25.5.14

Լեւոն արք. Զէքիեան՝ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի առաքելական կառավարիչ

Չորեքշաբթի, 21 Մայիսին, Փռանկիսկոս Պապը Լեւոն Պօղոս վրդ. Զէքիեանը նշանակեց Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ արքեպիսկոպոսական թեմի առաքելական կառավարիչ, անոր շնորհելով արքեպիսկոպոսի տիտղոսն ու աստիճանը:
Վերոյիշեալ թեմի օգնական եպիսկոպոսը՝ Գերպ. Գէորգ Խազումեան ներկայացուցած էր իր հրաժարականը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, եպիսկոպոսներու մնայուն սիւնհոդոսի հաւանութեամբ, ընդունած էր հրաժարականը, տեղեակ պահելով Սուրբ Աթոռը:
Լեւոն արք. Զէքիեան ծնած է Պոլիս, 21 Հոկտեմբեր 1943ին: 12 տարեկանին մտած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան դպրեվանքը: 1964ին կատարած է իր կրօնաւորական ուխտերը եւ 21 Մայիս 1967ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած: 1993ին դարձած է Վենետիկի պատրիարքութեան թեմի անդամ:
Գերապայծառ Զէքիեան իր առաքելական ծառայութիւնը մատուցած է Վենետիկի հայութեան, յատուկ կերպով նուիրուելով համամիութենական ասպարէզին, յատկապէս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետ կապեր մշակելով:
1980ական թուականներուն ան հիմնած է Վենետիկի Քա Ֆոսքարի համալսարանի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամպիոնը, որուն դասախօսը եղած է մինչեւ հանգստեան կոչուիլը վերջերս: Ի շարս բազմաթիւ պատիւներու, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութեան Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ է, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի խորհրդատու:

No comments:

Post a Comment