29.8.13

Սուրիահայերը կը նախապատրաստուին ամերիկեան զինուժի հնարաւոր հարուածներուն

  ՆԱՅԻՐԱ ԲՈՒԼՂԱԴԱՐԵԱՆ
              
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէիսեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրույցի ընթացքին նշեց, թէ համայնքը, հակառակ վտանգներուն, կը շարունակէ իր առօրեան։
Ռատիոկայանի հետ զրոյցներուն, Հալէպի մէջ պատերազմի վտանգի տակ ապրող սուրիահայերը կ՚ըսէին, թէ սկսած են նախապատրաստուիլ հնարաւոր հարուածներուն եւ կը պատրաստուին շէնքերու նկուղները ծառայեցնել որպէս ապաստանարան, ուր պիտի պատսպարուին հրթիռներու հնարաւոր հարուածներէն ու ռմբահարումէն։
«Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակից Զարմիկ Պօղիկյանը հաղորդեց, թէ համայնքը խուճապի մատնուած չէ: Ան կ՚ըսէ, թէ նոյնիսկ եթէ սուրիահայերը ցանկութիւն ունենային այս օրերուն լքել երկիրը, ապա, միեւնոյն է, ատիկա պիտի չըլլար․ արտաքին աշխարհին Հալէպը կապող բոլոր ճանապարհները վտանգուած են, օդակայանը դեռ նախորդ տարուան վերջէն չի գործեր, իսկ ցամաքային ուղիները կա՛մ կը հսկուին ընդդիմադիրներու կողմէ, կամ ալ պատերազմական գործողութիւններու կիզակէտին են։
«Հայկական համայնքը մտահոգ է: Հայ համայնքի ղեկավարները կոչ կ՚ընեն զգոյշ ըլլալ, շատ դուրս չգալ այս օրերուն», - պատմեց Պօղիկեանը:
Հայաստան գտնուող սուրիահայերը անհանգստացած են Հալէպ մնացած հայրենակիցներուն համար։ Անոնց միակ յոյսը այն է, որ ԱՄՆը նման քայլի չդիմէ։
Հայաստանի իշխանութիւնները չեն աճապարեր տարհանել (evacuate) սուրիահայերը, ինչ որ, որոշ չափով, պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Հայաստան աւելի քան երկու տարի շարունակուող սուրիական հակամարտութեան ընթացքին չէզոքութիւն պահած է: Այդուհանդերձ, Հայաստան գտնուող սուրիահայերը Հայաստանի կառավարութենէն աջակցութիւն կը խնդրեն իրենց հարազատները տարհանելու հարցին մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը նշեց, թէ իրենք ուշադրութեամբ կը հետեւին զարգացումներուն։ Հայաստանի կառավարութիւնը առայժմ բարձրաձայն չի խօսիր հնարաւոր հարուածներու հետեւանքով հայկական համայնքին աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ դէպի Հայաստան սուրիահայերու նոր հոսքի հետ կապուած հարցերու մասին։
Հայաստանի Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան Փրկարար Ծառայութեան  տնօրէնի տեղակալ, գնդապետ Նիկոլայ Գրիգորեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանին հաղորդեց, որ սուրիահայ համայնքը տարհանման խնդրանքով դիմած չէ Հայաստանի կառավարութեան։ Եթէ դիմէ, ապա Հայաստանի կառավարութիւնը նման որոշում կը կայացնէ, ինչէն ետք արդեն անոնք պիտի կարողանան զանոնք տարհանել։
Սուրիոյ կառավարութեան պատկանող սուրիական օդային գիծը, որ մինչեւ Հալէպի օդակայանին փակումը թռիչքներ կ՚իրականացնէր Հալէպ-Երևան-Հալէպ ուղղութեամբ, կը փորձէ թռիչքներ իրականացնել Դամասկոս-Ղամիշլի-Երեւան ուղղութեամբ։ Սակայն, թռիչքները կը յետաձգուին Սուրիայէն ուղեւորներու քիչ քանակութեան պատճառով։ Մինչդեռ Հայաստանէն շուրջ 50 սուրիահայ մտադիր է օդային այս ճանապարհով վերադառնալ Սիրիա։
Սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած է աւելի քան 15 հազար սուրիահայ։ Անոնց գրեթէ կէսը՝ 7 հազարը, հեռացած է Հայաստանէն այլ երկիրներ։
 
azatutyun.am, Օգոստոս 28, 2013
(Արեւմտահայերէնի վերածում՝ «Հայկականք»ի)

No comments:

Post a Comment