կին:
Օքս­ֆոր­տի մէջ հա­ւա­քուած էր ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման հար­ցե­րով մտա­հոգ Սփիւռքի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ընտ­րա­նիէն խումբ մը, հրա­ւի­րեալ­ներ՝ Հա­յաս­տա­նէն: Անոնք կրթա­կան, գի­տա­կան աս­պա­րէ­զի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ էին, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն մամու­լի պատաս­խա­նա­տու­ներ, հրա­տա­րա­կիչ­ներ ինչ­պէս նաեւ՝ գրա­կան գոր­ծիչ­ներ:
Հա­մա­ժո­ղով­նե­րու, քննար­կում­նե­րու ձեւաչա­փը ընտ­րուած էր աշ­խա­տա­րա­նի ձե­ւով, ին­չ որ շատ գործ­նա­կան դար­ձուց քննար­կում­նե­րը, հան­դի­պու­մը չմնաց դա­սա­կան համաժողով­նե­րու ծի­րին մէջ եւ այդ մէ­կը շա­հե­կան էր թէ՛ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ թէ՛ մասնակիցնե­րուն համար:
Ինչ­պէս նշուե­ցաւ հա­մա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին, նման հա­մա­ժո­ղով կազ­մա­կեր­պե­լու գաղափա­րը ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լու համար ա­ջա­կից փնտռե­լու հար­ցին մէջ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կի Հայկա­կան Հա­մայնք­նե­րու բաժ­նին դի­մե­լը պա­տա­հա­կան չէ ե­ղած, քա­նի որ վեր­ջին շրջանին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հան­դէպ մասնա­յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն մը կայ այդ հիմնարկին կող­մէ, մա­նա­ւանդ հա­մա­ժո­ղով­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման, արեւմտահայերէն հրատարակութիւններու, լե­զուի պահ­պան­ման ուղ­ղուած ժո­ղով­նե­րու, տպա­գիր ու ելեկտրոնա­յին մա­մու­լի ա­ջակց­ման հար­ցե­րու շուրջ:
Իր կար­գին, «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան Հա­մայնք­նե­րու բաժանմունքի ղե­կա­վար Ռազ­միկ Փանոսեան նշեց, որ ե­րեք տա­րի ա­ռաջ աշխա­տան­քը ստանձ­նե­լու պա­հուն չէ մտա­ծած, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահպան­ման, ա­նոր ա­ջակց­ման մա­սին ծրագ­րե­րը կրնան օ­րա­կարգ դառ­նալ եւ երբ ինք աշ­խա­տան­քը ստանձ­նե­լէ ետք վեց ամիս­ներ շա­րու­նակ այ­ցե­լած է հայ­կա­կան զա­նա­զան հա­մայնք­ներ, հան­դի­պում­նե­րու ընթաց­քին ա­մե­նէն շատ ար­ծար­ծուած հար­ցը, հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւ­նը ե­ղած է հայերէնի այդ ճիւ­ղի ան­կու­մը եւ ա­տոր փո­խա­րէն մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կե­լը, այն ատեն մտա­ծած է միջոցներ ներդ­նե­լու եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք­ներ տա­նե­լու մա­սին: Ռազ­միկ Փանոսեան կա­րե­ւո­րեց հա­մայն­քը լսե­լու հա­մես­տու­թիւ­նը եւ նաեւ հա­մայն­քի կար­ծիքն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը հա­մա­հայ­կա­կան շատ հար­ցե­րու լուծ­ման ճա­նա­պար­հին ներդ­նե­լու կա­րի­քը:
Հա­մա­ժո­ղո­վի գրե­թէ բո­լոր մաս­նա­կից­ներն ալ ա­ռա­ջարկ­ներ ու­նէին ար­դի հա­յե­րէ­նի այդ ճիւ­ղի պահ­պան­ման, տա­րած­ման, զար­գաց­ման, մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սար­դու­թեան շրջա­նա­կին մէջ զայն գրա­ւիչ դարձ­նե­լու եւ այդ մի­ջո­ցով հա­յե­րէ­նէ հե­ռա­ցած կամ խու­սա­փող երիտասարդութիւ­նը լե­զուին մօ­տեց­նե­լու հա­մար:
Ա­ռա­ջարկ­ներ հնչե­ցին լե­զուի այդ գրաւչութիւ­նը ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մօտ արթն­ցնե­լու հա­մար հա­մա­ցան­ցա­յին զանա­զան ծրագրեր մա­տու­ցել հայ ժամանա­կա­կից երի­տա­սար­դին, ինչ­պէս օ­րի­նակ, համացան­ցա­յին ա­լիք մը հիմ­նե­լու, հայերէնով բա­նա­ւոր խօսք մա­տու­ցե­լու միջո­ցով: Այս ա­ռա­ջար­կի առ­թիւ ը­սուե­ցաւ նաեւ, որ ոչ միայն դա­սա­կան խօս­քը, մաքուր, գրա­կան հայերէ­նը պէտք է մա­տու­ցել ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, այլ նաեւ՝ խօսակցակա­նը, եր­բեմն, ո­րոշ առիթ­ներով նաեւ՝ փո­ղո­ցի հա­յե­րէ­նը, կեն­ցա­ղի մէջ գոր­ծա­ծուող լե­զուն: Միա­ժա­մա­նակ կարիք կայ ո­րոշ բնա­գա­ւառ­նե­րու, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ փոր­ձա­գի­տու­թեան մէջ գոր­ծա­ծուող բառե­րու հա­յե­րէն եզ­րե­րը մշա­կե­լու, ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող բա­ռե­րը քով քո­վի բե­րե­լու, տրա­մա­բա­նա­կան հիմ­քե­րու վրայ ի հար­կին նո­րե­րը ստեղծե­լու եւ զայն մա­մու­լի, ա­ռօ­րեա­յի մէջ որ­դեգ­րե­լու: Ա­տոր հա­մար ա­ռա­ջար­կուե­ցաւ պզտիկ խումբ մը կամ կա­ռոյց մը ստեղ­ծե­լ:
Հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին եր­կար քննար­կում­նե­րու նիւթ դար­ձաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով տպագ­րուող մա­մու­լի այ­սօ­րուան լե­զուն: Հնչե­ցին մտա­հո­գու­թիւն­ներ այս առ­թիւ՝ նշե­լով, որ որ­քան կա­րե­ւոր է մա­քուր գրա­կան լե­զուա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րու շա­րու­նա­կու­մը՝ մա­մու­լի մէջ, նոյն­քան կա­րե­ւոր է նաեւ ըն­թեր­ցո­ղի հետ խօ­սիլ իր լե­զուով, լե­զուա­կան զա­նա­զան շեր­տեր ներ­մու­ծել հրա­պա­րա­կում­նե­րու մէջ, որ­պէս­զի լե­զուն, իբ­րեւ կեն­դա­նի, կեն­սա­կան մար­մին, իր ա­ռողջ շնչա­ռու­թիւ­նը ապ­րի մա­մու­լին մէջ: Իբ­րեւ խնդիր նշուե­ցան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն մա­մու­լի մէջ հրա­պա­րա­կուող նիւ­թե­րու ոչ բազ­մա­զան վի­ճա­կը, ին­չ որ ան­հե­տաքր­քիր կը դարձ­նէ թեր­թը նոր սե­րուն­դին հա­մար, եւ ա­ռա­ջարկ­ներ հնչե­ցին բազ­մա­զան նիւ­թեր հրա­պա­րա­կե­լու, հե­տաքն­նու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու, Սփիւռ­քի մէջ ապ­րող հայ մար­դու ա­ռօ­րեան թեր­թի է­ջե­րուն մէջ քննար­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Մաս­նա­գէտ­ները այն կար­ծի­քին էին, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը այն­քան հա­րուստ լե­զու մըն է, որ լե­զուա­կան իր շեր­տե­րով կու տայ ա­տոր հնարաւորութիւ­նը, կը մնայ զայն գոր­ծա­ծել:
Ինչ­պէս մա­մու­լի մէջ, այն­պէս ալ՝ զանազան հրա­տա­րա­կչա­կան ծրագ­րե­րու ծի­րէն ներս անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն նկատուեցաւ ման­կա­կան, պա­տա­նե­կան նիւ­թե­րու տպագ­րու­մը, խօ­սուե­ցաւ, որ մանա­ւանդ պա­տա­նեակ տա­րի­քի տղոց հա­մար ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով նիւ­թե­րու խիստ պա­կաս կայ եւ այդ բա­ցը լրաց­նե­լու հա­մար պէտք է շատ աշ­խա­տանք տա­րուի: Ա­ռա­ջարկ­ներ հնչե­ցին գիր­քե­րու, ժապաւէն­նե­րու, խե­լա­խօս նո­րա­գոյն սարքե­րու մէջ ներ­մու­ծել պա­տա­նիին, ե­րի­տա­սար­դին մա­տու­ցուե­լիք նիւ­թը, որ­պէս­զի կրկին սի­րե­լի դարձ­նել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը՝ նոր սե­րուն­դի նա­խընտ­րած գոր­ծիք­նե­րու մի­ջո­ցաւ: Խօսուե­ցաւ մրցանք­նե­րու, լե­զուի զարգաց­ման մէջ քա­ջա­լե­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին:
Հիմ­նա­կան քննար­կում­նե­րէն մին դար­ձաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն նիւ­թի թուայ­նա­ցու­մը առհասարակ, թէ՛ մա­մու­լի ճամ­բով եւ թէ՛ ալ այլ շտե­մա­րան­նե­րու, թուա­յին ծրագ­րե­րու միջոցաւ: Գրեթէ իբ­րեւ բա­նա­ձեւ հնչեց այն տե­սա­կէ­տը, թէ ա­պա­գան թուա­յին աշ­խար­հինն է, եւ գիր­քը, տպա­գիր թուղ­թը, որ­քան որ ալ ա­ւան­դա­կան են ու ի­րենց մէջ դարաշրջաններու անցած ու­ղին ու պատ­մու­թիւ­նը կը նե­րա­ռնեն, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ անխու­սա­փե­լի է լեզուական նիւ­թե­րու թուայ­նա­ցու­մը, ո­րու հետ այ­սօր կը քա­լէ ժամանակա­կից աշ­խար­հը: Առա­ջարկ­ներ հնչե­ցին թուա­յին զա­նա­զան հար­թակ­ներ ստեղծե­լու, մաս­նա­գի­տա­կան ցան­ցեր բա­նա­լու, ակադեմական ու գրա­կան թուա­յին դաշտեր կազ­մե­լու մա­սին, ուր արեւմտահայերէն կարդա­ցո­ղը, սո­րվիլ փա­փա­քո­ղը կամ պար­զա­պէս նիւթ փնտռո­ղը հնարաւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նայ ժա­մա­նա­կա­կից գոր­ծիք­նե­րով ազատ նա­ւար­կե­լու եւ ա­րագ տեղա­փո­խում­ներ կա­տա­րե­լու: Այդ ա­ռու­մով մաս­նա­կից­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին թուա­յին բնագ­րեր կազ­մե­լու ժա­մա­նակ օգ­տուիլ սրբագ­րիչ գոր­ծիք­նե­րէ, ինչպէս նաեւ շատ կա­րե­ւոր բան մը նկատուե­ցաւ հա­յե­րէն տա­ռե­րու ստեղ­նա­շա­րե­րու ազատ հա­սա­նե­լիու­թեան հար­ցը, որ­պէս­զի հա­յե­րէ­նը հա­մա­ցան­ցի, նամակագ­րու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մէջ չգոր­ծա­ծուի լատինա­տառ: Ուսումնասիրութիւն­ներ կան, որ լատի­նա­տառ հա­յե­րէ­նը որ­դեգ­րած են մանաւանդ ա­նոնք, ո­րոնք ստեղ­նա­շա­րե­րէ օգտուելու դժուա­րու­թիւն ու­նին, ուս­տի անհրաժեշտ է ստեղ­նա­շա­րե­րը տե­սա­նե­լի, ներբեռնելի, փո­փո­խե­լի դարձ­նե­լու ծրա­գի­րը:
Մաս­նա­կից­նե­րը խօ­սե­ցան նաեւ այն մասին, թէ նոյն թուա­յին աշ­խար­հին մէջ կը պակ­սի մէկ ամ­բող­ջա­կան հայ­կա­կան հարթա­կի գո­յու­թիւ­նը, եւ ա­ռա­ջարկ­ներ կային յղում­նե­րու շտե­մա­րան պատ­րաս­տել, ո­ր հայ­կա­կան նիւ­թե­րով հետաքրքրուած մար­դի­կը կ՚ուղ­ղոր­դէ հա­մա­պա­տաս­խան նիւ­թին եւ ան, որ հա­յե­րէն լե­զուով ո­րե­ւէ մէկ նիւ­թի կա­րիքն ու­նի, կը դի­մէ յղման շտե­մա­րա­նին, ո­ր կ­՚օգ­նէ ու­զած թե­ման, նիւթը, կայ­քը գտնե­լու: Ա­ռա­ջարկ հնչեց նաեւ հա­յե­րէ­նով հրա­տա­րա­կուող գիր­քե­րու մա­սին տեղ մը ըլ­լայ մշտա­կան թար­մա­ցուող տեղեկա­տուու­թիւն եւ հա­յաշ­խար­հի մէջ ա­մէն մարդ, որ հա­յե­րէն նոր հրա­տա­րա­կուած գիր­քի մա­սին կ՚ու­զէ գիտ­նալ, օգ­տուի այդ հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն եւ տե­ղեակ ըլ­լայ նոր հրատարակուող գիր­քե­րու մա­սին:
Ստեղ­ծուե­լիք թուա­յին ցան­ցե­րը ուղ­ղուած պի­տի ըլ­լան ինչ­պէս լե­զուն կատարելագործելու, այն­պէս ալ՝ թարգ­մա­նա­կան, գրա­կան, գի­տա­կան, ա­կա­դե­մա­կան շրջա­նակ­նե­րը մի­մեանց հետ կա­պե­լու, միտ­քե­րու փո­խա­նա­կում կա­տա­րե­լու եւ մէկ թուային տա­րած­քի մէջ նոյն նիւ­թի շուրջ գոր­ծե­լու հա­մար:
Հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին խօ­սուե­ցաւ, որ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հե­տա­զօ­տու­թեան պակա­սը կայ, պի­տի քա­ջա­լե­րուին այն ձեռ­նարկ­նե­րը, ո­րոնք հե­տա­զօ­տա­կան բնոյթ կը կրեն:
Մէկ այլ քննարկ­ման նիւթ էր Հա­յաս­տա­նի դե­րը՝ ա­րեւմ­տա­հա­յէ­րե­նի պահ­պան­ման պա­րա­գա­յին: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ արեւմտա­հա­յե­րէ­նը կրող մտա­ւո­րա­կան­ներ յա­ճախ այս ա­ռու­մով յո­ռե­տե­սօ­րէն տրամադ­րուած են եւ շատ ալ ակն­կա­լիք չու­նին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան կառոյցներէն, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ անհրաժեշտու­թիւն տե­սան Հա­յաս­տա­նի մէջ գո­նէ մէկ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն դպրոց բանա­լու քայ­լը: Տա­րի­ներ ա­ռաջ յա­տուկ սու­րիա­հայ ե­րա­խա­նե­րու հա­մար բա­ցուած եւ ո­րոշ ժա­մա­նակ գոր­ծե­լէ ետք դադ­րած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն դպրո­ցը տխուր օ­րի­նակ է այս առու­մով, բայց պէտք չէ նա­խա­դէպ դառ­նայ, քա­նի որ, ինչ­պէս նշե­ցին տե­ղեակ­նե­րը, այդ դպրո­ցը ժա­մա­նա­կա­ւոր լու­ծում մըն էր սու­րիա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րը սու­րիա­կան պե­տա­կան կրթա­կան հա­մա­կար­գին մօտ պա­հե­լու հա­մար, քա­նի որ ո­րե­ւէ պա­հու ա­նոնք կրնա­յին վերադառ­նալ Սու­րիա եւ այդ օ­րի­նա­կը պէտք չէ դի­տել իբ­րեւ ա­րեւմ­տա­հայ լե­զուի զարգացման ուղ­ղուած դպրոց: Դպրո­ցի դե­րը լե­զուի պահ­պան­ման ա­ռու­մով խիստ կարեւորե­լով, մաս­նա­կից­նե­րը շեշ­տե­ցին Սփիւռ­քի մէջ նուա­զող հայ­կա­կան վարժարաննե­րու ան­կու­մը դադրեց­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Որ­քան կա­րե­ւոր է հայ աշակեր­տի հետ տա­րուող աշխատանքը, նոյն­քան կա­րե­ւոր նկա­տուե­ցաւ նաեւ նոր ժամանակաշր­ջա­նի պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան ու­սու­ցիչ պատ­րաս­տե­լը, ուսուցիչ, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը դա­սա­ւան­դե­լու գոր­ծին մէջ նո­րա­գոյն կրթա­կան միջոցներ կ՚որդեգ­րէ եւ ա­շա­կեր­տը կը մղէ մտա­ծե­լու, ստեղծա­գոր­ծե­լու, լե­զուա­կան հարստու­թե­նէն հա­ճոյք ստա­նա­լու:
