3.1.15

Թուրքիոյ ժողովուրդին միայն 9%-ը հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման համամիտ է

Տնտե­սու­թեան եւ Ար­տա­քին Քա­ղաքա­կանու­թեան Ու­սումնա­սիրու­թեան Կեդ­րո­նը «1915ի հայ­կա­կան դէպ­քե­րու»ն մա­սին հար­ցա­խոյզ մը կա­տարած է ամ­բողջ Թուրքիոյ տա­րած­քին։ Հար­ցա­խոյ­զի մաս­նա­կից­նե­րուն առա­ջար­կուած է ընտրել հե­տեւեալ հաս­տա­տումնե­րէն մէ­կը.-
– 1915ին իրենց կեան­քը կորսնցու­ցած հա­յերուն հա­մար նե­րողու­թիւն պէտք է խնդրուի եւ պէտք է ըն­դունուի, որ գոր­ծուածը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր։
– 1915ին իրենց կեան­քը կորսնցու­ցած հա­յերուն հա­մար նե­րողու­թիւն պէտք է խնդրուի, բայց բա­ցի ատ­կէ՝ որե­ւէ այլ քայլ պէտք չէ առ­նուի։
– 1915ին իրենց կեան­քը կորսնցու­ցած հա­յերուն հա­մար ցաւ պէտք է յայտնուի, սա­կայն նե­րողու­թիւն պէտք չէ խնդրուի։
– Պէտք է նկա­տի առ­նուի, որ 1915ին իրենց կեան­քը կորսնցնող­նե­րը միայն հա­յեր չեն եղած, այլ օս­մանցի հայ­րե­նակից­ներ եւս մա­հացած են, ուստի՝ անոնց հա­մար ալ պէտք է ցաւ յայտնուի։
– Որե­ւէ քայլ պէտք չէ առ­նուի։
– Այս նիւ­թին շուրջ գա­ղափար չու­նինք, ուստի՝ պա­տաս­խան չու­նինք։
Ժո­ղովուրդին 12%-ը կողմնա­կից եղած է 2014 Ապ­րիլ 23ին՝ օրուան վար­չա­պետ Էր­տո­ղանի կող­մէ կա­տարուած պաշ­տօ­նական յայ­տա­րարու­թեան։ Այ­սինքն՝ «դէպքեր»ուն հա­մար ցաւ յայտնուի, սա­կայն նե­րողու­թիւն չխնդրուի։
Հար­ցա­խոյ­զի մաս­նա­կից­նե­րուն 24%-ը ըսած է, որ 1915ին միայն հա­յեր չեն որ իրենց կեանքը կորսնցու­ցին, ուստի՝ բո­լոր կո­րուստնե­րուն հա­մար ցաւ պէտք է յայտնել։
Մաս­նա­կից­նե­րուն 9%-ը միայն կողմնա­կից եղած է ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, իսկ 9%-նոց այլ խմբակ մը նա­խընտրած է առանց պնդումնե­րը ըն­դունե­լու՝ նե­րողու­թիւն խնդրե­լու քայ­լը միայն։
21%-ը պաշտպա­նած է այն տե­սակէ­տը, որ Թուրքիա պէտք չէ որե­ւէ քայլ առ­նէ հայկական ցեղասպանութեան գծով։
Ու­շագրաւ է նաեւ այն իրո­ղու­թիւնը, որ հար­ցա­խոյ­զի մաս­նա­կից ան­ձե­րուն 25%-ը նախընտրած է լուռ մնալ՝ ընտրե­լով վեր­ջին հաս­տա­տու­մը։ Ըստ Կեդ­րո­նին կող­մէ նախապէս կա­տարուած հար­ցա­խոյ­զի մը, այս նիւ­թին շուրջ լռու­թիւն նա­խընտրող ան­ձե­րու հա­մեմա­տու­թիւնը 10% էր, մինչդեռ այ­սօր այդ հա­մեմա­տու­թեան թի­ւը բարձրա­ցած է 25%-ի, ինչ որ հան­րա­յին կար­ծի­քի զգայ­նութիւ­նը ցոյց կու տայ։ Նաեւ՝ նա­խապէս հայ ժո­ղովուրդէն նե­րողու­թիւն խնդրե­լու կողմնա­կից եղած էր 9%-ը։
Յատ­կանշա­կան է, որ քրտա­մէտ Խա­ղաղու­թիւն եւ ժո­ղովրդա­վարու­թիւն կու­սակցու­թեան կողմ­նա­կից­նե­րուն մօտ, հայ ժո­ղովուրդէն նե­րողու­թիւն խնդրե­լու գա­ղափա­րին հա­մամիտ եղած է 40%-ը։ 

«Նոր Յառաջ», Յունուար 3, 2015

No comments:

Post a Comment