ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Դէմքեր չեն պակսիր
Ի. դարու մեր պատմութեան մէջ, որոնք յաճախ միայն անուն մը, լուսանկար մը կամ դիպուածական
նշումի առարկայ մըն են սերունդներու յիշողութեան մէջ։
Արդեօք չափազանցութի՞ւն
մըն է ըսել, թէ Յովհաննէս Քաջազնունի, դժբախտաբար, այդ դէմքերուն շարքին կը պատկանի։
Դժբախտաբար կ՚ըսենք,
որովհետեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետին անունը պէտք է հաւաքական
գիտակցութեան մէջ աւելի վառ տեղ մը գրաւէր, համարժէք՝ օրինակ, Միացեալ Նահանգներու
կամ Ֆրանսայի արդի պետականութեան հիմնադիրներուն։ Ներկայ ժամանակներուն, երբ վարչապետներու
անկերպարան գործունէութիւնը խնամիական կապերով եւ վիթխարածաւալ մահարձաններով «կ՚անմահանայ»,
Քաջազնունի քաղաքական գործիչի ու մտաւորականի կերպարը արժանի է աւելի մնայուն տեղ մը
ունենալու։
Քաջազնունիի յիշատակին խաւարումը հաւանաբար պէտք է կապել անոր ամենէն աղմկայարոյց գործին՝ «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը այլեւս անելիք չունի» գրքոյկին։ Ինչպէս յայտնի է, ան իբրեւ տեղեկագիր ներկայացուած էր կուսակցութեան Արտասահմանեան Պատասխանատու Մարմնի խորհրդաժողովին (Պուքրէշ, 1923) եւ, պատշաճ քննարկումի չարժանանալով, հեղինակը յաջորդ տարի որոշած էր հրապարակային քննարկումի դնել զայն։ Լոյս տեսնելէ ետք Վիեննայի մէջ, գիրքը յաջորդաբար քանի մը վերատպումներ ունեցած էր 1924-1925ին՝ անկախաբար հեղինակէն։ Քաջազնունիի 1925ին Հայաստան վերադարձէն ետք, գիրքը նաեւ լոյս տեսած էր թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ ռուսերէն՝ Թիֆլիսի մէջ։
«Տարիներ առաջ,
Դաշնակցութեան լիդէր Յովհաննէս Քաջազնունին,
կամենալով բոլշեւիկեան իշխանութեան համակրանքին արժանանալ, փակեց իր կուսակցութեան
դռները՝ գրելով “Դաշնակցութիւնը այլեւս անելիք չունի” գիրքը եւ արտասահմանից Սովետական Հայաստան եկաւ իր “աշխատանք”ի պտուղը վայելելու։
Բայց Հայաստանի
իշխանութիւնը “հերոս”ի կուրծքը ոչ թէ շքանշանով զարդարեց, այլ գնդակով ծակեց՝ ասելով.
- Ուրեմն Դաշնակցութիւնը
երբեւէ անելի՞ք է ունեցել...» (1)
Երկար ժամանակ վիճաբանութիւններ եղած են, թէ արդեօք, ինչպէս
Լեռ Կամսար գրած է, գրքոյկը տպուած էր որպէս Քաջազնունիի Խորհրդային Հայաստան մուտքի
այցագի՞ր։ Անոր առթած թեր ու դէմ հակազդեցութիւններուն լրիւ պատմութեան ծանօթ չենք,
բայց միայն այն փաստը, որ դաշնակցական օրուան չորս կարեւոր դէմքեր՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի,
Վահան Նաւասարդեանի, Ռուբէն Դարբինեանի եւ Արշակ Ջամալեանի, գիրքերով կամ, վերջինիս
պարագային, անաւարտ յօդուածաշարքով անմիջապէս պատասխանած են իրենց կուսակցական նախկին
ընկերոջ, արդէն ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն լուրջի առնուած էին հեղինակին փաստարկները
եւ երբեմնի հանգամանքը։
Կ՚արժէ աւելցնել, որ Քաջազնունիի գաղափարական ու անձնական երբեմնի
ընկերներէն մէկը՝ Ս. Վրացեանը, իր կեանքին վերջալոյսին (1965) հրատարակած էր անոր անտիպներու
եւ մամուլի մէջ տպուած գրութիւններու հաւաքածոյ մը, որուն կցած էր արժէքաւոր դիմանկարի
փորձ մը եւ 1922-23ին անոր գրած նամակները։ Յօդուածներու, գիրքերու ու նամակներու այլ
հրատարակութիւններ ալ եղած են վերջին կէս դարուն Սփիւռքի մէջ եւ, 1991էն ետք, Երեւանի
մէջ, ուր 70ամեայ Քաջազնունի ստալինեան մաքրագործումներու անգերեզման զոհերէն մէկը
եղած էր 1938ին։ 1994ին եւ 1995ին «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը անելիք չունի այլեւս» վերահրատարակուած
է Երեւանի մէջ՝ դասական ուղղագրութեամբ, առաջին վերատպումները՝ 1920ական թուականներէն
ետք։
Այս բոլորը պատմութեան մաս կը կազմէ։ Քաջազնունիի դրոյթներուն
ու անոնց հակաճառութիւններուն վերլուծումը հետաքրքրասէր ընթերցողին ու մասնագէտին նիւթը
պէտք է ըլլան։ Սակայն, սոյն յօդուածին տուն տուող պատճառը այն իրողութիւնն է, որ մեր
պատմութեան կարեւոր դէմքերէն մէկը ժխտողականութեան գայլերուն երախը նետուած է՝ մեր
հաւաքական անփութութեան հետեւանքով։
Թող չկարծուի, որ մեր վերջին նախադասութիւնը հռետորական չափազանցութիւն
է։
Երկու տարի առաջ, գերմանաբնակ մտաւորական Իշխան Չիֆթճեան կը
յայտնէր, թէ Պոլսոյ գիրքի 32-րդ միջազգային ցուցահանդէս-վաճառքին մէջ «կային նաեւ հակահայ հրատարակչատուներու տաղաւարներ, որոնցմէ մէկը բազմաթիւ հակահայ հատորներու շարքին Յ. Քաջազնունիի “Դաշնակցութիւնը անելիք չունի” հատորին թրքերէն թարգմանութեան 25-րդ տպագրութիւնը վաճառքի դրած էր» (2)։ Արդարեւ,
ինչպէ՞ս որակել այս երեւոյթը, երբ Քաջազնունիի գրքոյկը քսանհինգ անգամ թրքերէն տպուած էր ութը տարուան մէջ (առաջին հրատարակութիւնը՝
2005ին), երբ այդ հրատարակութիւնը բնագրին աղճատուած
թարգմանութիւնն է, երբ այդ հրատարակութեան անգլերէն թարգմանութիւնը թրքական եւ ատրպէյճանական ժխտողական բազում կայքէջերու
բերնի ծամօնն է...։ Ու ի վերայ այսր ամենայնի, ինչպէս կ՚ըսէին հիները, մինչեւ այսօր
ընդվզումի ձայներու չենք հանդիպած։ Ա՛լ չխօսինք՝ գործնական որեւէ առաջարկի կամ աշխատանքի
լծուած ձայներու։
Այս նախաձեռնութեան հեղինակութիւնը կը պատկանի թուրք ժխտողական
պատմագրութեան նոր սերունդի ներկայացուցիչներէն Մեհմէտ Փէրինչէքին, որ, ի պէտս զարգացելոց,
տխրահռչակ Տողու Փէրինչէքի որդին է եւ, հօր նման, «Էրկէնէքոն» գործի ծիրին մէջ բանտարկուած
էր որոշ ժամանակ։ Ինչպէս կարելի էր ակնկալել Թուրքիոյ երբեմնի Բանուորական (այժմ՝
