21.3.14

Հայ Առաքելական Եկեղեցին ուղղագրական աղէտին դիմաց

Ժ. Չ.

Մարսիլիոյ մայր եկեղեցին Փետրուարէն ի վեր ամէն Հինգշաբթի օր «Սրբոց Թարգմանչաց լսարան» անուան տակ կը կազմակերպէ հոգեւոր զրոյցներ՝ Տէր Արամ քահանայ Ղազարեանի տնօրինութեամբ։
Այս առթիւ հրատարակուած տեղեկատուական թերթիկը գրուած է սովետական ուղղագրութեամբ … Երեւոյթ մը որ ծանրակշիռ է ու խիստ վրդովեցուցիչ։ Թեմական եւ ծխական խորհուրդի կարգ մը անդամներ եւ ընթերցողներ «Նոր Յառաջ»ի խմբագրատուն դիմեցին երեւոյթը հանրային կերպով արծարծելու համար։
Սփիւռքի մէջ, ինչպէս Ֆրանսայի պարագային, դասական ուղղագրութեամբ գրելը բնական երեւոյթ ըլլալէ անդին՝ սփիւռքահայու ինքնութեան մաս կը կազմէ, աւանդական Սփիւռքի լեզուական անձնագիրն է։ Իսկ Եկեղեցւոյ պարագային՝ մեսրոպեան ուղղագրութիւնը անոր էութեան մաս կը կազմէ։ Որքան որ գրողները եւ մշակութային գործիչները պաշտպանն են լեզուի անաղարտութեան, թափանցիկութեան, պատմական հոլովոյթին, նոյնքան ալ եւ աւելի է եկեղեցականը, որուն առընչութիւնը մեսրոպեանին այնքան հնաւանդ է ու արմատական, որքան քրիստոնէութիւնը՝ պետական կրօնք դառնալէն ի վեր եկեղեցական 17 դարերու մշակոյթը. հայրերու, հայրապետներու մշակած գրականութիւնը, եկեղեցական ծիսակարգը, տօնացոյցը, շարականները, առակները, պատմագրութիւնը…։
Սովետական վարչակարգին գլխաւոր զոհերէն եղան՝ Եկեղեցին, եկեղեցականը, եկեղեցական կարգը, գրաբարն ու մեսրոպեան ուղղագրութիւնը. այս բոլորով հանդերձ, Մայր Աթոռը անկախ Հայաստանի պայմաններու մէջ կը շարունակէ դաւանիլ սովետակերտ ուղղագրութեան։
70 տարի համայնավարութեան կողմէ հալածուած հայ եկեղեցականը, անցեալին իր դահիճին գործած մեղքով զինուած՝ այսօր, Սփիւռքի բուռ մը անաղարտ մնացած լեզուական աւանդոյթը կ՚ոտնակոխէ։
Բնականաբար, Տէր Արամ քհնյ. Ղազարեանը մեղաւոր չէ իր յայտարարութիւնը սովետականով գրած ըլլալուն համար։ Կը գրէ այնպէս ինչպէս սորված է։ Կը դասաւանդէ այնպէս ինչպէս դաստիարակուած է։ Նոյն սովետական ուղղագրութեամբ հազարաւոր կրօնական, քրիստոնէական թարգմանութիւններ ու երկասիրութիւններ լոյս տեսած են Մայր Աթոռի հրատարակչատունէն։
Բարեբախտաբար, Տէր Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան, որ վերջերս Մարսիլիոյ հովիւի իր պաշտօնին կից՝ միաժամանակ կը վարէ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդական տեղապահութիւնը, Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ հրապարակած յայտարարութեան անդրադառնալով՝ յայտարարեց թէ ինք դէմ է թերթիկին սովետական ուղղագրութեամբ ցրուած ըլլալուն։ Թէեւ իր անունն ալ արձանագրուած է տուեալ թռուցիկին վրայ։ Աւելցուց նաեւ որ իրեն համար մեսրոպեան ուղղագրութիւնը սրբութիւն է, աղօթք է։
Բարեբախտութիւն է, որ Մայր Աթոռը ունի գիտակից վարդապետներ, որոնք պաշտպան կը հանդիսանան մեսրոպեան դասական ուղղագրութեան աւանդին, կը հաւատան անոր բովանդակած աղօթքի համազօր ուժին։ Կը ցաւինք ըսելու որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանապազօրեայ մտահոգութիւնը չէ եղած եկեղեցական դարաւոր աւանդոյթի պաշտպանութիւնը, ոչ ալ մեսրոպեան ուղղագրութիւնը։ Անոր առաւել քան տասնամեայ գահակալութեան շրջանին, լեզուական հարցը նկատի առած, միակ նրբանկատութիւնը որ ունեցած է, դրդուած Սփիւռքի կարգ մը ակնառու գործիչներու յաճախակի պնդումէն, Մայր Աթոռի մամլոյ հաղորդագրութիւնները սովետականին կողքին, դասական ուղղագրական տարբերակով ուղարկելը եղած է։
Զարմանալին այն է, որ Սփիւռքի մէջ սովետական գրելակերպի տարածումը կը սպաննէ հայերէնի լեզուական զարգացումը։ Անշուշտ, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան վերաբերեալ Հայաստանի մէջ գումարուած գիտաժողովները կը խուսափին ուղղագրութեան հարցը արծարծելէ։ Եկեղեցական նուիրապետական երեք աթոռները՝ Մեծի Տանն Կիլիկիա, Երուսաղէմ, Կոստանդնուպոլիս, կը գործածեն դասական ուղղագրութիւնը, միայն Էջմիածինն է որ կ՚ընդդիմանայ ու կը գործածէ իր «դահիճ»ին պարտադրած ուղղագրութիւնը։ Այս պատճառով է որ Մայր Աթոռի միաբանները կ՚աղօթեն ՅԻՍՈՒՍին, բայց կը դաստիարակուին ՀԻՍՈՒՍով։ Կը հաւատան ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ, կը սորվին ՀԱՐՈՒԹԻՒՆը։
Ատենն է, որ նուիրապետական աթոռները, եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հայրերը քաջութիւնը ունենան ուղղագրութեան հարցը քննարկելու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ուղղափառութիւնը վերականգնելու համար, իսկ հաւատացեալներն ալ՝ ուղղագրական շփոթէն ազատելու։



«Նոր Յառաջ», Մարտ 6, 2014

1 comment:

  1. Following the Genocidal process of the Metz Yeghern -- a failed political act intended to remove Armenia from the map -- the most lethal blow to the survival prospects of a culturally and politically united Armenian nation was the replacement of the 'Mesropian' orthography with the 'Abeghian', by order of the Supreme Soviet of Armenia. Those who do not -- or wish not to -- understand the ideological motivations behind this political act, designed to further divide the homeland from the Diaspora, do a great disservice to the cultural and spiritual unity of a nation, already demographically scattered throughout the world, struggling to maintain an identity daily threatened by alien linguistic and cultural influences. As a tragic consequence of this atrocity, today, the past and present works of Western Armenian literature have to be, literally, translated in order to be accessible to the new generations in the homeland...

    ReplyDelete