«Յուշամատեան» հիմնարկը կը տեղեկացնէ թէ լոյս ընծայած է "Ottoman Armenians: Life, Culture, Society, Vol 1" գիրքը, որ կը հաշուէ 271 էջ, կ՚ընդգրկէ հինգ յօդուածներ եւ կը պարունակէ մօտ 250 պատկերներ:
Արդէն իսկ կ՚ուղարկուի 2011-ի աւարտին “Indiegogo“ի ճամբով կազմակերպուած դրամահաւաքին մասնակից նուիրատուներուն:
Նաեւ գիրքը կարելի է ստանալ կայքէջէն: «Յուշամատեան»ի այս առաջին հրատարակութիւնը կ՛ընդգրկէ յօդուածներ, որոնք գրուած են Նանոր Գպրանեանի, Ծովինար Տէրտէրեանի, Եաշար Թոլկա Ճորայի, Միհրան Մինասեանի եւ Վահէ Թաշճեանի կողմէ:
Բոլոր գրութիւններն ալ կ՚առնչուին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ընդհանուր կեանքին եւ ընկերային միջավայրին: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնք ամբողջութեամբ օսմանեան հայերու կեանքին հետ կ՚առնչուին: Մինչ գիրքին յօդուածները զարդարուած են համապատասխան պատկերներով, ասոր կողքին գոյութիւն ունին երեք տարբեր պատկերադարաններ. ընտանիքներ, դպրոցական կեանք, արհեստներ: Այստեղ ցուցադրուողները առաւելաբար կայքէջի այցելուներէն ստացուած պատկերներն են, որոնք աւելի կենդանի գաղափար մը կրնան տալ այն հետեւողական ճիգին, զոր խումբը վերջին տարիներուն ի գործ կը դնէ օսմանեան հայերու անցեալին վերաբերող ժառանգական նիւթեր մէկտեղելու եւ նոյն ժամանակ ալ հանրութեան զանոնք մատչելի դարձնելու ուղղութեամբ: Գիրքին էջադրումը եւ պատկերազարդման աշխատանքը կատարուած է Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի կողմէ:
Գիրքին սակագինը Գերմանիոյ մէջ է 45 եւրօ է, իսկ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ` 49 եւրօ։ Այլուր (Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Միջին Արեւելք, Աւստրալիա, Թուրքիա, Ռուսիա, Հայաստան, Լատին Ամերիկա, եւլն.)՝ 52 եւրօ։
Կարելի է նաեւ գիրքին սակագինը փոխանցել դրամատան հաշիւին`LANDESBANK BERLIN-AG
Հասցէ`
ALEXANDERPLATZ 2,
D-10178 BERLIN
Հաշուետէր` Houshamadyan e. V.
IBAN:DE92100500006603216556
SWIFT-BIC: BELADEBEXXX
No comments:
Post a Comment