Ժ. Չ.
Ֆաթիհ Աքընի «Վէրքը» 100րդ տարելիցի նշանակալի երեւոյթներէն է։ Ո՛չ իր բովանդակութեան, ո՛չ գեղարուեստական որակին, ո՛չ ալ կատարողականին համար։ Այլ՝ որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով թուրք բեմադիր մը յանձն առած է Ցեղասպանութեան առնչուող շարժանկար մը պատրաստել։ Հայեր փորձած են, եւրոպացիներ ու ամերիկացիներ փորձած են։ Վերջապէս թուրք մըն ալ կը յանդգնի հարիւր տարի ետք։
«Վէրքը» անցնող տասնամեակին նմանատիպ միջազգային խաղարկային շարժանկարներու շարքին ամենէն ձախողը կը հանդիսանայ։ Չունի Ատոմ Եղոյեանի «Արարատ»ի այժմէականի տարողութիւնը, ոչ ալ սփիւռքահայ նոր սերունդի ինքնութենական որոնումի տագնապը։ Չունի Թավիանի եղբայրներու պատմական անցքերու, յատկապէս՝ վարագոյրի ետին՝ թրքական ազգայնական խմբաւորումներու դաւադրութեան ներկայացումը եւ ոչ ալ հոգեկան փլուզումէն ֆիզիքական քայքայումի աստիճանական անկումի նկարագրականը։ Ֆաթիհ Աքընի գործը զուրկ է պատմական, գաղափարական, բարոյական դիտաւորութենէ։ Շարժանկարին շարժիչ ուժը տարագրութեան մէջ կորսուած հարազատներու որոնումն է, ծնողական սիրոյ ազնիւ զգացում մը, որ սակայն մինչեւ շարժանկարի աւարտը՝ հանդիսատեսին մեծագոյն յուսախաբութիւնը կը դառնայ, աննպատակ կերպով երկարաձգուելով… երկարաձգուելով…։
Շարժագրութիւնը հետեւեալն է. 1915ին, դարբին մը որ կ՚աքսորուի Մարտինի իր համաքաղաքացիներուն հետ, ականատես կ՚ըլլայ տարագրուող հայերու կարաւաններու, թալանի, բռնաբարումի։ Կը լսէ, որ իր ընտանիքն ալ նոյն ճակատագրին ենթարկուած է։ Կը մերժէ մահմետական դառնալ։ Բախտով կը փրկուի սպանդէ, սակայն խօսելու կարողութիւնը կը կորսնցնէ։ Պատահմամբ կը լսէ, որ իր ընտանիքը դեռ կ՚ապրի, մանաւա՛նդ երկու աղջիկները, որոնց որոնումին կ՚ելլէ, մինչեւ Գուպա, յետոյ Ամերիկա... Վերջապէս Լուսինէն կը գտնէ... մինչեւ հոն հասնի, մարդ կը սպաննէ, գողութիւն կ՚ընէ... Ուշադրութեան արժանի երեւոյթ է, հալածանքներէն ետք, գլխաւոր դերակատարին՝ Մանուկեանի խօսելու կարողութեան կորուստը, որ դերակատարին հանդէպ համակրանքի զգացում մը կը յառաջացնէ, զգացում մը, զոր անբացատրելի պատճառով հեղինակը կը քանդէ, հերոսին քմահաճ վայրագ արարքներ գործադրել տալով։
Ջարդ, տարագրութիւն, գերութիւն, տաժանակիր աշխատանք, բռնաբարումներ, փախուստ՝ շարժանկարի առաջին 40 վայրկեանը կը գրաւեն 2 ժամ 18 վայրկեան տեւողութեան վրայ։ Անկէ ետք, մնացեալ բաժինը Մանուկեան-հօր թափառումներն են իր երկուորեակ դուստրերը գտնելու նպատակով։ Էլիա Քազանի «Ամերիկա՜, Ամերիկա՜»-ի նմանողութեամբ, կապկումով, առանց անոր խորքը, պատմական ու կենցաղային, դիպուկ դէպքերը արծարծելու. պատումը կը մնայ մակերեսային։ Երբ աւարտին կը հասնի՝ հայրը կը վերագտնէ երկուորեակ դուստրերէն մին Միացեալ Նահանգներու կորսուած մէկ անկիւնը, Ռուսօ կոչեցեալ վայրի մը մէջ (այս անունն ալ արդեօք պատահակա՞ն է)։
Շարժանկարին սկիզբը տեղ գտած՝ տեղահանութեան, ջարդի տեսարանները անգութ են։ Բնական է։ Այդ հանգրուանը անցնելէն ետք իսկ շարժանկարը կը մնայ անգութ։ Հերոսը՝ Մանուկեան, ամէն տեսակ վայրագութեան, գողութեան, սպանութեան կը դիմէ հասնելու համար իր նպատակին՝ վերագտնել իր դուստրերը։ Հեղինակը շատ խորամանկօրէն թրքական պետական սպանդին դիմաց կը բեմադրէ անհատական սպանութեան ու վայրագութեան պարագաներ, եւ ուրեմն, պարզեցուած ձեւով Ֆաթիհ Աքըն կ՚ըսէ՝ մաքուր մարդ, մաքուր ժողովուրդ չկայ, ինչպէս թուրքը, այնպէս ալ հայը կրնայ ամէն տեսակի չարագործութեան դիմել, երբ անհրաժեշտ ըլլայ։ Բոլոր մարդիկ, ըլլան թուրք թէ հայ, արաբ, քիւրտ, բոլո՛րն ալ երբ պէտք ըլլայ մարդասպան կ՚ըլլան։ Ցեղասպանութեան պետական հաւաքական կանխամտածուած քայլը կը յարաբերակցուի անհատական արկածախնդրութեան։ Շարժանկարային թարգմանութիւնը թրքական պետական քարոզչական բանաձեւումին՝ «Բոլորս ալ տառապած ենք, կը բաժնենք ձեր ցաւը»։
«Նոր Յառաջ», Փետրուար 7, 2015
No comments:
Post a Comment