Քանի մը օր առաջ, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է Ռաֆիկ Մարութեանը՝ Գալիֆորնիոյ մէջ: Անոր անունը բոլորին ծանօթ
չէ, սակայն անոր ստեղծած համակարգչային KDWIN ծրագիրը հանրաճանաչ է եւ 1995էն կը գործածուի Windows համակարգին մէջ՝ հայերէն տառատեսակներով գրելու համար։ Unicodeի ստեղծումը վերջին տարիներուն Միայն վերջին տարիներուն սկսած է փոխարինուիլ Unicodeի տառատեսակներով։
Մարութեանի հետաքրքրութիւններուն ոլորտը շատ
ընդարձակ էր՝ տեղեկատուական տեսութիւն, համակարգերու ծրագրաւորում,
վիճակագրութիւն, ստեղնաշարային տրայվըրներ, ելեկտրոնային բառարաններ,
համակարգչային ծրագրաւորում եւ այլն: Ընկերութիւններէն մէկուն մէջ
աշխատանքի սկսելու առիթով անոր տուած երաշխաւորագրին մէջ գրուած էր. «Ան
գերարագ ծրագրաւորող է: Ան կրնայ շատ աւելի արագ ծրագրաւորել, քան դուք կը
մտածէք»:
Ռ. Մարութեան Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի
հիմնադիրներէն էր։ Ան հայաստանեան Synopsys ընկերութեան հիմնական
մասնագէտներէն էր: Մինչ այդ HPL ընկերութեան ծրագրային
ճարտարագիտութեան տնօրէններէն էր։ 2000ին Ռաֆիկ Մարութեան մնայուն
բնակութեան համար հաստատուած էր Միացեալ Նահանգներ, ուր ապրած եւ
աշխատած է մինչեւ իր կեանքին վերջը։
«Ասպարէզ», Դեկտեմբեր 31, 2014
No comments:
Post a Comment