20.1.16

Վազգէն Շուշանեանի հետ՝ սիրոյ եւ մեղքի պարտէզներուն մէջ (մահուան 75ամեակին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ա.
Մեր բոլոր գրականագէտներն ալ միահամուռ կը հաստատեն՝ որ ֆրանսահայ արձակագիրներու փաղանգին մէջ ամենէն շատ տպուած ու կարդացուած հեղինակը Վազգէն Շուշանեանն է։
Կ՚ենթադրեմ որ սխալ չէ այս տեսակէտը։
Վազգէն Շուշանեան հմայիչ անուն մըն էր անցեալ դարու 30ական թուականներուն։
Լայն բազմութիւններու համար՝ հմայիչ մնաց իր ողբերգական մահէն ե՛տք ալ, տասնամեակներ շարունակ, երբ դէս ու դէն հրատարակուեցան իր անտիպ մեծաթիւ ձեռագիրները։

Ան, հմայք մը կը պահէ այսօ՛ր եւս, մանաւանդ Հայաստանի նորահաս սերունդին մօտ, քանի որ այնտեղ իրարու ետեւէ կը վերահրատարակուին
իր գործերը՝ «Ներքին բնանկար», «Օրագիր», «Քրոնիկոն քնարական»,
«Խառնիխուռն», «Ընտրանի» եւ այլ վերնագիրներով, մինչ հայրենի մեր գրականագէտներն ալ լրջօրէն կը հակին անոնց վերլուծման ու արժեւորման գործին վրայ…։
Շուշանեանի շա՛տ կարդացուած գրող մը ըլլալուն փաստացի ապացոյցն
ալ ունիմ։ Այցելեցէ՛ք հայկական հանրային գրադարան մը (դպրոցական կամ ակումբային) ու Շուշանեանէն գիրք մը խնդրեցէք։ Ձեզի պիտի հրամցուի մաշած, հինցած, պատառոտած, գզգզուած հատոր մը…։ Այնքա՜ն մեծաթիւ ընթերցողներ առեր-կարդացեր են այդ գիրքերը, որ տարիներու երկայնքին՝ փետրաթափ եղեր են անոնք…։
Բախտաւո՜ր Շուշանեան։
Բախտաւոր՝ յետ մահու…։

***
Արդարեւ, Շուշանեան կատարեալ ԱՆԲԱԽՏ մը եղաւ իր կեանքին ընթացքին։ Կարճատեւ կեանք մըն էր ատիկա (1902-1941), ուր սեղմուեր էին նուազ քան 40 գարուններ…։ 39 տարեկանին փոսը դրին այս հէք տղան՝ փարիզեան գերեզմանատան մը անծանօթ ու անտէր հասարակաց մէկ հողաշերտին մէջ, ԱՆՅԱՅՏ ու ԱՆՇԻՐԻՄ մնալու դատապարտելով զինք…։
Արդէն, դժբախտ պատանութիւն մը սահմանուած էր իրեն։
Մեծ Եղեռնի օրերուն, հեռաւոր Ռոտոսթոյէն (Թուրքիոյ եւրոպական ափ) դէպի Տէր Զօրի անապատները աքսորուած իր ամբողջ ընտանիքը պիտի անհետանար…։ Ինք՝ ծնողազուրկ պատանի, պիտի յաջողէր ապաստան գտնել Հալէպի հայկական որբանոցներէն մէկուն մէջ։ Յետոյ, Զինադադարին, պիտի յաջողէր պահ մը վերադառնալ իր հայաթափուած ծննդավայրը, անկէ պիտի անցնէր Արմաշ, ապա՝ Հայաստան (Ա. Հանրապետութեան օրերուն), այնուհետեւ ալ՝ Պոլսոյ վրայով պիտի հաստատուէր Ֆրանսա, 20ականներու սկիզբը, վերջնապէս։ Այստեղ, իր հասուն երիտասարդութիւնը պիտի խամրէր մերթ գաւառական դպրոցներու գորշ միջանցքներուն, մերթ ալ գործատուներու ծուխին ու մուրին մէջ, պատառ մը հացի ետեւէն…։
Զարմանալի չէ բնաւ, որ Շուշանեանի որբութիւնը դրոշմ դնէր իր ամբողջ գրականութեան վրայ։ «Զրկեալ»ի հոգեբանութիւնը տիրական եղաւ իր գրական էջերուն լայնքին ու երկայնքին։ Միշտ ապրեցաւ անկարեկիր ու անոք մարդու տագնապանքը, ներքնապէս միշտ ալեկոծ, հոգեխռով, ծայրայեղօրէն զգայուն։
Սեփական ճիգով ու քրտինքով կազմաւորուած, ինքնուս գրագէտ մըն էր Շուշանեան, որ նաեւ մօտէն կը հետեւէր եւրոպական գրականութեան՝ ուղղակի բնագրէն կարդալով դասական թէ ժամանակակից գործեր։
Շատ տարիներ առաջ, դեռ ճեմարանական, Պէյրութի երբեմնի «Նայիրի» շաբաթաթերթին հին հաւաքածոները պրպտելու ատեն՝ իսկական յայտնութիւն մը եղաւ ինծի Վազգէն Շուշանեանի գրականութիւնը։ Անունին ծանօթ էի թէեւ, բայց վաստակը կը մնար անճանաչ։
Շուշանեանը դպրոցական մեր դասագիրքերուն մէջ չկար այն ատեն (հիմա արդէն կա՛յ)։
Ֆրանսահայ գրողներէն մեզի կը մատուցուէր միայն Շահնուրը՝ թէ՛ իր «Պճեղ մը անոյշ սիրտ»ով, թէ՛ «Նահանջ»ով։
Ծառուկեանի «Նայիրի»ն, որ յայտնապէս շեշտուած համարում մը ունեցեր է Շուշանեանի նկատմամբ, առիթ չէ փախցուցեր սիրուն ու գրաւիչ էջեր հրամցնելու Շուշանեանէն։ Շրջան մը հրատարակեր է անոր անտիպ «Օրագիր»ները։
Իմ առաջին ընթերցումը կը կոչուէր «Բանաստեղծը եւ կինը», տպագրուած՝ «Նայիրի»ի 80ականներու իրերայաջորդ քանի մը թիւերով։
Որքան որ կը յիշեմ՝ օրագրաշունչ խորհրդածութիւններու շարք մըն էր ատիկա, առանցք ունենալով սիրային տարփալից պատում մը…։ Հրապուրիչ ու սահուն ոճ մը,վարակիչ շունչ մը, զգացումներու յորդահոս բխում մը, առագաստային մտերմիկ կեանքի անխոստովանելի ցնցիչ պատկերներ եւ վարդագոյն երազներ՝ մէն մի տողի վրայ։ Այլեւ՝ գեղեցիկ ու հարուստ հայերէն մը, գողտրիկ բառամթերքով, որ խորապէս տպաւորիչ էր: Ահա՛ Շուշանեանի գրականութիւնը։
Անկէ ետք՝ Վազգէն Շուշանեան քաշեց-տարաւ զիս իր ետեւէն, պտըտցուց զիս սիրոյ ու մեղքի պարտէզներուն մէջ…։

***
Այո՛, «Սիրոյ եւ մեղքի պարտէզ»ը։
Ասիկա խորագիրն է Շուշանեանի ծանօթ մէկ գործին, որ առանձին գիրքի ձեւով տպագրուելէ առաջ՝ երեւցած էր Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին մէջ։
Անցեալները վերանորոգ հաճոյքով կարդացի զայն։
Ինծի ծանօթ նոյն սիրուն եւ առոյգ ոճն էր, որ բացառաբար ի՛րն էր, Շուշանեանինը։
Բարի ու հէք տղու մը (որ իրականութեան մէջ՝ ի՛նք է, հեղինակը) սիրարկածն է, ու անկէ զգացուած «մեղք»ի զգացումը…։ Այնքա՜ն փափկասիրտ ու դիւրազգած է իր հերոսը (=ինք), որ իր պարմանուհի կենակիցին հետ հեշտալի գիշեր մը անցընելէ ետք՝ անոր մասին մեղապարտօրէն կը գրէ. «Ճերմակ ու թրթռուն շուշան մըն էր ան, զոր ես ճմլեցի»…
Օրերս, վերընթերցեցի նաեւ Շուշանեանի «Մահուան առագաստը»։
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը զայն լոյս ընծայեր է 1952ին, որպէս իր սեփական մատենաշարին 58րդ հատորը։ Ունի ենթախորագիր մը՝ «Երիտասարդ արուեստագիտուհիի մը օրագիրը»։
Շուշանեան, որ անվիճելի վարպետ մըն է օրագրային գրականութեան, կը մտնէ իր հերոսուհիին՝ երիտասարդ դաշնակահարուհի ու դերասանուհի Օրիորդ Սիրանոյշ Մանուկեանի մորթին մէջ ու կը գրէ օրագիր մը՝ իբրեւ թէ անոր գրչով…։
«Մահուան առագաստը» սիրոյ չափազանց յուզիչ պատմութիւն մըն է, որուն վերջաւորութեան՝ ընթերցողը կրնայ նոյնիսկ փղձկիլ…։
Սիրանոյշ կը սիրահարի աղքատ, որբ, բայց արուեստագէտ հայ տղու մը՝ Սուրէնին, որ Փարիզ նետուած է Մեծ Եղեռնէն ետք (գուշակեցիք արդէն, որ այս Սուրէնը ուրիշ մէկը չէ՝ եթէ ոչ ի՛նք, Շուշանեանը…)։ Անդիմադրելի ու մեծ սէր մը, որ վերջ կը գտնէ հիւանդանոցի մը անկիւնը Սուրէնին վաղահաս մահով, առանց որ սիրատոչոր երկու թարմատի էակները իրարու հպին կամ զիրար գգուեն երբեւէ…։
Սիրանոյշ, իր օրագրի տետրակին մէջ ինք իր մասին կը գրէ.
- Շտապէ՛ կոյս, շտապէ՛։ Քանի մարմինէդ մեկնած չէ սիրոյ շունչը, արտասանէ՛ բոլոր սիրոյ խօսքերը որ գիտես, փորձէ՚ բոլոր գգուանքները, որպէսզի վաղը մարմինդ չմսի խաւարին մէջ՝ առանց յիշատակի, ու շրթունքներդ պահեն մեղքի համը, ինչպէս խորանը՝ խունկի հոտը։ Շտապէ՛, սիրո՛յ աղջիկ, քանի ծաղիկները կը բացուին հոգւոյդ պարտէզին մէջ, սիրոյ կապոյտ ու սպիտակափրփուր ծաղիկները։
Պարզ կը դառնայ, որ Շուշանեանի բովանդակ գրականութեան մէջ՝ տիրապետողը սէրն է։ Աւելի յստակ խօսելով՝ կնոջական գգուանքին երա՜զը։
Իր շարք մը գործերուն խորագիրներուն մէջ անգամ՝ «սէր»ը կը գահակալէ փառաւորապէս,- «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը», «Սիրոյ եւ մեղքի պարտէզ», «Գարնանային. սիրոյ հեզ նամակներ», «Առաջին սէր»…
Իր գրութիւնները, նիւթի կամ պարունակութեան տեսակէտէ, յաճախ այնքան նման են իրարու, որ միատեսակ, միակերպ ըլլալու տպաւորութիւնը կը թողուն։ Բայց ձանձրոյթի առիթ չեն տար։ Ընդհակառակն, իրենց ձգողական արժանիքներով՝ կը համակեն ընթերցողը ու կը գերեվարեն զայն…։ Այս առընչութեամբ, Անդրանիկ Ծառուկեան առիթով մը կը գրէր.
- Վազգէն Շուշանեան կը նմանի էապէս համակրելի այն մարդուն, որուն երբ հանդիպինք, գիտենք թէ նոր բան մը չունի ըսելիք եւ պիտի կրկնէ գրեթէ նոյն բաները ինչ որ ըսած էր երկու օր առաջ, ու կրնար ըսել նաեւ երկու օր վերջ. բայց դարձեալ կը փնտռենք զինք, մտիկ կ՚ընենք հաճոյքով, ու չենք ուզեր բաժնուիլ իրմէ, առաջին մեր հանդիպումին թարմ վայելքը վերապրելով ամէն անգամ, անպակաս ջերմութեամբ եւ անաղարտ յստակութեամբ («Գարնանային» հատորին յառաջաբանէն, 1956)։

Բ.
Վազգէն Շուշանեանի կենսագրութեան մէջ փոքր տեղ մըն ալ վերապահուած է Հալէպին։
Տարագրութեան օրերուն, աքսորի ճամբաներուն վրայ կորսնցնելէ ետք իր ընտանիքին բոլոր անդամները, Վազգէն ապաստան գտաւ Հալէպի հայկական որբանոցներէն մէկուն մէջ։ Իր կեանքին այս հանգրուանը կ՚երկարի 1916 Յունուարէն մինչեւ 1918 Յունուար։
Ան, այդ ժամանակահատուածին նուիրած է լման գիրք մը, զայն կոչելով… «Առաջին սէր»։ Մի՛ զարմանաք. որովհետեւ ոտաբոպիկ որբի իր առօրեան չէ՛ որ կը նկարագրէ լոկ, թաղէ թաղ ջուր ծախելու կամ ջրկիրի յոգնասպառ իր աշխատանքը չէ՛ որ կը պատմէ միայն, այլեւ կը խոստովանի իր… առաջին սէրը։
Պատանիի իր հոգիին մէջ ծիլ տուած սիրոյ յուզիչ պատմութիւն մըն ալ ա՛յս է ահաւասիկ։ Բայց եկէք կարդանք Հալէպը նկարագրող իր սա տողերը
- Արեւելքը խռովիչ է ու մութ՝ Հալէպի փողոցներուն մէջ։ Երկաթապատ ու ամուր դռները, որոնք միշտ փակ են դուրսի նայուածքներուն առջեւ եւ մտածել կու տան մետաքսէ վարշամակներու մէջ ծածկուած ու արեւ չտեսած աղջիկներու մասին, բացուած են իրենց ծխնիներուն վրայ՝ գարնան արեւը ամբողջականօրէն ընդունելու համար։ Պատերուն տակ, ցնցոտիներու մէջ փաթթուած, աքսորական ու թափառական Հայեր արեւի լոգանք կ՚առնեն։ Իրենց տխուր ու անհաւատ դէմքերուն վրայ հարաւային արեգակը կնճիռի պէս կը բեկբեկի։
... Ինչ տխուր բան է անօթի ըլլալը։ Անկուշտ ու ագահ աչքերով կը դիտենք արեւելեան բոկեղները, որոնց վրայ շուշմայի հատիկները արեւին ճառագայթներուն տակ կը վառվռին։ Դրամնիս քիչ է, քաղցերնիս անչափ։ Չենք հեռանար՝ մինչեւ որ մեզ չվռնտեն…։
Կ՚անդրադառնա՞ք թէ որքան բիւրեղեայ արձակ մը ունի ան։

***
Կ՚ըսուի, թէ Վազգէն Շուշանեանի գրչին պատկանող ամէն վէպ, վիպակ, օրագիր, հրապարակագրական յօդուած կամ գրական էջ եթէ մէկտեղուի՝ կրնայ կազմուիլ 15 հատորանի մեծղի վաստակ մը։ Այս կը նշանակէ, որ բեղուն գրիչ մը ունեցած է Շուշանեան։
Եթէ ծանօթ էք իր կեանքին մանրամասնութիւններուն, դիւրաւ պիտի գուշակէք՝ թէ անոր գրեթէ բոլոր գործերուն մէջ տողանցող գլխաւոր հերոսներուն ետին ի՛նք կայ։ Շուշանեան մի՛շտ սիրած է պահուըտիլ իր հերոսին շուքին ետին, իր սեփական զգացումները սիրած է արտայայտել անո՛ր լեզուով, իր մտածումներուն հարազատ թարգմանը դարձուցեր է զա՛յն, ճարտարօրէն մտած է անոր մորթին մէջ ու անոր շարժումներո՛վ դրսեւորած է իր երազներն ու ձգտումները...։ Խուսափա՛ծ է Ա. դէմքով խօսելէ։
Զորօրինակ, վերցնենք իր «Ցայգերգը» հատորը։
Այստեղ, Շուշանեան իր ծննդավայր Ռոտոսթոյին կապուած մանկական յուշեր կը պատմէ, եւ այդ յիշատակներուն ընդմէջէն՝ անուղղակիօրէն տուեալներ կը փոխանցէ իր ընտանիքին, թաղին, շրջապատին մասին։ Բա՜յց…
Բայց ատիկա կ՚ընէ…ուրիշի՛ մը բերնով։ Գիրքին մայր խորագրին տակ, փակագիծի մէջ, արդէն զետեղած է ենթախորագիր մը՝ «Ընկերոջ մը թուղթերէն»։ Այլ խօսքով, ըսել կ՚ուզէ որ ընկերոջ մը թուղթերէն քաղուած ընտանեկան յիշատակներ են ասոնք…։ Մինչդեռ այդ «ընկեր»ը ուրիշ մէկը չէ՝ եթէ ոչ ի՛նք՝ Շուշանեանը…։
Ի դէպ, Ռոտոսթօն ու տեղւոյն բարքերն ու բնութիւնը ճանչնալու տեսակէտէն՝ նախնական ուղեցոյց մը կրնայ նկատուիլ այս «Ցայգերգը»։
Պէտք է տասնամեակներ սահէին, որպէսզի հրապարակ գար պուլկարահայ գրող Սեւտա Սեւանի «Ռոտոսթօ, Ռոտոսթօ» վէպը (1989) ու մեր աչքին վերակենդանացնէր Թրակիոյ երբեմնի այդ հայահոծ քաղաքին պատմութիւնը…։

***
30ական թուականներու սկիզբը, երբ ֆրանսահայ երիտասարդ գրողներ ի մի գալով սկսան հրատարակել «Մենք» գրական հանդէսը, Շուշանեան եւս դարձաւ անոր գլխաւոր աշխատակիցներէն ու խմբագիրներէն մին։ Կարճատեւ եղաւ կեանքը այս պարբերականին. հազիւ քանի մը թիւեր։
Շուշանեան այստեղ ստորագրեց շարք մը գրադատականներ՝ նոր լոյս տեսած գիրքերու մասին։ Այդ էջերը որոշ տուեալներ կու տան մեզի՝ իր գրական հայեացքներուն կամ գաղափարախօսութեան մասին։ Զորօրինակ, ան բաւական կծու արտայայտութիւններով քննադատած է Կոստան Զարեանը՝ անոր «Տատրագոմի հարսը» պոէմին առիթով։
Անկէ առաջ, տակաւին 1925ին, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին մէջ, ան հրապարակած էր իր մտածումները «մեր նորագոյն գրականութեան մասին»։ Համոզում յայտնած էր որ Մեծ Եղեռնէն ետք ծլարձակող հայ գրականութիւնը, ի Հայաստան եւ Սփիւռք, արժէքաւոր արտադրութիւններ ունի իր մէջ։ Բաղդատելով նոր անունները հիներուն հետ, ան գրած էր.
- Կարդացէք Գամառ-Քաթիպայէն երգ մը (դեռ չեմ ուզեր խօսիլ Մ. Պէշիկթաշլեանի եւ Նահապետ Ռուսինեանի բանագողութիւններուն մասին), բաղդատեցէք զայն երիտասարդ բանաստեղծի մը քիչ թէ շատ կոկիկ հայրենական երգերուն հետ ու պիտի զարմանաք թէ որքան դիւրին եղած է անցեալին մէջ համբաւի հասնիլ։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնները, Շուշանեան չէր վարաներ յայտնելու, թէ պիտի չուզէր փոխանակել Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի «Լոյս զուարթ» վտիտ քերթողագիրքը (1924)՝ նահատակ գրող Արտաշէս Յարութիւնեանի բանաստեղծական երեք հատորներուն հետ…։ Կու տար նաեւ այլ անուններ։ Ըստ իրեն, «մեր երիտասարդներուն գրականութիւնը կը նմանի ծառերու գարնանային աւշառատ պտուկներուն, որ դեռ նոր կը պայթին։ Սպասեցէ՛ք որ պտուղ տան ու յետոյ կ՚ըսէք թէ այդ պտուղները ձեր ակռաներուն համ կու տա՞ն թէ ոչ» (6.12.1925)։

***
Ու հիմա՝ կանգ առնենք Վազգէն Շուշանեան-Շահան Շահնուր հակադրութեան վրայ, որ զարմանք ու ցաւ պատճառած է բոլոր անոնց՝ որոնք հաւասար չափով սիրած են մեր այս երկու ֆրանսահայ գրողները ու չեն կրցած տրամաբանական մեկնաբանութիւն մը բերել սուր համեմատութիւններու հասած այդ անսիրելիութեան։
Գրեթէ տարեկիցներ էին Շուշանեանն ու Շահնուրը. երկուքն ալ Պոլսէն կամ անոր շրջակայքէն կու գային Ֆրանսա, երկուքն ալ հաստատուն տեղ ու համբաւ շիներ էին ֆրանսահայ գրականութեան անդաստանին մէջ, երկուքն ալ կը պատկանէին «Մենք» հանդէսը հրատարակող խմբակին։ Թերեւս, երեւելի միակ տարբերութիւնը անոնց գաղափարական հակումն էր. Շահնուր՝ մօտ էր ռամկավարներուն, իսկ Շուշանեան դաշնակցական էր (թէեւ յետոյ պիտի խզուէին իր կապերը իր գաղափարական ընտանիքին հետ՝ «Մարտկոցական» շարժումը գլխաւորած ըլլալուն պատճառով)։
Շուշանեան, որուն մէջ շատ զօրաւոր էր ազգային ու յեղափոխական ջիղը, ընդվզեցաւ Շահնուրի հրապարակագրական անխոհեմ որոշ արտայայտութիւններէն, որոնցմով ան տապալել կ՚ուզէր մեր ազգային նուիրական կարգ մը արժէքները՝ Նարեկացին, Րաֆֆին, Ռուբէն Զարդարեանը, Աւետիս Ահարոնեանը եւայլն։
Շուշանեան սրբապղծութիւն սեպեց Շահնուրի արարքը։
Ու գրեց իր նշանաւոր «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը» գիրքը, որ իսկական պարսաւագիր մըն էր Շահան Շահնուրի դէմ։
Չափազանց ծանր վերագրումներով եւ լուտանքներով լեցուն այս պարսաւագիրը գրի առնուած էր 1939ին, իր մահէն մօտ երկու տարի առաջ։
Շուշանեան շատ փափաքած էր զայն հրատարակուած տեսնել շուտով։ Բայց,
ո՛չ ոք համարձակեցաւ զայն լոյսին բերել՝ ըլլա՛յ հեղինակին ողջուցը, ըլլա՛յ անոր մահէն ետք, երկա՜ր տասնամեակներ։
Գրառումէն ճիշդ կէս դար ետք, 1989ին, երբ Շահնուրի մահէն ալ անցեր էր արդէն 15 տարի, Երեւանի «Նորք» ամսագիրը այդ գործը հրատարակեց լայն մկրատումներով եւ յապաւումներով։ Ի վերջոյ սակայն, անիկա տպուեցաւ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ 1998ին, Պէյրութի մէջ, 175 էջանի առանձին հատորով մը, գրագէտ Պօղոս Սնապեանի ջանքերով եւ խմբագրութեամբ։
Բոլոր անոնք՝ որոնք պիտի կարդան այս գիրքը, արմանքէ զարմանք պիտի երթան՝ ի տես Շուշանեանի բուռն եւ անսանձ պոռթկումին։
Աստուա՜ծ իմ, ինչ անարգական որակումներով կ՚ուզէ զգետնել ան իր հակառակորդը։ Զայն կը կոչէ հայհոյագիր, հասարակ սրիկայ, թօշնած լակոտ, լիրբ ու տխեղծ պարոն, Սկիւտարի աղտոտ ոջիլ, հտպիտ, պոռնկատան բարապան, եղկելի, ծաղրանկարային աքլոր, ապերասան, խեղկատակ, յելուզակ, ընկեցիկ գրագէտ, մտաւորական պերճաղիճ, կոյուղիի ճճի եւայլն, եւայլն։
Տեղ մը, Շուշանեան, կարծէք արդարացնելու համար իր այս արտասովոր պարսաւանքը, կը գրէ.
- Մարդ մը, որ կը յանդգնի իր զազիր լորձունքը նետել Գրիգոր Նարեկացիի պայծառ հոգւոյն՝ լեզուական ո՛չ մէկ նրբութեան արժանի է, ո՛չ մէկ գթութեան։
Ահա այսպէս, հանրութեան կը ներկայացուէր մարդ մը, որ Արարատ չունէր իր հոգւոյն խորը։
Բայց, «Նահանջը առանց երգի»ի հեղինակը իսկապէ՞ս Արարատ մը չունէր իր հոգւոյն խորը…։

Գ.
Վազգէն Շուշանեանի կեանքին մէջ՝ 1932ը անկիւնադարձային թուական մը կարելի է սեպել։ Իր գաղափարական նախկին ընկերներուն հետ խզելէ ետք ամէն կապ՝ ան գրեթէ մեկուսացաւ. մանաւանդ որ իր հանրային բեմը եղող ընդդիմադիր «Մարտկոց» թերթը շուտով դադրեցաւ։
1939
ին ինք էր որ կը գրէր. «Վեց տարի է կ՚ապրիմ ֆրանսական մտաւորական շրջանակի մէջ, վեց տարի է բարեւ իսկ չեմ ստանար հայ ժողովուրդէն» («Մարդ մը, որ Արարատ չունի…», էջ 136)։
Ընկերային ու ազգային այս մեկուսացումին վրայ՝ կը բարդուէր նաեւ ընտանեկան ջերմութեան պակասը, տուն-տեղ շինած չըլլալու, կին ու զաւակներ գրկելու մխիթարութիւնը ապրած չըլլալո՛ւ անհատական ողբերգութիւնը։
Շուշանեանի ընթերցողները այսօ՛ր ալ կրնան զարմանալ, եթէ ըսուի իրենց՝ թէ այս քնարաշունչ արձակագիրը, սիրային օրագրութիւններու այս աննահանջ վարպետըՉԱՄՈՒՍՆԱՑԱՒ։
1938
ին գրուած իր օրագրութիւններէն մէկուն մէջ, հետաքրքրական ու յուզիչ բացատրութիւններ կու տայ ան իր անձնական կեանքին զրկանքներուն ու իրեն վիճակած դառն ճակատագրին մասին։ Կ՚ըսէ, թէ իր քայքայուած առողջութիւնն ու անապահով գործը չեն արտօներ իրեն՝ «կնոջ մը ճակատագրին պատասխանատւութիւնը ստանձնել»։ Կ՚աւելցնէ սակայն սրտբացօրէն. «Ինքս ինձ կ՚ըսէի, թէ աչքերս տակաւին ծարաւի էին գեղեցկութեան, շնորհի ու երիտասարդութեան, թէ շրթներս համը գիտէին գիրգ ու թարմ բերաններու, ու բազուկներս դեռ բաւական ջղուտ էին գրկելու համար սէրը»…։ Կ՚ափսոսայ որ մնաց անապաւէն ու անօթեւան, առանց ստակի ու առանց սիրոյ։ «Գիտեմ թէ երբեք իմս պիտի չըլլայ զաւկի մը վարսերը փայփայելու հաճոյքը», տխրօրէն կը մտմտայ ան։
Ու կը շարունակէ գրել.
-
Ո՞ր քիչ-շատ սիրուն ու երիտասարդ հայ աղջիկը պիտի ուզէր բաժնեկից ըլլալ այս աղքատութեան, այս զրկանքին։
Աղջիկ տալ գրական աշխատաւորի մը՝ հաւասար է գինովի մը, խաղամոլի մը հարս երթալուն։ Երբեմն նոյնիսկ հարուստ գինովն ու փարթամ խաղամոլը աւելի՛ յարգ ունին, քան իրապէս տաղանդաւոր երիտասարդ գրագէտը, երիտասարդ հրապարակագիրն ու գործիչը։
Միւս կողմէ սակայն, հակառակ բեղմնաւոր հեռանկարի մը չգոյութեան, Շուշանեան ծագող իւրաքանչիւր առաւօտի մէջ յաղթանա՛կ մը կը տեսնէր ինք իրեն համար։
-
Մահէն իրական վախ չունիմ, - կը գրէր ան, - այլ յուսահատօրէն կը սիրեմ կեանքը։ Ձգել հոս գարունը, ծառերը, որ կարծես բազկաբաց կը սուրան, մանուկները՝ որոնց պայծառ դէմքերուն վրայ յաւերժական գեղեցկութիւնը կը փթթի, գրքերը՝ որ դեռ չեմ կարդացած, ու գրքերը՝ որ դեռ չեն գրուած, խաղաղութիւններ ու կարելի գորովներ, ձգել հոս անցեալս՝ որ բաբախուն է ներկայութիւններով, անշուշտ դառն էԱզդակ-Գրական», 2008, թիւ 8)։
Հակառակ իր ցուցաբերած կորովին, Շուշանեան մահուան ոտնաձա՞յնը կ՚առնէր արդեօք։
Այդպէս կը թուի։
Եւ մահը չուշացաւ։
Այսպէսով, չկրցաւ հետապնդել նաեւ Խորհ. Հայաստան ներգաղթելու իր բաղձանքը, զոր նամակով մը յայտնած էր բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանին։
Սիրոյ եւ արկածի այս որբ ու ըմբոստ տղան անկողին ինկաւ՝ թոքերէն զարնուած։ Հիւանդանոց վերցուցին զինք։ Վիճակը յուսահատական էր։ Արուեստական շնչառութեան սարքեր կապած էին դունչին։
Իր հին ընկերներէն շատ քիչեր հիւանդտեսի կու գային իրեն։
Շաւարշ Միսաքեան, որ «Յառաջ»ի մէջ անցեալին հիւրընկալած էր Շուշանեանէն ինչ-ինչ գեղեցիկ էջեր, եւ որ յետոյ՝ ներ-կուսակցական տարակարծութիւններու օրերուն նոյնիսկ դադրեցուցեր էր իր բարեւը անոր, իր օրագիրներէն մէկուն մէջ կը պատմէ որ հիւանդին այցելեց 31 Մայիս 1941ին։
Վազգէն երբ զինք տեսաւ՝ խորապէս յուզուեցաւ եւ աչքերը արցունքով լեցուեցան։ Ուժասպառ էր ու ջերմութիւն ունէր. գրեթէ հոգեվարք մը կ՚ապրէր։ Հազիւ քանի մը կարճ նախադասութիւններ կրցան փոխանակել…(«Արեւելք» տարեգիրք, Հալէպ, 1948)։
2
Յունիս 1941ին Վազգէն Շուշանեան փչեց իր վերջին շունչը։
Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Փարիզի Հայոց Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր եկեղեցին։ Դամբանականներ խօսեցան գրագէտ Արշակ Չօպանեան եւ հրապարակագիր Լեւոն Չորմիսեան։
Բ. Աշխարհամարտի թէժ օրերն էին ու Փարիզը գրաւուած էր Գերմանացիներէն։
 
***
Իր մահուան լուրը պատշաճ արձագանգ գտա՞ւ արդեօք օրուան հայ մամուլին մէջ, չեմ գիտեր։
Փարիզեան «Յառաջ»ը, պատերազմի տեւողութեան, շուրջ հինգ տարի (1940 Յունիս 9-1945 Ապրիլ 8) ժամանակաւոր կերպով դադրած էր արդէն հրատարակուելէ։
Շ. Միսաքեանի կողմէ այդ շրջանին հրատարակուած «Հայկաշէն» ֆրանսահայ տարեգիրքի երկու թիւերուն մէջ (1942, 1943) ո՛չ մէկ անդրադարձ գտանք հէք Շուշանեանին մահուան մասին, մինչդեռ հոն՝ լայնօրէն ոգեկոչուած են անդարձ մեկնողներ Նիկողայոս Ադոնցը (մահացած 1942 Յունուարին), բժ. Վահրամ Թորգոմեանը (մհ.՝ 1942) եւ հայկ. ճարտարապետութեան մասնագէտ՝ գերմանացի Ստրչիկովսկին (մհ.՝ 1941 Յունուարին)…։
Կարողացանք ստուգել նաեւ, որ Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրը եւս (որուն աշխատակցեր էր Շուշանեան երկար տարիներ) ո՛չ մէկ նշում կատարեր էր իր այս երբեմնի աշխատակցին վաղահաս շիջումին առիթով։ Միայն տարի մը անց, 1942ին, «Հայրենիք» յաջորդական քանի մը թիւերով լոյս կ՚ընծայէր տարաբախտ արձակագրին վերջին «Օրագիր»ներէն անտիպ էջեր, խմբագրական նօթի մը մէջ պարզապէս նշելով որ հրատարակուող թուղթերը արտայայտիչն են հանգուցեալ հեղինակին «խորունկ հոգեկան ապրումներուն»…
Շուշանեանի մահագրականին հանդիպեցանք լոկ Փարիզի «Զուարթնոց» տարեգիրքի Բ. թիւին մէջ, 1944։ «Զուարթնոց» գրականութեան եւ արուեստներու ձօնուած պարբերական մըն էր, որ կը խմբագրուէր Հրանդ Բալուեանի կողմէ։ Բ. Աշխարհամարտի շրջանին անիկա վերածուած էր տարեգիրքի։
Արդ, տարեգիրքի Բ. հատորին վերջին էջերուն վրայ՝ խմբագիրը անդրադարձ մը ունի «հայ մշակոյթի կորուստներ»ուն մասին, 1940-43։ Ու այդ ցանկին մէջ՝ տեղ տրուած է նաեւ Վ. Շուշանեանինբաւական ժխտական բնութագրումներով։
Արդարեւ, Հրանդ Բալուեան ընդունելով հանդերձ թէ հանգուցեալը օժտուած էր բազմակողմանի ընդունակութիւններով եւ ունէր արագ արտադրելու շնորհ, անոր մշակած գրականութիւնը գրեթէ կը ստորագնահատէ, զայն կը գտնէ «ձանձրացնելու աստիճան միօրինակ», «յոգնեցուցիչ» եւ «ֆրանսական պուլվարային թեթեւ գրականութեան ազդեցութեան տակ ինկած»։ Դեռ աւելի՛ն, Բալուեան իր դժգոհութիւնը չէր ծածկեր հանգուցեալին հանրային գործունէութեան մասին ալ, գրելով որ ան «ինքզինքին փարիզեան հանրային կեանքին տէրն ու տիրականի հանգամանքն էր տուած. կը դաւադրէր, ծուղակներ կը լարէր, խմբակցութիւններ մէկը միւսին դէմ կը հանէր, ու ասոնց արդիւնքը այն եղաւ, որ իր բոլոր լարած թակարդները իր գլխուն պայթեցան…»։
Առ ի չգոյէ ժառանգորդներու՝ Շուշանեանի ձեռագիրներն ու գրական թողօնը յանձնուեցաւ Վիեննայի Մխիթարեանց վանքին։ Իսկ անշունչ մարմինը, յուղարկաւորութենէն ետք, հողին յանձնուեցաւ Փարիզի մերձ Պանեէօյի գերեզմանատունը՝ հրապարակագիր Լեւոն Չորմիսեանի (1896-1980) անունով մէկ տարուան համար վարձուած առժամեայ հողաշերտի մը մէջ։
Տարի մը անց սակայն, պատահեցաւ անհաւատալին։
Հէք գրագէտին ոսկերոտին հանուեցաւ թաղուած վայրէն ու նետուեցաւ անտէր մեռելներու յատկացուած հասարակաց փոսի մը մէջ, որովհետեւ շիրիմին վարձքը չէր նորոգուած։
Բայց ինչպէ՞ս պատահեցաւ այս գայթակղութիւնը։
«
Նայիրի»ի խմբագիր Ա. Ծառուկեան, որ յետագային շահագրգռուեցաւ այս հարցով ու կազմեց ատոր լրիւ թղթածրարը, կու տայ հետեւեալ տեղեկութիւնները՝ իր թերթին 15 Դեկտեմբեր 1981ի թիւով.-
Շուշանեանի մահէն տարի մը ետք, շիրիմին վարձակալութեան պայմանաժամը լրացած ըլլալով, Պանեէօյի գերեզմանատան տնօրէնութիւնը պաշտօնական նամակով մը կ՚իմացնէ վարձակալին (Չորմիսեան), թէ այդ վարձակալութիւնը կա՛մ պէտք է նորոգուի, կա՛մ հողը գնուի։ Այլապէս, ըստ կանոնագրին, ննջեցեալին աճիւնները պիտի տեղափոխուին հասարակաց ոսկերանոցը։
Չորմիսեան (որ ի դէպ, լրջախոհ գրող մըն էր ու մտաւորական մարդ մը) կարեւորութիւն չի տար։ Այդ մասին տեղեակ չի պահեր նաեւ գաղութին կազմակերպութիւններն ու եկեղեցին։
Գերեզմանատան ազդարարութիւնը կը կրկնուի։ Բայց դա՛րձեալ ականջ կախող չկա՜յ։
Ի վերջոյ կը կատարուի անխուսափելին ու աճիւնը կը նետուի հասարակաց փոսը։
Լոյսի սպասարկու հայ գրագէտ մը Լոյս Քաղաքին մէջ անգերեզման կը մնայ։
Լուրը բաւական ուշ է որ կը տարածուի գաղութին մէջ՝ երբ բանը բանէն անցած էր արդէն։
Մօտ չորս տասնամեակ անց, 1978ին, երբ գայթակղեցուցիչ ու ամօթալի այս դէպքին գրեթէ բոլոր իրազեկներն ալ մեկնած էին այս աշխարհէն, Լ. Չորմիսեան Պէյրութի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ «կ՚ոգեկոչէ» Շուշանեանը (զայն կ՚անուանէ «Մոռցուածներէն մէկը»), կը պատմէ անոր վերջին օրերու հիւանդութեան ու մահուան պարագաները, եւ թաղման ու գերեզմանի հարցին մասին ալ կը հիւսէ բոլորովին ա՜յլ պատմութիւն մը՝ իր անքաւելի մեղքը պարտկելու ճարպիկ դիտաւորութեամբ
Ահա այսպէ՛ս է որ անյայտ ու անշիրիմ մնաց Վազգէն Շուշանեան՝ ազնիւ ու մաքուր տղան, յանդուգն ու հպարտ Հայը, գաղափարապաշտ ու նուիրեալ մարդը, բնութեան, գիրքերու, աղջիկներու եւ Արարատի սիրահարը...։

«Նոր Յառաջ», 12, 14 եւ 16 Յունուար 2016




No comments:

Post a Comment