4.6.14

Ալիսիա Կիրակոսեանի՝ Րաֆֆիի «Խենթը»ի «թարգմանութեան» մասին

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ


Ինչպէս հաղորդած է «Նոր Յառաջ»ը, Մայիս 22ին իր մահկանացուն կնքած է բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեան՝ Լոս Անճելըսի մէջ, 78 տարեկան հասակին։
Արժանթին ծնած ու իր կեանքին առաջին 35 տարիները հոն ապրած, նախ՝ սպանագիր, յետոյ՝ անգլիագիր ու հայագիր (հիմնականին՝ արեւելահայերէն) բանաստեղծուհիին արտադրութեան արժեւորումը դեռ ճշդելի կը մնայ։
Այստեղ միայն կ՚ուզենք անդրադառնալ անոր կենսագրութեան մէկ մանրամասնութեան, որ կրկնուած է հայ մամուլի ու համացանցի երկայնքին, նաեւ՝ «Նոր Յառաջ»ի լրատուութեան մէջ. Ալիսիա Կիրակոսեան իբրեւ թէ հայերէնէ սպաներէնի թարգմանած է Րաֆֆիի «Խենթը» վէպը։
Այս պնդումը բացարձակապէս անհիմն է։
Նախ քան իրողութեան մեր լուսաբանութիւնը տալը, փորձեցինք հասկնալ այս տեղեկութեան ակունքը։ Այդ նպատակով, որոշեցինք դիմել հայաստանեան կարգ մը տրամադրելի աղբիւրներու։
Կը պարզուի, որ «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ին 5րդ հատորը (Երեւան, 1979) եւ Գառնիկ Ստեփանեանի «Կենսագրական բառարան»ին Բ. հատորը (Երեւան, 1981) Ա. Կիրակոսեանի նուիրուած իրենց յօդուածներուն մէջ ոչինչ կը յիշեն այդ թարգմանութեան մասին։
Զայն նշող առաջին տեղեկատուական աղբիւրը կը թուիլ ըլլալ 1992ին տպագրութեան յանձնուած «Հայկական Համառօտ Հանրագիտարան»ի 2րդ հատոը (Երեւան, 1995), որուն յօդուածին վերջին տողը կ՚ըսէ. «Իսպ[աներէն] է թարգմանել Րաֆֆու “Խենթը”» (էջ 699)։
Տասնամեակ մը ետք, այս տեղեկութիւնը անցած է Հայկական Հանրագիտարանի մէկ ուրիշ հրատարակութեան՝ «Ով ով է. Հայեր» երկհատոր հանրագիտարանին (Երեւան, 2005), որուն առաջին հատորը՝ Կիրակոսեանի 1995-2005 ժամանակամիջոցին հրատարակած գործերը աւելցնելու զուգահեռ, նոյնութեամբ կրկնած է համառօտ հանրագիտարանին տուեալները, ներառեալ՝ վերոյիշեալ տողը, որ դարձեալ եղած է վերջինը (էջ 561)։
Անշուշտ, կարելի է պնդել, որ 1981-1992 թուականներուն Ալիսիա Կիրակոսեան թարգմանած ու հրատարակած ըլլայ (որովհետեւ անտիպ թարգմանութիւն մը հանրագիտարանի մը կողմէ յիշատակելի փաստ չէ) «Խենթը»՝ սպաներէն լեզուով։ Նման թարգմանութիւն կրնար հրատարակուիլ Արժանթին կամ Միացեալ Նահանգներ (ուր փոխադրուած է 1971ին)։ Անձնապէս կրնանք վկայել, որ այդ ժամանակաշրջանին Ալիսիա Կիրակոսեան Արժանթինի մէջ հրատարակած է միայն բանաստեղծութիւններու սպաներէն հատորիկ մը՝ “Maternidad” («Մայրութիւն») վերնագրով (1987)։ Եթէ «Խենթը» լոյս տեսած ըլլար, առնուազն տեղեկութիւն մը կը հրատարակուէր արժանթինահայ թերթերու մէջ կամ հատորը կը հասնէր արժանթինահայ համայնքին։ Նոյնը պէտք է ըսել Միացեալ Նահանգներու մէջ (ուր սեփական հրատարակութեամբ քանի մը սպաներէն ժողովածուներ լոյս ընծայած է) կամ այլուր լոյս տեսած ըլլալու պարագային։
Կը նշանակէ, որ այդ թարգմանութիւնը լոյս տեսած է 1981էն առաջ։ Խօսքը կը վերաբերի, անտարակոյս, 1968ին Պուէնոս Այրէս հրատարակուած Րաֆֆիի «Խենթը»ին, որ արեւելահայ նշանաւոր վիպասանին այս երկին լոյս տեսած միակ թարգմանութիւնն է սպաներէն լեզուով ու առանձին գիրքով (*)։ Վաղուց սպառած թարգմանութեան խորագիրը եղած է “El visionario” («Տեսանողը»)։
Թարգմանութեան հեղինակը եղած է Վեր. Յովսէփ Մուսայեան, որ նաեւ կատարած էր, ի շարս այլոց, ամերիկահայ մանկավարժ Գէորգ Սարաֆեանի «Հայոց դաստիարակութեան պատմութեան» (1953) եւ աւետարանական գործիչ ու դաստիարակ Վեր. Ա. Ա. Պետիկեանի «Ոսկեդարը հինգերորդ դարուն» (1963) անգլերէն հատորներուն թարգմանութիւնները՝ արժանթինցի հոգեւորական Վեր. Ատամ Սոսայի հետ միասին։
Ա. Կիրակոսեան նախաբան մը գրած է «Խենթը»ի թարգմանութեան համար, իսկ թարգմանիչ Վեր. Մուսայեանի երկու խօսքին մէջ յիշուած է, թէ բանաստեղծուհին սրբագրած է թարգմանութիւնը, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս։
Պէտք է խոստովանինք, որ հակառակ մեր հետաքրքրութեան հայ գրականութեան սպաներէն թարգմանութիւններու հանդէպ, որոնց մէջ մենք ալ մեր լուման մուծած ենք եւ որոնց մասին քանի մը անգամ գրած ենք, չէինք նշմարած խնդրոյ առարկայ հանրագիտարանային պնդումին գոյութիւնը մինչեւ շաբաթ մը առաջ՝ բանաստեղծուհիի մահուան վաղորդայնին։ Ահա թէ ինչո՞ւ այս ճշդումը տեղի կ՚ունենայ քսան տարուան ուշացումով։
Գուցէ 1980ական թուականներուն կենսագրական շարադրանքներ եղած ըլլան (կամ բանաստեղծուհիին սեփական պնդումը) մամուլին մէջ, որոնք անոր վերագրած են «Խենթը»ի սպաներէն թարգմանութիւնը, բայց նման նիւթեր մեզի ծանօթ չեն։ Այդ պարզաբանումը թողլով ձեռնհաս մարդոց, ան պիտի չփոխէ, սակայն, հիմնական այն փաստը, թէ նորոգ հանգուցեալ Ալիսիա Կիրակոսեան «Խենթը»ի սպաներէն թարգմանութիւնը կատարած չէ։

«Նոր Յառաջ», Յունիս 3, 2014

------------------
(*) «Խաչագողի յիշատակարանը» սպաներէն լոյս տեսած է 1949ին, իսկ «Կայծեր»ու երկու հատորները՝ 1997-1998ին, երկուքն ալ՝ Պերճ Աճէմեանի (1928-2005) թարգմանութեամբ։

No comments:

Post a Comment