14.6.14

Սուրիական բանակը Քեսապի հրապարակը մտած է

Shamtimes.net-ը հաղորդած է այսօր, որ սուրիական զօրքը մուտք գործած է Քեսապի հրապարակ, վկայակոչելով սուրիական զինուորական աղբիւրները:
Ըստ աղբիւրին, սուրիական զօրքը իր հսկողութեան տակ առած է Քեսապի հրապարակը, ուր բարձրացուցած է սուրիական դրօշը եւ հնչեցուցած՝ յաղթանակի կոչեր:
Կը հաղորդուի, որ փախչող զինուորներ փորձած են ապաստան Թուրքիոյ մէջ, բայց թրքական սահմանները փակուած են։

Մարտ 21-էն ի վեր Քեսապ կը գտնուէր զինեալ խմբաւորումներու գերակշռին տակ: Կը սպասուի, որ յառաջիկայ ժամերուն Քեսապի ազատագրութեան լուրը պաշտօնապէս յայտարարուի։

«Եռագոյն» (www.yerakouyn.com), Յունիս 14, 2014

No comments:

Post a Comment