31.12.14

100ամեակի նախօրեակին յստակացումներու կարօտ հարցեր

Ժ. Չ.
 
«Նոր Յառաջ»ի Դեկ­տեմբեր 30ի թի­ւը 2014ի վեր­ջինն է, 2015ի՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րելի­ցի շեմին։
Ար­դէն, երեք տա­րի է կը խօ­սուի 2015ի նա­խապատ­րաստու­թեան մա­սին։ Մօ­տաւոր պատկե­րացում մը ու­նինք թէ ինչ պի­տի ըլ­լան ոգե­կոչու­մի ձեռնարկնե­րը, պատ­րաստուած Հա­յաս­տա­նի 100րդ տա­րելի­ցի պե­տական յանձնա­խումբին կող­մէ եւ յստակ են նաեւ Ֆրան­սա­յի յանձնա­խումբին յայ­տագրին հիմ­նա­կան գի­ծերը։ Այն ինչ անյստակ է, չը­սելու հա­մար՝ խառ­նաշփոթ, թէ ին­չու այս եր­կու յանձնա­խումբերը իրար­մէ ան­կապ կը գոր­ծեն եւ եր­բեմն ալ իրա­րու դէմ, ու պատ­րո­ւակ կը գտնեն՝ Թուրքիան։
Ան­ցեալ Հինգշաբ­թի, Դեկ­տեմբեր 25ին, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմնարկի տնօ­րէն եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րելի­ցի յանձնա­խումբի ընդհանուր քար­տուղար Հայկ Դեմոյեան կը յայ­տա­րարէր հա­յաս­տա­նեան մա­մու­լին մէջ, թէ՝ «Թուրքա­կան կող­մը մշա­կել է մեր կող­մից իրա­կանա­ցուող մի­ջոցա­ռումնե­րի եւ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րի հնա­րաւոր ազդեցութիւնը չէ­զոքաց­նե­լու յստակ ռազ­մա­վարու­թիւն։ Այդ փոր­ձե­րը ձեռ­նարկւում են երկու ուղղու­թեամբ՝ ներ­թա­փան­ցում սփիւռքա­հայ կա­ռոյցներ, ինչպէս նաեւ աշ­խարհի տար­բեր երկրնե­րում թուրքա­կան կող­մից «պա­տաս­խան» խորհրդա­ժողով­նե­րի, … Երկրորդ ուղղու­թիւնը ինչպէս Հա­յաս­տա­նի, այնպէս էլ Սփիւռքի գի­տական շրջանակներում ներ­քին պա­ռակ­տումներ ստեղ­ծե­լու փոր­ձերն են»։
Շա­րու­նա­կելով իր խօս­քը, խա­փանա­րարու­թեան նման օրի­նակ կը բե­րէր Փա­րիզի մէջ երկու ամիս առաջ՝ Հոկ­տեմբեր 24ին, Բա­րեգոր­ծա­կանի «Ալեք Մա­նու­կեան» սրա­հին մէջ ՀԲԸՄ-ի եւ Նի­սէն SOS Arménie-ի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած՝ Ճէ­մալ փա­շայի թո­ռան՝ Հա­սան Ճէ­մալի «Ազ­գայնա­մոլու­թե­նէն դէ­պի խա­ղաղու­թեան ճամ­բուն վրայ. երեք հար­ցում» վերնա­գիրը կրող դա­սախօ­սու­թիւնը, երբ նոյն երե­կոյեան, նոյն ժա­մուն, ին­քը՝ Հայկ Դեմոյեան, դա­սախօ­սու­թիւն մը կ՚ու­նե­նար Փա­րիզի «Եան՚ց» ակումբին մէջ, Ցեղասպանութեան թան­գա­րանի ցու­ցանմոյշնե­րու ցու­ցադրու­թեամբ։
Նկա­տի առ­նե­լով ամ­բաստա­նու­թեան ծան­րակշռու­թիւնը, իս­կա­պէս հարց է, թէ զուգադիպու­թի՞ւն էր այս եր­կու նա­խաձեռ­նութիւննե­րու նոյն օրը կազ­մա­կեր­պումը, թէ՞ դի­տաւո­րեալ բնոյթ ու­նէր։ Մա­նաւանդ պէտք չէ մոռ­նալ որ Բա­րեգոր­ծա­կանի բե­մէն ծրագրո­ւածին գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պի­չը՝ Ալեք­սի Կէօվ­ճեան միաժա­մանակ Ֆրան­սա­յի 100ամեակի նա­խաձեռ­նութիւննե­րու յանձնա­խումբին նա­խագահն է։ Ու­րեմն, չէր կրնար ան­տե­ղեակ ըլ­լալ Հայկ Դե­մոյեանի տա­լիք դա­սախօ­սու­թե­նէն։ Տեղ մը լուրջ անհասկացողու­թեան կամ ան­կազմա­կեր­պութեան եւ կամ հա­կառա­կու­թեան հարց մը կայ։ Իսկ պա­րոն Դե­մոյեան շատ աւե­լի հե­ռուն եր­թա­լով «խա­փանա­րարա­կան արարք» կ՚որա­կէ դէպ­քը, թէեւ առանց անո­ւանե­լու հե­ղինա­կը կամ հե­ղինակ­նե­րը։
Այս առ­թիւ, Դե­մոյեան յայ­տա­րարած է նաեւ՝ «Թող ինձ հա­մարեն ռա­սիստ, թող որ դա յարիր չէ գիտ­նա­կանին, սա­կայն ես, ինչպէս Հա­յաս­տա­նի, այնպէս էլ Սփիւռքի մեր հայրենակից­նե­րին կոչ եմ անում տե­ղի չտալ թուրքա­կան կող­մի սադ­րանքնե­րին, լի­նել չափազանց զգօն, քա­նի որ թուրքա­կան կող­մի կազ­մա­կեր­պած 10 մի­ջոցա­ռումնե­րից 9ին խառն են նրանց յա­տուկ ծա­ռայու­թիւննե­րը»։
Ֆրան­սա­հայ համայնքին մօտ ընդ­հան­րա­պէս տե­ղեկատ­ուութեան մշա­կոյ­թի բա­ցար­ձակ պա­կասու­թիւն կայ, յատ­կա­պէս հա­յաս­տա­նեան ձեռնարկնե­րու կա­պակ­ցութեամբ։ Որ­քան ալ տե­ղական լրա­տու ­միջոց­նե­րը ցան­կան ու ջա­նան տե­ղեկաց­նել եւ առա­ջին հեր­թին՝ «Նոր Յա­ռաջ», որ ըլ­լա­լով միակ տպա­գիր լրա­տու ­միջոցը, իր եր­կօ­րեայ յաճախականութեամբ լայն տեղ կը յատ­կացնէ Ֆրան­սա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­նալիք ձեռնարկնե­րուն, եթէ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը չհա­ղոր­դեն իրենց կազ­մա­կեր­պած ձեռնարկնե­րուն ժա­մանա­կացոյ­ցը եւ բո­վան­դա­կու­թիւնը լրա­տու ­միջոց­նե­րուն եւ ապաւինին միայն իրենք իրենց ներ­քին կա­պերուն ու ան­դամնե­րուն ցան­ցին, բնա­կան է, որ հա­նրու­թեան մէկ մասը ան­տե­ղեակ ու ան­հա­ղորդ մնայ կարգ մը ձեռնարկներէ։ Եւ աւե­լին՝ կա­րելի չ՚ըլ­լար լուրջ ու ծան­րակշիռ հար­ցեր հան­րա­յին կեր­պով քննար­կել։
Սա­կայն, այ­սուհան­դերձ, պէտք չէ հար­ցե­րը ծուռ դնել, այ­սինքն՝ այս պա­րագա­յին Թուրքիոյ գաղտնի սպա­սար­կութեան մա­տը տես­նել այնտեղ ուր զուտ հայ­կա­կան կող­մի կազ­մա­կերպչա­կան թե­րացումը կայ։ Ալեք­սի Կէօվ­ճեան ոչ մէկ պատ­ճառ ու­նէր նոյն օրը հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին եր­կու ձեռնարկներ կազ­մա­կեր­պե­լու, երբ եր­կուքին ալ գլխա­ւոր ու հա­ւանա­կան կազ­մա­կեր­պի­չը ին­քը պէտք է ըլ­լար, բա­ցի եթէ զինք շրջանցելով վեր­ջին վայրկեանին ձեռնարկ մը կազ­մա­կեր­պո­ւէր հա­յաս­տա­նեան այլ խողովակ­նե­րով։