«Վաթան») կուսակցութեան պարագլուխի որդիէն, ան իր ուսումը ստացած է բանուորական երբեմնի
«դրախտավայր»ի՝ Խորհրդային Միութեան մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ, բայց, աւա՜ղ, երբ այլեւս
մարքս-լենինեան կայսրութեան երազը փլուզումի ենթարկուած էր։ Ռուսերէն սորվելով, ան
արշաւի ձեռնարկած է՝ ռուսական արխիւներէն եւ ռուսալեզու (ռուս խորհրդային թէ խորհրդահայ)
մատենագիտութենէն իր ջաղացքին ջուր բերող նիւթ հաւաքելու, զոր այնուհետեւ սկսած է հրատարակել
իր հիմնած «Քայնաք» հրատարակչատան միջոցով։
Մ. Փէրինչէք՝ աղբիւրներու իր «ձկնորսութեան» ընթացքին, Քաջազնունիի
գիրքին ռուսերէն հազուագիւտ թարգմանութեան հանդիպած է Մոսկուայի «Լենին» գրադարանին
մէջ (այսինքն՝ Ռուսական Պետական Գրադարանին մէջ)։ 1927ին Թիֆլիս լոյս տեսած այդ թարգմանութիւնը
հիմք դարձած է, որպէսզի Մ. Փէրինչէք պատուիրէ թրքերէն եւ այնուհետեւ՝ ֆրանսերէն, անգլերէն ու գերմաներէն թարգմանութիւնները,
իսկ Մարտ 2015ին, իր հօր կուսակցութեան ներկայացուցիչները
Քաջազնունիի գիրքին մէկ ուրիշ՝ սպաներէն թարգմանութենէն 300 օրինակ լեցուցած են իրենց
ճամբորդական պայուսակներուն մէջ, իրենց հակահայ արշաւանքը մինչեւ Մեքսիքօ տանելով։
Զարմանալու պատճառ չկայ. թրքերէն թարգմանութեան իր յառաջաբանին վերջին տողերուն մէջ
(կրկնուած՝ անգլերէն թարգմանութեան մէջ, որ մեր աղբիւրն է), Փէրինչէք՝ հօր արժանաւոր
զաւակը, յայտարարած էր, թէ... «Քաջազնունիի տեղեկագիրը վերջ կը դնէ “Հայոց Ցեղասպանութեան”
մեծ կայսերապաշտ կեղծիքին», որմէ ետք միայն կը մնայ այդ տեղեկագիրը, ինչպէս եւ այլ
վաւերաթուղթեր, հրատարակել «թրքերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, հայերէն, ռուսերէն,
արաբերէն, չինարէն, սպաներէն եւ այլ լեզուներով» (3)։
Քաջազնունիի տեղեկագիրը հինէն թրքական պատմագրութեան տրամադրութեան
տակ եղած էր՝ անտիպ թարգմանութեան մը միջոցով, որ այսօր կը պահպանուի Թրքական Պատմական
Ընկերութեան մէջ, եւ որմէ օգտուած են ժխտողականութեան այնպիսի ախոյեաններ, ինչպէս Էսատ
Ուրաս, Քամիւրան Կիւրիւն եւ Միմէ Էօկէ։ Ուրիշ «հեղինակութիւն» մը՝ Թիւրքայա Աթաէօվ,
անգլերէն գրքոյկ մը հրատարակած է անոր հիմամբ (1984), որ յաջորդ տարին թարգմանուած
է գերմաներէնի, ֆրանսերէնի եւ սպաներէնի։
Այս տուեալները տալով, Փէրինչէք զանազան ռուսերէն հրատարակութիւններէ
ծաղկաքաղ մը հրամցուցած է իր յառաջաբանին մէջ, իրար խառնելով 1915էն մինչեւ 1920 երկարող
ժամանակաշրջանէն վկայութիւններ, որպէսզի «փաստէ», որ հայ կամաւորական շարժումին առկայութիւնը
եւ դաշնակցականներու կողմէ գործուած ինչ-ինչ դաժանութիւններ ցոյց կու տան, որ ցեղասպանութիւն
տեղի ունեցած չէ։ Այս խառնապուրին պէտք է աւելցնել ինչ որ բանիմաց ընթերցողին արդէն
յայտնի է. խորհրդային (բնականաբար՝ նաեւ խորհրդահայ) կարգ մը հեղինակներ, իրենց կամաւոր
թէ պարտադիր գաղափարախօսական պայքարը յառաջ տանելու ձեւերուն շարքին, յաճախ կը դիմէին
կրճատուած կամ աղճատուած մէջբերումներու օգտագործումին, յար եւ նման թուրք ժխտողական
գրիչներու մեթոտներուն։ Հետեւաբար, կարելի է երեւակայել, թէ խորհրդային հեղինակներու
կողմէ յաճախ արդէն աղճատուած մէջբերումները ի՜նչ գանձարան կը ներկայացնեն Մ. Փէրինչէքի
պէս «պատմաբան»ներու համար։
Ան հարցը այնպիսի ձեւով կը ներկայացնէ, որ կարծէք Քաջազնունիի
գրքոյկը պայթուցիկ տեղեկութիւններ պարունակէր «մեծ կայսերապաշտ կեղծիքին» մասին։ Աւելի՛ն.
կը պնդէ, որ դաւադրութիւն մը սարքուած է՝ աշխարհի գրադարաններէն զայն անհետացնելու
համար. «Բոլոր օրինակները բոլոր լեզուներով, որոնց թարգմանուած էր մինչեւ հիմա՝ եւրոպական
գրադարաններէ հաւաքուած են Դաշնակցութեան անդամներու կողմէ» (4)։ Պարզ է, որ միայն
ի՛նք կը հաւատայ այդ առասպելին։ Քաջազնունիի գրքոյկին միա՛կ թարգմանութիւնը (բացի յիշեալ
ռուսերէն թարգմանութիւնը) քաղուածաբար կատարուած է անգլերէնի ու հրատարակուած՝ 1955ին,
16 էջնոց պրակով մը (հայերէն բնագիրը 80 էջ ունի)։ Մատթէոս Արամ Գալենտէրի թարգմանութիւնը խմբագրուած
է ամերիկահայ ծանօթ լրագրող Ճոն Ռոյ Գարլսոնի (Աւետիս Տէրունեան, 1909-1991) կողմէ։
Այս կրճատուած թարգմանութիւնը մաս կազմած է Գարլսոնի Դաշնակցութեան դէմ գրուած յօդուածներու
եւ գիրքերու երկարամեայ վաստակին։ Նոյնիսկ եթէ այդ պրակը հաւաքուած ըլլար գրադարաններէ,
ան տարիներէ ի վեր կը «զարդարէ» բազմաթիւ ժխտողական կայքէջեր։
հաւանաբար ենթադրելով, որ գիրքը միայն վիեննական հրատարակութիւնը
ունեցած է, քանի որ դժուար է երեւակայել, որ հայերէն չգիտցող Փէրինչէք մը հայկական
որեւէ գրադարան ոտք դրած ըլլայ։ «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը այլեւս անելիք չունի»էն բազմաթիւ
հրատարակութիւններ կան Հայաստանի Ազգային Գրադարանին մէջ (որ, սակայն, ռուսերէն թարգմանութիւնը
չունի), չհաշուած՝ հայաստանեան հրատարակութիւնները, որոնք թերեւս տակաւին գտանելի ըլլան
հրապարակի վրայ, ինչպէս եւ գիրքին առաջին հրատարակութիւնը, որ տրամադրելի է կարգ մը
ամերիկահայ գրադարաններէ (գէթ երեք վայրեր մեզի ծանօթ են)։
Զարմանալու պատճառ չկայ, դարձեալ, որ Սթրազպուրկի մէջ Յունուար
28, 2015ի Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի վերին պալատի նիստէն առաջ, Տողու Փէրինչէք
յայտարարած ըլլայ իր զաւակին յար եւ նման միտքեր՝ լրագրողներու հետ ունեցած տեսակցութեան
ժամանակ. «Ուզում եմ հայ ժողովրդին ասել, խնդրում եմ կարդացէք 1923-ին Յովհաննէս Քաջազնունու յօդուածը, այդժամ ողջ իրականութիւնը կը հասկանաք: Յովհաննէս Քաջազնունին հայոց հանրապետութեան հիմնադիրներից է, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան վարչապետը, եթէ ուզում էք այդ գիրքը անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իսպաներէն՝ կարող եմ Ձեզ տրամադրել, մենք պէտք է այդ գիրքը հայերէն լեզուով էլ հրատարակենք: Ոչ միայն Քաջազնունի, Լալայեան, Բորեան, Միասնիկեան,Փիրումեան: Կարդացէք, նրանք են իրականութիւնը գրել: Երկկողմանի ջարդեր (Massaker) են եղել» (5)։
Այստեղ գոհունակութեամբ պէտք է նշել, որ Եւրոպական Դատարանի
կողմէ ազատ արտայայտութեան «նահատակ» հռչակուած այս զազրախօս աղուէսին եւ իր զաւակին
միտքը բարեբախտաբար արդէն կանխած է (չենք գիտեր, թէ բարեդէպ զուգադիպութեամբ կամ դիտմամբ)
Երեւանի հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը, որուն համակարգողը ծանօթ լրագրող
ու հեղինակ Թաթուլ Յակոբեանն է։ Ըստ յայտարարութեան, կեդրոնը մինչեւ տարեվերջ մէկ հատորով
պիտի հրատարակէ Քաջազնունիի գործը եւ Վրացեանի ու Ջամալեանի ընդդիմախօսութիւնները
(6)։ Իր կայքէջին մէջ, կեդրոնը վերջին ամիսներուն հատուածներ ներկայացուցած է այդ երկերէն։
Ան իր կրճատուած ձեւով արդէն բնագրային աղճատում մը կը ներկայացնէ,
ինչպէս ցոյց կու տայ հայերէն բնագրին հետ համեմատութիւնը։
Նոյնը պէտք է ըսել թրքական անգլերէն նոր թարգմանութեան մասին,
կատարուած՝ Լալէ Աքալընի կողմէ։ Նախ եւ առաջ՝ երրորդ ձեռքէ թարգմանութիւն է (թարգմանուած
է թրքերէնէ, որ իր հերթին թարգմանուած է ռուսերէնէ), երկրորդ՝ հրատարակուած է կրճատումներով,
որոնք յայտնի չէ, թէ ռուսերէն բնագրէ՞ն կը բխին կամ յատուկ են թրքերէն թարգմանութեան։
Ան ընդգրկած է Գալենտէրի թարգմանութիւնը, հոն՝ ուր բնագրին համապատասխան եղած է։ Անշուշտ,
անգլերէնի անհարթութիւններ ալ կան, բայց ասիկա երկրորդական է։
Ընթերցողը կրնայ ըսել, թէ ինչպէս որ հայր Փէրինչէքին քաղաքական
սադրանքներով զբաղելու կարիքը չկար (հնչած են ձայներ, պնդելով, որ թերեւս աւելորդ էր
զայն դատի տալ 2005ի իր արտայայտութիւններուն համար), նոյնքան աւելորդ աշխատանք է որդի
Փէրինչէքի «պատմագիտական» մարզանքներով։ Սակայն, կարելի է հակառակը փաստող օրինակ մը
յիշել։
Արդարեւ, 1978ին երկու թուրք հեղինակներ՝ Օրել Սինասը եւ Սուրէյա
Եուքա, արշաւանքի ձեռնարկած էին՝ Արամ Անտոնեանի հրատարակած Թալէաթի հեռագիրներուն
վաւերականութիւնը կասկածի դնելու։ Թէ՛ Վահագն
Տատրեանը (անգլերէն) եւ թէ՛ Իվ Թեռնոնը (ֆրանսերէն) արժանի հակահարուածներ տուին անոնց՝
գիտականօրէն ջրելով անոնց փաստերը։ Սակայն, ցարդ Թալէաթի հեռագիրներուն վաւերականութեան
հարցը լրիւ լուծուած չէ։ Աւելորդ չէ նշել, թէ կասկած կամ վերապահութիւն ցոյց տուողներէն
շատեր պարզապէս կը հիմնուին Անտոնեան «Մեծ ոճիրը»ի անգլերէն կամ ֆրանսերէն թարգմանութիւններուն
վրայ, որոնք թարգմանութիւն իսկ չեն բառին բուն իմաստով, այլ՝ առաւել կամ նուազ յաջող
պատշաճեցումներ։ Երեք տասնամեակէ ի վեր, տակաւին կը սպասենք, որ ձեռնարկուի «Մեծ ոճիրը»ի
ամբողջական թարգմանութեան, որ նաեւ պիտի ծառայէ հայ գրագէտին անունը թրքական ժխտողականութեան
ստեղծած սարդոստայնէն ազատագրելու։ Ասիկա պիտի ենթադրէր, օրինակ, որ քարոզչական տեղի
ու անտեղի գործերու համար դրամ հայթայթող մեր մարմինները անդրադառնային, որ կ՚արժէ դրամ հայթայթել ա՛յս գործին թարգմանութեան
ու հրատարակութեան համար։
Քաջազնունիի պարագան տարբեր չէ, այն պատճառով, որ այսօր հայերէն
չգիտցող պատմաբանին՝ անոր գրքոյկէն տրամադրելի բոլոր հրատարակութիւնները թրքական են։
Հետեւաբար, սեղանի վրայ պէտք է դնել «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը այլեւս անելիք չունի» գրքոյկին
ամբողջական թարգմանութիւնը, ի հարկին՝ ընդդիմախօսութիւններու գլխաւոր փաստարկներուն
նկատառումով, լիակատար թղթածրարը անաչառ կերպով ներկայացնելու համար։ Կամ, ինչո՞ւ չէ,
ընդդիմախօսներէն ոեւէ մէկուն գործին թարգմանութեամբ հանդերձ։
Փոխ առնելով Շաւարշ Միսաքեանէն «Յառաջ»ի առաջին խմբագրականի վերնագիրը՝
«Գործը կը խօսի», եթէ Քաջազնունիի գրքոյկէն առաջին հրատարակութենէն աւելի քան 90 տարի
ետք «գործը խօսած է», ո՞վ կրնայ վախնալ «անելիք չունի»էն։ Ու եթէ վախցողներ կան, կը
նշանակէ... որ գործին խօսած ըլլալուն մասին բաւարար վստահութիւն չունին։
Այդ բոլորէն անդին, սակայն, պէտք է մտածել, որ առաջնահերթ է
տէր կանգնիլ մեր անցեալին, փոխանակ զայն սովահար գիշատիչներու յանձնելու։
«Նոր Յառաջ», 24 Դեկտեմբեր 2015
-------------------------------------------
(1) Լեռ Կամսար,
«Կարմիր օրեր», Նոր Յառաջ, 24 Դեկտեմբեր
2013։
(2) Տե՛ս Վահրամ
Էմմիեանի հարցազրոյցը Իշխան Չիֆթճեանի հետ, Ազդակ, 14 Նոյեմբեր 2013։
(3)
Hovhannes Katchaznouni, Dashnagtzoutioun
Has Nothing to Do Anymore, translated
by Lale Akalın, Istanbul, 2008, էջ 29-30։
(4) Անդ, էջ 10։
(5) Անահիտ Յովսէփեան, «Դողու Փէրինչէք.
“Լեմկինը իրաւաբան չէր... Մենք ենք իրաւաբան, մենք կարող ենք խօսել ՄԱԿ-ի կոնվենցիայի
մասին”», Ազգ, 30 Յունուար 2015 (ընդգծումը
մերն է)։
(6) www.aniarc.am/2015/10/28/kajaznuni-part-9/։
Սկզբնապէս, յայտարարուած էր, թէ գիրքը պիտի ամփոփէր Քաջազնունիի եւ իր չորս ընդդիմախօսներուն
գործերը։
No comments:
Post a Comment