Գա­լով Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման հար­ցե­րուն, խօ­սուե­ցաւ նաեւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման մա­սին վեր­ջին շրջա­նին տե­ղի ունեցող քննար­կում­նե­րուն շուրջ եւ այդ մա­սին հա­մա­ժո­ղո­վի ման­սա­կից­նե­րը միան­շա­նակ մօ­տե­ցում մը չու­նէին, ո­րով­հե­տեւ վստահ էին, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պէտք է ապ­րի եւ կեն­սու­նակ մնայ իր ամ­բող­ջու­թեան մէջ եւ թե­րեւս ո­րե­ւէ մէկ մեր­ձե­ցում կրնայ ըլ­լալ ի վնաս լե­զուին: Միաժամա­նակ անժխ­տե­լի է, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը հա­մազ­գա­յին ար­ժէք է եւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պէտք է ստանձ­նէ այլ հա­մազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու հետ միա­սին արեւմտա­հա­յե­րէ­նը պահ­պա­նե­լու դե­րը: Այդ ա­ռու­մով կա­րիք կայ ճշդե­լու, թէ ի՛նչ է Հայաստա­նի դե­րը այս հար­ցին մէջ: Նշում մը կա­տա­րուե­ցաւ, որ Հա­յաս­տա­նի Հանրապետութեան Լե­զուի մա­սին օ­րէն­քի մէջ ար­դէն ամ­րագ­րուած կայ, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պաշտ­պա­նը կը հան­դի­սա­նայ իր սահ­ման­նե­րէն դուրս ապ­րող հայերու լե­զուի պահ­պան­մա­ն, ու­րեմն պէտք է օգ­տուիլ հայ­րե­նի օ­րէն­քի ըն­ձե­ռած հնարաւորութիւններէն եւ մղել, որ­պէս­զի ան գոր­ծէ:
Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ծրագ­րեր գոր­ծի դրուե­լու ճա­նա­պար­հին յա­տուկ շե­շտուե­ցաւ համայնքա­յին ղե­կա­վա­րու­թեան հետ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան կա­պը, նկա­տի ու­նե­նա­լով, թէ կայ այն­պի­սի տպա­ւո­րու­թիւն, որ հայ ղե­կա­վա­րու­թեան հետ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու կա­պը կտրուած է եւ մաս­նա­ւոր աշ­խա­տան­քի կա­րիք կայ, որ­պէս­զի հայ մտա­ւո­րա­կա­նը ոչ այնքան քննա­դա­տէ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, այլ ձեւ ու լե­զու գտնէ՝ ա­նոր հետ համագործակցելու։ Ինչ­պէս նշե­ցին համա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, նշուած բո­լոր առաջարկ­նե­րը գոր­ծի դնե­լու հա­մար կայ նիւթա­կան մեծ մի­ջոց­նե­րու կա­րի­քը, ինչ ո­ր հնարա­ւոր չէ իրականացնել ա­ռանց ղեկավարութեան օ­ժան­դա­կու­թեան: Այդ ա­ռու­մով մաս­նա­կից­նե­րը ան­գամ մը եւս շեշ­տե­ցին «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բաժանմուն­քին դե­րը, ա­ռանց ո­րու նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան անհ­նար պiիտի դառ­նար արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հար­ցե­րուն նուիրուած հեր­թա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը: Ուրա­խու­թեամբ նշուե­ցաւ, որ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րուն» հա­մա­ժո­ղո­վը դար­ձաւ այն ե­զա­կի համա­ժո­ղով­ներէն մին, ո­րու բո­լոր նիս­տերու, նաեւ նիս­տե­րէն դուրս ա­զատ շփում­նե­րու լե­զուն հայերէնն էր:

«Ժամանակ», 28 Յունուար 2016

No comments:

Post a Comment