Ինչպէս
ծանօթ է, Ապրիլ 12ին Վատիկանի Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ Փրանկիսկոս
Պապը ցեղասպանութիւն որակեց 1915ի ջարդերը, Գրիգոր Նարեկացին
Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուեցաւ եւ Նափոլիի մէջ Խաչքար
մը զետեղուեցաւ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։
Այս աննախընթաց եւ պատմական իրադարձութեանց նախօրեակին «Նոր Յառաջ»ը Հռոմի մէջ
հանդիպում մը ունեցած է տեղւոյն «Լեւոնեան» վարժարանի տեսուչ Հայր
Գէորգ Նորատունկեանի հետ։
«ՆՅ» - Այս շաբաթը բացառիկ է Հայ
Կաթողիկէ բոլոր համայնքներուն համար։ Աշխարհի բոլոր ծայրերէն
հայութիւնը Վատիկան համախմբուած է ներկայ գտնուելու պատմական այս
արարողութեանց։ Ակնառու է բնականաբար Հայ Կաթողիկէ
ժողովրդապետներու մասնակցութիւնը։ Այս առիթը պատեհ նկատելով
կ՚ուզէինք որոշ տեղեկութիւններ ունենալ Հռոմի «Լեւոնեան»
վարժարանի գործունէութեան մասին։ Ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ
ունիք ընդհանրապէս տեղւոյն հայ համայնքին եւ մասնաւորապէս Լատին
եկեղեցւոյ հետ։
Հայր Գէորգ Նորատունկեան - 15րդ դարէն սկսեալ արձանարութիւններ կան Հռոմի մէջ հայերու ներկայութեան մասին։ Հռոմը, բայց նաեւ Երուսաղէմը մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուխտավայրը եղած է նոյնիսկ քրիստոնէացման առաջին տարիներէն սկսեալ։ Եւ ինչպէս ըսի, ասկէ հինգ հարիւր տարիներ առաջ քաղաքիս մէջ յիշատակութիւններ կան հայկական կառոյցներու հիմնադրութեան վերաբերեալ։ Իսկ 1880ական թուականներուն, Լեւոն ԺԳ. պապի ժամանակ, որ շատ կը սիրէր ու կը յարգէր արեւելեան եկեղեցիներու ծէսերը, երբ Արեւմտահայաստանի մէջ Հայ Կաթողիկէ համայնքին թեմերը ծաղկուն շրջան մը կ՚ապրէին եւ զանազան վայրերէն երիտասարդներ հոս կու գային քահանայական պատրաստութեան համար, օրուան Սրբազան Քահանայապետը նկատի ունենալով նորընծաներուն մեծ թիւը կը յղանայ անոնց համար կեդրոն մը հաստատելու գաղափարը եւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցին ու անոր շրջակայքի վանական համալիրը կը տրամադրէ Հայ կաթողիկէ համայնքին։ Այսօրուան դրութեամբ, միջին հաշուով ժառանգաւորը 5-8 տարի կը մնայ այստեղ։ Վարժարանը հիմնադրուած է 1881ին եւ այդ օրէն սկսեալ այս կեդրոնը դարձած է Հռոմէն անցնող իւրաքանչիւր հայուն տունը, առանց խտրականութեան։ Մեր վարժարանը յաճախողներուն մեծ մասը կը մասնագիտանայ եւ քահանայ կը ձեռնադրուի, սակայն որոշներ ալ կէս ձգելով իրենց ուսումը կա՛մ կը վերադառնան իրենց բնակած երկիրները, կամ ալ հոս կը հաստատուին, աշխատանք կը գտնեն եւ տեղւոյն հայ գաղութին կորիզը կը կազմեն։
Հայաստանի անկախութենէն ետք, 1990ական թուականներուն, երբ թափ առաւ մեր հայրենակիցներուն Հռոմ հոսքը, «Լեւոնեան» վարժարանը մեծ դեր ունեցաւ գաղութի կազմաւորման գործընթացին մէջ։ Ի՛նք եղաւ քաղաքիս Հայաստանի դեսպանատան բացման գլխաւոր դերակատարը եւ այսօր վարժարանն ու հիւպատոսարանը կողք-կողքի գաղութի հայելին կը հանդիսանան եւ կը պաշտպանեն հայութեան շահերը։
«ՆՅ» - Առաջին շրջանին (1880ական թուականներուն) նորընծաները մասնագիտութեան համար մեծ մասամբ Պոլիսէն հոս կու գային։ Իսկ ջարդերէն ետք ո՞ւր կը գտնուէր Կաթողիկէ համայնքին ժողովրդապետութեան կեդրոնը։ Ո՞ւր հաստատուած էր Պատրիարքարանը։
Հ.Գ.Ն. - Կաթողիկոսարանին պատմականը ընելով յայտնեմ, թէ 1700ական թուականներուն անոր կեդրոնը եղած է Զմմառ։ Աթոռը պահ մը Պոլիս փոխադրուած է եւ յետոյ կրկին վերադարձած է Զմմառ, որ աթոռանիստ քաղաք կը համարուի։
«ՆՅ» - Ինչո՞ւ յատկապէս ընտրուած է Զմմառ քաղաքը։
Հ.Գ.Ն. - Կաթողիկէ համայնքը իր դէմ գործադրուած հալածանքներուն պատճառով ապաստան գտած է մարոնիներուն քով եւ վերջիններս ալ բարի տրամադրութիւն ցուցաբերած են հայերու նկատմամբ։ Չեմ ուզեր խորանալ այս բաժնին մէջ՝ ատիկա ձգելով պատմաբաններուն եւ մասնագէտներուն։
«ՆՅ» - Ուրեմն խօսինք այսօրուան կացութեան մասին։ Որքա՞ն է նորընծաներուն թիւը։
Հ.Գ.Ն. - Լաւագոյն պարագային վարժարանը ունեցած է տարեկան 15-20 ժառանգաւորներ։ Իսկ այս վերջին տարիներուն ընդհանուր կոչումներու հարցով որոշ տագնապ մը կը դիմագրաւենք եւ դժբախտաբար վարդապետ ըլլալ ուզող երիտասարդներուն թիւը նուազած է։ Բայց միաժամանակ կ՚աւելնայ չափահաս փափաքողներուն թիւը։ Միւս կողմէ չմոռնանք, որ Հալէպը կոչումներու աղբիւր ըլլալով մեծ թիւով ուսանողներ այնտեղէն կու գային, սակայն վերջին հինգ տարիներու պատերազմական իրադարձութեանց պատճառով շրջանէն գրեթէ ո՛չ ոք վարժարան եկած է։ Ըսեմ, թէ 1980ական թուականներուն շրջանաւարտներու թիւը 15-25 էր, բայց անկէ ետք իջած է՝ 5-10ի միջեւ։ Ներկայիս միայն 5 ժառանգաւոր ունինք։ Անշուշտ արաբական գարունը մեծ հարուած մըն էր, որ ազդեց մասնաւորաբար Սուրիոյ վրայ եւ ձեւով մը ցամքեցուց կոչումներու աղբիւրը։
«ՆՅ» - Ի՞նչպիսի յարաբերութիւններ ունիք տեղւոյն գաղութին եւ ընդհանրապէս իտալահայ համայնքին հետ։
Հ.Գ.Ն. - Բարեբախտաբար ներկայիս աշխոյժ մթնոլորտ մը կը տիրէ։ Պետութեան կողմէ ճանչցուած ամենէն հին կառոյցը Իտալիոյ Հայոց Միութիւնն է, որուն կեդրոնը Միլանօ կը գտնուի։ Անկէ բացի, եկեղեցիներն են որ պաշտօնական ճանաչում ունին։ Այսպէս Վենետիկը՝ Մխիթարեաններու կեդրոնն է, Միլանոյի մէջ կը գործէ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, իսկ Հռոմի մէջ հաստատուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր «Լեւոնեան» վարժարանով։ Անշուշտ վերջին տարիներուն տարբեր վայրերու մէջ կազմուած են ա՛յլ փոքրիկ հաստատութիւններ եւս, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր տեսանկիւնը։
«ՆՅ» - Իտալահայ գաղութը ի՞նչ թիւ կը կազմէ։
Հ.Գ.Ն. - Դժուար է ընդհանուր թիւի մը մասին խօսիլը։ Յստակ վիճակագրութիւններ չունինք։ Հռոմի պարագային - մեր ունեցած հասցէներու հիման վրայ - կրնամ ըսել, թէ հոս շուրջ 250 հայ կը բնակի։ Իսկ մեր հրապարակային ձեռնարկներուն հազիւ 150 հոգի կը մասնակցի, որոնց մէկ երրորդը իտալացի բարեկամներ են։

«ՆՅ» - Հայաստանէն հոս արտագաղթողներ կա՞ն։
Հ.Գ.Ն. - Տակաւին մեծ չէ անոնց թիւը։ Անոնք Իտալիայէն կ՚անցնին բայց յետոյ ուրիշ տեղ կ՚երթան, նկատի ունենալով գաղթականներու վերաբերեալ Իտալիոյ որդեգրած խիստ քաղաքականութիւնը, ուր առկայ են գործի եւ ապրուստի դժուարութիւնները։ Բայց միւս կողմէ Իտալիա դիւանագիտական շատ սերտ կապեր ունի Հայաստանի հետ։
«ՆՅ» - Վերջին տասը տարիներու ընթացքին յիշատակութեան արժանի են Հռոմի Պապին կողմէ ձեռնարկուած կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնցմէ էր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանի զետեղման եւ հրապարակի անուանակոչումը։ Դուք ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այսպիսի մեծարում մը։
Հ.Գ.Ն. - Իտալիան կաթողիկէ հաւատամքի երկիր ըլլալով միշտ ալ յարգած է ընդհանրապէս քրիստոնեաները եւ մասնաւորաբար կաթողիկէները, որոնք իտալացիներու կողմէ ճանչցուած եւ յարգուած են։ Իտալիոյ մէջ ամէն մարդ գիտէ հայերու մասին եւ ասիկա շնորհիւ «Լեւոնեան» վարժարանին եւ Մխիթարեան Միաբանութեան։ Հոս պէտք է անպայման խօսիլ նաեւ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապի մասին, որ Լեհաստանէն գալով հոս բերաւ հայու մը հետ ունեցած իր մանկութեան բարեկամութիւնը։ Ան իր բարեկամին ընտանիքի պատմութեան ծանօթ էր, նաեւ Ցեղասպանութեան մասին լաւատեղեակ էր, եւ այդ պատճառով ալ Քահանայապետին գահակալութեան ժամանակ հայութիւնը յատուկ գուրգուրանքի արժանացաւ։
Հայաստանի քրիստոնէացման 1700ամեակին առիթով, 2001ին, Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ նորընտիր հոգեւոր տէր՝ Ներսէս-Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքը (ունէր ինքնատիպ գաղափարներ) անակնկալօրէն խնդրած է Սուրբ Աթոռէն, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանը զետեղուի Սուրբ Պետրոսի Տաճարին վերջին ազատ մնացած խցիկին մէջ։ Մեզի համար անկարելի էր որ այդ դիմումին ընթացք տրուէր։ Սակայն Պատրիարքը հետապնդեց հարցը, մինչեւ որ իրականութիւն դարձաւ այդ «երազը»։ Աւելին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանին զետեղուած հրապարակն ալ անուանակոչուեցաւ սուրբին անունով։
Նոյն ձեւով խնդրագիր ներկայացուեցաւ 100ամեակին առիթով Ապրիլ 12ին Պատարագ մատուցանելու եւ Գրիգոր Նարեկացին Կաթողիկէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակելու առընչութեամբ։ Այս վերջինիս գծով յայտնեմ, թէ խնդրանքը 30 տարի առաջ ներկայացուած է եւ Մխիթարեան Միաբանութենէն փայլուն հայագէտ Հայր Զէքիեան Գերապայծառը մեծ ներդրում ունեցած է այս գործին մէջ։
«ՆՅ» - Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս վերջին պատմական իրադարձութիւններու զուգադիպումը։
Հ.Գ.Ն. - Եթէ 100ամեակը այս տարուան չզուգադիպէր թերեւս Նարեկացիի համար աւելի երկար ժամանակ պիտի պահանջուէր…։
«ՆՅ» - Ի՞նչ պայմաններ պէտք է լրացնել Տիեզերական Վարդապետ հռչակուելու համար։
Հ.Գ.Ն. - Կաթողիկէ եկեղեցին 2000 տարուան մէջ 35 անձնաւորութիւններ ճանչցած է իբրեւ «Docteurs de l’Eglise»։ Այդ տիտղոսին առաջին պայմանը աուրբ ըլլալն է, իսկ երկրորդը՝ պէտք է այդ անձնաւորութիւնը իր կեանքին ընթացքին սրբութիւն ունեցած ըլլայ եւ իմաստասիրական, ասուածաբանական նոր ու աննախընթաց տեսութիւն մը բերած ըլլայ կաթողիկէ [տիեզերական] եկեղեցւոյ վարդապետութեան մէջ։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին այդ յատկութիւններու տէր սուրբ մըն էր՝ իր կենցաղով, ուսուցումներով, շարականներով եւ վերջապէս իր «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքով։
«ՆՅ» - Ձեզի համար ի՞նչ յատկանշական երեւոյթ կայ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի տեսութեան մէջ։
Հ.Գ.Ն. - Ասիկա աստուածաբանական լուրջ հարց մըն է որ պէտք է խորապէս ուսումնասիրուի եւ կարելի չէ հարցազրոյցի մը սահմաններուն մէջ սպառել զայն։ Այսօր արդէն Նարեկացիի վարդապետի կոչումը պէտք է դառնայ հայ մտաւորականութեան լուրջ ուսումնասիրութեան թեման։ Պէտք է քիչ մը դուրս ելլել բարեպաշտական մօտեցումներէն, որու պատճառն ալ դարերու ընթացքին մեր հաւատքին համար մեր դէմ գործադրուած հալածանքը եղած է։ Մենք պահպանողական առաքելութիւն ունեցած ենք եւ մանաւանդ վերջին հարիւրամեակին «ճակատագրի» բերումով զբաղած ենք որբանոցներ եւ դպրոցներ հաստատելու գործով…։
«ՆՅ» - Վերջին հարցում մը։ Դուք քանի՞ տարիէ ի վեր վարդապետութեան պաշտօնը կը վարէք եւ ի՞նչը ձեզի մղած է նուիրուելու այդ ասպարէզին։
Հ.Գ.Ն. - Յառաջիկայ Օգոստոս 21ին կը լրանայ իմ վարդապետութեան 20ամեակը։ Ծնած եմ Հալէպ։ Ծնողքիս հաւատքը եւ բարեպաշտութիւնը զիս մղած է ընտրելու այս առաքելութիւնը։ Մենք եկեղեցւոյ մօտիկ ընտանիք եղած ենք, իսկ եկեղեցականներն ալ մեր ընտանիքին մօտ եղած են։ Հայրս ոչ միայն Աւետարանը կը մեկնաբանէր, այլեւ օգնութեան ձեռք կ՚երկարէր դժուարութիւն ունեցողներուն։ Ես այս երեւոյթէն ալ խորապէս ազդուած եմ։
«Նոր Յառաջ», 30 Ապրիլ 2015
No comments:
Post a Comment