10.8.12

«Մտաւորական-մտաւորականութի՞ւն...»

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
 
Մտաւորակա՜ն: Մտաւորականութի՜ւն։
Ո՞վ է մտաւորականը: Ի՞նչ է մտաւորականութիւնը։
Կար ժամանակ, հեռու թէ մօտիկ, երբ մտաւորականը՝ իր իսկական կոչումին մէջ էր, իսկ մտաւորականութիւնը՝ իր առաքելութեան, հոգ չէ թէ պայմանները ըլլային անձեռնտու կամ վիճակները՝ անմխիթարական։
Սակայն, ո՞վ էր գնահատողը մտաւորականը եւ ո՞վ էր մտաւորականութիւնը արժեւորողը։ Քիչեր։
Այդուհանդերձ, մտաւորականը կը մնար (մնաց) իր կոչումին կրողը, իսկ մտաւորականութիւնը՝ իր առաքելութեան։

Ինչո՞ւ։
Շա՛տ պարզ։

Որովհետեւ մտաւորականը հաւատք ունէր, ամբողջական հաւատք իր կոչումին եւ այդ մեկնարկով կը գործէր, կը նուիրուէր ու կը զոհաբերուէր, իսկ մտաւորականութիւնը՝ գիտակցութեամբ, ամբողջական գիտակցութեամբ կը մնար պատնէշի վրայ։
Հակառակ մտաւորականին կամ մտաւորականութեան նկատմամբ, մասամբ թէ այլապէս, սնուցուող անտարբերութեան եւ անփութութեան, անտեսութեան եւ անհոգութեան, այդ «խաւ»ը շարունակեց մնալ ազգային կիզակէտին վրայ, նոյնիսկ ի հեճուկս ծառացող արուեստական դժուարութիւններուն, դիտաւորութիւններուն եւ ոտնձգութիւններուն։
Այսօր, շատ բան կը պարտինք այն մտաւորականներուն կամ մտաւորականութեան, որոնք, անկախաբար իրենց ստեղծագործական անգնահատելի ներդրումէն, ազգային կեանքին մէջ մնացին ուղեցուցային կամ կողմնորոշային, իրենց խոհեմ ու հեռատես դերակատարութիւններով։

Այսօրուան դիտանկիւնով, երբ կը խորաչափենք հայ մտաւորականին ու մտաւորականութեան դերն ու տեղը, նպաստն ու դիրքը, ո՞ւր կարելի է զիրենք գտնել (կամ՝ «նետե՞լ»), ո՞ւր կարելի է զիրենք զետեղել (կամ՝ «անկիւնաւորե՞լ»)։

Միամիտ (թերեւս ոմանց համար ալ… անմիտ) հարցում մը, որ կը չարչրկէ (պէ՛տք է չարչրկէ) իւրաքանչիւր ազգային միաւոր կամ շրջանակ, եթէ կայ անոնց նկատմամբ յարգելիութեան եւ արժանաւորելիութեան համապատասխան վերաբերմունք։

Տխուր փաստ է, այլեւ՝ խոցող, որ հայ իրականութեան մէջ, քիչ մը ամէն տեղ (ու շա՜տ), հայ մտաւորականներուն ու մտաւորականութեան ազդեցութեան գօտիները սկսած են զգալապէս պակսիլ (խամրի՞լ), եւ ասիկա ոչ թէ անոր համար որ (տակաւին) արժանաւոր մտաւորական ու մտաւորականութիւն չկան, այլ՝ գերազանցապէ՛ս, եղածներն ալ արհամարհելու, նուաստացնելու եւ անշքացնելու ահաւոր դաւադրութիւն մը կայ։

Ո՞վ կրնայ ուրանալ այս դառն իրականութիւնը։

Ո՞վ կրնայ ջրել այս տիրող հոգեբանութիւնը։

Ո՞վ կրնայ հակառակիլ այս ճնշող մտայնութեան։

Ո՞վ կրնայ չհամաձայնիլ այս տխուր գործընթացութեան։

Երբ՝

- Հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը առիթէ առիթի դասակարգային շերտաւորում են (շատերու համար)

- Հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը երեւոյթէ երեւոյթի ներկայութիւն են (ստուար թիւի մը համար)

- Հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը գործէ գործի անհրաժեշտութիւն են (կարգ մը հատուածներու համար)

- Հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը ձեռնարկէ ձեռնարկի մասնակցութիւն են (որոշ խմբաւորումներու համար)

Ասիկա է այն մռայլ իրադրութիւնը, զոր հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը պարտաւոր (՞) են դիմագրաւելու, մանաւանդ ներկայ հանգրուաններուն, տարտամ ներկայէն մինչեւ անորոշ ապագայ, երբ վերնախաւերը, միջնախաւերը եւ կողմնախաւերը, կը փորձեն ամէն ձեւով «խեղդել» մտաւորականին ու մտաւորականութեան հեղինակութիւնը, վա՛րկը, ապիկար եւ ստորնամիտ միջոցներով, միջամտութիւններով կամ միջամուխութիւններով։

Որոշապէս այս բոլորը պատճառ դարձան կամ կը դառնան, որ հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը, որքան ալ ըլլան համեստ կամ սակաւաթիւ (այս ալ ուրիշ տագնապ մը, որուն պէտք է անդրադառնալ աւելի հանգամանօրէն), այսօր կը գտնուին, մեղմ ըսած, լուսանցքի վրայ։

Եթէ այս հաստատումին դէմ կայ հակաճառութիւն կամ առարկութիւն, պէտք է յանդգնութիւնը ունենալ նայելու տիրող իրականութեան, ուր պատկերը աւելի քան պերճախօս է, յատկապէս երբ կը լսուին կոչեր, կարգախօսներ ու մաղթանքներ՝ ի նպաստ… հայ մտաւորականին ու մտաւորականութեան։

Բայց, ատոնք ո՞րքանով ճշմարտութիւն են, այնքան ատեն որ հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը, իրենց էութեամբ ու գոյութեամբ, կը մնան «անտէր-անտիրական»ի կարգավիճակին մէջ։

Հաւանաբար ըսուի թէ՝ մտաւորական-մտաւորականութիւնը լայն հասկացողութիւն է։

Թերեւս, ինչ-որ տեղ ճիշդ է, բայց ո՞վ ըսաւ եւ ո՞վ իրաւունք տուաւ, որ հայ ժողովուրդը, իր տարբեր գունաւորումներով կամ խայտաբղէտ կազմաւորումներով, հայ մտաւորականին ու մտաւորականութեան նկատմամբ պիտի վերաբերուի անկումայնութեան ու սայթաքութեան տրամաբանութեամբ։

Բնական է, խօսքը, այս պարագային, կը վերաբերի այն «թունաւոր» մթնոլորտին, որ այսօր կը նշմարուի ու կը զգացուի մեր գաղութային կեանքին մէջ, իր զանազան դրսեւորումներով ու վերիվայրումներով, ուր մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը սկսած են խամրիլ։

Վերջին տարիներուն, ո՞վ չի տեսներ (կամ չ’ուզէր տեսնել), թէ ազգային գերխնդիրներու մէջ, մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը կամայ թէ ակամայ կը բացակայուին...։

Ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել եւ ինչո՞վ պէտք է արդարացնել այս «ափալ-թափալ»ի թաւալքը։

Ազգային իշխանութիւններ, իրենց զանազան պատկանելիութիւններով, ոմանք լրջօրէն, ուրիշներ՝ մակերեսայնօրէն, կ’ահազանգեն այս մասին, բայց կը բաւե՞ն ատոնք, որոնք «բարիկամեցողութեամբ» սահմաններէն անդին չեն անցնիր, մինչ հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը մեր իրականութենէն ներս կը պակսին (կը շահագործուին), անմիջական յաջորդներու ալ անգտանելիութեամբ։

Քանի մը տասնամեակ առաջ ալ կար այս մտահոգութիւն-տագնապը, հիմա աւելիով սրած է, վաղը ի՞նչ կ’ըլլայ, չենք գիտեր, բայց «սթափ» բարեկամ մը ըսաւ.

- Մտաւորական-մտաւորականութի՞ւն մը ըսիր, այդ ի՜նչ պարապ կատակ է ըրածդ...։

Հիմա որո՞ւն կը հաւատաք. «սթա՞փ»ին թէ՞՝ անսթափներուն, որոնք կը շարունակեն հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւն “փրոփականտ”ել, զանոնք “փորփորել” ու գնով։
Ramgavar.org

No comments:

Post a Comment