23.12.13

Անհաւասարութիւն՝ ի պէտս անգիտաց

ՊԻԼ ՔԵԼԸՐ
 Թարգմանութիւն՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
(. . . ) Շերտաւորուած հասարակութիւն մը, ուր ներքեւն ու վերեւը մեծաւ մասամբ իրենց տեղերը անշարժ մնացած են, ո՛չ միայն բարոյապէս նախատական է, այլեւ՝ անկայուն։ Տնտեսական անկումային ճգնաժամերը աւելի յաճախակի են նման երկիրներու մէջ։ Լայն գովասանքի արժանացած 2012ի գիրք մը՝ «Ինչո՞ւ ազգերը կը ձախողին», փաստարկած է, որ պատմականօրէն, երբ տիրապետող ընտրանիները սանդուխները քաշած են՝ առանց ձգելու, որ նորեկները ոտք դնեն անոնց վրայ, անոնց տնտեսութիւնները խեղդուած ու մեռած են։ «Անհաւասարութեան ամենէն վնասակար փաստը թարգմանութիւնն է քաղաքական անհաւասարութեան», ըսաւ Տարօն Աճէմօղլու՝ գիրքի համահեղինակներէն մէկը եւ Massachussetts Institute of Technologyի տնտեսագէտ։ «Կը նշանակէ, որ մեր ժողովրդավարութիւնը կը դադրի գործելէ, որովհետեւ որոշ մարդիկ այնքան շատ դրամ ունին, որ աւելորդ իշխանութիւն կը վարեն»։ Հարուստները լայնօրէն կը ծախսեն լոպպի ընողներու եւ ընտրարշաւի նուէրներու վրայ՝ կարգավիճակը յաւերժացնող հարկային ազատութիւններ, սակագնային առաւելութիւններ եւ պարտքերու ներումներ ապահովելու համար։ Ո՛չ միայն ուժական տնտեսութիւն մը կը լճանայ, այլեւ արտաքսուած քաղաքացիութիւնը կը դառնայ պատրանաթափ եւ շնական (cynical)։ Արդեօք ծանօթ կը հնչէ՞։ (. . .)

«Նիւ Եորք Թայմզ», Դեկտեմբեր 23, 2013


Յ.Գ.- Անշուշտ, ակնարկութիւնը Միացեալ Նահանգներու մասին է, բայց այս հատուածը լրջօրէն մտածել կու տայ շատ մը այլ երկիրներու մասին, ուր  «տիրապետող ընտրանիները սանդուխները քաշած են », ուր «արտաքսուած քաղաքացիութիւնը կը դառնայ պատրանաթափ եւ շնական (cynical)», եւ այլն, եւ այլն։ Առաջին հերթին՝ Հայաստանի մասին։ Ով որ ականջ ունի, թող լսէ։ Ի դէպ, հեղինակը «Նիւ Եորք Թայմզ»ի խմբագրապետը եղած է, իսկ 1988ին՝ արցախեան շարժման օրերուն, թերթին Մոսկուայի գրասենեակի վարիչը։ Տարօն Աճէմօղլուն՝ հայազգի տնտեսագէտ եւ «Արմինիըն Ռիփորթըր»ի երբեմնի սիւնակագիր, հանգուցեալ բժիշկ Մուրատ Աճէմօղլուի որդին («Հայկականք»)։

 

No comments:

Post a Comment