15.3.14

Մենախօս-կատակերգակ Վահէէն անդին...

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
 
Սովորական պտոյտ չէ Վահէ Պէրպէրեանին հետ Պուրճ Համուտի փողոցներէն քալելը, «կանգառ»ները շատ են, ծանօթ–անծանօթները, իսկոյն ծանօթի վերածուողները՝ բազմաթիւ, Վահէին հետ նկարուելու փափաք ունեցողներուն ուրախ ու գոհունակ դէմքերն ու մտերիմի նայուածքները՝ տիրական, տոմս ապահովելու անկարողներուն գանգատներն ու «բան մը ըրէ»ի խնդրանքները՝ Վահէն տխրեցնող եւ շփոթի մատնող, «անպայման նորէն պիտի գամ»ի խոստում տալու մղող… Տակաւին կան հեռուէն ժպտացողներն ու բարեւողները, որոնք դրական եւ լայնաժպիտ պատասխան կը ստանան անխտիր՝ իբրեւ վաղեմի «բարեկամներ»:
Սովորական հանդիպում մը չէ Վահէին հետ ունեցած առաջին իսկական տեսակցութիւնս: Ելեկտրոնային եւ համացանցային աշխարհին մէջ կապերը իրական ըլլալէ առաջ արդէն առկայ կ՛ըլլան, միտքերու փոխանակումները նախապէս կատարուած կ՛ըլլան ու ծանօթացման առաջին հանգրուանները՝ հեռուէ հեռու շրջանցուած: Սակայն անտեսանելին կը պահէ որոշ անորոշութիւն մը, առաջին իսկական հանդիպումը կը մնայ քիչ մը մշուշապատ, որովհետեւ երբեմն հեռուէ հեռուն կրնայ աւելի հետաքրքրական ըլլալ: Համազգայինի «Լ. Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին ցուցափեղկերուն ետին երեւցողը այս անգամ շարժող արուեստ է՝ պաստառներէն դուրս ելած: Բեմերուն վրայ տեսած Վահէս է, նաեւ՝ ե-նամակներու ճամբով շահած բարեկամս. կէս ինքնավստահ՝ կը մտնեմ ներս, սակայն մեր նայուածքներուն առաջին հանդիպումն իսկ մտերմութեան ինքնավստահութիւնը կը վերադարձնէ ինծի… Հազիւ անունս արտասանած, Վահէն կ՛ողջագուրուի հին մտերիմի մը նման՝ կարօտի մը դրսեւորումը ըլլալու զգացումը պատճառելով ինծի: Կը զրուցենք, մօտիկութիւնը շատ աւելի քաղցր ու հաճելի է այս պարագային, քան՝ հեռուէ հեռուն: Պարզ, անմիջական, համեստ, անկեղծ ու բարդութիւններէ ու ձեւակերպութիւններէ շատ հեռու անձ մը կը պարզուի, դիմացս… Է այն, ինչ որ մարդիկ կը կարծեն, թէ պիտի չըլլայ՝ իր ունեցած մեծ ժողովրդականութեան եւ համբաւին բերումով:
Հակառակ բազմազբաղութեան եւ չափազանց խճողուած առօրէային, Վահէ Պէրպէրեան ժամանակ կը գտնէ նաեւ զրուցելու «Ազդակ»ին հետ, անկեղծօրէն եւ ամենայն հանգստութեամբ պատմելու իր մանկութեան տարիներէն մինչեւ հիմա անցած բազմաբնոյթ եւ բազմերանգ ուղիին մասին, ընդունելի կամ մերժելի մտածումներն ու տեսակէտները արտայայտելու չի տատամսիր, կը նկարագրէ հարիւրաւոր հանդիսատեսի դիմաց բեմին վրայի առանձինն եղող, նկարչական պաստառին ետին կանգնած, գիրքեր գրելու միտումով գրիչ բռնած Վահէն՝ իր զգացումներով, ապրումներով, եռեւեփումներով: Կեանքի տարբեր փորձառութիւններ ապրած Վահէ Պէրպէրեանի հիմնական հպարտութիւնը իր հայ ըլլալն է, որ նաեւ կը վերածուի կոչի՝ նոր սերունդներուն ուղղուած, կառչելու հայկականութեան եւ գիտակցելու անոր արժէքին: Յատուկ կերպով շեշտը կը դրուի Վահէին մեծ հռչակ տուած մենաներկայացումներուն վրայ, որոնց մասին խօսելով՝ Վահէ Պէրպէրեան հիմնականօրէն կը շեշտէ, որ ինք այդ արուեստին մէջ յատկապէս կարեւորութիւն կու տայ այն հանգամանքին, որ երգիծանքը ուրիշներու վրայ խնդալու վրայ խարսխուած չըլլայ, այլ իբրեւ հիմք ունենայ ի՛ր կեանքը, ի՛ր շրջապատը, ի՛ր փորձառութիւնը, որոնցմէ կը բխին բազմաթիւ դէպքեր, սակայն անոնցմէ անդին եւս պէտք է անցնիլ եւ գտնել կատակերգութիւնը, ժպիտը, կեանքը:
ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐ
Փոքր տարիքէն Վահէի մէջ կը խլրտար դերասանական շնորհը, շրջապատը իր զուարճութիւններով գրաւելու տաղանդը: «Ուրիշները զուարճացնելու ներքին մղումս մանկուց ունէի, համով հոտով բաներ պատմելու սէր կար մէջս, որովհետեւ փոքր եղած ատենս շատ նիհարակազմ էի, շատ դիւրաւ կրնայի ոտնակոխուիլ, ֆիզիքապէս մարդոց վրայ ազդելու տուեալներ չունէի, թերեւս ատոր համար է, որ միւս ձեւը ընտրած էի շուրջիններս գրաւելու: Այդ չէր միայն, պատմելն ու դերասանութիւն ընելը կը սիրէի. ժապաւէն մը կը դիտէի, ընտանիքիս անդամներուն կը պատմէի այդ մասին՝ բոլոր դերերն ալ ես կատարելով»: Վահէ աչքը բացած է Էշրեֆիէի երբեմնի հայաշատ շրջանին մէջ, յաճախած է թաղին դպրոցը՝ Ազգային Չաթալպաշեան վարժարան, հետաքրքրական ու փնտռուած ներկայութիւն եղած է ակումբին մէջ, սակայն պայմաններու բերումով փոխած է դպրոցը, որուն փոփոխութիւնը նաեւ անկիւնադարձային եղած է իր կեանքին մէջ: «Յատկանշական հանգրուան էր, երբ Չաթալպաշեան ազգային վարժարանէն, որ Էշրեֆիէ կը գտնուի, Պուրճ Համուտ, Ազգային Սոֆիա Յակոբեան վարժարան եկայ: Բոլորովին տարբեր մշակոյթ էր ինծի համար, ես շատ ապահով, պահպանողական միջավայրի մէջ հասակ նետած էի, մեր տան մէջ հայհոյանք չկար, ամէն տեղ գիրք լեցուն էր, հայրս մտաւորական էր: Յանկարծ ամէն ինչ փոխուեցաւ ինծի համար, Պուրճ Համուտի մէջ մթնոլորտը ամբողջովին այլ էր, յատկապէս՝ աշակերտական միջավայրին մէջ, եւ ինքզինքս աւելի տիրական դարձնելու համար ուժս տուի երեւակայութեանս, շատ լաւ ձեւով պատմութիւն, անեքթոտ կը պատմէի, ատոր համար ընկերներս կը գրաւէի, միջավայրին պատկանելու զգացումը կ՛ունենայի: Անկէ զատ ըսեմ, որ սկիզբը աշխատասէր էի, յետոյ Սոֆիա Յակոբեան վարժարան գալէ ետք դասի հանդէպ հետաքրքրութիւնս կորսնցուցի, կը ձանձրանայի, այլ հետաքրքրութիւններ ունէի: Վերջին տարին դպրոցէն դուրս դրուեցայ, որովհետեւ վատ նիշեր ունէի…»:

ԱՐՈՒԵՍՏՆ ՈՒ ՎԱՀԷՆ
«Թատրոնին հետ կապս սկսաւ դպրոցի տարիներուն, երբ թատերական ներկայացումներուն միշտ մասնակից կը դառնայի, սակայն 16 տարեկանիս առաջին անգամ թատրոն մտայ՝ «Նոր թատրոն» խումբին հետ: Այն ատեն զգացի, որ ա՛յդ էր փնտռածս ու փափաքածս, ինչ որ կ՛ուզէի, հո՛ն էր՝ երաժշտութիւն, նկարչութիւն, գրականութիւն, դերասանութիւն: Ժամանակ մը Վարուժան Խտըշեանի «Փորձառական թատրոն»ին միացայ», կը պատմէ Վահէ Պէրպէրեան:
Հաւանաբար այն ատեն Վահէն կը սկսի զգալ, որ ինք սովորական կեանք ապրելու չէ կոչուած. արդարեւ, ան կեանքի նոր փորձառութիւն մը ապրելու միտումով, հակառակ ծնողքին կամքին, ճամբայ կ՛ելլէ դէպի աշխարհաքաղաքացիութեան երազը: «Անկէ ետք՝ 17 տարեկանիս Եւրոպա գացի ընկերոջ մը հետ, հիփփիական կեանք ապրեցանք, ճամբաները նուագելով, որոշ աշխատանք չկատարելով, օրուան համաձայն ապրելով: Որոշ շրջան մը ետք, երբ կրկին Լիբանան վերադարձայ, պատերազմ սկսաւ, երկու տարի մնացի, պատերազմը ապրեցայ, յետոյ երկիրը ձգեցի առանց ուզելու, որովհետեւ Լիբանանը տարբեր տեղ ունի իմ սրտիս մէջ: Նախ գացինք Քանատա, ապա Միացեալ Նահանգներ՝ միշտ ունենալով այն հաւատքը, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը երկար պիտի չտեւէ, եւ մենք պիտի վերադառնանք: Լոս Անճելըսի մէջ քանի մը ընկերներով հիմնեցինք Լոս Անճելըսի «Փորձառական թատրոն»ը: Ոչ մէկ օր երեւակայեցինք, որ պատերազմը այսքան պիտի երկարի: Կամաց–կամաց, կամայ–ակամայ ընտելացանք այդտեղի կեանքին, հաշտուեցանք առօրեային հետ՝ միշտ Լիբանանի կարօտով. տարբեր հանգրուաններէ անցայ, մինչեւ հասայ ներկայի կեանքիս, աշխատանքներուս, արուեստիս»:
Սակայն Վահէին արուեստի աշխարհը բազմաճիւղ է, իւրաքանչիւրը յատուկ ուշադրութեան եւ կազմակերպուածութեան կը կարօտի… թատերական ներկայացումներ գրել ու բեմադրել, մենաներկայացումներ հեղինակել ու հրամցնել, գծել, գրել, թատերական գործեր (հայերէն եւ անգլերէն) վերամշակել, ուղղել, վերաթարմացնել… Այս բոլորը իրարու չե՞ն հակասեր արդեօք եւ Վահէ Պէրպէրեան ինչպէ՞ս ժամանակ կը գտնէ այս բոլորը ընելու:
«Ըսեմ, որ այս բոլորը զիրար կ՛ամբողջացնեն, այս բոլորը կը կերտեն Վահէ Պէրպէրեանը: Առօրեայիս մէջ շան պէս կ՛աշխատիմ, շատ զօրաւոր օրինականութիւն ունիմ եւ ինքզինքիս կը պարտադրեմ աշխատիլ, որոշած ծրագիրներս իրենց լրումին հասցնել: Բոլոր արուեստներն ալ զիրար կ՛ամբողջացնեն. փոքրուց հայրս միշտ կը պնդէր, որ մէկ բան ընտրեմ, որովհետեւ, ըստ իրեն, այդպէս տեղ պիտի չհասնէի. սկզբնական հանգրուանին կրնայ ըլլալ ատիկա ճիշդ է, որովհետեւ երբ տակաւին անփորձ ես, տակնուվրայ վիճակ մը կ՛ունենաս, սակայն որոշ հասունութիւն մը ձեռք ձգելէ ետք կ՛անդրադառնաս, որ նկարագիրիդ հետ առնչուած կարգ մը կէտեր պիտի ծառայեն այսինչ մշակութային բնագաւառին, հոն պիտի դրսեւորուին, իսկ ուրիշներ՝ այլ մարզի մէջ: Օրինակ, ես կը սիրեմ բեմը, լոյսերը, ժողովուրդը, սակայն միեւնոյն ատեն կը սիրեմ առանձնութիւնս, ինքնամփոփումս. ուրեմն, երբ նկարեմ, գրեմ, իմ առանձին աշխարհիս մէջ կ՛ամփոփուիմ, իսկ երբ դերասանութիւն, մենաներկայացում կ՛ընեմ կամ բան մը կը բեմադրեմ, միւս նկարագրային գիծերս իրենց ուղին կը գտնեն: Ժամանակի ընթացքին եւ ձեւով մը ներդաշնակութիւն մը գտած եմ այս բոլորը շաղախելու, ներաշխարհիս մէջ ընդունելու եւ կրկին ներկայացնելու»:

ՑԱՒԷՆ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ՄԵՆԱԽՕՍԸ
Հաւանաբար անհաւատալի թուի, թէ արուեստի զանազան ճիւղերու մէջ փորձառութիւններ ունեցած Վահէ Պէրպէրեանը երբեք լրջօրէն չէ մտածած մենակատարութեան մասին, այլ կառչած է թատրոնին: Հետաքրքրական է նաեւ, որ ցաւին մէջ իսկ կատակը փնտռելու գաղափարին համոզուած Վահէն այդ մէկը լաւագոյնս կրցաւ կիրարկել իր կեանքին մէջ՝ դառնալով իսկական օրինակ այդ մօտեցման գործնականութեան:
«Քաղցկեղի բուժման հանգրուանէն նոր դուրս եկած էին, բաւական ծանր վիճակի մէջ. թատերախումբ չէի կրնար ղեկավարել, որովհետեւ ֆիզիքապէս շատ տկար էի, ներկել չէի կրնար, որովհետեւ երկար ատեն պէտք էր ոտքի մնայի, ձեռքերուս վրայ ուժ չկար. ուրեմն մտածեցի, որ պէտք է ընեմ բան մը, որ ինձմէ ֆիզիքական աւելորդ ճիգ չի պահանջեր: Այդ հանգրուանին Սփոլտինկ Կրէյ անունով դերասան մը կար. կը դիտէի անոր «Սուիմինկ դու Քամպոտիա» անունով ժապաւէնը, ուր երկու ժամ անդադար Ռէյը՝ սեղանին ետեւ կեցած, առջեւը նօթերը, կը խօսէր: Մտքիս մէջ լոյս վառեցաւ: Սփոլտինկ Կրէյը ինծի համար ներշնչում եղաւ, սկսայ այդ ուղիով աշխատելու: (Հետաքրքրական է նաեւ, որ այդ թուականէն 4 տարի ետք Կրէյ անձնասպան եղաւ): Սկսայ նօթեր առնելու, տեսածներս գրել, գրելու ու գրել, նոյնիսկ՝ առանց գիտնալու, թէ ճիշդ ո՛ւր պիտի հասնիմ, սակայն ի վերջոյ յստակացաւ, որ այդ հանգրուանին մենաներկայացում կատարելու ուղղութեամբ քալած էի»:
Ուրեմն հիւանդութիւնը, ցաւն ու տագնապը ծնունդ տուին Վահէ մենակատարին. «Այո՛, այդպէս է, շատ կարեւոր է, որ ամէն ինչի մէջ երգիծական բաժինը տեսնես, եթէ ես քաղցկեղի պայքարիս մէջ ատիկա չկարենայի գտնել, դժուար պիտի ըլլար հիւանդութիւնը յաղթահարելը, յատկապէս՝‘ հոգեպէս: Այդ հանգրուանին էր նաեւ, որ «Նամակներ Զաաթարէն»ը գրեցի, նոյն հանգրուանին էր, որ մենաներկայացումներուս սկսայ, մինչ այդ ետեւ ետեւի վիրահատութիւններու կ՛ենթարկուէի, բուժման հանգրուաններ կ՛անցընէի, ուստի ինծի համար երգիծականը գտնելը շա՜տ-շա՜տ կարեւոր էր»:

ՀԱՅՐ ՈՒ ՈՐԴԻ
Վահէն կ՛ըսէ, նաեւ ծանօթներ կը վկայէն, որ անոր հայրը մտաւորական եղած է, դասական գաղափարներու կրող, օրէնքներուն եւ կանոններուն կառչած: Հետաքրքրական է, որ ան ինչպէ՞ս ընկալեց իր որդիին որդեգրած անսովոր ուղին:
«Հայրս բոլորովին տարբեր աշխարհի մէջ էր, մտաւորական աշխարհի մը մէջ էր, իրական աշխարհէն անջատուած, ինք, իր գիրքերը, թուղթերը, մատիտները կային հոն միայն: Իր գիրքերով պատուար մը ստեղծած էր եւ անոր ետին թաքնուած: Սկզբնական շրջանին յատկապէս մեր յարաբերութիւնը չոր ու ցամաք էր, սիրոյ պակաս չկար, բայց իրեն համար ես քիչ մը տարօրինակ էի: 17 տարեկանին՝ երկար մազ, պատռած տաբատ… երբ միասին քալէինք, կ՛ըսէր՝ «Քիչ մը հեռուէն քալէ»: Տարիներ ետք, երբ Ամերիկա եկաւ, տեսաւ, որ որոշ բան մը կերտած եմ, տեսաւ, որ ես արուեստովս կ՛ապրիմ, եւ լա՛ւ կապրիմ, մանաւանդ որ իր միտքին մէջ կար այն, որ արուեստագէտ մը անօթի կ՛ըլլայ, կեանքը չի կրնար տնօրինել. երբ անդրադարձաւ, որ այդպէս չէ, իր մօտեցումը փոխուեցաւ:
«Մահանալէն առաջ ես բաւական ժամանակ անցուցի հետը, հիւանդանոց տանիլ, իրեն հոգալ, նոր բան մը սկսաւ մեր միջեւ, որ աւելի դժուարացուց մահուան հետ հաշտուիլը»: Հակառակ մեղմ ժպիտին, Վահէի դէմքին վրայ զգալի է կարօտը, երբ կը խօսի հօրը մասին, նաեւ՝ հանգստութիւն՝ իր հօր օրհնութեան արժանացած ըլլալուն:

ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԷԱՆԸ՝ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ ՈՒ ԱՆՈՐ ԵՏԻՆ
Երբ Վահէին մենաներկայացումներուն կ՛երթայի, ինքնաբերաբար կը մտածէի, որ հիմա ան ինչպէ՞ս այսքան ժամ բեմին վրայ կեցած՝ պիտի յաջողի գրաւել ներկաները, պիտի մղէ զանոնք խնդալու, ինք պիտի կարենայ դիմանալ: Մարդիկ երբեմն կ՛ըսեն, որ շատ դիւրին է ըրածը, բեմ կ՛ելլէ եւ անեքթոտներ կը պատմէ: Բայց արդեօք ի՞նչ կ՛ըլլայ Վահէին հոգեվիճակը:
«Նախ ըսեմ, որ իմ բոլոր արուեստներէս ամէնէն նուազ զիս ներկայացնողը մենաներկայացումներն են, որովհետեւ անոնք գործեր են, որոնք զուարճացնելու, միայն զուարճացնելու կը ծառայեն, թէեւ անոնց ընդմէջէն յաճախ ըսելիք կ՛ունենամ, կը փոխանցեմ միտքերս: Եթէ լուրջ հարց մը կը մտահոգէ զիս, անպայման կ՛ուզեմ անոր անդրադառնալ, սակայն երբ անոր մէջ հիւմըրը չգտնեմ, չեմ խօսիր այդ մասին, որքան ալ կարեւոր ըլլայ անիկա, որովհետեւ ես չեմ ուզեր դասախօսութիւն տալ: Ասիկա հիմնական սկզբունք է ինծի համար: Գրած վէպերուս, ժապաւէններու բեմագրութիւններուս, թատրոններուս մէջ այս մտահոգութիւնը չեմ ունենար, որովհետեւ հոն ակնկալութիւնները տարբեր են, բնոյթը տարբեր է եւ այլն: Մենաներկայացումի պարագային, աշխատանքի ձեւս հետեւեալն է. նիւթերը կը հաւաքեմ, նօթ կ՛առնեմ, կ՛արձանագրեմ ինչ որ պատահի, կը գրեմ, կը գրեմ ամէն ինչ, մինչեւ որ հասնիմ որոշ տեղ մը, երբ անդրադառնամ, որ բաւական բան եղաւ արդէն: Այն ատեն կը սկսիմ համակարգիչին վրայ գրելու, իրարու շաղկապել, ընդհանրապէս այնպէս կ՛ըլլայ, որ երեք ժամնոց նիւթ կը գոյանայ, անկէ ետք կը սկսիմ զեղչելու, պակսեցնելու, կոկելու, մինչեւ որ ընտիր բաժինը մնայ: Ատիկա ընդհանրապէս երկու ժամ կ՛ըլլայ, որ կրկին շատ է, ուրեմն պէտք է կէս ժամ մըն ալ նուազեցնեմ. այդ հանգրուանը դժուարագոյնն է. ո՞ր մէկը աւելի խնդալիք է, աւելի սրամիտ է, աւելի հաղորդական է ժողովուրդին եւ այլն»:
Քիչ մը անակնալ էր լսել, որ Վահէ Պէրպէրեան մենախօսին ետին կայ անձ մը՝ ընկճուածութիւն ունենալու միտող: Խնդացող եւ խնդացնող Վահէին մէջ հաւանաբար մարդիկ միայն ու միայն ուրախութիւնն ու անհոգութիւնը տեսնեն: «Նախ պէտք է ըսեմ, որ ես ընկճուածութեան միտող անձ մըն եմ, շատ ուրախ մէկը չեմ, եւ կեանքի ակնոցս շատ վարդագոյն չէ, լաւատես մէկը չեմ ընդհանրապէս, եւ հաւանաբար այս է պատճառը, որ կատակերգութիւն կը փնտռեմ: Եթէ ուրախ ըլլայի, հաւանաբար կարիք չունենայի զայն տարբեր ձեւով փնտռելու, պեղելու եւ մէջտեղ հանելու: Ըսեմ նաեւ, որ ընդհանրապէս բոլոր կատակերգակները ընկճուածութեան գիրկը իյնալու ենթակայ են սովորաբար, կամ խման են, կամ թմրամոլ եւ այլն, որովհետեւ խորքին մէջ ասիկա աշխատանքի բերումով կ՛ըլլայ: Բաւական սարսափելի բան է, որ բեմ ելլես եւ հարիւրաւոր մարդոց խնդացնել փորձես, միշտ միտքիդ մէկ ծայրը ունենալով այն, որ ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ ըսածս խնդալիք չթուի ներկաներուն, եթէ անոնցմէ ոչ մէկը խնդայ…»:
Այս կը նշանակէ, որ հանդիսատեսը շատ մեծ դերակատարութիւն ունի, մենախօսութեան պարագային յատկապէս ան կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ աշխատանքի յաջողութեան կամ ձախողութեան վրայ: «Հանդիսատեսը ամէն գիշեր տարբեր կենդանի է, ապրող արարած մըն է, որովհետեւ խումբ մը մարդիկ, երբ քով քովի կու գան, հաւաքական նկարագիր մը կը ստեղծեն. առանձին-առանձին ամէն մարդ տարբեր է, սակայն երբ խումբի կը վերածուին, նոյնութիւններ կը ստեղծուին՝ ո՛ւր կը խնդան, ինչպէ՛ս կը խնդան, ամէն ինչ փոխանցիկ է, եթէ քովդ նստողը կը խնդայ, ինքնաբերաբար դուն ալ կը խնդաս եւ այլն: Շատ հետաքրքրական ուժաբանութիւն մը կայ հանդիսատեսին մէջ: Հետաքրքրական է, որ տարբեր պատմութիւններու կամ դէպքերու ներկայացումը տարբեր ձեւով կ՛ընկալուի իւրաքանչիւր հաւաքանակութեան կողմէ. կան գիշերներ, երբ որոշ բաներու չ՛արձագանգէր հանդիսատեսը, ըսուածը տեղ չի հասնիր թերեւս, իսկ յաջորդ օրը նոյն բանին ուժգին կը հակազդէ: Շատ դժուար է հանդիսատեսը ճիշդ տեղաւորելը: Բայց հիմնականը այն է, որ ես հանդիսատեսիս հանդէպ մեծ սէր ունիմ, իրապէս շատ մեծ սէր ունիմ, ինծի համար շատ կարեւոր է, որ ես մարդու վրայ չեմ սիրեր խնդալ, որովհետեւ երգիծանքը ընդհանրապէս խարսխուած է ուրիշին վրայ խնդալու վրայ, ընդհանրապէս ուրիշին քսակէն կը խնդանք: Կը կարծեմ, թէ ճիշդը այն է, որ դուն քեզ այնքան մը ապահով պէտք է զգաս, որ նախ եւ առաջ դուն քու վրադ խնդաս, դուն քեզ քննադատես հրապարակայնօրէն. ամէնէն կարեւորը այդ է, որովհետեւ հոգեկան անապահովութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ դուն քեզ զօրացնելու համար ուրիշները վար զարնես, անոնց վրայ խնդաս: Ես կ՛ատեմ այդ մօտեցումը, չեմ կրնար ատիկա ընել»:
Թատերախաղերուն նկատմամբ այլ մօտեցում ունի ան. «Բեմագրութիւններս հիմնականին մէջ անգլերէնով կը գրեմ, նաեւ գրուած բեմագրութիւններ կը բարեփոխեմ: Թատրոնի պարագային, մեծագոյն մտահոգութիւնս թատրոնի խորհրդանիշները՝ ժպիտն ու լացը միացնելն է, միշտ, մնայուն կերպով: Բոլոր ներկայացումներէս ետք մարդիկ կու գան ու կ՛ըսեն, որ կենսաբանօրէն (biologically) շուարած էինք՝ թէ՛ կու լայինք եւ թէ կը խնդայինք միեւնոյն ատեն: Ատիկա իմ մեծագոյն թիրախս է, որովհետեւ եթէ յաջողիմ ատիկա ընել, ուրեմն ես յաջողած կը զգամ, որովհետեւ կեանքը այդ երկուքին միաձուլումն է: Ատոր համար ողբերգական կացութիւններ շատ չեմ սիրեր, կը հաւատամ, որ ամէնէն ողբերգական վիճակներու մէջ իսկ կատակերգութիւն կայ, եւ ամէնէն երգիծական վիճակներու մէջ՝ ողբերգութիւն: Այդ երկուքը միասին տեսնելը շատ կարեւոր է ինծի համար»:

ՀԱՅ ԸԼԼԱԼՈՒ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՉԵԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մենաներկայացումը, յատկապէս կատակերգական մենախօսութիւնը մեծ տարածում չունի հայ իրականութեան մէջ. Վահէ Պէրպէրեան մէկն է անոնցմէ, որոնք այս իմաստով փորձառութիւն ձեռք ձգած են, սակայն արդեօք այս արուեստին հմտութիւններն ու գաղտնիքները նոր սերունդին փոխանցելու միտում կա՞յ:
«Կը յուսամ, որ նման բան ըլլայ, որովհետեւ "one man  show'" ըսուածը շա՜տ- շա՜տ կարեւոր ոճ մըն է ինծի համար, որովհետեւ նախ եւ առաջ շատ անկեղծութիւն կ՛ենթադրէ, երկրորդ՝ հայելի պէտք է ըլլաս, դուն քու մշակոյթիդ ցոլացնողը պէտք է դառնաս, նաեւ՝ բոլոր արուեստներէն ամէնէն հաղորդիչը, ամէնէն դիւրին ընկալելին ու գոյատեւողը այս է: Ուստի, եթէ կրցար հաղորդականութիւն ստեղծել, կը կարծեմ, թէ մեծաթիւ մարդոց ականջին կը հասնիս: Օրինակ մը տամ. Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ունիմ բարեկամ մը, որուն 17 տարեկան տղան բացարձակապէս հայերէն չէր խօսեր. օր մը հայրը պատմեց, որ տղան սկսած է մենաներկայացումներուս «Տի.Վի.Տի.»ները դիտելու ու սկսած է քիչ-քիչ հայերէն խօսելու: Չեմ գիտեր՝ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել ասիկա, սակայն նման բան կայ: Այս բոլորին մէջ ամէնէն կարեւորը այն է, որ հայերէնին նկատմամբ սէր մը սկսաւ մենախօսութիւններու, կատակերգութեան ճամբով: Կարեւոր է, որ երիտասարդներուն սիրցնել տաս իրենց մայրենի լեզուն: Նոր սերունդին հետ կապը ինծի համար շատ կարեւոր է, հետաքրքրութիւններուս մէկ մասը կը կազմէ. իմ համակիրներուս մէջ մեծ է թիւը երիտասարդութեան, համացանցային ընկերային էջիս մէջ ներկայութիւն են անոնք, գաղափարներ կու տան, քննարկումներ կը կատարեն, կը բաւէ, որ ներկայութիւն են, եւ տեղ մը մեր միջեւ կապուածութիւն մը կայ:
«Երիտասարդութիւնը շատ լաւ պէտք է գիտնայ, որ կարելի է հայ ըլլալ եւ հիփփի ըլլալ միեւնոյն ատեն, նոր սերունդը պէտք է գիտնայ, որ ամէն ինչ, որ հնամենի է, ժամանակավրէպ է, դասական է, պէտք չէ անպայման հայկականին կապել, ընդհակառակը, ըմբոստանալը, եզրերուն դէմ ելլելը, դասականը մերժելը երիտասարդութեան համար ամէնէն կարեւոր բաներն են, բայց չեմ ակնկալեր, որ ոչխարի նման երիտասարդներ մեծնան եւ միեւնոյն ժամանակ ղեկավար դիրքերու վրայ ըլլան, հեռանկարներ, տեսիլքներ ունենան: Խորքին մէջ ցնցիչ գաղափարները, տեսիլքները կը ծնին այնպիսի մարդոցմէ, որոնք տուփէն դուրս կ՛ապրին, տարբեր ձեւով կը մտածեն, եթէ ամէն ինչին համաձայն պիտի ըլլան, հետեւողական պիտի ըլլան, կարելի չէ ժամանակին հետ քայլ պահել՝ ինքնութիւն պահելով: Ժամանակին հետ քայլ պահելու համար պէտք է քալել օրուան պայմաններուն հետ, սակայն ինքնութիւնն ու հայկականութիւնը եւս տանիլ մեզի հետ, եւ ոչ թէ՝ հեռանալ անկէ»:

ՎԱՀԷՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
Յստակ է, որ Վահէ Պէրպէրեանին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն եւ քաշողականութիւն ունին յատկապէս նոր սերունդի ներկայացուցիչները, աշակերտները: Արդեօք այս մէկը ընդհանո՞ւր է, թէ Լիբանանի կամ Միջին Արեւելքի մէջ աւելի եւս շեշտուած է:
«Միջին Արեւելքի մէջ ասիկա աւելի շեշտուած է, բայց այն գաղութներուն մէջ, ուր մեծ թիւով հայութիւն կայ, ատիկա զգալի կը դառնայ: Ասիկա մեծ պատասխանատուութիւն է, որովհետեւ ամէն ըսածդ լուրջի կ՛առնեն, օրինակ կը դառնաս, ատոր համար զգոյշ կ՛ըլլամ, որովհետեւ ըմբոստութեան, վերի խաւին նկատմամբ պահանջատէր ըլլալու, ամէն ինչ հալած իւղի պէս կուլ չտալու եւ միւս ծայրայեղութեան երթալու, արմատներէդ անջատուելու, երազային եւ երեւակայական աշխարհ մը ապրելու միջեւ շատ բարակ գիծ մը կայ: Ինծի համար այս վերջինը երբեք այլընտրանք չէ, փորձառութենէս մեկնած կ՛ըսեմ ասիկա: Հիփփիական կեանքէս երբ վերադարձայ Լիբանան, անկէ ետք խիղճի ու գիտակցութեան ջանք ի գործ դրի հայկական արմատներուս վերադառնալու, այն ատեն աւելի քան երբեք գիտակցեցայ, թէ որքան կարեւոր է հայկական ինքնութիւնը ինծի համար: Այդ տարիներուն կը մտածէինք, որ բոլորս մէկ ենք, աշխարհի վրայ ապրողները բոլորն ալ նոյնն են, սակայն յետոյ անդրադարձայ հետեւեալին. եթէ ամբողջ մարդկութիւնը կօշիկ պիտի չհագնի, ուրեմն ես ալ համաձայն եմ բոպիկ պտտելուն, սակայն եթէ կօշիկ հագնիլ մը կայ, ուրեմն ես ի՛մ կօշիկս պիտի հագնիմ եւ երբեք՝ ուրիշինը: Եւ ազգային մշակութային պատկանելիութիւնն ալ այդպէս էր ինծի համար. շատ լաւ է, որ մարդ աշխարհաքաղաքացի ըլլայ, բայց եթէ ես Ամերիկա պիտի երթամ եւ ամերիկացի պիտի ըլլամ, ինքզինքս ամերիկացի պիտի սեպեմ, մանաւանդ որ աշխարհաքաղաքացի ըսուած բան գոյութիւն չունի, ատիկա իտէալ մըն է պարզապէս, կը նախընտրեմ հայ ըլլալ, ինքնութիւնս ըլլալ»:
Երիտասարդութեան ուղղուած Վահէին խօսքը հետեւեալն էր. «Մէկ բան կրնամ ըսել, որ հայ ըլլալս ինծի համար ոչ միայն հպարտութիւն է, այլ նաեւ մեծ օգուտ ունեցած է, շատ կը զայրանամ այն մարդոցմէ, յատկապէս հայ արուեստագէտներէն, որոնք կ՛ըսեն, թէ հայերը արուեստը չեն գնահատեր, արուեստի նկատմամբ համարում չունին: Ասիկա ճիշդ չէ. ես իբրեւ արուեստագէտ՝ ունիմ այն հաւատքը, որ եթէ ես իմ հայութիւնս չգրկեմ, չպահպանեմ, անոր չգուրգուրամ, ըլլամ ամերիկացի, ինձմէ մէկ ուղղուածութիւն պիտի պակսի, որովհետեւ ինքնութիւնը նոր ուղղութիւն, նոր խորք կու տայ ինծի: Ասիկա միայն հայութեան համար չեմ ըսեր, այլ՝ բոլոր ազգութիւններու պարագային, ամէն մէկ ազգ իրեն հետ իր գանձը կը բերէ, հարստութիւնը կը փոխանցէ, ուստի լիբանանցի ըլլալս ալ ինծի համար հարստութիւն մըն է: Այնպէս որ, շատ հանգիստ կը զգամ իմ հայ ըլլալուս համար, օր մը օրանց չեմ փորձած պահել, անտեսել. ասիկա աւելի կը շեշտուի օտար միջավայրի մէջ, ուր միշտ ու միշտ հայ ըլլալս հիմնական է ինծի համար»:

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՑԱՒՈՎ ՏԱՌԱՊՈՂԸ
Նախորդ տարուան կէսերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուած էր սուրիահայութեան նուիրուած հաւաքական ցուցահանդէս մը, որուն մասնակցած էր նաեւ Վահէ Պէրպէրեանը: Ցուցահանդէսին ամբողջ հասոյթը յատկացուեցաւ սուրիահայութեան:
«Այսօրուան դրութեամբ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան պատճառով սուրիահայութեան դիմագրաւած հարցերը ինծի համար մեծ կարեւորութիւն ունին, մեծապէս կը տագնապեցնեն զիս: Նախ ըսեմ, որ հայրս Ակն ծնած է, սակայն Հալէպի որբանոցը մեծցած է, եւ ես Հալէպը նկատած եմ խորհրդանիշ հայութեան, որովհետեւ ձեւով մը հոնկէ հայութիւնը վերսկսաւ. 2010ին գացի Հալէպ եւ իրապէս սիրահարեցայ անոր, ժողովուրդին ջերմութիւնը յատկանշական էր: Յաջորդ տարի նորէն գացի, անդրադարձայ, որ մեզի համար որքան կարեւոր է Հալէպը: Սուրիա, ապա Թուրքիա կատարած շրջագայութեանս ընթացքին նկատեցի, որ Պոլիսը եւս շա՜տ-շա՜տ մեծ կարեւորութիւն ունի, ցաւ ի սիրտ տեսայ, որ մենք ամէնէն մեծ անարդարութիւնը ըրած ենք մեր մշակոյթին հանդէպ, երբ Պոլիսը անտեսած ենք յետեղեռնեան ժամանակաշրջանին: Մեր պատմութեան, մշակոյթի հիմքերը Պոլիսն ու Թիֆլիսն էին, ինչպէ՞ս կրնաս Պոլիսը զանց առնել եւ անտեսել այն վայրը, որ քեզի Գրիգոր Զօհրապ, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ տուաւ, որովհետեւ Թուրքիա՞ է, բայց քո՛ւկդ է, այդ թաղերը ամբողջութեամբ հայկական էին. այդ զգացումը տիրական էր, երբ Պոլիս գացի, մեր պատմութեան առնչուած դէպքեր ու դէմքեր շօշափելի դարձան: Հետաքրքրական էր այդ շրջագայութիւնս, որովհետեւ անիկա սկսաւ Թուրքիայէն, Պոլիսէն, ուր մեր մշակոյթը ծնունդ առած է, ապա՝ Սուրիա, Հալէպ, որ մեզ փրկեց, եւ ուր մեր առաջին արմատները նետեցինք, ուր մշակոյթն ու ինքնութիւնը պահպանուեցան:
«Սուրիոյ վիճակը շատ կը մտահոգէ զիս, չեմ գիտեր՝ ինչպէ՞ս կարելի է աշխատիլ սուրիահայութեան վիճակի բարելաւման համար: Շուրջ 5 ձեռնարկ ըրած ենք, անոնց հասոյթը տրամադրուած է սուրիահայութեան: Սուրիոյ մեր եղբայրներուն կը մաղթեմ համբերութի՛ւն, համբերութի՛ւն, կը յուսամ, որ ձեւ մը կը գտնեն ժպտելու, խնդալու, որովհետեւ միայն կատակերգութիւնն է, որ կրնայ առողջ պահել, եթէ ճամբաները բացուին եւ կարելիութիւն ստեղծուի, իսկոյն կ՛երթամ հոն»:

ԱՊԱԳԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ԵՒ ԽՕՍՔ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Վահէ Պէրպէրեանի ապագայի ծրագիրները բազմազան են. «Եթէ»ին երթը պիտի շարունակուի տակաւին երկու տարի, որովհետեւ շրջագայութիւնը սկսաւ Նիւ Ճըրզիէն, յետոյ՝ Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Պոսթըն, Լիբանան, Փարիզ, յետոյ երկար շարք մը կայ՝ հասնելով Հայաստան, Հիւսիսային Ամերիկա:
«Թատերական շարժումի մը սկսած ենք «Արմինիըն իմփրաւ» անունով, բացառիկ յաջողութիւն գտած ենք, 6 դերասան բեմ կ՛ելլենք, ժողովուրդէն բառ մը կ՛ուզենք եւ տեղւոյն վրայ կը սկսինք թատրոն խաղալու: Ասիկա մեծ յաջողութիւն գտաւ, կարծեմ պիտի շարունակուի:
«Նոր վէպ մը սկսած եմ, բայց անգլերէն է, կէս կը ձգեմ յաճախ, որովհետեւ դաւաճանութեան նման բան մը կը զգամ, որովհետեւ անգլերէն է, ուրիշ բաներ անգլերէն գրած եմ, բայց վէպը դժուար է»:
Եզրափակիչ խօսքը ուղղուած էր լիբանանահայութեան. «Ես լիբանանահայութիւնը շատ կը սիրեմ, տուն վերադարձ է ինծի համար հոս գալը, հոս հոգիս կը լեցուի, օտար շրջանակներու մէջ ի՛նչ ալ ընես, արժէք պիտի չունենաս, իսկ երբ հայ ես, օտար կամ հայկական շրջանակի մէջ կատարածովդ հայ եղբայրդ պիտի ուրախանայ ու հպարտանայ, պիտի ըսէ՝ ասիկա մերն է: Ամերիկացի մը կրնայ շատ լաւ բան ընել, բայց այլ ամերիկացի մը չ՛ըսեր, որ ասիկա մերն է: Մենք այդպէս չենք, ատիկա շատ իւրայատուկ է, հայ ըլլալը խանդավառութիւն կը ստեղծէ, ուրեմն պէտք է շատ ամուր կառչիլ հայկականութեան եւ հայկական արժէքներուն»:
Կ՛աւարտի զրոյցը, որուն ընթացքին միակ հանդիսատեսն էի Վահէին կենսագրականին բեմադրութեան: Այո՛, կարծէք թատրոն էր, մենակատարում, որովհետեւ Վահէին արտայայտութեան ձեւերը, շարժումները, զգացումներուն եւ մտածումներուն արտացոլացումը՝ աչքերուն մէջ ու դէմքին վրայ, կենդանի ներկայացում մըն էին իսկական:
Ապրուած կեանք մը, պատգամներով լեցուն փորձառութիւններ, կերտուած արուեստ ու յաջողութիւններ, հպարտ հայորդի մը, ուրախութիւն ու ժպիտ սերմանող տիպար մը, որ շատ աւելին է երեւցածէն…

«Ազդակ», Փետրուար 17, 2014

No comments:

Post a Comment