Այ­լա­պէս Հա­սան Ճէմալի դա­սախօ­սու­թիւնը ինքնին դա­տապար­տե­լի ոչինչ ու­նէր։ Հետաքրքրա­կան էր եւ կա­րեւոր հար­ցադրումնե­րու դուռ բա­ցած էր։ Թրքա­կան կող­մի մտա­ւորա­կան դա­սի երանգնե­րու ըն­կալման առու­մով յստա­կացու­ցած է, թէ ինչպէս Հասան Ճէ­մալի եւ այդ դա­սուն պատ­կա­նող­նե­րուն հա­մար, «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան» ճայնաչու­մը կանգ կ՚առ­նէ հայ­կա­կան կող­մին «ցաւը հասկնա­լու» սահմանին, սա­կայն ներողու­թիւն խնդրե­լու, ոճի­րը քա­ւելու, իրա­ւակա­նօրէն հա­տու­ցանե­լու սահ­մա­նը չի հասնիր։
Իսկ եթէ պա­րոն Դե­մոյեանի խօս­քը կը վե­րաբե­րի Նի­սէն SOS Arménie-ի պատասխանատո­ւներուն՝ Սամ­սոն Էօզա­րարա­տին, որու միջ­նորդու­թեամբ կազմակերպո­ւած էր Հա­սան Ճէմալի Փա­րիզի դա­սա­խօ­սու­թիւնը, եւ Գրի­գոր Աժտէրխանեանին, որ թարգմա­նիչի դեր կա­տարած է… այստեղ խնդի­րը հիմ­նա­կան եր­կու երես ու­նի։ Առա­ջին՝ պա­րոն Էօզա­րարատ Հա­յաս­տա­նի պե­տական մար­դոց ու գաղտնի սպա­սար­կութեանց անծա­նօթ մը չէ։ Թուրքիա-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մշակումին մէջ առանցքա­յին դեր կա­տարած է։ Ան­ցեալին Հա­յաս­տա­նի Հանրապետութեան առա­ջին նա­խագահ՝ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեանի եւ Թուրքիոյ Գորշ Գայլե­րու նա­խագահ Ալփարսլան Թիւրքէ­շի մի­ջեւ հան­դի­պում կազ­մա­կեր­պած է։ Ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի դիւանա­գիտա­կան ան­ցա­գիր։ Երկրորդ երե­սը, որ ամե­նէն խնդրա­յարոյցն է՝ կը վե­րաբե­րի յատ­կա­պէս Գրի­գոր Աժ­տէրխա­նեանին՝ Նի­սի եկե­ղեցա­կան պա­ռակ­տումին մէջ ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թեան։ Ան եղած է Նի­սի նախ­կին ծու­խի թունդ պաշ­տպան­նե­րէն, որ Էջ­միած­նի կող­մէ դուրս դրո­ւեցաւ Հա­յաս­տա­նեայց Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ ըն­տա­նիքէն։ Եւ տակաւին հա­կառա­կու­թիւններն ու թշնա­մական վե­րաբե­րումնե­րը կը շա­րու­նա­կուին, ինչպէս՝ նախ­կին ծու­խի դա­տական հե­տապնդու­մը Նի­սի հո­գեւոր հո­վիւին դէմ…
Եւ նկա­տի առ­նե­լով այս հան­գա­մանքնե­րը, բնա­կանա­բար Բա­րեգոր­ծա­կանի կող­մէ այս ձեւաչա­փով, այս դա­սախօ­սու­թեան կազ­մա­կեր­պումը հար­ցադրե­լի է՝ ին­չո՞ւ եւ ինչպէ՞ս գոր­ծակցիլ անձե­րու հետ որոնք կը զօ­րակ­ցին Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ պառակտումին։

«Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 30, 2014

No comments:

Post a Comment