«Բարգաւաճ
Հայաստան» խմբակցութիւնը Հայաստանի Ազգային Ժողովի ամենահարուստ խմբակցութիւնն է.
խմբակցութեան 36 պատգամավորները միասին յայտարարագրած են 98.100.000 տոլարի համարժէք գումարի ունեցուածք: «Արմենփրէս»-ի հաղորդումով, այս
տուեալները Սեպտեմբեր 5-ին ներկայացուեցան «Մանդատ» հասարակական
կազմակերպութեան կողմէ, որ հետեւած էր Ազգային Ժողովի
պաշտօնական կայքէջի տուեալներուն:
«Հանրապետական»
(ՀՀԿ) խմբակցութիւնը՝ 70 պատգամաւորներու յայտարարագրած 35.700.000 տոլարի համարժէք դրամական միջոցներու հանրագումարով, երկրորդն է:
ՀՅԴ խմբակցութիւնը (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն) երրորդն է. 5-հոգանոց խմբակցութիւնը յայտարարագրած է 537.677 տոլարի համարժեք գումար:
Չորրորդ տեղը կը գրաւէ ՕԵԿ-ը (Օրինաց Երկիր կուսակցութիւն). խմբակցութեան 6 պատգամաւորները յայտարարագրած են 234.565 տոլարի համարժէք գումար:
ՀԱԿ (Հայ Ազգային Կոնգրէս) խմբակցութեան 7 պատգամաւորները միասին յայտարարագրած են 169.275 տոլարի համարժէք գումար:
«Ժառանգութիւն»
խմբակցութեան 5 պատգամաւորներուն յայտարարագրած դրամական միջոցները
ամենահամեստն են. ընդհանուր առմամբ՝ 118.800 տոլարի համարժեք
գումար:
«Մանդատ» հասարակակական կազմակերպութիւնը՝ առանձին պատգամաւորներու յայտարարագիրներու հետազօտութեամբ պարզած է, որ 20 պատգամաւոր տոլարային
միլիոնատէր է: Անոնց առաջին հնգեակին մաս կը կազմեն 4 ԲՀԿ-ականներ` Գագիկ Ծառուկեանը,
Վահան Կարապետեանը, Գուրգէն Արսէնեանը եւ Գրիգորի Մարգարեանը: ՀՀԿ-ական
Սամուէլ Ալեքսանեանը իր կարողութեամբ միայն Ծառուկեանին կը զիջի:
Դրամական
միջոց չէ յայտարարագրած 21 պատգամաւոր. անոնցմէ 12-ը՝ ՀՀԿ, 4-ը՝ ԲՀԿ, 3-ը՝ «Ժառանգութիւն», 2-ը` ՀԱԿ խմբակցութեան անդամ են:
Ըստ ընտրական
օրէնսգրքի, պատգամաւորութեան թեկնածուն Կենտրոնական Ընտրական Յանձնաժողով կը ներկայացնէ յայտարարագիր ընտրութիւններուն նախորդող տարուան ընթացքին ձեռք բերած գոյքի եւ եկամուտներու մասին: Յայտարարագիրը կը ներառնէ տուեալներ թեկնածուի անշարժ եւ շարժական գոյքի, դրամական միջոցներու,
տարեկան եկամուտներու, արժեթուղթերու եւ ներդրումներու, թանկարժէք իրերու մասին:
«Արմէնփրէս», Սեպտեմբեր 6, 2013
No comments:
Post a Comment