20.8.13

Հին պատմութիւն եւ նոր բեկորներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Պատմութիւնը հին կ՚ըլլայ, նոր բեկորներ ալ կը հիննան, եթէ արդէն պատմութեան պէս չեն, եթէ հեքիաթ չեն:
Հայ մարդուն համար Իտալիան բանաստեղծական սիրոյ համար` Վենետիկ է, հաւատքի համար` Հռոմ, Միլանօ եւ իր օփերան, Նափոլին` արկածախնդիրներու համար, բաց թանգարան` Ֆլորանսը, ուսանողներու համար` Փատովան:
Ժամանակակիցներս, բոլոր երկիրներու, նոր հորիզոններ տեսնելու ցանկութիւն ունինք նկարելու, կեանքի միօրինակութեան գոյն տալու համար, լսուածով չբաւարարուելով, նախընտրելով նուաղող պատկերները, միշտ նորի ծարաւով, ձեւով մը` նոր վաչկատուններ, յոգնող, ձանձրոյթի դէմ պայքարող ձանձրացող զբօսաշրջիկներ:
Փարիզի Մայիս 4-ի այդ ցուրտ առաւօտը խումբ մը հայեր օդակայան խմբուած էին: Առօրեայէն եւ անոր տաղտուկներէն անջատուելու ցանկութիւն ունեցողներ, նոր հորիզոններ տեսնելով` ընթացիկի մոռացման մարզանք ընելու համար: Բոլոր զբօսաշրջիկներու պէս` երկրի իրաւ կամ սուտ դժուարութիւնները փակագիծի մէջ դնելու բալասան փնտռելով:
Օդանաւը էջք կը կատարէ Միլանօ: Երեսունվեց հոգինոց խումբը հոնկէ կը մեկնի: Կրկին օդանաւ: Ճանապարհը կ՛ուղղուի դէպի հարաւ` Իտալիոյ մոյկանման քարտէսը դիտելով: Կրկին էջք` քիչ լսուած ծովեզերեայ Պարի քաղաքը: Արդէն մոյկի ո՞ր քաղաքը եւ ո՞ր գիւղը ծովափնեայ չեն` գրկուած երկինքի եւ երկու ծովերու վէտվէտացող կապոյտին մէջ, ձիթենեաց պարտէզներու կռթնած:
Հին աշխարհի բեմին վրայ ենք. յոյներ, Հռոմ, Բիւզանդիոն, արաբներ:
Նաեւ` հայեր:
Ֆրանսացիները այդ շրջանը կը կոչեն Լէ Փույ, իտալացիները կ՛ըսեն` Լա Փուլիա: Հռոմէն հեռու, Յունաստանի դիմաց, քարընկէց մը հեռու` Սիկիլիան է, անկէ անդին` Հիւսիսային Ափրիկէն` Հանիպալի Քաղկեդոնը, Լիպիան, Թունուզը, Ալճերիան, Մարոքը, մինչեւ Սպանիա: Հին աշխարհն է ասիկա, ուր իրարու բախած եւ զիրար լրացուցած են միջերկրականեան աւազանի շուրջ ստեղծուած Հռոմի ժողովուրդները:
Ինչպէս Հիւսիսային Ափրիկէ, հոս ալ հորիզոնը բնակուած է ձիթենիներու անսահմանութեամբ: Եթէ ձիթհան մը այցելէք, ձեզի կը պատմեն այդ հրաշք իւղին առասպելները, տարբեր որակները, համերը եւ բոյրերը, երաժշտական փոփոխուող ձայներու պէս, նոյնի վրայ տարբեր երանգներ:
Զբօսաշրջիկներու համար պատրաստուած են պրակներ, հատորի հաստութեամբ, որոնք կը պատմեն Լա Փուլիան: Այցելուն իր վեց օրերը եթէ անցընէ պանդոկի իր սենեակին մէջ եւ քաջ ըլլայ հարիւրաւոր էջերը կարդալու, աւելի բան կ՛իմանայ հանրակառքով ասդին-անդին մէկ տեսարժան վայրէ ետք հին քաղաք մը, մէկ պանդոկէն ետք միւսը գիշերող, մէկ ճաշարանէ միւսը առաջնորդուող շրջիկներէն:
Անթիւ թանգարաններ, կարեւոր եւ անկարեւոր, զբօսաշրջիկներուն առիթ կ՛ընծայեն լսելու, մոռնալու եւ լուսանկարելու:
Միակ անփոփոխը իտալական խմորն է, կարծր կամ կակուղ ցորենով, այսպէս կամ այնպէս պատրաստուած, եւ ձէթը` սեղանին վրայ: Օրուան բոլոր ժամերուն:
Յիշատակներու հայրենասիրութիւն ունեցող հայը, միշտ յուզուելու ծարաւ, ամէն տեղ §Հայաստան¦ կը փնտռէ, կարծէք այն բոլոր վայրերէ ուրկէ հայեր անցած են, յիշատակով իւրացուած են, ոչ քաղաքական գաղութարարութիւն: Առանց յանձնառութիւններու, հետքերու վրայ հիմնուած զգացական կայսրութիւն մը: Քաղաքի մը մէջ հայ մը կ՛ապրի` իր իննսունամեայ մօր եւ իտալացի կնոջ հետ, բայց հոն է ան համայնքի մը պէս, կ՛ապրի համայնքի մը պէս, նեղլիկ փողոցի մը վրայ բացուած ապակեփեղկերով հայանուն կեդրոնով, ֆետայիներով, Ցեղասպանութեան պատկերներով, եւ ինչե՜ր: Ուրիշ մըն ալ արձակուրդի բնակարան ունի գեղատեսիլ քաղաքի մը մէջ, կ՛ընկերանայ հայ զբօսաշրջիկներուս, խումբի ճաշին գինին ինք կը հրամցնէ բոլորին:
Կ՛ըսեն, թէ Բիւզանդիոնի հայազգի կայսր Նիկեֆոր Ֆոկասը բնակութեան համար հայեր բերած է հոս: Թէեւ կայսրերու կարիք չկայ, որպէսզի հայը իր հայրենիքէն դուրս միշտ ծածք փնտռելու տենդ ունենայ: Հին տենդ: Նոր տենդ: Անբուժելի: Յակոբ Պարոնեանի ժամանակակից իմաստուն ամերիկացի երգիծագիր Ամպրոզ Պիրս կը սահմանէ արտագաղթողը. §Անձ, որ կը մտածէ, որ երկիր մը միւսէն լաւ է¦:
Լա Փուլիան թատերաբեմերէն մէկն է այդ հայկական թափառականութեան կայսրութեան, ուր չկան հայեր, բայց կան հետքեր, անուններ:
Վեց օրերու ընթացքին, արշաւախումբի ընթացքով, անտես ֆանֆառի կշռոյթով, Իտալիոյ մոյկի արեւելեան ափերը եզերեցինք մինչեւ եւրոպական ցամաքի ծայրը, հոն, ուր Թիրենեան եւ Յոնիական ծովերը իրարու կը միանան, եւ բարձրացանք արեւմտեան ափով կրկին մինչեւ Պարի: Հոս եղած է քարանձաւներու քաղաք, ուր մարդիկ, մինչեւ անցեալ դարու կէսը, բնակած են իրենց անասուններով, երբ պետութիւնը շէնքեր կառուցած է, եւ պարտադրած է որ անոնք փոխադրուին հանգստաւէտ բնակարաններ: Այս քաղաքը Մասսերան է, աղաւնետուներու նման խորշերով, որոնք հիմա դատարկ են, բայց կը պահպանուին եւ կը գործածուին նկարահանումներու համար:
Զբօսաշրջութիւնը հասարակ յայտարար է բոլոր անոնց համար, որոնք §աշխարհ տեսնել¦ու կամ ձանձրոյթ փարատելու ցանկութիւններ ունին, ինչ որ մեր օրերու ցուցադրական կամ տարբեր ձեւերով եւ մղումներով կը բացատրուի: Այսքանը պիտի բաւէր եւ յաջորդ օրը կարելի էր նոր հորիզոններ տեսնելու ցանկութիւններ ունենալ, Մատակասքար կամ Բարեյուսոյ Հրուանդան, Անտեան լեռները կամ Արժանթինի Կրակներու Ցամաքը:
Այդպէս ալ չփակուեցաւ Լա Փուլիայի էջը: Գէթ` ինծի համար:
Ընթացիկ զբօսաշրջութիւնը մոռցուածի յիշողութեան վրայ դռներ բացաւ:
Ծովեզերեայ քաղաքի մը նեղ փողոցներէն անցանք: Արդէն ո՞ւր ծովեզերեայ չէր: Ըսին, որ աւազակներ կային հին քաղաքին մէջ եւ զգուշ պէտք էր ըլլալ: Միջնադարեան քաղաքներու պէս, նեղ փողոցներու շէնքերու պատուհաններէն իրարու ձեռք կարելի է թօթուել: Ոչխարի պզտիկ հօտի մը պէս, անդադար խօսող առաջնորդ կնոջ կը հետեւէինք: Աջի փողոցէն ետք` ձախի փողոցը: Նորոգութեան համար փակ եկեղեցիի մը առջեւ կանգ առինք: Ըսին, §հայկական եկեղեցի¦: Հոն հայ չկայ, հայերու պատկանած եկեղեցին միշտ կը յիշուի որպէս հայկական եկեղեցի, տեղացին այդպէս կը ճանչնայ այդ եկեղեցին: Կը մտածէք, ինչ որ կ՛ուզէք: Անունը պահուած է, բայց այդ եկեղեցիին հաւատացեալները չքացած են
Ո՞ւր գացած են, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ: Հայրենադարձ չեն եղած: Վաչկատունները տեղ մը նստակեաց դարձած են, մոռցած եւ մոռցուած: Արմատներն ալ չորցած են: Հին պատմութիւն, նոր հիւսուող տեղ չհասցնող անտիրութեան պատմութիւն
Կը հասնինք ուրիշ քաղաք մը: Կրկին հայկական եկեղեցի մը: Հայեր չկան: Տնտեսուհին պատշգամէն կ՚՚իջեցնէ բանալին եւ կը մտնենք եկեղեցի: Իջեցուցած է նաեւ սակառ մը, որպէսզի սրտի նուէրներ դրուին անոր մէջ, ի հարկէ` եկեղեցիի պայծառութեան համար: Ո՞ւր են եկեղեցիին հայերը:
Բայց ամէնէն ուշագրաւը քաղաքի մը մեծ տաճարն է, որուն դարպասին գագաթը, առանձին, երկինքի մօտ, կայ խոյր կրող եւ հրապարակի մը տիրապետող արձան մը: Ըսին` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, San Gregorio Armeni: Տեղացիները յատուկ պաշտամունք ունին սուրբին նկատմամբ: Երբ երկրաշարժ եղած է, արձանը ցնցուած է, ծռած է, եւ ապա` հրաշքով ինքնաբերաբար շտկուած: Վստահ ըլլալու համար հրապարակի սրճարանը նստած տեղացիի մը կը հարցնեմ. §Ո՞վ է այդ արձանի մարդը¦: Առանց տատամսելու, ձեռքը ուղղելով դէպի եկեղեցիի գագաթը` ան կը պատասխանէ. §San Gregorio Armeni¦: Աւելի՛ն. կ՛ըսուի նաեւ, որ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքներ ալ կան Բացիկներ կը ղրկեմ, որպէսզի հեռաւոր բարեկամներ ծանօթանան հեռաւոր եւ հեռաբնակ հրաշագործ սուրբ դարձած մեր Գրիգոր Լուսաւորիչին:
Բայց Լա Փուլիան դեռ անակնկալներ կը վերապահէ, հակառակ անոր որ հովի պէս կ՚անցնինք մէկ վայրէն միւսը` յիշողութիւն պահելու պարտականութիւնը վստահելով գերարդիական լուսանկարչական սարքերուն: Եւ առաջնորդ կինը կը խօսի եւ կը վազէ, մեզ ալ կը քաշէ ետեւէն:
Կը հասնինք քաղաք մը, որուն անունը եւս պիտի մոռնայի, ինչպէս` միւսներուն անունները, եթէ այս անգամ հայատառ անուն կրող ցուցանակի մը առջեւ չգտնուէինք:
Քաղաքը` Սան Մարթինօ տի Ֆրանգա:
Հին քաղաքի հին բայց մաքուր փողոցներով կը քալէինք: Յիշատակի որսորդները կը լուսանկարէին ծաղկազարդ պատշգամ մը, միջնադարեան փողոցի մոմով լուսաւորող լապտեր մը: Յանկարծ գտնուեցանք ապակիէ փեղկերով լուսաւոր վաճառատան մը եւ անոր հայատառ ցուցանակին առջեւ: Գրուած էր. §Հրանտ Նազարեանց¦: Ապակիէ փեղկերուն ետին` ֆետայիներու պատկերներ, Ցեղասպանութեան եւ աքսորի պատկերներ, հայերէն գրուած էջեր: Ոչ ոք կար հոն: Դուռը փակ էր: Ապակիի ետին կար հեռաձայնի համար մը: Կարելի չէր հետաքրքրութեան դիմադրել: Հեռախօսի միւս ծայրէն հայ մը պատասխանեց, կը խօսէր ֆրանսերէն եւ հայերէն: Խումբը չէր կրնար ուշանալ, չսպասեցինք, որ գայ, եւ ան դժգոհութեան ծանր խօսք ըսաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի չէ սպասել հայու հանդիպելու համար:
Տրամադրուած թուղթերուն մէջ փնտռեցի ցարդ ինծի անծանօթ §Հրանտ Նազարեանց¦-ը: Կ՛ըսուէր` իտալական գրական շրջանակներուն մէջ յայտնի հայ բանաստեղծ, զոր իտալացիները ներկայացուցած են կամ ուզած են ներկայացնել Նոպէլեան գրական մրցանակի: Ան հայկական Պոլիսէն այս շրջանը եկած է 1913-ին:
Այս անտեղեակի ներկայացած անակնկալին անմիջապէս պիտի յաջորդէր նոր անակնկալ մը, երբ Պարի կը հասնէինք: Հրանտ Նազարեանց հոն բնակած է, փողոց մըն ալ կայ, ուր հայեր բնակած են եւ գորգ հիւսած են, հայրենահանումէն ետք: Փողոցը կը կոչուէր §Նոր Արաքս¦, գրուած էր հայատառ եւ լատինատառ (՚*): Հայեր չկային, թերեւս ասդին անդին կային §ծագումով հայեր¦ իրենց §ծագում¦-ն ալ մոռցած:
§Հեռագրական¦ ճամբորդութենէն Փարիզ վերադարձիս դիմեցի համակարգիչ-համացանցիս: Հայաստանի §Ազգ» օրաթերթին մէջ Հրանտ Նազարեանցի մասին յօդուած գրած էր Եուրի Խաչատրեան, ուր կ՚՚՚՚ըսէր, թէ ան ժամանակակից եւ ընկեր եղած է Վարուժանի, Սիամանթոյի, եւ ուրիշներու: Դանիէլ Վարուժան Նազարեանցին համար ըսած է, որ ան §լուսաւոր բանաստեղծ մըն է¦£ Եուրի Խաչատրեան գրած է հատոր մը Հրանտ Նազարեանցի մասին (՚՚՚**): Երկու տեղ գրեցի, որ օրինակ մը ղրկեն այդ գիրքէն, եւ դեռ չստացայ: Երբ համացանցի վրայ պրպտում կ՚՚՚՚ընէի, գտայ, որ Ամերիկայի մէջ բանաստեղծութեամբ զբաղողներու կայքէջին վրայ բանաստեղծութիւն մը զետեղուած էր Հրանտ Նազարեանցէն:
Երբ Պէյրութ հասայ, դիմեցի հայ գրականութեան երախտաւոր շտեմարան գիտելեաց Պօղոս Սնապեանին: Այդքան ալ անծանօթ չէ եղած, եթէ հիմա է անգամ, Հրանտ Նազարեանցը: Յակոբ Օշական բուռն քննադատութեան ենթարկած է Հրանտ Նազարեանցը, եւ հաւանօրէն այդ է պատճառը անոր մոռցուած ըլլալուն: Անոր մասին Անդրանիկ Ծառուկեանի §Նայիրի¦ շաբաթաթերթին մէջ Իտալիայէն, գրած է Արամայիս Սրապեան: Պօղոս Սնապեան յայտնեց, որ Գրիգոր Պըլըտեան եւ Վարդան Մատթէոսեան եւս գրած են:
Խնդրած եմ Եուրի Խաչատրեանէն եւ Վարդան Մատթէոսեանէն, որ Հրանտ Նազարեանցը ներկայացնող ամփոփ ուսումնասիրութիւն մը պատրաստեն §Բագին¦-ի համար:
Իտալական շրջանակներու մէջ հռչակի տիրացած Հրանտ Նազարեանց գրեթէ մոռցուած անուն մըն է հայերուն համար: Թէեւ համացանցի վրայ բազմաթիւ յիշեցումներ կան անոր մասին:
Լա Փուլիա Գեղեցիկ աշխարհ մը, ուր հայեր եղած են եւ չկան, անոնց հետքերը կան: Կայսր Նիկեֆոր Ֆոկասէն մինչեւ Հրանտ Նազարեանց, մինչեւ Սան Մարթինօ տի Ֆրանգայի վերջին իննսունամեայ մայր եւ անոր որդի երկու հայերը:
Ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, եկեղեցիի մը գագաթէն իր պաշտպանութիւնը կը տարածէ հաւատացեալներու վրայ:
Հայ չեղած քաղաքին մէջ հայատառ §Նոր Արաքս¦ փողոց, երբ մենք, §ծագումով հայ¦ դառնալու ճամբուն վրայ, մեր աւազանի անունները գլխակորոյս հիւանդի պէս կ՚՚օտարացնենք, որպէսզի դիւրանայ ժամանակին մէջ §ծագումով հայ¦ ըլլալու ճամբորդութիւնը: Երբեմն կ՛ըսեմ` հարա քիրի
Զբօսաշրջութիւն. մարդիկ կ՛երթան §փոխուելով¦ հարստանալու, հանգստանալու, եւ ոմանք ալ կ՚՚անհանգստանան, եթէ դեռ §ծագում¦-ի նմանող ժամանակավրէպ համարուող տխրութիւններով կը զբաղին:
«Ազդակ», Օգոստոս 7, 2013

(*) Հրանտ Նազարեանցի ջանքերով, Նոր Արաքս գիւղը հիմնուած է Պարիի մերձակայքը՝ 1926ին, ուր ապրած է հարիւրեակ մը հայ ընտանիք («Հայկականք»)։
(**) Եուրի Խաչատրեան կազմած ու հրատարակած է Հրանտ Նազարեանցի գրական գործերու հատոր մը (Երեւան, 2008)՝ յառաջաբանով եւ ծանօթագրութեամբ («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment