Մարտ
17ին,
ՀՅԴ
Արեւմտեան
Եւրոպայի
Կեդրոնական
Կոմիտէն
կազմակերպած
էր
հրապարակային
հանդիպում
մը
ՀՀ
Ազգային
Ժողովի
Արտաքին Քաղաքականութեան
յանձնախումբի
նախագահ,
ՀՅԴ
Բիւրոյի
քաղաքական
ներկայացուցիչ
Արմէն
Ռուստամեանի
հետ,
որ
կայացաւ
Ալֆորվիլի
Հայ
Մշակոյթի
Տան
մէջ։
Բանախօսութեան
ընթացքին
ներկայացուեցաւ
«ՀՅԴ
գնահատականներն
ու
առաջարկները
սահմանադրական
փոփոխութիւններու
հայեցակարգի
վերաբերեալ»
նիւթը։ Նախօրեակին, «Նոր Յառաջ» հարցազրոյց մը ունեցած է բանախօսին
հետ։
«Նոր
Յառաջ»
- Հայաստանէն
խորհրդարանական
ութ
հոգինոց
պատուիրակութիւն
մը
կանոնաւոր
կերպով
կը
մասնակցի
Եւրոպայի
Խորհուրդի
նիստերուն։
Այդ
պատուիրակութեան
կ՚անդամակցին
«Հանրապետական»
կուսակցութեան
(3 հոգի)
եւ
ընդդիմութեան
(5 հոգի)
ներկայացուցիչները։
Ընդհանրապէս
որո՞նք
են
այս
շրջանին
արծարծուած
հարցերը
այդ
նիստերու
ընթացքին։
Արմէն
Ռուստամեան
- Գիտէք,
այս
նիստերու
ընթացքին
կը
կարդացուին
եւ
կը
հաստատուին
Եւրոխորհուրդին
կողմէ
պատրաստուած
զեկոյցները՝
զանազան
երկիրներու
վերաբերեալ։
Հայաստանի
բաժինը
կ՚առնչուի
մարդկային
իրաւանց,
արդարադատութեան,
դատական
իշխանութեան,
կաշառակերութեան
դէմ
պայքարին
եւ
անշուշտ
սահմանադրական
բարեփոխումներուն։
Այս
շրջագիծին
մէջ,
Հայաստանի
վերաբերեալ
հարցեր
կան
որոնց
վերջնական
զեկոյցը
տակաւին
պատրաստ
չէ
եւ
քննարկումները
կը
շարունակուին։
«ՆՅ»
- Այդ
զեկոյցներուն
արդիւնքին
եթէ
թերութիւններ
նկատուին
իշխանութիւնները
պարտաւո՞ր
են
սրբագրել
եւ
բարեփոխումներ
կատարել,
թէ՞
ոչ։
Ա.Ռ. -
Անշուշտ,
ղեկավարութիւնը
զանոնք
գործադրելու
պարտաւորութիւն
ունի
եւ
այդ
ուղղութեամբ
պէտք
է յստակ
քայլեր
առնուին,
որովհետեւ
հակառակ
պարագային
երկիրը
կրնայ
պատիժներու
ենթարկուիլ։
«ՆՅ»
- Հայաստան
2001էն
ասդին
Եւրոպայի
Խորհուրդի
անդամ
է։
Այս
ժամանակամիջոցին
նկատառելի
փոփոխութիւններ
եղա՞ծ
են։
Ա.Ռ. -
Հարկաւ։
Կարելի
է օրինակ
բերել
ժողովրդավարութեան,
պետութեան
կառավարման
ձեւերու
դաշտը,
նաեւ
եւրոպական
չափանիշները
ներգրաւուած
են
մեր
օրէնսդրութեան
մէջ
եւ
ամրապնդուած՝
պայմանագիրներով։
«ՆՅ»
- Այդ
պարագային
ինչո՞ւ
տակաւին
հրատապ
սուր
հարցեր
կան,
որոնք
լուծում
չեն
ստացած,
ինչպէս՝
կաշառակերութեան
դէմ
պայքարը,
ոստիկանութեան
եւ
դատական
կառոյցներու
կալուածը,
եայլն։
Ա.Ռ. -
Նման
հարցեր
ո՛չ
մէկ
երկրի
մէջ
վերջնական
լուծման
յանգած
են։
Աւելի՛ն,
կատարեալ
երկիր
գոյութիւն
չունի։
Սակայն
Հայաստանի
պարագային
- տուեալ
մարզերու
մէջ
- դրական
տեղաշարժեր
նկատելի
են։
«ՆՅ»
- Քիչ
առաջ
անդրադարձաք
սահմանադրական
փոփոխութիւններուն։
Այդ
ուղղութեամբ
կարելի՞
է, որ աւելի
յստակ
տեղեկութիւններ
տաք։
Ա.Ռ. -
Սահմանադրական
փոփոխութիւններու
նպատակը՝
կառավարման
համակարգը
խորհրդարանական
համակարգի
վերածելն
է, որ
արմատապէս
փոփոխութեան
կ՚ենթարկէ
քիչ
առաջ
նշուած
խոցելի
երեւոյթները։
Այսօր
մենք
ունինք
կիսանախագահական
համակարգ,
ուր
նախագահը
շատ
մեծ
լիազօրութիւններ
ունի
եւ
ըստ
էութեան
ամէն
բան
ինք
կ՚որոշէ,
որու
արդիւնքին
Հայաստանի
մէջ
իշխանութիւնը
(ներառեալ
իշխող
կուսակցութիւնը)
եւ
պետութիւնը
նոյնացած
են՝
յանգելով
քաղաքական,
տնտեսական
մենաշնորհային
դրութեան։
Իսկ
խորհրդարանական
համակարգը
հաւաքական
ղեկավարում
կը
նշանակէ
եւ
բոլոր
հարցերը
բնականաբար
պէտք
է քննարկուին
Խորհրդարանի
միջոցով,
որ
իր
կարգին
- ի
տարբերութիւն
ներկայի
դրութեան
- որոշումներու
կայացման
գործընթացը
փոփոխութեան
կ՚ենթարկէ
եւ
այս
պարագային
նախագահը
չի
կրնար
անձնապէս
որոշել
ու
ճշդել
Հանրապետութեան
ներքին
եւ
արտաքին
քաղաքականութեան
ուղեգիծը։
Այլ
խօսքով
գործադիր
իշխանութեան
նկատմամբ
հակակշռման
հնարաւորութիւնները
կ՚ընդլայնուին։
Դատական
համակարգի
ձեւաւորման
բնոյթն
ալ
փոփոխութեան
կ՚ենթարկուի։
Անշուշտ
այս
բոլոր
փոփոխութիւնները
կրնան
խորհրդարանին
մէջ
ճգնաժամ
յառաջացնել
եթէ
մեծամասնութիւն
կամ
դաշնակցութիւն
չգոյանայ։
Բայց
նախընտրելի
է խորհրդարանային
ճգնաժամը,
ուր
իւրաքանչիւրը
կ՚արտայայտուի,
հարցերը
կը
քննարկուին
եւ
լուծումներ
կը
տրուին՝
թափանցիկ,
հրապարակային
միջոցներով։
Սահմանադրական
փոփոխութիւններով
ընդդիմութիւնը
կ՚ունենայ
վերահսկելու
կարելիութիւն
եւ
վերջինիս
ձայնը
քաղաքական
դաշտին
մէջ
լսելի
կը
դառնայ։
«ՆՅ»
- Ի՞նչն
էր
պատճառը
որ
անկախութեան
սկզբնական
օրերուն
խորհրդարանական
համակարգ
չհաստատուեցաւ։
Ա.Ռ. -
Այն
ատեն
պատճառաբանուեցաւ
թէ
մենք
պատերազմի
մէջ
ենք
եւ
նախագահական
համակարգը
աւելի
կեդրոնացուած
իշխանութիւն
կ՚ենթադրէ։
Արդիւնքը
եղաւ
այն,
որ
մենք
1995ին
ունեցանք
Սահմանադրութիւն
մը,
որ
ամբողջութեամբ
մենատիրութեան
դրութիւն
հաստատեց
երկրին
մէջ (*)։
Անշուշտ
այդ
Սահմանադրութիւնը
2005ին
որոշ
փոփոխութիւններու
ենթարկուեցաւ,
