25.1.15

Խափանարարութեան վարկածը Գիւմրիի քրէական գործին մէջ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու կացինահարումով շահագրգռուած ամէնէն հաւանական ուժը տարածաշրջանին մէջ Ալիեւն է՝ իր կողքին ունենալով, առաջին հերթին, Թուրքիոյ հետախուզական մեքենան: Պէտք է ենթադրել, որ Գիւմրիի քրէական գործին հարցաքննութիւնները մեծ թափով առաջ կը տարուին այս կէտին վրայ թէ՛ ռուսական եւ թէ հայկական հետաքննիչ մարմիններուն կողմէ: Եւ առայժմ ոչինչ յայտնի է ոճիրի դրդապատճառներուն (motive) մասին: Աւելի ճիշդ, այն քիչն իսկ (որպէս դրդապատճառ), որուն մասին կը խօսուի հրապարակաւ, շատ հեռու է համոզիչ ըլլալէ: Յստակ եւ համոզիչ դրդապատճառի մը չգոյութիւնը ինքնաբերաբար, եւ հետզհետէ աւելի՛, կը հաստատէ հաւանականութիւնը միջազգային ծաւալով հետապնդուող խափանարարական գործողութեան մը, որուն վերջին օղակն է միայն Պերմեակով: Այս առումով, ներկայիս կալանքի տակ գտնուող այս կասկածեալը հետաքննութեան գործին ամէնէն թանկագին աղբիւրն է: Իր կեանքին ապահովութիւնը պէտք է դիտել որպէս ռազմավարական առաջնահերթութիւն:
Ակնյայտ իրողութիւն է, որ իսլամ ծայրայեղականութեան աճելավայրերէն մէկը Ռուսիան է այսօր:
Նոյնքան ակնյայտ իրողութիւն է, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա մօտէն առնչուած են ծայրայեղականներու ոստայնին հետ եւ կը շահագործեն զայն իրենց ծաւալապաշտական գործողութիւններուն համար: Առանց զոհ երթալու կասկածամոլութեան, Գիւմրիի քրէական գործի հետաքննութեան նախագիծը պէտք է անպայման ընդգրկէ խափանարարութեան վարկածը: Հայ-ռուսական մերձեցման գործընթացը իր դաշնագրային եւ այլ դրսեւորումներով բնականաբար հակասութեան մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի այսօրուան քաղաքական յաւակնութիւններուն հետ: Ան կը դիտուի որպէս վտանգաւոր առանցք, որ ի վերջոյ ինքզինք կը պարտադրէ Կովկասի քաղաքական բեմին չէզոքացնելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համաթրքական (pan-turkist), ցեղապաշտ եւ կայսերապաշտ նկրտումները:
Այն ցաւալի իրողութիւնը, որ Ռուսիա այնուամենայնիւ անուշադիր եղած է վերջին տարիներուն իր դաշնակիցին՝ Հայաստանի հանդէպ մեծ քանակութեամբ զինամթերք հայթայթելով Ատրպէյճանի, պէտք է համոզած ըլլայ Ալիեւի մեքենան, որ հայ-ռուսական դաշնագրային կապը թոյլ է իր էութեամբ եւ դիւրաբեկ: Զայն կարելի է քայքայել դաւադրական գործողութիւններով: Գիւմրիի քրէական գործը Մոսկուայի մեծ պատեհութիւնն է միանգամընդմիշտ ջախջախելու թուրքեւատրպէյճանական այդ թէզը: Եւ միանգամընդմիշտ կասեցնելու Ատրպէյճանի սպառազինման վտանգաւոր գործը, որ լուրջ սպառնալիք է ոչ միայն տարածաշրջանի կայունութեան, այլեւ առաջին հերթին՝ Ռուսիո՛յ շահերուն:

«Ասպարէզ», Յունուար 23, 2015

No comments:

Post a Comment