2.9.13

Էտուարտօ Էօրնէկեանը օտարերկրեայ մեծագոյն ներդնողն է Հայաստանի մէջ

Օտարերկրեայ ներդրումներու ծավալը 2013ի առաջին կիսամեակին Հայաստանի մէջ կազմած է 293.1 միլիոն տոլար՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազելով 34.7 առ հարիւրով: Այդ մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Ազգային Վիճակագրական Ծառայությունը:

Օտարերկրեայ ներդնողներու կառուցուածքին մէջ էական փոփոխութիւն տեղի ունեցած է: Եթե անցեալ տարի այս ժամանակահատուածին օտարերկրեայ մեծագոյն ներդնողը Ֆրանսան էր՝ 207 միլիոն տոլար ծաւալով, ապա այս տարի Արժանթինը՝ 76 միլիոն տոլար ծաւալով: Ֆրանսայի ներդրումները մօտ 9 անգամ կրճատուած են մէկ տարուան մէջ, պայմանաւորուած՝ «Օրանժ Արմենիա»յի ներդրումներու նուազումով, իսկ արժանթինեան ներդրումները 10 անգամ աւելցած են՝ Էտուարտօ Էօրնէկեանի ծրագիրներուն պատճառով: Սակայն հարկ է նշել, որ Է. Էօրնէկեանի ներդրումներուն մեծ մասը առայժմ անուղղակի է, իսկ ուղղակի ներդրումներով (32 միլիոն տոլար) առաջատարը Ռուսաստանն է:
Է. Էօրնէկեանի ներդրումներուն մեծ մասը ուղղուած է դէպի օդային փոխադրութիւն, իսկ մնացեալը յատկացուած է գիւղատնտեսութեան եւ շէնքերու շինարարութեան:
2013ին մօտ 30 անգամ աւելցած են Կիպրոսէն կատարուող ներդրումները, մեծաւ մասամբ հանդիսանալով անուղղակի ներդրումներ՝ մօտ 35 միլիոն տոլար, որոնք ուղղուած են մետաղական հանքավայրերու ոլորտը:
Ռուսական ընկերություններու ներդրումները Հայաստանի մէջ աւելի այլազան են, թէեւ մեծ տեսակարար կշիռ ունեն ուժանիւթը (4,6 մլն տոլար), փոխադրութիւնը (10 մլն տոլար) եւ հեռահաղորդակցութիւնը (15 մլն տոլար):

News.am, Օգոստոս 31, 2013

No comments:

Post a Comment