Ուրախալի է իմանալ, որ սփիւռքահայ կարգ մը թերթեր ձեռնարկած են իրենց հաւաքածոներուն թուայնացման աշխատանքին, ինչ որ մօտ ապագային կարելի պիտի դարձնէ, որ պատմական արժէք ունեցող այդ հատորները մատչելի ըլլան հանրութեան ամէնուրեք։
Յունիս 7ին "Armenian Weekly"ի մէջ զետեղուած ազդ մը ընթերցողները կը քաջալերէր նուիրատուութիւններ կատարելու՝ «նոր միջոցներ»ու զարգացման ի խնդիր, որոնք շարքին՝ «Արմինիըն Ուիքլի»ի, «Հայրենիք»ի եւ «Հայրենիք» հրատարակչատան արխիւներէն նմոյշներու թուայնացման։
Նոյեմբեր 6ին «Ազդակ» կը տեղեկացնէր, թէ անոր արխիւի թուայնացման աշխատանքները կը շարունակուին «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնին մէջ: Առաջին հանգրուանը՝ նկարահանումը, արդէն հասած էր 1970 թուականին: Վերջին երեսնամեակի թիւերու նկարահանումէն ետք աշխատանքը պիտի անցնէր երկրորդ եւ երրորդ հանգրուաններուն, ուր համակարգչային համապատասխան ծրագիրներով նկարահանուած էջերը կ՚օժտուին որոշ ծանօթագրութիւններով եւ ապա նիւթերը կը դառնան որոնողական:
«Ազդակ»-ի պակսող թիւերու համար դիմում կատարուած է հայ մամուլի հաւաքածոներ պահպանող տարբեր մատենադարաններու պատասխանատուներու` թուայնացած տարբերակներ ստանալու կարելիութիւնները քննելու համար։անոնց։ Նաեւ դիմում կատարուած է այն ընթերցողներուն, որոնք «Ազդակ»ի հաւաքածոյ ունին, որպէսզի կապ հաստատեն` բնագիրը կամ բնագրի ելեկտրոնային տարբերակը տրամադրելու համար:
Միւս կողմէ, «Ասպարէզ» արշաւի մը ձեռնարկած է՝ իւրաքանչիւր տարուան հաւաքածոյին հովանաւորներ գտնելու համար։ Այսպէս, ըստ թերթի Սեպտեմբերէն ի վեր կատարուած պարբերական հրապարակումներուն, ցարդ արձանագրուած են հետեւեալ անունները. Ալպեր Մինասեան (1940), Մանաս եւ Տանըլի Պուճիքեան (1908), Կարպիս եւ Մայտա
Պէզճեան (1966),Պետրոս եւ Ալիս Աբէլեան (1958), անանուն բարերար(1998)։ Իւրաքանչիւր հատորի թուայնացումը 1000 տոլար կ՚արժէ։
No comments:
Post a Comment