բայց
ատիկա
խորհրդարանական
համակարգ
հաստատելու
գծով
կիսաքայլ
մըն
էր,
որ
արդարեւ
որոշ
չափով
Խորհրդարանի
իրաւասութեան
սահմաններու
ընդարձակման
պատճառ
եղաւ,
սակայն
այդքանը
բաւարար
չեղաւ…։
«ՆՅ»
- Բայց
կան
մեծ
պետութիւններ, որոնք
նախագահական
կամ
կիսանախագահական
վարչաձեւով
կը
ղեկավարուին,
ինչպէս
Միացեալ
Նահանգներ,
Ռուսաստան
կամ
Ֆրանսա։
Տեղ
մը
սակայն,
այս
բոլորը
պայմանաւորուած
են
կուսակցութիւններու
գործունէութեամբ,
ըստ
ժողովրդավար
ընտրութիւններու։
Ինչ
կը
վերաբերի
Հայաստանին,
նշեալ
սահմանադրական
փոփոխութիւնները
ի՞նչ
ձեւով
պիտի
կարենան
արմատախիլ
ընել
ըսենք՝
կաշառակերութիւնը
կամ
ներկայիս
տիրող
այլ
բացասական
երեւոյթները։
Ա.Ռ. -
Նախ
յայտնեմ,
թէ
ընդհանրապէս
աշխարհի
մէջ
պետութեանց
մեծամասյնութիւնը
խորհրդարանական
համակարգով
կը
ղեկավարուի։
Նոյնինքն
Եւրոպան
հիմնուած
է խորհրդարանական
կառոյցի
վրայ
եւ
Միութեան
անդամ
երկիրներու
մեծ
մասը
այդ
համակարգը
որդեգրած
է։
Աւելցնեմ
թէ
սոյն
վարչաձեւը
շատ
արդիւնաւէտ
է մանաւա՛նդ
փոքր
երկիրներու
համար,
ուր
վարչապետին
լիազօրութիւններն
ալ
սահմանափակ
են։
Այսօրուան
դրութեամբ
նախագահը
բացարձակ
ազատութիւններ
ունի
եւ
միայն
ընտրութենէ
ընտրութիւն
հաշուետուութիւն
կը
ներկայացնէ։
Իսկ
սահմանադրական
բարեփոխումներու
պարագային
վարչապետը
հաշուետու
է Խորհրդարանին
եւ
որոշումները
կը
կայացուին
հաւաքաբար
եւ
հրապարակային
կերպով։
Վարչապետը
ոչ
թէ
կը
փոխարինէ
կառավարութիւնը
այլ
կը
ղեկավարէ
եւ
նախարարներու
հետ
կը
համադրէ
կառավարութեան
գործունէութիւնը։
Իրենց
կարգին
նախարարները
պէտք
է քաղաքականութեան
մշակման
մէջ
ինքնուրոյն
ըլլան։
Այս
բոլորը
կը
յանգի
ապակեդրոնացման՝
ներկայի
գեր-կեդրոնացման
փոխարէն։
Իսկ
ինչ
կը
վերաբերի
կաշառակերութեան
դէմ
պայքարին,
ճիշդ
է որ
շատ
կարեւոր
հարց
մըն
է։
Ատոր
համար
նախ
պէտք
է ժողովուրդին
վստահութիւնը
ապահովել
եւ
յետոյ
ալ
այդ
պայքարին
մէջ
ընդդիմութիւնը
պէտք
է յստակ
պատասխանատուութիւն
ստանձնէ
եւ
թերեւս
ալ
ինք
ղեկավարէ
պայքարը։
«ՆՅ»
- Այս
փոփոխութիւններով
արդեօք
կ՚ընդարձակուի՞ն
ընդդիմութեան
իրաւասութեան
սահմանները։
Ա.Ռ. -
Այո՛։
Բայց
նաեւ
ընդդիմութեան
աւելի
լայն
իրաւունքները
պէտք
է ամրագրուին
թէ՛
Սահմանադրութեամբ
եւ
թէ
ալ
առանձին
օրէնքով,
որպէսզի
ան
վերահսկելու
ուղղակի
կարելիութիւն
ունենայ։
Միւս
կողմէ,
ժողովրդավարութիւնը
ամրապնդելու
գծով
ալ
մենք
լուրջ
հարցեր
ունինք։
Օրինակ՝
պէտք
է ժողովուրդին
աւելի
յաճախ
կարելիութիւն
տրուի
իր
կարծիքը
արտայայտելու
հանրաքուէի
միջոցաւ։
Այլ
խօսքով
քաղաքացիական
հանրութեան
պէտք
է առիթ
տրուի
իր
խօսքը
ըսելու
եւ
այդպէսով
ազդելու
նոյնիսկ
կուսակցութիւններու
եւ
կազմակերպութիւններու
որոշումներուն
վրայ։
«ՆՅ»
- Սահմանադրութենէն
աւելի
ընտրական
օրէնքը
չէ՞
որ
պէտք
բարեփոխուի։
Ա.Ռ. -
Անշուշտ
միմիայն
կառավարման
համակարգը
փոխելը
բաւարար
պիտի
չըլլայ,
հարկ
է հիմնապէս
բարեփոխել
նաեւ
ընտրական
համակարգը։
Այսօրուան
ձեւը
որդեգրած
ըլլալով,
երկրի
իշխանութիւնները
փոփոխութեան
չեն
ենթարկուած
եւ
նոյնը
մնացած
են։
Դարձեալ
ժողովուրդին
կարելիութիւն
պէտք
է տրուի
ընտրութեան
միջոցաւ
իշխանափոխութիւն
կատարելու։
Նաեւ
պէտք
է հրաժարիլ
մեծամասնական
համակարգէն,
որ
հարիւր
տոկոսով
կ՚ապահովէ
իշխանութեան
վերընտրութիւնը,
ինչ
որ
կարելի
չէ
ժողովրդավարական
համարել։
Անհրաժեշտ
են
նաեւ
ընդդիմութեան
ղեկավարութեամբ
ստեղծել
յատուկ
կառոյցներ,
որպէսզի
կարելի
ըլլայ
ընտրութեան
ընթացքին
ի յայտ
եկած
կեղծիքները
արձանագրել
եւ
անհրաժեշտ
պարագային
հիմնական
փաստերով՝
զանոնք
վերանայելու
յաջորդ
քայլերուն
դիմել։
Ըսեմ,
թէ
դժբախտաբար
Հայաստանի
մէջ
գոյութիւն
ունի
բազմակի
քուէարկութիւններու
երեւոյթը,
որ
միշտ
ալ
դժգոհութիւն
պատճառած
է։
Այս
գծով
ալ
մենք
առաջարկներ
ներկայացուցած
ենք,
որպէսզի
նախ
իւրաքանչիւր
անձ
մէկ
անգամ
քուէարկէ
եւ
յետոյ
ալ
ո՛չ
մէկը
կարելիութիւն
ունենայ
երկրէն
դուրս
գտնուող
բացականերու
փոխարէն
քուէարկելու։
Մեր
կարծիքով Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը
պէտք
է անկախ
ըլլայ
եւ
գործադիր
իշխանութեան
ազդեցութեան
տակ
չըլլայ։
Ամփոփելու
համար
ըսեմ,
թէ
խորհրդարանական
համակարգով
այլեւս
գերագոյն
իշխող
պիտի
չունենանք
եւ
սկիզբէն
ալ
մենք
կը
պնդէինք
այդ
հարցին
վրայ։
Այլ
խօսքով
եթէ
նոյնիսկ
այժմու
նախագահը
սահմանադրական
փոփոխութիւններէն
ետք
մնայ
իշխանութեան
գլուխը,
միեւնոյնն
է՝ կ՚ունենայ
աւելի
նուազ
իրաւունքներ։
Ի վերջոյ
համակարգը
կայուն
կը
մնայ,
իսկ
իշխանութիւնները
փոփոխական
են։
«ՆՅ»
- Օլիկարխիկ
համակարգ
կը
նշանակէ՝
պետական
մարդոց
վաճառականութեամբ
զբաղիլը։
Նոր
սահմանադրական
կարգը
ո՞րքանով
պիտի
կարենայ
արգելք
հանդիսանալ
պիզնէսի
ու
պետականի
մեղսակից
գործակցութեան։
