22.8.12

Հալէպի մէջ առեւանգում, պայթում եւ փրոփականտա


ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
 
Մինչ կը շարունակուի Հալէպի հետ կապ հաստատելու դժուարութիւնը, հասած տեղեկութիւնները գլխաւորապէս կարճ դէպքերու բացատրութիւններ են աւելի շատ քան պարագաներու ամբողջական պատկերացումներ:
Կ'ըսուի թէ քաղաքին մէջ սուր կերպով աճած են առեւանգումները, եւ գլխաւոր դրդապատճառը փրկագիներու միջոցաւ նիւթական շահ ապահովել է: Այս միջոցին ընդհանրապէս կը դիմեն խմբաւորումները երբ դրամական միջոցներու պակասը ըլլայ, ինչ որ է պարագան Սուրիոյ մէջ յեղափոխականներու ըստ երեւոյթին: Անշուշտ առեւանգումներէն զերծ չեն մնացած նաեւ հայեր, որոնք ճանչցուած են իրենց նիւթական պարագաներու լաւ ըլլալով: Մէկ պարագայի փրկագին հաստատուած էր երկու միլիոն սուրիական լիրա, որ համազօր է գրեթէ 30 հազար ամերիկեան տոլարի:
Առեւանգումները համատարած են սուրիական խնդրին շուրջ, եւ միայն փրկագինի համար չեն: Լիբանանցի տասնմէկ ուխտաւորները որոնք առեւանգուած էին երեք ամիս առաջ՝ կը մնան անյայտ ձեռքերու մէջ, հակառակ որ կասկածները ուղղուած են դէպի Թուրքիա, զոր կ'ուզէ ճնշում բանեցնել Հիզպուլլային վրայ, նկատի առնելով որ տասնմէկ հոգին շիա են, եւ անոնց բարեկեցութեան անմիջական պատասխանատուն կը նկատուի Հիզպուլլան: Իսկ Հիզպուլլային մօտիկ Ալ Միքտատ աւատախումբը վերջին ընթացքին առեւանգած է աւելի քան քառասուն սուրիացիներ եւ երկու թուրքիացի, փոխանակելու համար տասնմէկին հետ:
Նման աւատախումբեր, ընդհանրապէս նաեւ տոհմախումբեր, միշտ պատրաստ են քաղաքական դեր խաղալ եթէ իրենց առիթը տրուի աւելի բարձր հեղինակութիւններէ: Սուրիոյ մէջ ալ, նման խմբաւորումներ են որոնք ողնայարը կը կազմեն յեղափոխութեան... Ճիշդ է որ Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ կռուողները մեծ մասամբ օտար վարձկաններ են, բայց գիւղերուն տէրերը եւ փոքր քաղաքներուն պահակները նման խումբերն են, որոնք ի յայտ եկած են, եւ զօրացած են կեդրոնական իշխանութեան նուազեցումով, իսկ Լիբանանի մէջ, ուր կեդրոնական իշխանութիւնը միշտ տկար է, նման խմբաւորումներ միշտ վայելած են իրենց երազած դրախտի պայմանները:
Առեւանգումի լեզուէն զատ, կողմերը կը խօսին նաեւ պայթումներու լեզուով: Եթէ ուղղակի պայթում մը կը միտի անմիջական հարուած հասցնել տուեալ կողմին, ապա մօտակայ պայթում մը կրնայ զգուշացման ազդանշան ըլլալ: Երեւի ճիշդ այս իմաստով է որ պէտք է հասկնալ Հալէպի չորս եկեղեցիներու մօտ, Հայ Առաքելական, Լատին, Յոյն Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներէն հարիւրական մեթրով հեռաւորութիւններու վրայ պայթած ռումբերը: Թերեւս այս ռումբերը ըլլան վարչակարգին կողմէ զետեղուած քրիստոնեաներուն վախցնելու համար, թերեւս ալ ապստամբներուն կողմէ դրուած ըլլան խուճապ յառաջացնելու համար, ո՞վ կրնայ ճիշդ գիտնալ թէ ինչը ինչ կը նշանակէ:
Խուճապը որո՞ւն գործին կը ծառայէ: Եթէ մէկ կողմէ վարչակարգը կ'ուզէ քաղաքականացնել ժողովուրդը, քառասուն տարի ապաքաղաքականացնելէ ետք, միւս կողմէ ալ ուշադիր է որ այս քաղաքականացումը իր դէմը չլարուի յանկարծ, ինչպէս որ ապստամբները ուշադիր են որ ժողովուրդին ատելութիւնը չլարեն իրենց դէմ, եւ այդ տպաւորութիւնը չստեղծեն որ պատերազմին բոլոր չարիքներուն մեղաւորը իրենք են:
Վարչակարգը կը փորձէ դիմացիններուն խաղը խաղալ՝ արեւմտեան լրագրողները հրաւիրելով կանոնաւոր բանակի գիծերուն մէջ, ինչպէս Ռոպէրթ Ֆիսքը, եւ միւս կողմէ ժողովուրդը կը փորձէ համոզել թէ ինքն է տակաւին տէրն ու տիրականը երկրին: Ապստամբները կը փորձեն արեւմտեան երկիրներու նեցուկն ու նիւթական օժանդակութիւնը շահիլ գետնի վրայ յառաջխաղացք ցոյց տալով, յայտարարելով որ Հալէպի վաթսուն տոկոսը իրենց հակակշռին տակ է, եւ միւս կողմէն կը փորձեն իրենց նետածը բռնել ու գոնէ այդ «վաթսուն»-ը ձեւականօրէն պահել:
Մէկ խօսքով, սակաւ տեղեկատուութեան պայմաններու տակ, առեւանգումի, պայթումներու եւ փրոփականտայի լեզուն է որ ծանր կը կշռէ, ժամանակի խաղն է որ կը խաղան կողմերը, ո՞վ պիտի մեռնի արիւնահոսութենէն:
«Հետք», Օգոստոս 22, 2012

No comments:

Post a Comment