23.1.16

«Կիւլպէնկեան»ի մարտադաշտը

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
 
Յանուն արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան, անոր կենսունակութեան պայքարը այսօր ամէնէն հետեւողական ձեւով ստանձնած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժինը՝ տոքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի գլխաւորութեամբ:
«Կիւլպէնկեան» հաստատութեան այս բաժինը, որ անցեալին բաւարարուած է մի՛շտ օգտակար բայց աւելի կրաւորական գործունէութեամբ՝ կրթաթոշակներ բաշխելով, կրթական հաստատութիւններու նիւթական աջակցութիւն շնորհելով եւ որոշ հրատարակչական եւ ուսումնասիրական աշխատանքներ հովանաւորելով, այժմ թեւերը սոթտելով՝ իջած է հրապարակ ու յաջորդական նախաձեռնութիւններով արեւմտահայերէնի ճակատագիրը բոլորիս ուշադրութեան կեդրոն դարձուցած:
Մամուլի տեղեկագրութիւններուն հետեւողները կը տեսնեն, թէ այսօր արեւմտահայերէնի վիճակին մասին հասարակական զգօնութիւն բարձրացնելու «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժինին աշխատանքը աննախընթաց տարողութեամբ առաջ կը տարուի՝ Սփիւռքի եւ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ:
Ակադեմական քննարկումներէ, խորհրդաժողովներէ, զրոյցներէ անդին անցնելով՝ զգալի է գործնական քայլեր առնելու նախանձախնդրութիւնը, միջոցները (որոնք դժբախտաբար սահմանափակ են) ճի՛շդ ուղղորդելու ու անոնց ամէնէն բարձր արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու բծախնդրութիւնը:
Այսօր հարցը կ՛արծարծուի, խնդիրը յստակօրէն բանաձեւելու ճիգ կը թափուի եւ լուծումներու մասին մտածելու հարթակներ կը ստեղծուին, մասնագէտներու հասցէները կը ճշդուին եւ զանոնք աշխատանքի մէջ ներգրաւելու քայլեր կ՛առնուին:
Ոգեւորութեամբ կ՛արձանագրենք այս փաստերը՝ հրաւիրելով մեր համայնքներու պատասխանատուները ամէն կերպով աջակցելու ծրագրուած աշխատանքներուն, խրախուսելու, ընթացք տալու եւ հարկ եղած պարագային՝ գործնականօրէն նպաստելու անոնց:
Ամէնէն դժուարը, անշո՛ւշտ, արեւմտահայերէնը մեր կեանքին, մեր շրջապատին մէջ ապրող լեզուի մը վերածելն է, հասնիլն է այն նպատակակէտին, ուր զայն երիտասարդութեան շուրթներէն լսելը բնական երեւոյթ պիտի ըլլայ: «Կիւլպէնկեան»ի խումբը իջած է մարտադաշտ. զինակցի՛նք իրեն:

«Ասպարէզ», 23 Յունուար 2016

No comments:

Post a Comment