Ա.Ռ. -
Ընդհանրապէս
սահմանադրութիւնները
կ՚արգիլեն
նման
երեւոյթներ,
սակայն
ատոր
համար
հարկաւոր
են
յատուկ
կառոյցներ,
ինչ
որ
կը
բացակայի
Հայաստանի
մէջ։
Այսօրուան
Սահմանադրութեան
մէջ
ալ
արգիլուած
է, որ
ընտրուած
երեսփոխանը
իր
անձնական
գործառնութիւնը
եւ
խորհրդարանական
աշխատանքը
համատեղէ։
Նոյնն
ալ
կարելի
է ըսել
նախարարի
կամ
պետական
այլ
պաշտօնեայի
պարագային։
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը
կ՚առաջարկէ
ամրագրել
համապատասխան
կառոյցներ,
որպէսզի
նման
կացութիւններ
չստեղծուին։
Օրինակի
համար
բարոյական
հարցեր
քննող
յանձնաժողովի
կազմին
մէջ
պէտք
է ընդգրկուին
քաղաքացիական
հանրութեան
եւ
ընդդիմութեան
ներկայացուցիչները,
որպէսզի
արդար
որոշումներ
կայացուին
եւ
կարելի
ըլլայ
մատնանշել
իշխանութեան
թերութիւնները։
Այլ
խօսքով
պէտք
չէ,
որ
Սահմանադրութեան
յօդուածները
մնան
թուղթի
վրայ
եւ
անհրաժեշտ
է, որ
օրէնքներու
գործադրութեան
համար
դաշտ
ստեղծուի։
Ահաւասիկ
սահմանադրական
բարեփոխումներու
հիմնական
հարցերէն
մէկը։
«ՆՅ» - Ձեր կարծիքով հանրաքուէի միջոցաւ կատարուելիք փոփոխութիւնները կրնա՞ն մեղմացնել ժողովուրդին մօտ իշխանութեան նկատմամբ ժխտական կեցուածքը։
Ա.Ռ. -
Կ՚ենթադրեմ
թէ
ժողովուրդը
իր
աչքով
տեսածին
կը
հաւատայ։
Մենք
պէտք
է այս
գծով
լուսաբանութիւններ
կատարենք
ժողովուրդին,
բայց
նաեւ
երկրի
ընտրեալներուն,
որպէսզի
վերջիններս
անդրադառնան
որ
իրենք
պէտք
է քարոզեն
եւ
տեղեկութիւններ
փոխանցեն
ժողովուրդին,
անշուշտ
հիմնաւորելով
իրենց
ըսելիքը։
Միւս
կողմէ
մարդիկ
պէտք
է կեանքի
փորձով
նկատեն
այդ
բարեփոխումներու
դրական
արդիւնքները,
որմէ
ետք
վստահաբար
կը
վերականգնի
իշխանութիւններու
եւ
քաղաքական
ուժերու
նկատմամբ
հաւատքը։
«ՆՅ»
- Ի՞նչն
է պատճառը
որ
«Հանրապետական»
կուսակցութիւնը
կը
մղէ
ընդառաջելու
սահմանադրական
փոփոխութիւններուն
եւ
ընդունելու
նման
զիջումներ,
նկատի
ունենալով,
որ
ան
այսօր
ունի
բացարձակ
իշխանութիւն։
Ո՞ր
քաղաքական
կուսակցութիւնը
պիտի
ուզէր
ձեւով
մը
ինքզինք
անդամահատել։
Ա.Ռ. -
Երկու
պատճառ
կարելի
է թուել։
Նախ
այն,
որ
այսօրուան
ընթացքով
իշխող
կուսակցութիւնը
կրնայ
ամէն
բան
կորսնցնել
եթէ
զիջումներ
չընէ
եւ
երկրորդը
արդէն
կապուած
է մեր
անցած
ուղիին։
Մենք
ունեցած
ենք
երեք
նախագահներ,
որոնցմէ
անոնք
որոնք
այլեւս
իշխանութեան
գլուխ
չեն
գտնուիր
դժգոհ
են
