10.8.13

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը հրատարակած է «Հայաստանի պատմական ատլաս»ը՝ հայերէն եւ անգլերէն

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը (ANEC) վերջերս հրատարակած է երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) «Հայաստանի պատմական ատլաս»ը, Խորհուրդի գործադիր տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի խմբագրութեամբ։ Հրատարակութիւնը կատարուած է Արեւելեան թեմի առաջնորդ Բարձրշ. Տ. Օշական արք. Չօլոյեանի բարձր հովանաւորութեամբ՝ հայ տպագրութեան 500ամեակին առիթով։ Հրատարակութեան ծախսը հոգացած է Յակոբեան ընտանիքը (Փրովիտընս, Ռոտ Այլընտ) ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Երուանդ եւ Սրբուհի Յակոբեանի։

1x1.trans ANEC Releases ‘Atlas of Historical Armenia’
Ատլասը ընթերցողին կը մատուցանէ թէ՛ պատմական աշխարհագրութիւն, թէ՛ քաղաքական պատմութիւն եւ թէ՛ նկարազարդ պատմութիւն։ Որպէս դաստիարակչական գործիք, կրնայ օգտագործուիլ որպէս հայոց պատմութեան դասագիրք։ Ան կը գերազանցէ մեր դպրոցներուն մէջ օգտագործուած բոլոր դասագիրքերը իր գրաւիչ ներկայացումով եւ վերամշակուած բովանդակութեամբ
Ուսումնական Խորհուրդը 1987ին լոյս ընծայած էր «Հայաստանի պատմական ատլաս»ը՝ դոկտ. Կարպիս Արմէնի հեղինակութեամբ եւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի խմբագրութեամբ։ Ան եղած էր իր տեսակի առաջին հրատարակութիւնը՝ անգլերէնով, մինչեւ դոկտ. Ռոպերթ Հիւսնի “Armenia: A Historical Atlas”ը (2001)՝ ամբողջովին գիտական մակարդակի գրուած գործ մը, որ ուղղուած էր տարբեր լսարանի մը։
Այս հրատարակութիւնը հայոց պատմութեան միակ երկլեզու ատլասն է հրապարակի վրայ, քանի որ զայն կանխող ու յաջորդող ատլասները եղած են միալեզու (հայերէն, ֆրանսերէն կամ անգլերէն)։ Ան ընթերցողին կը հրամցնէ հիմնական գիտելիքներու պաշար մը, որ հետագայ ընդլայնումի մեկնակէտ կրնայ հանդիսանալ։ Հիմնականին ուղղուած է աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն, թէեւ նոյնպէս արժէքաւոր աղբիւր մըն է սովորական ընթերցողին համար։ Այս նպատակով, նոր հրատարակութիւնը լիակատար վերամշակումի ու թարմացումի ենթարկուած է՝ չորս նոր գլուխներու յաւելումով։ Ատլասը կը պարունակէ 32 գլուխներ, 30 քարտէսներ եւ 174 լուսանկարներ (148՝ գունաւոր)։ Քարտէսները նոյնպէս մատուցուած են գիրքին կցուած խտասալիկի (CD) մը մէջ։
Գիրքը բաժնուած է չորս մասերու։ Ներածական բաժինը կը ներկայացնէ Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւնը, որուն կը հետեւի հայկական մշակութային ժառանգութեան նկարագրութիւնը։ Գիրքին երրորդ մասը կը ներկայացնէ հայոց պատմութիւնը ներկայացուած է հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 1991։ Վերջին բաժինը, «Հայերը այսօր», ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ Սփիւռքը։ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան նուիրուած ընդարձակ գլուխին կը հետեւի վերջաբան մը, որ հայերու եւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին կ՚անդրադառնայ։
Ատլասի առաջին հրատարակութեան հետեւած պատմական աննախընթաց փոփոխութիւնները, յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի անկախ հանրապետութիւններուն ծնունդը 1991ին, շատոնց վերատեսութեան պահանջը դրած էին։ Երկար ընդմիջումէ ետք, Ատլասի նոր հրատարակութեան աշխատանքները վերսկսած էին 2010ին եւ հասած են իրենց աւարտին ներկայ հրատարակութեամբ։ Քսանհինգ տարի ետք, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը նոր սերունդի մը կը ներկայացնէ նոր ատլաս մը՝ հայեցի դաստիարակութեան զարգացման սատարելու իր ճիգերուն մէջ։
Այս կարեւոր հրատարակութիւնը (գինը՝ 40 տոլար, առաւել առաքման ծախս) կարելի է ձեռք բերել Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութէն, 138 E. 39th Street, New York, NY 10016, հեռ. (212) 689-7810, կամ դիմելով books@armenianprelacy.org հասցէին։

No comments:

Post a Comment