21.1.16

Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Այ­սօր՝ 21 Յու­նուա­ր 2016ին, Մեծն Բրի­տա­նիոյ նշա­նա­ւոր քա­ղաք­նե­րէն մէ­կուն՝ Օքս­ֆոր­տի նոյն­քան նշա­նա­ւոր հա­մալ­սա­րա­նին մէջ կը մեկ­նար­կէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի խնդիր­նե­րուն նուի­րուած հա­մա­ժո­ղով մը, ո­ր կը կրէ  «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րու­ն» խո­րա­գի­րը: Առա­ջին ան­գամն է, որ Օքս­ֆոր­տի նման համ­բա­ւա­ւոր եւ­րո­պա­կան հա­մալ­սա­րա­նի մը մէջ լրիւ ի­մաս­տով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պի­տի օգ­տա­գոր­ծուի ո՛չ թէ միայն որ­պէս ուսումնասիրու­թեան «ա­ռար­կա­յ», այլ որ­պէս հիմ­նա­կան ա­տե­նա­խօ­սու­թեան լե­զու, քա­նի որ բո­լոր նիս­տե­րը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով պի­տի ըլ­լան, այն տրա­մա­բա­նու­թեամբ, որ հաւաքը մի­տուած է ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­մա­ն: Ժողովին վեց նիստերը տեղի պիտի ունենան 22-23 Յունուարին։
Ինչ­պէս կը տե­ղե­կա­նանք հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կենսունա­կու­թեան հար­ցին հետ կա­պուած բազ­մա­թիւ խնդիր­ներն ու լու­ծում­նե­րու որոնումը լուրջ մտա­հո­գու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած են, եւ Սփիւռ­քի առ­նուազն շարք մը ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան գոր­ծիչ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, գրող­ներ ու սփիւռքահա­յու­թեան ա­պա­գա­յով հե­տաքրք­րուած ան­ձեր այս նիւ­թով զբա­ղած են: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն UNESCO-ի «վտան­գուած լե­զու­նե­ր­»ու ցան­կին մէջ յայտ­նուած արեւմտահայե­րէ­նի ա­պա­գան այ­սօր մա­մու­լի ու հա­սա­րա­կա­կան զրոյց­նե­րու հիմ­նա­կան հար­ցե­րէն մէ­կը դար­ձած է։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կրող մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը մա­նա­ւանդ լուրջ մտա­հո­գուած է ժա­մա­նա­կա­կից հա­յե­րէ­նի եր­կու հիմ­նա­կան ճիւ­ղե­րէն մէ­կուն պահպան­ման եւ զայն սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու հար­ցով:
 Ան­շուշտ կան շարք մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ. օ­րի­նակ՝ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմնար­կու­թեան Հայ­կա­կան բաժ­նին կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք լրջօ­րէն սկսած են ու­սում­նա­սի­րուիլ, օ­րի­նակ՝ Սփիւռ­քի դպրոց­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կը, արեւմտահայերէ­նը որ­պէս լե­զու դա­սա­ւան­դե­լու եւ ա­նոր հետ կա­պուած բազ­մա­կող­մա­նի հար­ցե­րը ու լու­ծում­նե­րու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն հրատա­րա­կու­թիւն­նե­րուն, մա­մու­լին:
Բայց եւ այն­պէս, 21-րդ դա­րու պար­տադ­րուած ու կա­մայ թէ ա­կա­մայ ստեղ­ծուած քաղաքա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն­ներն ու հան­գա­մանք­նե­րը ազդեցու­թիւն ու­նին նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ա­պա­գա­յին վրայ: Լե­զուն դա­սա­ւան­դե­լէն ու խօ­սե­լէն ան­դին, ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի ա­պա­գան պայ­մա­նա­ւո­րուած է ա­րեւմ­տա­հա­յա­խօս մշա­կոյ­թի կեն­սու­նա­կու­թեամբ, որ կը պա­հան­ջէ՝ ի շարս այլ գոր­ծօն­նե­րու, արեւմտահայերէ­նով մտա­ծող, ստեղ­ծող, գրող, հրա­տա­րա­կող փա­ղանգ մը:
Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նեն կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, նման հար­ցե­րու շուրջ կեդ­րո­նա­նա­լու ու քննար­կե­լու մի­տու­մով գու­մա­րուած է այ­սօր ե­րե­կո­յեան սկիզբ առ­նե­լիք հա­ւա­քը՝ Օքս­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նի Հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիո­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ու «Գա­լուստ Կիւլպէնկեա­ն» հիմ­նար­կու­թեան նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ:
 Հա­ւա­քը գի­տա­ժո­ղով մը չէ դա­սա­կան ի­մաս­տով, այլ պի­տի ու­նե­նայ «ար­հես­տա­նո­ցա­յի­ն»-աշ­խա­տա­նո­ցա­յին ձե­ւա­չափ մը, որ պի­տի մէկ­տե­ղէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն գրող­ներ, մտաւորա­կան­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ, մա­մու­լի գոր­ծիչ­ներ եւ հրա­տա­րա­կիչ­ներ:
Հա­մալ­սա­րա­նի պա­րու­նա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք այս հա­ւա­քը ա­ւե­լի գործ­նա­կան եւ աշխա­տան­քա­յին բնոյթ պի­տի ու­նե­նայ, քան թէ՝ գի­տա­կան կամ տե­սա­կան: Կարճ զեկոյցնե­րու եւ եր­կար քննար­կում­նե­րու ձե­ւա­չա­փով՝ հինգ հիմ­նա­կան նիս­տեր նախատեսուած են, իւ­րա­քան­չիւր հրա­ւի­րուած մաս­նա­կից ե­լոյթ մը պի­տի ու­նե­նայ, այնուհե­տեւ տե­ղի կ՚ու­նե­նան ընդ­հա­նուր քննար­կում­ներ ու խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ:

ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ
Այս հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից­նե­րը Թուր­քիա­յէն, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն, Եւ­րո­պա­յէն, Հիւսիսային Ա­մե­րի­կա­յէն կու գան, ինչ­պէս նաեւ՝ ներ­կայ են Հա­յաս­տան ապ­րող գրող­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ, մա­մու­լի գոր­ծիչ­ներ եւ հրա­տա­րա­կիչ­ներ:
«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րու­ն» հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պիչն է ըն­կե­րա­բան, Օքսֆոր­տ հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան ֆա­քիւլ­թէէն դոկտ. Հրաչ Չի­լին­կի­րեա­ն, որ ծանօթ մտա­ւո­րա­կան ա­նուն մըն է հա­յա­գի­տու­թեան, ըն­կե­րա­բա­նու­թեան եւ աստուածաբա­նու­թեան աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ: Ան գիր­քե­րու, մե­նագ­րու­թիւն­նե­րու եւ յօդուած­նե­րու հե­ղի­նակ է, դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րով յա­ճախ հան­դէս կու գայ զա­նա­զան արդիա­կան նիւ­թե­րով՝ մշա­կու­թա­յին-լու­սա­ւոր­չա­կան խնդիր­ներ, հա­յա­գի­տու­թիւն, Սփիւռ­քի եւ Հայ Ե­կե­ղե­ցւոյ հար­ցեր, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ քրիս­տո­նեայ փոքրամասնութեան ի­րա­վի­ճակ եւ այլն:
