14.2.15

Որո՞ւն հաշիւ կու տայ Կաթողիկոսը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
 
1915, 100-ամեակ, սրբադասումի «դպրոցական» հանդէս եւ իւր սարօքն գրեթէ անտեսումի հող մը թերեւս պատրաստեն դրամատան մը զուիցերական մասնաճիւղին մէջ «ննջող» կաթողիկոսական հաշիւներուն համար։
Ողջ աշխարհը, գոնէ այն հատուածը, որուն հետ ուղղակի կ՚առնչուի նիւթը, իրարանցումի մէջ է, հաշիւ պահանջելու, լուսաբանութիւններ ուզելու, քննարկելու գաղտնի հաշիւներ ունեցող անձերուն գործունէութիւնը։ Իսկ մե՞նք։ Հանրային մեծագոյն կառոյցներէն մէկուն գլուխը հանդիսացող անձը, կաթողիկոսը, կ՚երեւի մութ աշխարհի մը պատկանող անձերու կարգին։ Շատեր լուռ են, քանի որ «բնական» է, «տարօրինակ» չէ որ կաթողիկոս մը ծածուկ, գաղտնի գումարներ ունենայ զուիցերական դրամատուներուն մէջ, իր անունով։ Ինչպէ՞ս կարելի է բնական համարել այս երեւոյթը, երբ գաղտնի հաշիւի տէր միակ հոգեւոր առաջնորդը Առաքելական Եկեղեցւոյ կաթողիկոսն է։ Այսինքն «բնակա՞ն» պիտի ըլլար եթէ հոն ըլլային նաեւ Հռոմի պապը, Վիեննայի մետրոպոլիտը, Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը, յունաց տիեզերական պատրիարքը կամ Իսթանպուլի միւֆթին․․․
Մինչ Պոլսոյ ամենայետին թաղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն իսկ եկեղեցւոյ անունով կ՚արձանագրէ հաշիւները եւ գանձումները կը կատարէ քանի մը հոգիներու համատեղ ստորագրութեամբ, աւելի քան 1700-ամեայ անցեալի տէր Եկեղեցին անկարո՞ղ է իր անունով արձանագրելու հաշիւները, իրաւական անձի կարգավիճակ չունի՞ միթէ այս հաստատութիւնը։
Մայր Աթոռին բանբերը յայտարարած է, թէ «տարօրինակ ու զարհուրելի» երեւոյթ մը չկայ այստեղ։ Տարօրինակն ու զարհուրելին բանբերին, ու վստահաբար շատերուն, այս երեւոյթը բնականոն համարելն է, այս անտարբերութիւնն է, զեղծումներու դուռ բացող այս գաղտնիութեան ջատագովումն է։
Այս բոլոր զարգացումներու ժամանակ տեղեակ դարձանք նաեւ, որ Հայաստանի մէջ Առաքելական եկեղեցին զերծ է տուրքերէ, իսկ կաթողիկոսը՝ «անձեռնմխելի է հարկումէ»։ Հարց կը յառաջանայ․ արդեօք Հայաստանի մէջ նման առանձնաշնորհումներ կը վայելե՞ն նաեւ կրօնական այլ կազմակերպութիւններ։ Հայաստանի նման աղքատիկ երկրի մը համար շատ չէ՞ այսքան կառոյց զերծ կացուցանել հարկային վճարումներէ։
Հարցերը կը շարունակուին։
Հարկային օրինաւոր առանձնաշնորհումներէ օգտուող եկեղեցին արդեօք պետական ո՞ր մարմնին կողմէ կը վերահսկուի Հայաստանի մէջ։
Հասարակական կառոյց մը հանդիսացող Առաքելական Եկեղեցին ու իր առաջնորդը արդեօք հաշիւ կու տա՞ն, իրենց եկամուտներուն ու ծախսերուն մասին հրապարակային յայտարարութիւններ կը կատարե՞ն։ Գիտե՞նք արդեօք թէ ի՛նչ ունեցուածքի տէր էր անցեալին ու տէր է այժմ կաթողիկոսն ու իր ընտանիքը, գահակալութենէն առաջ եւ հիմա։
Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հասարակութեան զգալի մէկ հատուածը եկեղեցւոյ հանդէպ, կաթողիկոսին հանդէպ իր վստահութիւնը զգալիօրէն կորսնցուցած է եւ պատճառը նման, թերեւս օրինական, բայց գաղտնի հաշիւներուն, ո՛չ միայն դրամական, մերթ ընդ մերթ ի յայտ գալն է նաեւ։ Դեռ թարմ է բոլորի յիշողութեան մէջ արքեպիսկոպոսի մը «օֆշորային» հաշիւներուն գաղտնազերծուիլը։ Թերեւս այդ մէ՞կն ալ «տարօրինակ ու զարհուրելի» չէր։
Ժամանակն է որ եկեղեցին ու կաթողիկոսներն ալ դառնան հաշուետու, նիւթապէս վերահսկելի, հարկերէ չխուսափող, ենթակայ օրէնքներու, առանց բացառութեան, առանց առանձնաշնորհումներու, առանց անձեռնմխելիութեան։

«Առօրեայ անկիւններ» (www.narekian.com), Փետրուար 10, 2015

No comments:

Post a Comment