19.8.12

Սուրիահայութիւնը սնանկացած գաղափարախօսութիւններու միջեւ

ՅԱՐՈՒԹ ԷՔՄԱՆԵԱՆ

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին մէկ ու կէս տարուան իրադարձութիւնները, առաւելաբար վերջին քանի մը շաբթուան Հալէպի զարգացումները, զանազան վատ հետեւանքներու կողքին գոնէ մէկ լաւ պտուղ տուաւ: Սուրիահայութեան թեման որոշ չափով դարձաւ մարդոց մտաւոր եւ բարոյական մակարդակի չափորոշիչը:
Հայաստանի մէջ թէ դուրս սուրիահայութեան ապագան դարձաւ սուր քննարկման առարկայ, հնչեցին կարծիքներ, դատապարտուեցան կամ գնահատուեցան որոշ արարքներ եւ առնուեցան որոշումներ, որոնց մասին շարքային սուրիահայ քաղաքացին նոյնքան տեղեակ է, որքան աշխարհը ընդհանրապէս տեղեակ է լուսնի վրայ կեանքի գոյութենէն:
Շարքային սուրիահայուն անունով առնուած այդպիսի որոշումներն ու կեցուածքները շատ են, սակայն հիմնականօրէն կան երկու ծայրայեղ բեւեռներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յենած է գաղափարախօսութեան մը վրայ: Կամ աւելի ճիշդ ըսած, սուրիահայութեան թեման օգտագործելով իւրաքանչիւրը իր գաղափարներն ու տեսակէտները փաստելու կամ արդարացնելու պատեհապաշտութեամբ կլանուած է:
Առաջին բեւեռին մէջ կը տիրէ այն կարծիքը, որ սուրիահայութիւնը ամէն գնով պէտք է պահել Սուրիոյ մէջ, ոչ ուրիշ պատճառի համար, քան որովհետեւ անոնք կը գտնուին դարաւոր թշնամի Թուրքիոյ հարեւանութեամբ եւ հայկական պահանջատիրութեան մէջ մեծ կարեւորութիւն ունին: Այսպիսի կարծիքի են Սփիւռքի հիմնական աւանդական կուսակցութիւնները եւ անոնց յարակից կառոյցները: Կարծես թէ անգամ մը եւս հայ դատի պայքարի անուան տակ ուրիշ բան կը կատարուի այստեղ:
Իրականութեան մէջ, պէտք է նկատի առնենք, որ վերջին տասնամեակին Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման ընթացքին սուրիահայերը այդքան ալ դժգոհ չէին: Ընդհակառակը, հանգստանալու եւ օդափոխութեան համար Թուրքիա գացողներուն թիւը այնքան աճած էր, որ Թուրքիա մեկնող փոխադրակառքները շատ յաճախ հայկական թաղամասերէն կը շարժէին: Ուխտագնացութեան կամ առեւտուրի համար Թուրքիա գացողներն ալ քիչ չէին, որոնց շարքերուն մէջ կային նաեւ բազմաթիւ ազգային կամ կուսակցական անդամներ եւ ղեկավարներ: Իսկ Սուրիա ժամանող թուրք վաճառականները յաճախ կը նախընտրէին հայերու հետ աշխատիլ՝ լեզուի եւ կենցաղի ծանօթութեան պատճառով:
Բացի անկէ, այսօր երբ զով սենեակներու մէջ նստած «սուրիահայութեամբ մտահոգուած» կուսակցական գործիչներն ու ղեկավարները կը խօսին հայ դատի եւ Թուրքիոյ դէմ պայքարելու մասին, շարքային սուրիահայը իր օրուան հացին համար պայքար կը մղէ: Օրական հազիւ քանի մը ժամ ելեկտրականութիւն ստացող եւ գիշերը ռումբերու ձայներուն տակ գլուխը բարձին դնող սուրիահայը հազիւ իր կեանքի պայքարին մասին կարենայ մտածել, ոչ թէ՝ ազգի պայքարին:
Դժբախատաբար սուրիահայութիւնը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր դադրած է նաեւ արեւմտահայերէնի միջնաբերդը ըլլալէ: Դպրոցներուն մէջ իրարու վրայ գումարած շաբաթական երեք-չորս ժամ հայերէնի դասաւանդումը, երիտասարդներուն մօտ ընթերցանութեան գրեթէ զերոյական մակարդակը, առօրեայ կեանքի պարտադրած դժուարութիւնները եւ տեղական միջավայրի խնդիրները մեզ պահ մը մտածել կուտան նախքան սուրիահայուն «արեւմտահայերէնի վերջին զինուոր» հռչակելը: Հետեւաբար, զուտ յանուն արեւմտահայերէնի պահպանման սուրիահայ գաղութի պահպանումն ալ քիչ մը երեւակայական կը թուի այս պահուն:
Դժբախտաբար ոմանք հայ դատը եւ պահանջատիրութիւնը գոյութեան նպատակ (raison d'être) դարձուցած են, եւ կոպիտ ըսած անոր շուրջ հեղինակային իրաւունքի (copyright) տպաւորութիւն ստեղծած են: Սուրիահայութեան եւ անոնց ապագային հաշուոյն՝ հայ դատի անուան տակ սեփական քարոզչութիւն կատարելը բարոյական չէ:
Միւս ծայրայեղ բեւեռը առաւելաբար Հայաստանի մէջ լայն ժողովրդականութիւն ունի: Այդտեղ կան մարդիկ, որոնք հայրենադարձութեան գեղեցիկ ճառեր կը կարդան: Կան խանդավառ երիտասարդներ, որոնք ազգային ապրումներէ մեկնած կոչեր կ'ուղղեն, որ սուրիահայերը գան Հայաստան: Բայց անդին կան նաեւ ինքնակոչ մասնագէտներ, լրագրողներ եւ այլք, որոնք սուրիահայութեան թեման պիզնէսի վերածած են:
Յանկարծ մասնագէտ մը կը յայտնուի եւ քանի մի հազար մղոն հեռաւորութենէ հարցին լրջութիւնը կը չափէ, սուրճի բաժակ կարդալու նման ապագան ալ կը գուշակէ եւ կ'առաջարկէ բոլոր սուրիահայերուն ոչխարի հօտի նման քշել եւ բերել Հայաստան: Ուրիշ մը սուրիահայութեան թիւը քառապատկելով կը փորձէ նոր յայտնութիւն մը ըրած ըլլալ եւ օրուան աստղը դառնալ: Եւ այսպէս շարքը երկար է...
Ուշագրաւ էր այն լրագրողը, որ ընդամէնը քանի մը օր Հալէպ գիշերելէ ետք պատերազմական լրագրողի շապիկով Երեւան դարձաւ եւ հերոսի դիմաւորութիւն կ'ակնկալէր: Ան Երեւանի մէջ ինքնավստահ դատապարտումներով եւ ընդհանրացումներով հանդէս գալով պարզապէս հերթական հայաստանեան մամուլի «սենսացիա» մը առաջացուց: Կարծես թէ Հայաստանի մէջ մրցում կայ, թէ սուրիահայութեան մասին ով աւելի ցնցիչ բան կրնայ ըսել: Այսպիսով, եթէ նոյնիսկ իրականութեան նշոյլ մը կար այդ լրագրողին վկայութիւններուն մէջ, այդ ալ անլսելի դարձաւ: Առածը կ'ըսէ, որ յաճախ ցորենն ալ յարդին հետ կ'երթայ:
Այս բոլորին մէջ ինծի համար ամենածիծաղելին ոմանց կատարած առաջարկն է՝ սուրիահայութեան, մասնաւորապէս Գամիշլիի հայութեան, Արցախ տեղափոխման մասին: Իսկ աւելի ծիծաղելի է, երբ թրքական եւ ազերի մամուլը այդ միտքը լուրջի առնելով անոր մասին յօդուածներու եւ վերլուծութիւններու տարափ մը սկսած է արդէն: Այս ալ ուրիշ փաստ մըն է այդ երկու կողմերու ազգայնականներուն որքան նախնադարեան մակարդակի վրայ գտնուելուն:
Ո՛չ Հայաստանի, ոչ ալ Արցախի ժողովրդագրական խնդիրները կարելի է լուծել այս գաղութներուն կազմաքանդումով եւ անոնց հայրենիք վերաբնակեցումով: Այդ մէկը ունի տարբեր լուծումներ: Նոյնիսկ եթէ սուրիահայ համայնքի մէկ մասը, կամ մեծ մասը, կարելի ըլլայ վերաբնակեցնել Հայրենիքի մէջ, այդ մէկը ժողովրդագրական առումով նշանակալից յաջողութիւն մը չէ: Ամէն տարի Հայաստանը կը լքէ աւելի շատ մարդ, քան ամբողջ սուրիահայութեան թիւը: Խնդիրը այլ տեղ է:
Այսօր սուրիահայութիւնը մաս կը կազմէ այդ միջավայրին, որ մօտաւորապէս հարիւր տարի է կ'ապրի, տակաւին առանց հաշուի առնելու աւելի քան հազար տարուան պատմութիւն ունեցող համայնքի գոյութիւնը: Հայաստանի մէջ Սփիւռքի մասին ճիշդ հասկացողութիւն եւ ըմբռնում ունենալու համար պէտք է լաւապէս ուսումնասիրել Սփիւռքի, մասնաւորապէս սուրիահայ գաղութի ընկերային, հոգեբանական, մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական բոլոր մանրամասնութիւնները: Իսկ ամէնէն առաջ՝ սուրիահայուն այսօրուայ տաքնապները:
Այսօր Հալէպ կամ Գամիշլի ապրող հասարակ սուրիահայը կը մտածէ, թէ ուրկէ հաց պիտի ապահովէ իր ընտանիքին համար: Քաղաքին մէջ տեղէ տեղ երթալու ժամանակ կը մտածէ, թէ արդեօք ո՞ր ճամբան աւելի ապահով է եւ բախումներէ հեռու է: Ան կը մտածէ մօտեցող ձմեռուան մասին, կը մտածէ, թէ ձմրան ցուրտին ուրկէ՞ վառելանիւթ պիտի ապահովէ իր տան օճախը տաք պահելու համար: Կը մտածէ երկրի քանդուող արդիւնաբերական ոլորտին եւ տիրող անգործութեան մասին: Ան կը մտածէ իր օրուան ապրուստը հոգալու մասին, իր ունեցած միակ հարստութեան՝ իր տան ապահովութեան մասին:
Սուրիահայը այս պահուն Սփիւռքի կամ արեւմտահայերէնի պահպանման քարը իր ուսերուն վրայ չէ վերցուցած, ոչ ալ հայրենադարձութեան կամ Հայաստանի ժողովրդագրական խնդիրները իր առաջնահերթութիւններուն մաս կը կազմեն: Այդ տարբեր տեսակի գաղափարախօսութիւնները շարքային սուրիահայ քաղաքացիին օրակարգին մաս չեն կազմեր այսօր, որովհետեւ ներկայիս ան այդ շռայլութիւնը չունի: Մէկ խօսքով, այս պարագային, եւ ընդհանրապէս, կոյր գաղափարապաշտութիւնը յետադիմական է, իսկ պատեհապաշտութիւնը՝ կործանիչ:

«Հետք», Օգոստոս 17, 2012

No comments:

Post a Comment