11.12.14

Գերմանական խմբաւորում մը համաշխարհային ընթերցման նախաձեռնութեան կը դիմէ՝ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով

"Armenian Mirror Spectator"ը կը հաղորդէ, որ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առթիւ նախատեսուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին է հայկական գրական երկերու ընթերցման նախաձեռնութիւն մը, որ կազմակերպուած է Գերմանիոյ մէջ երկու մշակութային հիմնարկներու կողմէ: Նախաձեռնութիւնը 1915ին ձերբակալուած եւ սպաննուած հայ մտաւորականներու յիշատակը պիտի յարգէ՝ անոնց գրական գործերուն եւ յետագայ գրողներու երկերու հրապարակային ընթերցումներ կատարելով: Նոյեմբեր 20ին, Պերլինի «Պունտըսփրեսքոնֆերենց»ի մէջ Լեփսիուսի տան տնօրէն դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆելտ եւ Պերլինի գրական միջազգային փառատօնէն Ուլրիխ Շրայպըր նախաձեռնութիւնը ներկայացուցին միջազգային մամուլի ներկայացուցիչներուն:
Կազմակերպիչներուն հրապարակած կոչը իր վերջին բաժնին մէջ կ՚ըսէ.
«Թրքական քաղաքական աշխարհը մինչեւ օրս կը ժխտէ հայոց ցեղասպանութիւնը, թէեւ փաստերը աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր ծանօթ են: Հնդիկ գրող Արունտհաթի Ռոյ հրապարակաւ այս գայթակղութեան մասին խօսեցաւ բազմաթիւ առիթներով, ներառեալ 2009ի Պերլինի միջազգային գրականութեան փառատօնին ընթացքին: 1915ին եւ անոր յաջորդող տարիներուն բազմաթիւ հայ ձայներ լռութեան մատնուեցան: Այդ ժամանակէն ի վեր, ուրիշ ձայներ բարձրացած են եւ խօսած մոռացման դէմ, անոնց շարքին են թրքական ժողովրդավարական քաղաքացիական հասարակութենէն ձայներ: Առ ի յիշատակ զոհերուն եւ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջին զուգահեռ, կոչ կ՛ուղղենք 24 Ապրիլ 2015ին աշխարհատարած ընթերցանութիւն կատարելու՝ օգտագործելով գրութիւններէն հայ գրողներու, որոնց շարքին Սիամանթոյի, Կոմիտասի, Եղիշէ Չարենցի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Պարոյր Սեւակի, Յակոբ Մնձուրիի, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Հրանդ Տինքի»:
Ռոլֆ Հոսֆելտի, Քոնրատ Քուհնի, Ուլրիխ Շրայպըրի եւ Յասմիկ Պապեանի կողմէ կոչի ստորագրումէն ետք, զայն ստորագրած են 65 երկիրներէ աւելի քան 400 անձեր: Անոնց շարքին են Նոպէլեան մրցանակիրներ Էլֆրիտ Ելնէք, Մարիօ Վարկաս Լիոսա, Ճոն Մ. Քէօցէ, Հերթա Միւլըր, Օրհան Փամուք, ինչպէս նաեւ Էլիֆ Շաֆաք, Ալպերթօ Մանկէլ, Պրայթըն Պրէյթընպախ եւ Ճոն Աշպըրի:
Ինչպէս կազմակերպիչները մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշեցին, իրենք կը յուսան, որ ընթերցումները տեղի պիտի ունենան 21 Ապրիլ 2015ին աշխարհի տարածքին՝ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ: Նախաձեռնութեան միանալու հետաքրքրուած անհատներն ու կազմակերպութիւնները պէտք է կապ հաստատեն հետեւեալ ե-նամակի հասցէով՝ sophie.gruber@literaturfestival.com։

«Ասպարէզ», Դեկտեմբեր 11, 2014

No comments:

Post a Comment