9.5.14

Խորհրդաժողով Պոլսոյ մէջ՝ Ա. Աշխարհամարտը վերատեսութեան ենթարկելու թեմայով

Ապրիլ 9էն 14, Պատմութեան Հիմնարկի եւ Պոլսոյ «Օրիան Հիմնարկ»ի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է «Օսմանեան ճակատին վրայ նորութիւն մը. Ա. Աշխարհամարտը (1914-1918) ենթարկել վերատեսութեան» թեմայով խորհրդաժողով մը, «Պիլկի» համալսարանի «Սանթրալիսթանպուլ» համալիրէն ներս։ Ելոյթներուն եւ զեկոյցներուն ընդմէջէն դար մը անց բազմակողմանի արժեւորման հունին մէջ դրուած է Ա. Աշխարհամարտը, որ մարդկային պատմութեան մէջ իրապէս բնորոշած է անկիւնադարձ մը։ Հեղինակաւոր գիտնականներ շահեկան դիտարկումներու լոյսին տակ պատասխաններ կ՚որոնեն այս մասին բազում հարցադրումներու, որոնք միշտ կը պահպանեն իրենց այժմէականութիւնը։ Գիտական նիստերուն ընթացքին ելոյթներ ունեցած են նաեւ շարք մը հայ պատմաբաններ եւ արծարծուած են հայոց վերաբերեալ նիւթեր։
Պատմաբան Ռոնըլտ Գրիգոր Սիւնի մեկնաբանած է այն քաղաքականութիւնը, որ տեղի տուած էր հայերու ցեղասպանութեան։ Ըստ իրեն, 1915ի աքսորներն ու սպանդները ծնունդ առած էին, որովհետեւ Երիտասարդ Թուրքերը կը ձգտէին ազգային պետութիւն մը կառուցելէ աւելի կայսրութիւնը պահպանելու։ Յաչս իրենց հայերը հետզհետէ անվստահելի տարրի մը վերածուած էին եւ սկսած՝ որպէս սպառնալիք ընկալուիլ կայսրութեան գոյութեան դէմ։ Սիւնի ընդգծած է, թէ Երիտասարդ Թուրքերը սկսած են նկատի չառնել հայոց կողմէ պետութեան մատուցուած ծառայութիւնները եւ զանոնք ըմբռնած են որպէս Ռուսաստանի գործակիցներ, անջատողականներ եւ անկախ Հայաստանի մը հիմնադրութեան հետամուտ տարրեր։
Լեռնա Էքմէքճիօղլու զեկուցած է փախուստի եւ փրկելու քաղաքականութիւններուն շուրջ։ Ան կանգ առած է հայ կիներու եւ երեխաներու վրայ՝ պատերազմական տարիներուն եւ յաջորդած ժամանակաշրջանի տեսանկիւնէն։ Օրակարգի վրայ բերած է այն հարցադրումը, թէ Ցեղասպանութեան ժամանակ ինչո՞ւ Հայոց այրերը կը սպաննուէին, սակայն մինչեւ որոշ աստիճան թոյլ կը տրուէր, որ կիներ ու երեխաներ ապրէին։ Ըստ անոր, այս թոյլտուութիւնը կար, որովհետեւ նախ եւ առաջ կիներն ու երեխաները սպառնալիք հանդիսանալու ներուժը չունէին, ազգային ինքնութիւն տարածելու ուժը չէին կրեր։ Ան ըսած է, թէ պատերազմական տարիներու բռնութիւններով հանդերձ, վերոյիշեալ պատճառներով կանայք յաջողած են կենդանի մնալ, սակայն ենթարկուած են բռնաբարումներու, ձուլումի ու բռնի մայրութեան քաղաքականութիւններու։ Զուգահեռաբար բանախօսը փորձած է մեկնաբանել, թէ արդեօք իսլամացած կամ իսլամացուած հայերը կարելի՞ է ընդունիլ որպէս վերապրող։ Արդարեւ, այդ շրջանին իսլամացած կանանց թոռները կը ձգտին իրենց հայ նախնիներու պատմութիւնը գիտնալ եւ այդ մասին բարձրաձայնել։ Ըստ Էքմէքճիօղլուի, այս պահանջները արժանի են համակրանքի, սակայն անկարելի է հասարակաց վերաբերում մը որդեգրել։ Ան վերապահութիւններ արտայայտուած է զանոնք միանշանակօրէն որպէս վերապրող ընկալելու ուղղութեամբ, աւելցնելով որ ծանօթ չէ թէ անոնք ո՛ր պատկանելիութիւնը կը զգան եւ աւելին, այսօր իրենց նախնիներու մշակոյթէն այլեւս աւելի տարբեր մշակոյթ մը կ՚արտադրեն։
Հեղնար Զէյթլեան զեկուցում մը ներկայացուցած է գեղարուեստական մշակութային ժառանգութեան հարցերուն շուրջ։ Ան բացատրած է, թէ 1915ին ոչնչացուած է մշակութային ժառանգութիւն մը եւ աւելի վերջ փորձուած է վերաձեւաւորել զայն։ Այդ ոչնչացուած ժառանգութիւնը մէկ կողմէ կ՚ապացուցանէ գործադրուած բռնութեան սաստկութիւնը, իսկ անոր վերականգնումը կը խորհրդանշէ մարդոց վերապրելու պայքարը։
Խորհրդաժողովին հնչած ելոյթներու ընթացքին մատնանշուած է նաեւ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը, որ հակառակ իր ունեցած քաղաքական ուժին եւ ազդեցութեան կամք չէ դրսեւորած 1915ին պատահածները կասեցնելու ուղղութեամբ։ Այդ երկրին կարեւորագոյն նպատակն էր մրցակցիլ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի գերակշիռ դիրքին հետ։ Ըսուած է, թէ գերման քաղաքական վերնախաւը քրիստոնէական ինքնութեան առանցքին շուրջ չէ ընկալած Օսմանեան պետութեան քրիստոնեաները եւ հայերն ու յոյները գերմանացիներու կողմէ դիտարկուած են իբրեւ Արեւելքի հրեաները։
Վերջին օրը Սէնթ Փիւլշէրի ֆրանսական վարժարանին մէջ տեղի ունեցած է երիտասարդաց կլոր սեղան մը, որ այս խորհրդաժողովի ծաւալուն ծրագրին ածանցուած հանգրուաններէն մէկն էր։ Այս հաւաքոյթին մասնակցած են Կեդրոնական վարժարանի սաները։ Շուրջ երկու տասնեակ երկիրներու դասագիրքերու ուսումնասիրութեան եւ համեմատական ծանօթացման օրակարգով մէկտեղուած են երիտասարդները։ Կեդրոնականցիները բացատրած են 2012ին հրատարակուած հայոց եւ համաշխարհային պատմութեան հայաստանեան դասագիրքերուն մէջ Ա. Աշխարհամարտի մատուցման եզրերը։ Անոնք ընդգծած են, թէ Հայաստանի դասագիրքերը ընդհանուր գիծերու մէջ կը բովանդակեն առարկայական տուեալներ։ Դասագիրքերու մէջ տեղ գտած տեսողական առարկաներուն ալ անդրադառնալով անոնք նշած են, թէ հոն ազգայնական, ծայրայեղ թշնամական ոճ մը գոյութիւն չունի։
Միւս կողմէ, երիտասարդաց քննարկման ընթացքին տարբեր վարժարաններու ներկայացուցիչներն ալ մատնանշած են, թէ ուսումնասիրութեան առարկայ այլ երկիրներու դասագիրքերուն մէջ ինչպիսի տեղեկութիւններ կան հայկական հարցին շուրջ կամ ի՛նչ ձեւով ցոլացուած են համապատասխան հարցերը։

«Նոր Յառաջ», Մայիս 6, 2014

No comments:

Post a Comment