Հա­մա­ժո­ղո­վի հա­մա­կազ­մա­կեր­պիչն է Թէօ ֆան Լին­տ՝ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն­»ի Հայագի­տու­թեան ամ­պիո­նի դա­սա­խօս: Ան հա­յա­գի­տա­կան կարգ մը աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նակ է՝ նուի­րուած Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիին, Գրի­գոր Մա­գիստ­րո­սին, Կոս­տան­դին Երզնկա­ցիին եւ հա­յոց պատ­մու­թեան, հայ գրա­կա­նու­թեան այլ ե­րախ­տա­ւոր­նե­րու:
«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րու­ն» հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն «Գալուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կու­թեան Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն Ռազ­միկ Փա­նո­սեա­ն, նոյն բաժ­նի մաս­նա­գէտ Ա­նի Կար­մի­րեա­ն, Ո­ւէզ­լէեան (Wesleyan) համալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Խա­չիկ Թէօ­լէօ­լեա­ն, գրաքն­նա­դատ, դա­սա­խօս Մարկ Նշա­նեա­ն, INALCO-ի (Ֆրան­սա­յի Ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին կաճա­ռը) հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիո­նի վա­րիչ Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պե­տեա­ն, գրող, գրաքն­նա­դատ, դա­սա­խօս Գրի­գոր Պըլ­տեա­ն, բա­նաս­տեղծ, նկա­րիչ, ա­րուես­տա­գէտ Գրի­գոր Մոմ­ճեա­ն, բա­նաս­տեղծուհի Լօլա Գուն­տաք­ճեա­ն, Ժը­նե­ւի հա­մալ­սա­րա­նի հայագիտութեան դասախօս Վա­լեն­թի­նա Քալ­ցո­լա­րի, բա­նաս­տեղ­ծու­հի Ա­նա­հիտ Սար­գի­սեա­ն, Գա­նա­տա­յի «Հո­րի­զո­ն» շա­բա­թա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր, բա­նաս­տեղծ Վա­հագն Գա­րա­գա­շեա­ն, հայկա­կան թուա­յին գրա­կա­նու­թեան հար­թա­կի վեր­լու­ծա­կան ծրա­գիր­նե­րու տնօ­րէն, UBS Ներդ­րու­մա­յին դրա­մա­տու­նէն Մար­տիկ Չո­լա­քեա­ն, Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի Մար­դա­սի­րա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տե­սուչ Թով­մաս Սամուէլեա­ն, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Հա­յա­գի­տա­կան կրթա­կան գրասենեա­կի վա­րիչ, խմբա­գիր, գրա­կա­նա­գէտ Ժի­րայր Դա­նիէ­լեա­ն, Պոլսոյ «Ժամանակ» օ­րա­թեր­թի խմբա­գիր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­ն, Պէյրու­թի «Ազ­դա­կ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Շա­հան Գան­տա­հա­րեա­ն, Մի­շի­կըն հա­մալ­սա­րա­նի (Անն Ար­պըր) հա­յոց լե­զուի եւ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­խօս Փրոֆ. Գէորգ Պար­տաք­ճեան, գրաքն­նա­դատ, UCLA-ի դա­սա­խօս Յա­կոբ Կիւլ­լիւ­ճեա­ն, «Նոր Յա­ռա­ջ­»ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ժի­րայր Չո­լա­քեա­ն, Լոն­տո­նի Հա­յա­գի­տա­կան ուս­մանց ծրագ­րի ղե­կա­վար Գրի­գոր Մոս­կո­ֆեա­ն, պատմաբան ու գրականագէտ Վար­դան Մատ­թէո­սեա­ն, «Սար­գիս Խա­չեն­ց» մա­տե­նա­շա­րի հիմ­նա­դիր հրա­տա­րա­կիչ Ա­րամ Մեհրա­պեա­ն, գրող, «Ա­րե­ւել­ք» կայ­քէ­ջի խմբա­գիր Սա­գօ Ա­րեա­ն, լրագ­րող-ար­ձա­կա­գիր Քրիս­տիան Բա­տի­կեան:

ԾՐԱԳԻՐ
Այսօր երեկոյեան համաժողովի բացումը կը կատարուի Վալենթինա Քալցոլարիի հրապարակային դասախօսութեամբ՝ «"Ներկան անցածով լուսաւորելու է". արեւմտահայերէնը երէկ եւ այսօր. ի՞նչ մարտահրաւէրներ ապագայի համար»։ Համաժողո­վի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը պատ­րաս­տած են ման­րա­մասն ծրա­գիր մը, ո­րու ժա­մա­նակ կը ներ­կա­յա­ցուի «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը» (այս նիւ­թով նա­խա­բա­նը կը փո­խան­ցէ Հրաչ Չի­լին­կի­րեան եւ կը վա­րէ նիս­տը): Այս նիստին ընթացքին, «Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ներ­կայ «աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը» եւ հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րը» հար­ցի շուրջ ե­լոյթ կ՚ու­նե­նան Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պե­տեա­ն, Ռազ­միկ Փա­նո­սեա­ն, Ա­նի Կար­մի­րեա­ն:
Այնուհետեւ, «Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան տագ­նապ­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րը եւ տնտե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին մա­քա­ռում­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն մշա­կոյ­թին ներ­կա­յին ու գա­լիք տաս­նա­մեակ­նե­րուն վրա­յ» հարցին շուրջ կը բա­նա­խօս­են Խա­չիկ Թէօ­լէ­օ­լեան, Յա­կոբ Կիւ­լլիւ­ճեան, Սա­գօ Ա­րեան:
«Սփիւռ­քի մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով մտա­ծե­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու խնդիր­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը» նիս­տի պիտի վարէ Թէօ վան Լինտ, մաս­նա­կցութեամբ՝ Գրի­գոր Պըլտեանի, Քրիս­տիան Բա­տի­կեանի, Լօլա Գուն­տաք­ճեանի, Մարկ Նշա­նեանի, Գրի­գոր Մոմ­ճեանի եւ Ա­նա­հիտ Սար­գի­սեանի:
«Կա­ռոյց­նե­րու եւ մի­ջոց­նե­րու խնդիր­նե­րը» նիստը պիտի վարէ Ռազմիկ Փանոսեան։ «Ինչ­պի­սի՞ կա­ռոյց­ներ, հաս­տա­տու­թիւն­ներ եւ մի­ջոց­ներ պէտք են գա­լիք տա­սը, քսան, ե­րե­սուն տա­րուան ըն­թաց­քին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կեն­սու­նակ պա­հե­լու հա­մա­ր» հարցին շուրջ պիտի արտայայտուին Գէորգ Պարտագճեան, Վար­դան Մատ­թէո­սեան, Գրի­գոր Մոսկոֆեան, Մար­տիկ Չո­լա­քեան:
«Ա­րեւմ­տա­հայ հրա­տա­րակ­չու­թեան հար­ցե­ր»ու նիստին (վա­րիչ՝ Թոմ Սա­մուէ­լեան) «Արեւմ­տա­հա­յե­րէն հրա­տա­րա­կիչ­նե­րու եւ հրա­տա­րակ­չա­տու­նե­րու ներ­կայ խնդիր­նե­րը ու ա­պա­գա­յի ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը» նիւ­թով պիտի բանախօսեն Ժիրայր Դանիէլեան, Ա­րամ Մեհ­րա­պեան, Մար­տիկ Չո­լա­քեան:
«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րու­ն» հա­մա­ժո­ղո­վի ժա­մա­նակ ա­ռան­ձին նիւ­թով անդ­րա­դարձ կայ նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով հրա­տա­րա­կուող մա­մու­լին: «Ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լին այ­սօ­րուան ու վաղ­ուան հար­ցե­րը» խո­րագ­րով նիս­տը կը վա­րէ Խա­չիկ Թէօ­լէ­օ­լեա­ն եւ «Սփիւռ­քի մէջ հրա­տա­րա­կուող ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լին (ե­լեկտ­րո­նա­յինն ու հա­մա­ցան­ցա­յի­նը նե­րա­ռեալ) դի­մագ­րա­ւած ա­ռաջ­նա­հերթ խնդիր­նե­րը եւ ա­պա­գա­յի մարտահրաւէրները» քննար­կու­մին ե­լոյթ կ՚ու­նե­նան Վա­հագն Գա­րա­գա­շեա­ն, Շա­հան Գան­տա­հա­րեա­ն, Սեւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­ն, Ժի­րայր Չո­լա­քեա­ն:

«Ժամանակ», 21 Յունուար 2016

No comments:

Post a Comment