12.12.14

Սերոբ Սահակեան. «Մեր նպատակը Իսրայէլի պետութեան ճանաչումը ապահովելը չէ եղած»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական կարեւոր կշիռ ունեցող իսրայէլեան Քնէսէթը (խորհրդարանը) ցայսօր չէ ընդունած հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Ամիսներ առաջ, երբ Ռուվէն Ռիվլին Իսրայէլի նախագահ կ'ընտրուէր, դարձեալ խօսակցութեան թեմա կը դառնար ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը, տրուած ըլլալով, որ Ռիվլին նախքան Իսրայէլի նախագահ դառնալը միշտ դրական խօսած է հայութեան եւ ցեղասպանութեան օրակարգին մասին: Այսօր սակայն պատկերը այլ է: Ռիվլին նոյնիսկ մերժած է ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրագիրը քննարկել: Իսրայէլի մէջ հայկական միութիւններու գործունէութեան, երկրի բաւական բարդ քաղաքական իրավիճակին, Երուասղէմի պատրիարքին վերջերս ունեցած սուր կեցուածքներուն եւ այս ծիրին մէջ եղող տարբեր թեմաներու մասին զրուցեցի Երուսաղէմի գաղութի ազգայիններէն պրն. Սերոբ Սահակեանին հետ: Ահա հարցազրոյցը:
Իսրայէլի քաղաքական կեանքին հետեւող որեւէ մարդ քաջածանօթ է Իսրայէլի նորընտիր նախագահ Ռուվէն Ռիվլինի հայանպաստ ու մանաւանդ հայոց ցեղասպանութեան փաստին ճանաչման առումով անոր դրական կեցուածքներուն մասին: Կարելի՞ է այդ մասին խօսիլ:
Նախ յստակացնեմ, որ հայոց ցեղասպանութեան գծով, իսրայէլեան խորհրդարանի հետ յարաբերութիւնները կը պահուին Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի միջոցով, իսկ սուրբ աթոռը (նկատի ունի Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը. Ս. Ա.), կամ ընդհանրապէս գաղութը աւելի կրաւորական կեցուածք ունի եւ այդ ալ հասկնալի եւ արդարացուցիչ պատճառներով: Հակառակ անոր, որ իսրայէլեան խորհրդարանէն ներս մեր ունեցած հանդիպումներուն կը փորձենք մասնակցութիւնը ապահովել սուրբ աթոռի յարաբերական գրասենեակի պատասխանատու Գերաշնորհ Տ. Արիս եպս. Շիրվանեանին եւ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս տիար Ցոլակ Մոմճեանին: Իսրայէլի խորհրդարանին հետ մեր յարաբերութիւններըշ որոնք ընդհանրապէս կը վայելեն խորհրդարանի ծայրայեղ ձախ «Մէրէց» կուսակցութեան նեցուկը, աւելի քան քսան տարուան պատմութիւն ունին, ու օրին խորհրդարանի անդամ, ապա նոյն խորհրդարանի նախագահ Ռուպի կամ Ռուվէն Ռիվլին աջակողմեան, ներկայիս իշխող՝ «Լիգուտ» կուսակցութեան գրեթէ միակ անդամն էր, որ անվերապահօրէն նեցուկ կը կանգնէր մեր հարցին:

Ձեր խօսքէն կը հասկնամ, որ հայկական գետնի վրայ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը միայն Հ.Յ.Դ.ի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հետպանդէ: Եթէ այո, ո՞ւր են միւս մարմինները:
Պատրիարքական սուրբ աթոռէն բացի, Երուսաղէմի մէջ այսօր կը գործեն երեք միութիւններ ՝ Ե.Հ.Բ.Մ.–ը (Երուսաղէմի Հայ Բարեսիրական Միութիւն. Ս.Ա.), որն ըլլալով այդպիսին որեւէ քաղաքական գործունէութեամբ չզբաղիր, Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը (Հ.Ե.Մ., որ կը գործէ ՌԱԿ-ի հովանիով. Ս.Ա.) եւ Հայ Դատի Յանձնախումբը, որ հետեւողականօրէն կը զբաղի ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով: Այստեղ ըսեմ, որ միւս միութիւնները որեւէ իմաստ չեն տեսներ մեր տարած աշխատանքին մէջ ըսելով, թէ Իսրայէլ երբեւէ պիտի չընդունի հայոց ցեղասպանութեան փաստը, միշտ գերադասելով Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւները, որոնք կրնան այդ պատճառով վտանգուիլ: Չմոռնամ ըսել, որ գաղութի մեր հայրենակիցներէն շատեր ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուող աշխատանքներուն առընթեր կ'առարկեն, որ այդ գործունէութեամբ մենք Իսրայէլի պետութեան ճանաչումը կ'ապահովենք: Բայց ըսեմ, որ այդիպիսի բան չկայ, հակառակ անոր, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները աւելի քան 47 տարիներ կը գործեն որպէս Իսրայէլ պետութեան իրաւական ներկայացուցիչները: Մենք Իսրայէլի հետ մեր գործակցութեան ընդհանուր ուղեծիրին մէջ Իսրայէլ պետութեան ճանաչման մասին ոչինչ կ'ըսենք: Մեր նպատակը ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովումն է, բայց գաղութի մեր գործընկերները չեն տեսներ այդ մէկը:

Վերջերս մամուլէն իմացանք, որ Իսրայէլի նախագահը նոյնիսկ մերժած է ստորագրել ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող խնդրագիրը: Կրնա՞ք յայտնել, թէ ինչ խնդրագիր էր այդ, որուն կողմէ ներկայացուած էր եւ ինչու կը մերժուէր:
Ներկայացուած խնդրագրին նախագահ Ռիվլինի մերժումը անակնկալի բերաւ նաեւ մեզ: Քանիցս ան խորհրդարանի մէջ կայացած քուէարկութենէն ետք Քնէսէթի սրահէն դուրս գալով, խոստումներ կը շռայլէր եւ կ'ըսէր, թէ անպայման տեղ պիտի հասցնէ մեր հարցը: Տեղին պիտի ըլլայ աւեցնել, որ Ռիվլին նախագահական ընտրապայքարէն անմիջապէս ետք Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ ունեցած հեռաձայնային կապով վերստին ամրագրեց խոստումն ու ըսաւ, որ շատ մօտ ապագային խորհրդարանին պիտի ներկայացուի եւ վաւերացուի մեր խնդրագիրը: Գալով խնդրագրին ըսեմ, որ այդ հայց-վաւերաթուղթը բաւական երկար պատմութիւն ունի: 1995-ին, երբ ցեղասպանութեան 80-ամեակին Իսրայէլի Արտաքին Գործոց փոխնախարար Եոսի Պէյլին խորհրդարանի բեմէն արտասովոր արտայայտութիւն մը ունեցաւ եւ ըսաւ, թէ՝ «1915 թուականի իրադարձութիւնները հայոց ջարդերուն վերաբերող, պարզապէս պատերազմական իրավիճակին չէին վերաբերեր այլ շատ աւելին էին ու կարելի է այդ դէպքերը ցեղասպանութիւն որակել», Պէյլինի յայտարարութիւնը օրին մեծ աղմուկ բարձրացուց Իսրայէլեան խորհրդարանէն ներս: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ իսրայէլեան ձախակողմեան կուսակցութիւններ առաջին անգամ ըլլալով ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկով հանդէս եկան ու ներկայացուցին վերոյիշեալ խնդրագիրը, որուն տակ ստորագրեցին շուրջ 20 խորհրդարանականներ, ներառեալ այսօրուան նախագահ Ռուպի Ռիվլինը: Վաւերաթուղթի տակ նոյնպէս իրենց ստորագրութիւնը դրած էին աւելի քան 250 ակադեմականներ ու քաղաքական դէմքեր: Այնուհետեւ տարբեր դէպքերու բերումով այդ խնդրագիրը չհասաւ խորհրդարանի քուէարկութեան: Այսօր նոյն մեր բարեկամները նշեալ խնդրագիրը 100-ամեակի առթիւ իջեցուցած են հրապարակ ու խնդրած են աջակցութիւնը երկրի նախագահական աթոռ հասած  Ռիվլինի:

Այս մերժումէն ետք արդեօք սաղիմահայութիւնը որոշ քայլերու պիտի դիմէ՞: Եթէ այո, ի՞նչ պիտի ըլլան այդ աշխատանքները:
Այո՛, Իսրայէլի հայութիւնը, կեդրոն ունենալով Երուսաղէմը, հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման գծով արդէն սկսած է բաւականին ինթէնսիւ հետեւողական աշխատանքի ու, անկեղծ ըլլալու համար, նաեւ ակնկալութիւնը կար, որ նախագահ Ռիվլին անձնապէս ներկայ կը գտնուի Ապրիլ 24-ի օրուան կեդրոնական միջոցառման: Այսօր բնականաբար այդ ծրագիրը առկախուած է, հակառակ որ մեր շատ մը իսրայէլացի բարեկամներ կը խրատեն անպայման «կուժերը չկոտրել» ու սպասել առաւել դէպքերու յետագայ զարգացման: Առայժմ նախագահին հետ տեսնուելու մեր աշխատանքները կը շարունակուին ու լիայոյս ենք, որ պիտի յաջողին նախ նախագահին հետ հանդիպում մը կայացնել ու անկէ ետք համապատասխան որոշումներ առնել: Չմոռնանք, որ մեզմէ զատ այս հարցին ուղղութեամբ երեւելի պայքար կը տանին նաեւ իսրայէլացի մեր բարեկամները եւ անոնք էին, որ այս խնդրագիրը նախագահի սեղան բերին ու զինք «նեղը ձգեցին»:

Վերջին շրջանին Երուսաղէմի Պատրիարքութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ հրապարակային մեղադրանքներու եւ նամակ ու պատասխան-նամակներու տխուր արշաւ մը ծայր առած է: Տեղեա՞կ էք այս մասին: Եւ ինչ կը մտածէք այս ուղղութեամբ:
Երուսաղէմի Պատրիարքութեան եւ Էջմիածնի միջեւ ամէն օր աւելիով փոթորկող իրադարձութիւնը, աւելի ճիշդը՝ ցաւալի առճակատումը, ուղղակի նեղ կացութեան մատնած է նաեւ սաղիմահայութիւնը, որ կողմնորոշուելու ոչ մէկ տրամադրութիւն ունի, նկատի առնելով հարցին փափկութիւնը ու նաեւ հոգեւոր պատասխանատուններու խորքին մէջ երկկողմանի եւ անպատասխանատու արտայայտութիւնները: Այդ մեղադրանքները, ինչքան ալ արդարացի ըլլան, իրենց ներկայացուած ձեւին ու լեզուին մէջ ուղղակի դատապարտելի են: Առանց մտնելու հարցի ծալքերուն մէջ, ուր արդէն արդարացի պեղելն ալ անկարելի է, բաւականամ ըսելով, որ սաղիմահայութիւնը իր հոգեւոր եւ աշխարհական դրուածքով սրտատրոփ կը սպասէ ստեղծուած հրդեհի մարման, որմէ ետք պէտք է պատշաճ սեղանին շուրջ բոլոր խնդիրները քննարկուին:

Անցնելով Իսրայէլեան քաղաքական հարթակ, վերջերս պարզ դարձաւ, որ վարչապետ Նաթանիահու արտակարգ ընտրութիւններու մասին կը խօսի: Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ 2015ի Մարտին Իսրայէլի Քնէսէթը ընտրութիւններ պիտի կայացնէ: Կրնա՞ք այս մասին փակագիծները բանալ:
Իրականութեան մէջ, Նաթանիահուի անկումը նախատեսելի էր, նկատի առնելով ծայրայեղ աջ՝ «լիքուտ»ի ու կեդրոն ձախի «Յէշ աթիտ» կուսակցութեան ոչ համադրելի ծրագրերը կամ քաղաքական կողմնորոշումները: Պէտք է չմոռնալ նաեւ, որ Իսրայէլի նման երկիր մը որուն՝
ա. Սահմանները մինչեւ այս պահը անորոշ են,
բ. Երկրի 25 առ հարիւրը բնակեցուած է ոչ հրեայ քաղաքացիներով չըսելու պետութեան հակադրուած տարրերով:
գ. Ժողովրդավարութիւն թէ հրեայ ազգայնականութիւն անվերջանալի բախումներու մէջ են
դ. Պաղեստին ապագայ պետութեամբ, որ Իսրայէլի վզին կախուած սուրի նման է:
Այս բոլոր տուեալները նկատի առնելով, դժուար թէ կառավարութիւն մը յաջողի իր քառամեայ շրջանը ամբողջացնել: Բայց եւ այնպէս, ի տարբերութիւն նախկին ընտրութիւններուն, որեւէ արմատական փոփոխութիւն չակնկալուիր ընտրական ցուցակին մէջ ու դարձեալ կ'ակնկալուի նոյն համեմատութիւններով խորհրդարան մը: Իսրայէլեան հանրային կարծիքի փոփոխութիւնը մեծապէս կախեալ է պաղեստինեան ճակատի վերիվայրումներէն, աւելի ճիշդ կ'ըլլայ ըսել պաղեստինցիներու աքթիւ կամ յաճախ զինեալ դիմադրութէնէն, որ այս օրերուն ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ կը խարխափէ: Այս առումով կ'ենթադրեմ, որ ներկայ պահու դրութիւնը պիտի շարունակուի եւ Իսրայէլ այս ընտրական «թատրոն»ով պիտի յաջողի երկու տարիով խոյս տալ պաղեստինեան խնդրով իր ուսերուն դրուած միջազգային հանրութեան պարտաւորութիւններէն:

Ինչ կը վերաբերի սաղիմահայութեան քաղաքական կեցուածքներուն, մեզի բնաւ ծանօթ չէ, թէ սաղիմահայութիւնը ո՞ր իսրայէլեան կուսակցութեան կը սատարէ: Ընդհանուր ուղղուածութիւն մը կա՞յ, թէ՞ ընտրութեան խնդիրը ձգուած է իւրաքանչիւրի որոշումի ազատութեան:
Սաղիմահայութիւնը մեծաւ մասամբ կ'ապրի արեւելեան Երուսաղէմ ի մէջ, այսինքն՝ 1967ին (իսրայէլեան ուժերուն կողմէ. Ս.Ա.) գրաւեալ գօտիին մէջ եւ հայերու մեծամասնութիւնը կը կրէ յորդանանեան անցագիր կամ քաղաքացիութիւն եւ այդ իսկ պատճառով հեռու են քաղաքական ընտրապայքարներէ: Մենք նոյնիսկ որեւէ հրապարակային կամ պաշտօնական յարաբերութիւն չենք մշակեր որեւէ կուսակցութեան կամ հրեայ քաղաքական անձնաւորութեանց հետ, միշտ նկատի ունենալով պաղեստինեան գործօնը եւ անոնց հակազդեցութիւնը: Ասիկա նաեւ կը բացատրէ մեր սահմանափակ յարաբերութիւնը իսրայէլեան խորհրդարանին հետ: Պարագան կը տարբերի Իսրայէլի ծովափնեայ շրջաններուն կամ 1948ի հայերուն, որոնք բոլորն ալ իսրայէլեան քաղաքացիներ են եւ ունին քուէարկելու իրաւունք: Բայց եւ այնպէս, անոնք եւս՝ ազդուելով երկրի ընդհանուր վիճակէն, կը նախընտրեն պահել իրենց կրաւորական կեցուածքը ու հեռու մնալ քաղաքական խմորումներէն: Ի վերջոյ, նկատի պէտք է ունենալ, որ սաղիմահայութիւնը ունի իր իւրայատուկ դժուարութիւնները, որոնք բացասականօրէն իրենց ազդեցութիւնը կ'ունենան սուրբ աթոռի իրաւանց թէ հսկայական կալուածներու պահպանման, գաղութի հայկական դիմագիծը պահպանելու եւ երիտասարդութիւնը արտագաղթէն հեռու պահելու կարեւոր գործընթացներուն վրայ:

www.karabakh-open.info, Դեկտեմբեր 12, 2014

No comments:

Post a Comment