գործող
նախագահէն
կամ
նախորդ
երկուքը
զիրար
կը
քննադատեն։
Եւ
ոչ
մէկ
երաշխիք
կայ,
որ
երրորդն
ալ
դժգոհ
չըլլայ
չորրորդէն,
որովհետեւ
ընդհանուր
առմամբ
իշխանութիւնը
կը
գայթակղէ
մարդ
արարածը,
որ
երբ
ինք
համակարգէն
դուրս
կը
գտնուի
կը
քննադատէ,
բայց
երբ
ներսն
է՝
գոհ
ու
երջանիկ
է։
Սակայն
ստեղծուած
ներկայի
կացութիւնը
բոլորիս
համար
վտանգաւոր
է եւ
կ՚ենթադրեմ
թէ
ամէն
մարդ
սկսած
է գիտակցիլ
թէ
անհրաժեշտ
է ստեղծել
պաշտպանուած
համակարգ
մը,
որ
կը
համապատասխանէ
նաեւ
իշխանութեան
շահերուն
եւ
կ՚երաշխաւորէ
իրական
հեռանկարներ։
Այսպէսով
պարզ
քաղաքացին
ալ
ինքզինք
աւելի
պաշտպանուած
կը
զգայ։
«ՆՅ»
- Ինչ
կը
վերաբերի
ներկայի
քաղաքական,
ռազմավարական
եւ
ուժային
վտանգաւոր
զարգացումներուն,
որո՞նք
են
Հայաստանի
համար
կարեւոր
նկատուող
տնտեսական
աճի
հեռանկարները՝
սահմանադրական
բարեփոխումներու
լոյսին
տակ։
Ա.Ռ. -
Մենք
պէտք
է կարենանք
հաւասարակշռուած
իշխանութիւն
ունենալով
ստեղծել
նպաստաւոր
քաղաքական
միջավայր,
որովհետեւ
ի վերջոյ
քաղաքականութիւնն
է հիմքը
տնտեսական,
ընկերային,
բարոյական
իրավիճակին։
Իսկ
սահմանադրական
փոփոխութիւնները
անպայման
կը
բարելաւեն
ժողովուրդին
առօրեայ
կեանքին
պայմանները։
Եթէ
իրապէս
Հանրապետութեան
մէջ
հաստատուի
արդար
համակարգ,
այն
ատեն
տնտեսութիւնը
կը
զարգանայ
եւ
ներդումներու
մեծ
կարելիութիւններ
կը
ստեղծուին,
կը
վերականգնի
ժողովուրդի
վստահութիւնը
եւ
ամենէն
կարեւորը՝
արտագաղթին
առաջքը
կ՚առնուի
եւ
երկրէն
հեռացածները
հայրենիք
կը
վերադառնան։
«Նոր Յառաջ», 21 Մարտ 2015
----------------------------------------
----------------------------------------
(*) Ենթադրելով, որ 1995ի Սահմանադրութիւնը մենատիրութիւն հաստատած է երկրին մէջ, որովհետեւ նախագահական դրութիւն հաստատած է, պէտք է հարց տալ, թէ ի՞նչ երաշխիք կայ, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգը աւելի ժողովրդավարական պիտի ըլլայ։ Արդեօք կարելի՞ է ենթադրել, որ ՀՀԿի բացարձակ մեծամասնութեան պայմաններու մէջ, աւելի ժողովրդավարական ու թափանցիկ համակարգ մը պիտի հաստատուի, ուր փոքրամասնութեան ձայնը յարգուի։ Արդեօք 1919-1920ի Հայաստանի կառավարութիւնը աւելի ժողովրդավարակա՞ն էր, երբ Խորհրդարանին կազմը 90 առ հարիւրով մէկ կուսակցութեան կը պատկանէր («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment