11.6.15

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի «Սուրիոյ հայերը» գիտաժողովը

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Սուրիոյ Հայերը» գիտաժողովը յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները:
Կիրակի, Մայիս 24-ի երեկոյեան պաշտօնական բացման հանդիսութեան, Կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան անդրադարձաւ Կեդրոնին առաքելութեան եւ գիտաժողովին նշանակութեան: Պոսթընի Համալսարանէն փրոֆեսոր Սիմոն Փայասլեան ներկայացուց սուրիահայութեան աւանդը:  Ան հակիրճ անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն ետք գաղութին վերակազմաւորման, մշակութային վերելքին՝ մինչեւ Բ. Համաշխարհային Պատերազմ: Ան այս վերելքը նկարագրեց սփիւռքագիտութեան տեսական գրականութեան երեք նախահամակարգերու (paradigm) հիմամբ: Փրոֆ. Փայասլեան ընդգծեց տասնամեակներու ընթացքին տեղի ունեցած եղափոխութիւնը՝ հայապահպանման հրամայականներու հասկացութիւններուն: Փայասլեան կատարեց նաեւ համառօտ պատումը սուրիահայութեան յետ-եղեռնեան տնտեսական, մշակութային, ազգային կրօնա¬եկեղեցական եւ կրթական կեանքի զանազան երեսակներուն՝ մինչեւ ներկայ տագնապը, եզրափակելով որ այսօր սուրիահայութիւնը կը դիմագրաւէ գոյութենական տագնապ մը:
Պաշտօնական բացման հանդիսութեան ընթերցուեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հաստատութեան Հայկական Համայնքներու բաժնի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի ողջոյնի գիրը: Բացման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի փակման խօսքով:
Երկուշաբթի, Մայիս 25ի առաւօտուն սկիզբ առին գիտաժողովի նիստերը: Եռօրեայ նիստերու ընթացքին կայացան ութ նիստեր, որոնց ընթացքին կարդացուեցան 33 զեկոյցներ՝ փորձագէտներէ ու մասնագէտներէ, որոնք եկած էին Ճափոնէն, Մ. Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Հալէպէն, Քեսապէն, եւ Պէյրութէն: Զեկոյցները խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու.  1) Պատմութիւն եւ Պետութիւն, 2) Հալէպ, 3) Մշակոյթ, 4) Ցեղասպանութեան հետեւանքները, եւ 5) Սուրիահայութիւնը Սուրիոյ ներկայ տագնապին դէմ յանդիման:
Ներկայացնելով «Սուրիոյ սահմանադրութիւններն եւ փոքրամասնութիւնները» զեկոյցը, դոկտ. Ճոն Արմաճանի համեմատեց Սուրիոյ 1973ի եւ 2012ի սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները՝ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ: Հակիրճ անդրադարձաւ  նախորդ սահմանադրութիւններուն եւ վերլուծեց սահմանադրութեան գլխաւոր հինգ սկզբունքները եւ ասոնց հետեւանքները՝ կրօնական փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ՝ սուրիահայերուն վրայ: Հուսկ, ան քննարկեց կրօնական փոքրամասնութիւններուն հնարաւոր ապագան մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ:
Ի բացակայութեան դոկտ. Նորա Արիսեանի, իր զեկոյցը ընթերցեց Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանողուհի Ծաղիկ Քուլսահակեան: Դոկտ. Արիսեան՝ «Սուրիահայ երեսփոխաններու ներդրումը Սուրիոյ խորհրդարանական կեանքին» վերնագրեալ զեկոյցով, մեկնելով Սուրիոյ Խորհրդարանի արխիւային նիւթերէն կը ներկայացնէր 1928-2011 շրջանի Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխաններու կենսագրական գիծերը, ապա նաեւ՝ անոնց ներդրումն ու մասնակցութիւնը խորհրդարանի բոլոր ոլորտներու յանձնաժողովներուն, օրէնքներու նախագիծերու քննարկումի եւ մշակումի աշխատանքներուն:
Մարիա Գաբրիէլեան ներկայացուց վերջին երկու տասնամեակներու Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի նշակութային վերելքը, անդրադարձաւ թեմին կառոյցին, գործունէութեան մարզերուն, ապա մանրամասնեց իւրաքանչիւրը: Հուսկ, Գաբրիէլեան անդրադարձաւ 2011ին Սուրիոյ մէջ ծայր առած պատերազմին պատճառով վերոյիշեալ մարզերուն կրած փոփոխութիւններուն, եւ Թեմին գործունէութեան վերաձեւաւորումներուն՝ պայմաններուն պատշաճելու մտասեւեռումով:
Փրոֆ. Թալին Տէր Մինասեան լուսարձակի տակ առաւ միջազգային համայնավարութեան մէջ սուրիահայ դերակատարները եւ անոնց դերը Սուրիոյ Համայնավար Կուսակցութեան յառաջացման՝ ֆրանսական իշխանութեան տարիներուն: Զեկոյցը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններու իբրեւ գործիք օգտագործուելուն, որդեգրուած լծակներուն, ապա նաեւ՝ կուսակցութեան Սուրիոյ ղեկավարութեան անցումին հայերէն՝ այլոց:
Դոկտ. Արման Եղիազարեանի զեկոյցը ի բացակայութեան ընթերցեց Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանողուհի Վանա Դանիէլեան: Զեկոյցը կը մանրամասնէր Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի գործունէութիւնը սուրիահայութեան մէջ, շեշտելով որ իր հիմնումէն սկսեալ (1964) Կոմիտէն կարեւորած է իր աշխատանքները յատկապէս Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն հետ, աւելցնելով որ այդ յարաբերութիւնները կատարուած են երկու հարթակներով՝ կազմակերպական եւ անհատական, ու կապեր հաստատուած են միայն այն կազմակերպութիւններուն ու անհատներուն հետ, որոնք ,յառաջդիմականե համարուած են:
Դոկտ. Արթուր Իսրայէլեան ներկայացուց Հայաստանի Եւ Սուրիոյ պետական յարաբերութիւնները (1992-2008), առանձնացնելով այդ յարաբերութեանց դիւանագիտական եւ քաղաքական ոլորտները, վերլուծելով նաեւ հայ-սուրիական իրաւա-պայմանագրային դաշտը:
Կարելի եղաւ սքայփով կապուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութենէն Դոկտ. Ֆիրդուս Զաքարեանին, որ ի ներկայութեան նախարարութեան աշխատակիցներու խումբին, ներկայացուց Նախարարութեան վերջերս տարած աշխատանքները՝ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու աջակցութեան առումով:
Վարդի Քէշիշեան ներկայացուց Հալէպի պատմական դերակատարութիւնը՝ ԺԶ.-ԺԷ. դարերուն, երբ ճելալիներու ասպատակութիւններուն հետեւանքով Կիլիկիան վերածուած էր անապահով գօտիի, որով Սիսի Կաթողիկոսութիւնը ստիպման տակ եղած էր ասպնջականութիւն փնտռելու Հալէպ՝ իբրեւ ամէնէն մօտ ու լաւագոյն տարբերակ: Քէշիշեան իր զեկոյցին մէջ շեշտեց որ վերոյիշեալ ժամանակաշրջանը չնշանաւորուեցաւ միայն կրօնական ասպնջականութեամբ, այլ նաեւ Հալէպ՝ ապրելով իր ոսկեդարը, միջնադարեան հայ մշակոյթի գրեթէ բոլոր ճիւղերը զարգացման նշանակալի վերելք ունեցան հոն: Այսպէսով, Հալէպը կարեւոր յենակէտ հանդիսացաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ տարածաշրջանի հայութեան ու հայ մշակոյթին:
Փրոֆ. Հիտեմիցու Քուրոքիի զեկոյցը հիմնուած էր զուտ արխիւային տուեալներու վրայ: Ան ուսումնասիրելով  ԺԹ. դարու օսմանեան հարկային արխիւները, ներկայացուց Հալէպի հարկատու հայերը այդ դարուն: Ան խմբաւորեց հալէպաբնակ հայերն ու պանդուխտները, ապա նաեւ անոնց ծննդավայրերը, արհեստները, եւն.:
Փրոֆ. Սիմոն Փայասլեան ներկայացուց Հալէպի Առաջնորդարանի Ի. դարու (մինչեւ 1980ականներ) գործունէութիւնը, անդրադառնալով նաեւ անոր յարաբերութիւններուն՝ Սովետական Հայաստանի ու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, վերջինիս անկախութենէն ետք:
Գիտաժողովին միակ լեզուաբանական բնոյթի զեկոյցը ներկայացուց դոկտ. Հայկանոյշ Մեսրոպեան, լուսարձակի տակ առնելով Գարեգին Սարգիսեան Կաթողիկոսի նորաբանութիւնները եւ անոնց տեղը՝ հայերէնի բառապաշարի հարստացման մէջ: Ան մանրամասնեց այս նորաբանութիւններուն կառոյցին, արմատ բառերուն բնոյթին եւ շեշտեց որ երջանկայիշատակ Հայրապետի բառապաշարը արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի իւրօրինակ համադրութիւն մըն է:
Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան զեկուցեց սուրիահայ կրթական գործի կազմակերպումին մասին, թէ ինչպէս Զինադադարէն ետք վերականգնեցան հայկական աւանդական դպրոցները, եւ հիմնուեցան նորերը՝ կազմուած նոր հայօճախներու լոյսին տակ: Դոկտ. Չոլաքեան վերլուծեց 1919-1960ականներ երկարող շրջանի սուրիահայ դպրոցներու խմբաւորումները եւ անոնց անցած վարչակառավարման ուղին:
Սիլվի Աբէլեան առանձնացուց Քեսապի տեղը հայ գրականութեան մէջ, լուսարձակի տակ առնելով  հայ ազգագրական եւ բանահիւսական գրականութեան մէջ Քեսապի մասին եղած նիւթերն ու գիրքերը, ապա նաեւ՝ Քեսապի արձագանգներուն՝ հայ գեղարուեստական գրականութեան մէջ, մանաւանդ 1940ականներէն սկսեալ, վերլուծելով Քեսապի մասին գրականութեան բնոյթը, դրդապատճառները:
Մարուշ Երամեան զեկուցելով վերջին տասնամեակի հալէպահայ բանաստեղծութեան մասին, ընդգծեց որ վերջին տասնամեակին հալէպածին բանաստեղծներու ներկայութիւնը զգալի եղած է Հալէպի մէջ: Երամեան վերլուծեց այդ երեւոյթին տուն տուող պատճառները, արձանագրած զարգացումները եւ ունեցած ազդեցութիւնը՝ հալէպահայ մշակոյթին վրայ, առանձնացնելով գրական այս վերելքին տպագիր դրսեւորումները եւս:
Խաչիկ Մուրատեանի զեկոյցը կ’առնչուէր Հայոց Ցեղասպանութեան շրջանին գաղթակայաններու մէջ տիրող փոխյարաբերութեան: Ո՞վ կը տնօրինէր գաղթակայանը, ո՞վ կը գործադրէր օրէնքը, ինչպէ՞ս, որո՞ւ միջոցաւ կարելի եղաւ գոյատեւել գաղթակայանի անկարելի պայմաններուն եւ նման էական հարցեր՝ նիւթը կազմեցին այս զեկոյցին:
Միհրան Մինասեան ներկայացուց յետ-եղեռնեան առաջին իսկ օրերէն ծայր առած հարազատներու փնտռտուքի գործընթացը: Ան ընդգծեց որ որոնումի այս աշխատանքները ունէին համակարգուած բնոյթ. աշխատանքային ցանց մը կազմուած էր որ կը զբաղէր փնտռուողի տուեալներու արձանագրում-տարածումէն մինչեւ տեղեկահաւաքի եւ՝ գտնուելու պարագային, փնտռուողն ու փնտռողը միացնելու աշխատանքներով: Դժբախտաբար, սակայն, հակառակ տարուած օղակաւորուած աշխատանքին, շատ քիչերն են որ կրցած են գտնել իրենց հարազատները:
Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց Հ.Բ.Ը.Միութեան Հալէպի ապաստանարան-արհեստանոցին գործունէութիւնը՝ 1919-1927 շրջանին: Ան զեկուցեց ապաստանարանին ծննդոցին, ներքին կառավարման, մատակարարման, բժշկական պայմաններուն մասին, եւ մանրամասնեց պատսպարեալներու թիւին, ծննդավայրին, տարիքին, անուան, ազատագրման պայմաններուն եւ հայ հաւաքականութեան մէջ վերահամարկումին գործընթացը:
Անի Ոսկանեան լուսարձակի տակ առաւ օսմանեան բանակին մէջ ծառայած հայ բժիշկները (ինչպէս Ճէպէճեան եւ Ալթունեան), որոնք յետագային անցան Հալէպ եւ իրենց մասնագիտական ծառայութիւնները մատուցին հալէպահայութեան եւ ընդհանրապէս Հալէպի բնակչութեան՝ զարկ տալով նաեւ Սուրիոյ մէջ բժշկութեան զարգացման:
Դոկտ. Չոլաքեանի երկրորդ զեկոյցը նուիրուած էր արմատախլուած հայութեան Սուրիոյ տարբեր վայրերու մէջ տեղաւորման: Ան մանրամասնեց գաղթականական տարբեր ալիքները եւ նշեց իւրաքանչիւր ալիքի տեղաւորման վայրերը, պայմանները: Ապա ան անդրադարձաւ այդ հաւաքականութիւններուն կազմակերպական աշխատանքներուն եւ հուսկ անոնցմէ շատերուն դադրեցման՝ ներգաղթի, արտահոսքի եւ այլ պատճառներով:
Դոկտ. Արիսեանի երկրորդ զեկոյցը կը վերաբերէր դամասկոսահայութեան: Ի բացակայութեան, իր զեկոյցը ընթերցեց Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանող Նարեկ Հաննէեան: Զեկոյցը կը մանրամասնէր յետ-ցեղասպանութեան Դամասկոսի մէջ հայոց ներկայութիւնը, համայնքի յառաջացումն ու ձեւաւորումը, հուսկ կազմակերպական ընթացքն եւ հոլովոյթը: Զեկոյցը կը շեշտէր նաեւ դամասկոսահայութեան առնչութիւնները՝ տեղի արաբ ընկերութեան հետ եւ լուսարձակի տակ կ’առնէր դամասկոսահայ կարգ մը հանրային դէմքեր:
Դոկտ. Վահէ Թաշճեան ներկայացուց 1920ականներու երկրորդ կէսին տեղի ունեցած հայ գաղթականութեան նոր ալիքի մը հետեւանքով Տիարպեքիրէն արեւելք եւ Պիթլիսէն հարաւ-արեւմուտք գտնուող գիւղական շրջաններ եկած քրտախօս հայերու տեղաւորումը Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան ծայրամասը, եւ այն նպատակները, զորս ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնը կը հետապնդէր՝ նման աշխարհագրական վայրի մը մէջ քրիստոնեայ գաղթականութիւն մը տեղաւորելով:
Խաչիկ Մուրատեանի երկրորդ զեկոյցը որոշ չափով կ’ամբողջացնէր առաջինը: Ան մանրամասնեց այն քայլերը որ առնուեցան արմատախլումէն, սուրիական անապատներէն մազապուրծ՝ Տէր-Զօր կուտակուած շուրջ 200,000 հայերու  բնաջնջումին՝   1916ին: Մուրատեան բացատրեց լախտի վերջին այս հարուածին տուն տուող պատճառները եւ հետեւանքները:
Դոկտ. Շողիկ Աշըգեան լուսարձակի տակ առաւ քեսապահայութեան 2014 Մարտի տեղահանութեան պարագան: Ան ականատեսի վկայութեամբ ներկայացուց քեսապահայութեան երրորդ տեղահանութիւնը, ոմանց Հայաստանի Հանրապետութիւն մեկնումը իբրեւ հայրենացում, եւ կորովի գոյներով ներկայացուց քեսապահայերու տունդարձն ու բնութեան հետ իրենց վերաշաղախումը:
Սօսէ Փիլաւճեանի զեկոյցը ի բացակայութեան կ’ընթերցէր Զմմառեան Միաբանութեան սան, եղբայր Արարատ Աղաճանեան: Զեկոյցը լուսարձակի տակ կ’առնէր սուրիահայ մշակութային կորուստը՝ մանրամասնելով Փիլաւճեաններու հաւաքածոյին տխրագոյն ճակատագիրը: Ան կը թուարկէր այն փաստաթուղթերը, վաւերագրերը, լուսանկարները, վկայականները, ձեռագործները, այլեւայլ  հնութիւնները որոնք Փիլաւճեաններու բնակած շէնքին փլուզմամբ հողին հաւասարեցան եւ անվերականգնելիօրէն մատնուեցան վերջնական կորուստի: Զեկոյցը այս կորուստը կը զետեղէր սուրիահայ մշակոյթի կորուստի համապատկերին մէջ:
Մարուշ Երամեանի երկրորդ զեկոյցը նուիրուած էր սուրիահայ պատերազմի գրականութեան: Տակաւին յառաջացող այս գրականութիւնը՝ Երամեան խմբաւորեց ըստ սեռի եւ ընդգծեց դիմատետրի ու ընկերային համացանցերու խաղացած դերը՝ իբրեւ նորատեսակ գիրք ու թուղթ, որով հանրութեան լայն շրջանառութեան կը դրուին այս գրականութեան նիւթերը:
Յակոբ Միքայէլեան զեկուցեց հայ-արաբ թարգմանական գրականութեան սուրիահայ աւանդին: Միքայէլեան լուսարձակի տակ առաւ մանաւանդ Ի. դարու վերջին երեք տասնամեակները երբ սուրիահայեր, մանաւանդ հալէպահայեր լծուեցան թարգմանութեան՝ նկատելով անոր անհրաժեշտութիւնը եւ խաղացած դերը երկու ժողովուրդներու մշակութային մերձեցման մէջ: Միքայէլեան գնահատելով հանդերձ տարուած աշխատանքը զայն բաւարար չգտաւ, անոր սիրողական հարթակի վրայ գտնուելուն եւ հաստատութենական, համակարգուած բնոյթ չունենալուն համար:
Խորէն Գրիգորեան զեկուցեց Հայաստանի Հանրապետութիւն հաստատուած սուրիահայերու հետ ունեցած իր դաշտային հարցազրոյցներէն կազմած եզրայանգումներուն մասին: Ան ընդգծեց որ հարցապնդուողները իրենց այս վիճակը կը նկատեն վերագաղթում, իսկ այս գաղթը՝ որպէս ցեղասպանութեան յիշողութեան նոր խթան, որ կ’ընկալուի իբրեւ «գաղթի ճանապարհի շարունակութիւն»: Ուստի, կը բացայայտուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապրածներու արդէն 3րդ եւ աւելի սերունդներու մօտ ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքով գաղթի ճանապարհը բռնած «ճակատագրի» նորովի ընկալում:
Դոկտ. Թեհմինէ Մարտոյեանի զեկոյցը կ’առանձնացնէր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ սուրիահայերու տեղաւորման եւ համարկման գործընթացը: Ան լուսարձակի տակ առաւ պատկան մարմիններու ընդառաջումը ժամանող գաղթականներու կարիքներուն, ընդգծելով որ կը բացակայէին յստակ եւ համակարգուած ծրագրեր: Ան մանրամասնեց ծառացած խնդիրները՝ հասարակութեան աւելի դրական ընդունումը սուրիահայերուն, հայրենիքի հոգածութիւնը եւն.: Ան շեշտեց, որ ճիգ պէտք է տանիլ, որ սուրիահայերը վերաիմաստաւորեն իրենց կեանքը, ու իրենց ապագան հայրենիքի մէջ տեսնեն, մանաւանդ որ անոնց մէջ հայրենիքը լքելու վտանգ կայ:
Արմենակ Թոքմաճեան ուրուագծեց Հալէպի ճարտարապետական վերականգնումի տարբերակները: Ան մեկնելով Պէյրութի եւ պատերազմէ աւերակուած այլ քաղաքներու վերակառուցման օրինակներէն շեշտեց որ արդէն իսկ պէտք է ծրագրել Հալէպի ճարտարապետական վերակառուցումը եւ չսպասել պատերազմի աւարտին: Որովհետեւ՝ ան բացատրեց, վերակառուցումը կը սկսի պատերազմի ընթացքին ու անոր աւարտէն անմիջապէս ետք: Հուսկ ան շեշտեց վերակառուցման առնչութեամբ ընկերային, պատմական, տնտեսական գործօններու հաշուառումը՝ վերակառուցման ծրագրաւորումին ատեն:
Գիտաժողովին վերջին զեկուցողը եղաւ Գէորգ Յակոբճեան, որ ներկայացուց յետ-պատերազմեան Սուրիոյ սահմանադրական դիմագիծի կարելի տարբերակներ, որոնք կ’երաշխաւորեն հայ եւ այլ փոքրամասնութիւններու հանդէպ անխտրականութիւնը եւ անոնց խաղաղ ու ստեղծարար գոյատեւումը Սուրիոյ մէջ:
Գիտաժողովի ընթացքին անդրադարձ եղաւ հաստատութենական թէ անձնական արխիւներու առնչութեամբ անհրաժեշտ աշխատանքներ տանելու հարցին, նիւթերը՝ արաբ գիտական միտքին հասանելի դարձնելուն, սուրիահայ կեանքի այլ երեսակներուն եւն.:
Գիտաժողովի ամբողջ տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Գերշն. Շահան արք. Սարգիսեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան եւ Դամասկոսի Հայոց Առաքելական Թեմի Առաջնորդ Գերշն. Արմաշ եպս. Նալպանտեան: Ներկայ եղան նաեւ մեծաթիւ ունկնդիրներ, ինչ որ կ’արտացոլացնէ նման գիտաժողովներու հանդէպ յառաջացած հետաքրքրութիւնը, որ սկսած է գիտական հետաքրքրութեան վերածուիլ մանաւանդ երիտասարդ համալսարանականներու եւ համալսարանաւարտներու մօտ: Ակնկալելի է, որ յառաջիկային լիբանահայ համալսարանաւարտներ զեկոյցներ ներկայացնեն, խտացնելով շարքերը Միջին Արեւելքի մէջ հայկական նիւթերով հետաքրքրուող եւ ուսումնասիրող արհեստավարժ մասնագէտներու եւ սիրողական փորձագէտներու:
Գիտաժողովը նաեւ մէկտեղում մը եղաւ սուրիաբնակ, նախկին սուրիահայ եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեամբ եւ Սփիւռքի ուսումնասիրութեամբ զբաղող փորձագէտներու, հետազօտողներու, մտաւորականներու եւ հետաքրքրուողներու, ուր շաղախուեցան նոր մտածումներ, հաստատուեցան նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք վստահ ենք պիտի ծառայեն սփիւռքագիտութեան կայացման:
Լիբանահայութենէն ետք, սուրիահայութեան եւ յառաջիկային Յորդանանի ու Իրաքի հայութեան վրայ բեւեռուող այս լուսարձակները անուղղակիօրէն կը մղեն առնչուող հայութիւնը որ պատմութիւնը, դէպքերն ու զարգացումները շրջանի համապատկերով, Միջին Արեւելքի անդրսահմանային  ելակէտերէ դիտէ եւ ընկալէ:
Ճիշդ է որ այս գիտաժողովը չէր միտեր վերլուծել Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան ներկայ տագնապը, այդուհանդերձ – սուրիահայ անցեալի վերլուծումներու լոյսին տակ յառաջացած յստակատեսութեամբ – ներկաներէն իւրաքանչիւրը անձամբ՝ բնական մղումով եւ ինքնաբերաբար, խորաչափեց սուրիահայութեան ներկան եւ կատարեց  մտորումներ՝ ապագային առնչութեամբ:
Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015ի երեկոյեան ժամը 7.30ին, գիտաժողովի առաջին օրուան չորրորդ նիստին փակումէն պահ մը ետք, տեղի ունեցաւ «Սուրիոյ Տագնապը Եւ Սուրիահայութիւնը» նիւթով կլոր սեղան: Մասնակցութեամբ Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Գերշն. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի եւ Դամասկոսի Հայոց Առաքելական Թեմի Առաջնորդ Գերշն. Արմաշ եպս. Նալպանտեանի կայացած այս հանդիպումը յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձաւ Լիբանան հաստատուած սուրիահայերու, սրտցաւ լիբանահայերու եւ պատկան պատասխանատուներու:
Զրուցավարութեամբ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, այս հանդիպումը եղաւ բացառիկ՝ իր անմիջականութեամբ, թափանցիկութեամբ, մարդկային երեսակներու եւ ապրումներու իր դրսեւորումներով, արծարծուած նիւթերու խտութեամբ, անկեղծութեամբ: Հարցադրումները եղան սուր եւ խորաչափուած, իսկ պատասխանները եկան տարիներէ ի վեր սուրիահայ կրօնական հօտերուն նախանձախնդրօրէն հոգածու եւ սրտցաւ, անոնց հետ նոյն տագնապները ապրող հոգեւոր առաջնորդներէն: Քննարկումները չանդրադարձան քաղաքական երեսակին, այլ լուսարձակի տակ առին մարդկային յարաբերութիւնները, ընկերային, առողջապահական, ապահովական տագնապները, կրթական մարզը, քանդումները, տեղափոխումները, սփիւռքահայ եւ հայրենի աջակցութիւնը, բարոյական զօրակցութիւնը: Հոգեւոր առաջնորդներուն մօտ զգալի էին հոգեկան խռովքի, նախկին փորձերէն օգտուելու, աջակցութեան, թիկունք կանգնելու, պատասխանատուութիւններու հարցերը:
Գիտաժողովի նիստերու երկրորդ օրուան աւարտէն ետք, երեկոյեան ժամը 6.30ին տեղի ունեցաւ նախկին հալէպահայ Կիրակոս Գույումճեանի գիրքերուն շնորհահանդէսը: Գույումճեան ծանօթ է վերջին տասնհինգ տարիներուն արաբական տեղական եւ միջազգային մամուլին մէջ հայկական առնչութիւններով լուրջ յօդուածներու հրատարակմամբ: Շնորհահանդէսին խօսք առին դոկտ. Պարոյր Աղպաշեան եւ «Նահար» թերթի աշխատակից Պրն. Ժոզէֆ Պասիլ: Բանախօսները լուսարձակի տակ առին Գույումճեանի մամլոյ աշխատակցութիւնը եւ շեշտեցին հայկական նիւթերու անհրաժեշտութեան՝ արաբական մամուլին մէջ եւ անոնց խաղացած դերին՝ հայ-արաբ մերձեցման եւ ժողովուրդներու փոխճանաչման առումով:
Նիստերու երրորդ եւ վերջին օրուան աւարտի երեկոյեան հայ աւետարանական «Արմիս» երգչախումբը հրամցուց «Մթնշաղէն դէպի արշալոյս» երաժշտական համերգը, մասնակցութեամբ մեձձօ սոփրանօ Աննա Մայիլեանի, խմբավարութեամբ Վեր. Ներսէս Պալապանեանի:
Գիտաժողովի ամբողջ տեւողութեան ցուցադրուած մնացին Սուրիա տպուած, Սուրիոյ եւ հայութեան վերաբերեալ եւ հայ գրականութենէն թարգմանուած շուրջ 30 գիրքեր, որոնք ճաշակ մը կու տային սուրիահայ թարգմանական ճիգին: Ցուցադրուած էին նաեւ լուսանկարիչ Վարդան Տէրունեանի Հալէպի գաղթակայանին վերաբերող 1920-1930ականներու նկարներ, ինչպէս եւ Հալէպի եւ Այնթապի հայ պղնձագործներու պղնձեայ ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ:

No comments:

Post a Comment