ԼԻԼԻԱՆ ՏԱՐՕՆԵԱՆ
Կիրակի, Դեկտեմբեր 15ին, Փարիզի Հայ Ուսանողներու Տան մէջ, Արբի Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ Գէորգ Սարգսեանի՝ «Չորս հոգի ցուրտ սենեակի մը մէջ» թատերգութիւնը։ Վայրը՝ Երեւան, նիւթը՝ խորհրդային վարչակարգի տապալումէն կարճ ժամանակ առաջ՝ երեք անձնաւորութիւններ, երեք տարբեր ժամանակաշրջաններէ սերած, որոնք դէմ յանդիման կը գտնուին տնտեսական, հոգեբանական եւ բարոյական տագնապի մը, իրենց սրտին մէջ կրելով «1937»ի աղէտը։
Ինչպէս ծանօթ է, Գէորգ Սարգսեան 1934ին Երեւան ծնած թատերագիր է։
Արդարեւ, արդէն տարիներէ ի վեր Արբի Յովհաննիսեան եւ իր խումբը կը հաւաստեն, որ հայկական թատրոն, աւելի ճիշդը՝ հայերէն լեզուով ժամանակակից թատրոն մը գոյութիւն ունի, որուն թեմաները հայ ժողովուրդի կենդանի ապրումներէն բխած են՝ թաւալած ժամանակի եւ աշխարհագրական տարածքի ընդմէջէն, Սփիւռքէն Հայաստան՝ իր լեզուական շերտերով՝ արեւմտահայերէնով, արեւելահայերէնով ու տեղական կամ դասակարգային բարբառներով։

Փաստարկումը կատարուած է արդէն, այն ալ հմտութեամբ, որ նման է տարրալուծարանի մէջ երկար տարիներու փորձարկումի ուրախառիթ արդիւնքին։ 1996էն ասդին, 32 շարքերու երկայնքին դասաւորուած - առատ բազմազանութեամբ - հայ թատերագիրներու նուիրուած թատերական բեմականացուած 98 ընթերցումներ կատարուած են։ Ժամանակակից խաղեր, որոնց շնորհիւ կարելի է ըսել, թէ այսօր Փարիզը կը հանդիսանայ նմանօրինակ արդի հայ թատրոնի համաշխարհային բեմը։
Արբի Յովհաննիսեան տաղանդաւոր բեմադիր մըն է, սակայն անոր ու իր խումբին տաղանդը պէտք էր կամաւորաբար ստիպել եւ զսպել որպէսզի կարելի ըլլայ փաստարկումի ճակատամարտը մղել մթնոլորտի մը մէջ, ուր նման երեւոյթներ հազուագիւտ են կամ պարզապէս գոյութիւն չունին։ Ուրկէ՞ սկսիլ մեկնելու համար այն հազուադիպութիւնը որ կազմուած է բազում եւ իրարմէ անքակտելի տարրերէ։ Օրինակի համար, ինչո՞ւ թատերական ընթերցումներու ստիպողութեան յանձնուիլ, փոխանակ՝ իրական թատերական ներկայացում մը «արտադրելու»։ Որովհետեւ կը պակսին ժամանակը, տրամադրելիութիւնը, նիւթականը, փորձերու եւ ներկայացման վայրը, կազմակերպութիւնը, ընկերակցութիւնը, բարերարներու նպաստը, որովհետեւ սակաւաթիւ են հայախօս թատերասէրները որոնք տրամադիր են հետեւելու այս թատերական արկածախնդրութեան կամ թէ պարզապէս անկարելի է բեմադրել թատրոն մը, որ ունի մեծաթիւ դերասաններ…։ Հերոսական բան մը կայ այս պարտադրուած կոծկումին մէջ՝ փորձերը քիչ են, որովհետեւ թելադրելի չէ առաւել խորանալ խաղարկութեան մէջ, քանի որ ան ահաւոր ժամանակ խլելով շատ հեռուները պիտի տանի, որուն կը հակադրուին նիւթական պայմանները եւ ի վերջոյ այս բոլորը կրնան խոչընդոտել ներկայացումը։
Իւրաքանչիւր ներկայացումէ ետք սովորաբար հանդիսատեսին հետ վիճարկում տեղի կ՚ունենայ։ Այս պարագային հանրութիւնը զգացուած ու ցնցուած էր ի տես «1937»ի ստալինեան արհաւիրքին, ուր իւրաքանչիւրի ներաշխարհին մէջ դրոշմուած էր բազմամեայ խորհրդային համակարգի դաժանութիւնը կամ պարզապէս հետք ձգած էր կեանքի խստութիւնը։ Շնորհաւորելի են դերասանները, որոնք Արբի Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ յաջողեցան կատարել եւ փոխանցել այս դժուար բնագիրը. յիշենք Աստղիկ Շինկիթեանը, Ժիրայր Չոլաքեանը, Արէն Քերթեշեանը եւ Արսէն Այնթապլեանը։ Բայց ինչ, որ աւելի ցնցեց ներկաները այս թատերգութեան պարագային - ինչպէս նաեւ 1996էն ի վեր Փարիզ ներկայացուող բոլոր գործերուն - այն է որ ան երբեք չէ բեմադրուած Հայաստանի մէջ։ Ինչո՞ւ Հայաստանի հայերը չեն օգտուիր այս «հայելիէն», որ կը ցոլացնէ խորհրդային տարիներու ցաւերը կամ ոչ պակաս ընկալեալ փոխզիջումները։ Հանրութիւնը ինքզինքին հարց կու տայ՝ արդեօք այդքա՞ն վախնալիք է հայելիի մէջ երեւիլը։ Կամ ինչո՞ւ հայկական թատրոնի լաւագոյն մասնագէտներէն՝ Արբի Յովհաննիսեան իր արժանի տեղը չունի Հայաստանի մէջ։ Ի՞նչ կ՚անցնի կը դառնայ խորհրդային սալին եւ «անկախութեան» մուրճին միջեւ… սարսափազդու Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ կաշառակեր վարչախումբին միջեւ։ Ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ Սփիւռքի մէջ՝ հնազանդութեան եւ զանազան կարգադրութեանց միջեւ։ Քարերու տակ ծովեզե՞րք… Թմրութեան մէջ զարթօ՞նք…։
Քանի որ ան հրաւէր մըն է հաւաքական ապրումի փորձառութեան, խորհրդածութեան, նոյնիսկ՝ մաքրուելու, իրականութեան հետ առերեսելու, սպասենք, որ հայկական ժամանակակից թատրոնը վաղ թէ ուշ պիտի գտնէ իր արժանի տեղը ինչպէս Սփիւռքի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ։
«Նոր Յառաջ», Յունուար 4, 2014

No comments:
Post a Comment