Նոյեմբերի 6-ին Դանիոյ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ դանիացի գրող Քէյթ Ղոյստայի «Քարէն Եփփէն եւ հայ ժողովուրդը. կեանք մը, կանչ մը» վերնագրով դանիերէն գիրքին շնորհանդէսը, որուն ներկայ էին հայ համայնքին ներկայացուցիչներ եւ դանիացի մտաւորականներ:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Դանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Աղաջանեանը նշեց, որ օրը պատահական չէր. ճիշդ մէկ տարի առաջ նոյն օրը դանիացի մարդասէր եւ «հայ որբերու մայրիկ» Մարիա Եաքոպսէնի 130ամեակն էր, եւ այդ նոյն օրը Քոփէնհակէնի Թագաւորական Գրադարանին մէջ բացուած էր «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ սկանդինաւեան արձագանգը» խորագրով ցուցահանդէսը:
Դեսպանը իր խօսքին մէջ յիշեց, որ վերջերս Դանիոյ հեղինակաւոր «Kristeligt Dagblad» թերթին մէջ հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հրապարակուած քանի մը յօդուածներէն մէկը կը կրէր «Հայոց պատմութիւնը մեր պատմութիւնն է» վերնագիրը` աւելցնելով, որ Մարիա Եաքոպսէնի եւ Քարէն Եփփէի միջոցով է, որ շատ դանիացիներ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը իրենց սեփական պատմութեան մէկ մասը կը համարեն: Դեսպանը դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդին անոնց նուիրումը անսահման եղած է եւ որ անոնց մասին նոր վկայութիւնները թոյլ կուտան ծանօթանալու անոնց գործունէութեան անծանօթ էջերուն:
Այնուհետեւ, հեղինակը՝ Քէյթ Ղոյստան, խօսեցաւ իր գիրքին եւ զայն գրելու մտայղացումին մասին: Ան պատմեց, որ, Սուրիա գտնուելով, իմացած է Քարէն Եփփէի գերեզմանին մասին, սակայն չէ հասցուցած այցելել անոր շիրիմը եւ երկրորդ անգամ այցելած է Սուրիա այդ նպատակով: Սկսած է ուսումնասիրել Քարէն Եփփէի կեանքը եւ գործունէութիւնը, այցելած է անոր ծննդավայրը` Կիւլինկը, եւ ծանօթացած տեղական արխիւին, ինչպէս նաեւ Դանիոյ Թագավորական Գրադարանին մէջ գոյութիւն ունեցող նիւթերուն հայոց ցեղասպանութեան մասին: Գրողը մեկնած է նաեւ Գերմանիա` Եոհաննէս Լեփսիուսի եւ Քարէն Եփփէի միջեւ նամակագրական նիւթերը ուսումնասիրելու համար:
Շնորհանդէսի վերջաւորութեան ներկաները բազմաթիւ հարցեր եւ շնորհակալութեան խօսքեր ուղղեցին Քէյթ Ղոյստային:
Գիրքը տպագրուած է 2013 Մայիսին: Նախորդ դարասկիզբին Դանիա գործող «Հայերու Դանիացի Բարեկամներ» մարդասիրական կազմակերպութենէն լսելով սահմռկեցուցիչ պատմութիւններ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ գործուած հալածանքներուն ու կոտորածներուն մասին, Քարէն Եփփէն որոշած է երթալ եւ օգնել վերապրողներուն։ Ան Ուրֆա ժամանած է 1903ին եւ զբաղած՝ որբ երեխաներու խնամքով եւ ուսուցմամբ։ Քարէն Եփփէ հայոց ցեղասպանութեան ականատեսը եղած է: 1921ին տեղափոխուած է Հալէպ` փրկուած երեխաները խնամելու եւ գերութեան մեջ գտնուող կիները ազատագրելու համար։ Որբանոց հիմնելով, հոն մնացած է մինչեւ իր կեանքին վերջը (մահացած է 1935ին)։
1947ին հիմնուած ազգային ճեմարանը կոչուած է «Քարէն Եփփէ» անունով (*)՝ յարգելու համար մեծ մարդասէր դանիացիի յիշատակը։ Հոն ուսում ստացած են ու կը ստանան հազարաւոր հայորդիներ։
«Ազգ», Նոյեմբեր 8, 2013
(*) «Ազգ»ի լրատուութեան մէջ սպրդած է ցաւալի սխալ մը. «Հալէպում Կարէն Եփփէի հիմնած եւ իր անունը կրող ազգային ճեմարանում...»։ Յայտնի է, որ Քարէն Եփփէ ճեմարանի հիմնադիրը եղած չէ («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment