4.2.14

Հայկական առաջին պնակիտը՝ «Արմթաբ», պաշտօնապէս «ծնած» է



Փետրուար 4-ին հայկական առաջին պնակիտը (tablet)(*) պաշտօնապէս հանրութեան ներկայացուեցաւ Երեւանի մէջ ։ Մշակող եւ արտադրութիւնը իրականացնող “Technology and Science Dynamics” ընկերութեան հիմնադիր Վահան Զաքարեանը յիշեցուց, որ «Արմթաբ»ի գաղափարը հրապարակուած էր 2013 թուականին: «Այսօր մենք հաւաքուել ենք այստեղ նշելուԱրմթաբ”ի ծնունդը մեր բոլորի համար, մեր հայրենիքի ու հասարակութեան համար», նշեց Զաքարեան, յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ ամիսներուն գործարանը պիտի սկսի պնակիտներու զանգուածային արտադրութեան:

Ըստ իրեն, «Արմթաբ» ընկերութիւնը ներկայիս աշխոյժ համագործակցութեան մէջ է տեղական կազմակերպութիւններու հետ: «Արմթաբ» պնակիտին մէջ պիտի զետեղուի «Ինստիգէյթ դիզայն» ընկերութեան «Արաքս» առաջին գոր համակարգը, «Ոստան» օգտագործողի միջավայրը, «Լոկատոր», «Բիթլիս-Մեն» ընկերութիւնններուն եւ Mlab ECA շարժական լուծումներու տարածաշրջանային տարրալուծարանի կրթական յաւելուածները: Ընկերութիւնը նպատակ դրած է «Արմթաբ» ել-աղիւսակները 2015ին ներկայացնել Հայաստանի դպրոցական համակարգերուն մէջ :
Կը նախատեսուի, որ “Technology and Science Dynamics”ը յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին արտադրութեան ծաւալը կը հասցնէ 10 հազարէն մինչեւ 50 հազար պնակիտներու, միաւորին գինը 180 տոլար կ՚ըլլայ, իսկ ինքնարժէքը՝ 135 տոլար։ Հայաստանի կառավարութիւնը թոյլատրած է արտադրող ընկերութեան գործել ազատ տնտեսական գօտիին մէջ։



maxinfo.am, Փետրուար 4, 2014


(*) «Պնակիտ» բառը արեւմտահայերէն պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու մէջ յաճախ գործածուած է tablet բառը թարգմանելու համար (սեպագրական արձանագրութիւններու պարագային)։ Նկատի ունենալով, որ անգլերէն tablet բառը բազմիմաստ գործածութեամբ բառ մըն է, պատճառ մը չենք տեսներ, որ հայերէն բառը երկրորդ իմաստ մը չունենայ։ Բառին այս հայացումը նախընտրելի կը գտնենք, քան հայաստանեան աղբիւրներու գործածած «հայերէն» բառը՝ բլանշետ, որուն ծագումը չկրցանք պարզել (ռուսերէնը կը գործածէ таблет (tablet) բառը) («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment