Մայր Աթոռ Ս. Էջիմածինի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց Ժողովի դիւանը Սեպտեմբեր 27ին տարածած հաղորդագրութեան մէջ ամփոփած է ժողովի
աշխատանքները:
«24 Սեպտեմբերի նիստերուն եպիսկոպոսաց դասը քննարկեց
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման աւանդութեան
վերականգնման հարցը եւ այդ շրջագիծին մէջ հայոց ցեղասպանութեան զոհերու
սրբադասման խնդիրը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Զեկուցումներու
քննարկման իբրեւ արդիւնք հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման
հոլովոյթին առնչութեամբ Եպիսկոպոսաց Ժողովը որոշած է` որդեգրել հայոց
ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասման սկզբունքը, յանձնարարել
Սրբադասման Յանձնախումբին` շարունակել նահատակներու անհատական եւ խմբային
սրբադասման ուսումնասիրութիւնը` եպիսկոպոսաց յառաջիկայ ժողովներուն
ներկայացնելու համար, յանձնարարել Սրբադասման Յանձնախումբին մշակել
սրբադասման կանոնակարգը եւ արարողակարգը` եպիսկոպոսաց յառաջիկայ ժողովին
ներկայացնելու համար:
25-26 Սեպտեմբերի նիստերուն Եպիսկոպոսաց Ժողովի
մասնակիցները քննութեան առած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին
երկու խորհուրդներու` Ս. Մկրտութեան եւ դրոշմի առնչութեամբ Ծիսական Յանձնախումբին կողմէ կատարուած աշխատանքները: Իսկ 27 Սեպտեմբերի նիստերը
նուիրուած էին Հայ Եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրներուն:
Եպիսկոպոսաց Ժողովը որոշած է հաստատել հիմնադրամ մը` Հայաստանի ու Արցախի եւ
սուրիահայութեան կարիքաւոր զաւակներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:
Հիմնադրամի գործունէութեան սկիզբին համար հաստատուեցաւ երկու միլիոն տոլարի
նախնական դրամագլուխ, իսկ հիմնադրամի ընթացիկ աշխատանքներուն կազմակերպման
համար ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ:
Ժողովականները կարեւոր
նկատած են եպիսկոպոսաց ժողովներու պարբերական գումարումը` Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած զանազան մարտահրաւէրներուն ու հայ ժողովուրդը
յուզող հարցերուն անդրադառնալու նպատակով:
Եպիսկոպոսաց յաջորդ ժողովին գումարումը որոշուած է 2014 թուականի աշնան:
«Ազդակ», Սեպտեմբեր 28, 2013
No comments:
Post a Comment