Հայագիտութիւնը, գիտական բոլոր ասպարէզներուն
նման, պարտի իբր մեկնակէտ եւ վախճանակէտ ունենալ ճշմարտութեան բացայայտումը։ Եւ
քանի որ հայագիտութիւնը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի ազգային դիմագիծին ճշմարիտ
արտացոլումներէն մին, ապա հայագիտական ճշմարտութիւնն ալ կը պահանջէ լիարժէք
մօտեցում՝ հայ կեանքը կազմաւորող բոլոր կալուածներուն եւ նիւթերուն` բոլոր երեսակներով։
Ճշմարտութեան առաւել բացայայտման նպաստող
գործօններէն կը հանդիսանայ հին ու նոր կացութիւններու եւ հարցերու քննութիւնը՝ ժամանակակից
տեսաբանական եւ մեթոտաբանական ուսմունքներու կիրառումով։ Այսպիսով հայկական կենսափորձը կը դրուի համաշխարհային քաղաքակրթութեան համեմատական եւ զուգահեռ հարթակներու վրայ եւ կ՚ուսումնասիրուի աւելի լայն ծիրի
մէջ, նպաստելով նաեւ նոյնինքն հայագիտութեան զարգացումին։ Վառ օրինակ մըն է հայոց
դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն քննութիւնը։ Արդարեւ, եթէ նախապէս
Ցեղասպանութեան իբրեւ անմիջական հետեւանք կը շեշտուէին ջարդերն ու տարագրութիւնը,
ապա տասնամեակներ ետք՝ ընդգծուեցան հայրենազրկումը եւ ունեզրկումը, իսկ ներկայիս
կը բարձրաձայնուին արեւմտահայերէնի ճակատագիրը, ինքնութեան եւ համարկումի
խնդիրները՝ իբրեւ անուղղակի հետեւանքները Ցեղասպանութեան։
Հայագիտութիւնը ունի չգրուած էջեր, ուր
ճշմարտութեան լոյսը տակաւին չէ հասած։ Դեռ կան փակ կամ կիսաբաց պատմական
արխիւներ, չուսումնասիրուած նիւթեր, անտիպ մնացած կամ աղճատեալ հրատարակուած
աշխատութիւններ, նիւթեր, փաստաթուղթեր։ Այս բացթողումները ունին զանազան առարկայական
եւ ենթակայական պատճառներ։
Առարկայական պատճառներու շարքին են
համապատասխան մասնագէտներու չգոյութիւնը, ականատես սերունդներու շիջումով՝
բանաւոր եւ գրաւոր նիւթի ու վկայութեան աստիճանական կորուստը, գաղութներու
սպառումով՝ աղբիւրներու տարտղնումը, ուսումնասիրութեան եւ հրատարակութեան ծախքերը,
մասնագիտական որոշ նիւթերու հանդէպ հետաքրքրութեան նուազումը, ընտանեկան եւ
անհատական արխիւներու բացայայտման թերացումը, նիւթերու մատչելիութեան
դժուարութիւնները եւն.։
Հայագիտական ճշմարտութիւնը մեծապէս կը տուժէ
նաեւ ենթակայական պատճառներով։ Արդարեւ հատուածական մտածողութեան հետեւանքով՝
կարգ մը նիւթերու եւ իրողութիւններու շուրջ յառաջացած են ու կը յառաջանան թապուներ,
արգելքներ, քարացած ըմբռնումներ, իսկ կարգ մը այլ նիւթերու հանդէպ՝ թերագնահատումներ
եւ գերագնահատումներ։ Միւս կողմէն, արխիւային հսկայ հարստութեան հանդէպ կը
ցուցաբերուին պարագայական կամ առանձնաշնորհեալ մօտեցումներ։ Ճշմարտութիւնը սքօղող
գործօններ են նաեւ աշխարհագրաքաղաքական դիրքորոշումներէ բխած
կանխատրամադրութիւնները, մեկնաբանութիւնները եւ եզրակացութիւնները, որոնք
յստակօրէն կ՚աղճատեն աշխատասիրութիւններուն գիտական հաւաստիութիւնը։
Վերոյիշեալ եւ այլ առարկայական ու ենթակայական
պատճառներու նուազեցումը կարող է առաւել նպատակասլաց դարձնել հայագիտական
համաժողովներու արդիւնաւէտութիւնը, գիտակրթական կեդրոններու եւ անհատ
հայագէտներու փոխգործակցութիւնը եւ գործունէութեանց համադրումը, տեղեկատուական
ցանցի օգտագործելիութիւնը, հայագիտական չսպառած նիւթերու քննարկումը, կարծիքներու
բազմազանութիւնը եւն.։
Այսպէս, հայագիտական ճշմարտութիւնը պիտի
կարենայ աւելի արգասաւորել հայագիտական ճիգը, նպաստել հայութեան ազգային
դիմագիծին առաւել յստակացումին։
No comments:
Post a Comment