21.7.12

Սուրիահայութիւնը մոտայի եւ իրականութեան միջեւ


ՅԱՐՈՒԹ ԷՔՄԱՆԵԱՆ

Հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մէջ վերջին օրերու ամենաշատ արծարծուող թեման թերեւս սուրիահայութիւնն է: Մանաւանդ անոնք, որոնք կ'ահազանգեն սուրիահայութեան դէպի Հայաստան հոսքի կամ ապաստանելու լուրերով:
Միայն անցած շաբթուան ընթացքին տասնեակ լրագրող գործընկերներ ինծի հետ կապ հաստատած են, ոմանք ուղղակի, ոմանք ալ միջնորդներով, պարզապէս «Հայաստան տեղափոխուող սուրիահայերուն» մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար: Հետաքրքրականն այն է, որ բոլորն ալ այս նիւթին մասին կը խօսին որպէս ընդունուած փաստ եւ արդէն յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փնտռեն, առանց անգամ մը իսկ մտածելու, թէ իսկապէս նման երեւոյթ մը ի սկզբանէ գոյութիւն ունեցած է: Արդեօք անոնցմէ քանի՞ հոգի ուսումնասիրած է անցած տարիներուն Հայաստան ժամանած սուրիահայերու եւ այս տարի ժամանածներուն թիւերն ու տոկոսները:
Անցած տասնամեակին Հալէպ-Երեւան-Հալէպ ուղիին վրայ միշտ ալ եղած են շաբաթական միայն երկու թռիչքներ, ինչպէս այսօր: Իսկ այդ թռիչքները, գոնէ Մայիսէն մինչեւ Սեպտեմբեր երկարող ամառնային ժամանակաշրջանին գրեթէ միշտ լեցուն երթեւեկած են այս ճամբուն վրայ: Քանի մը տարի առաջ զբօսաշրջական գործերով զբաղուելու բերումով այդ մասին կրնամ անձամբ վկայել: Այս տարուան պարագային թերեւս տոմսեր ստանալու հերթը աւելի երկար է, ինչ որ որոշ չափով հասկնալի է: Այստեղ կարելի է յիշել նաեւ «Արմաւիա» ընկերութեան ամօթալի չարաշահումները, սակայն այդ ուրիշ յօդուածի մը նիւթ է:
Ցամաքային ճանապարհը Հայաստան-Թուրքիա փակ սահմաններու պատճառած անյարմարութիւններու բերումով այդքան ալ յաճախ չէ օգտագործուած: Իսկ այսօր Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին պատճառով մարդիկ աւելի եւս կը խուսափին ցամաքային ճամբորդութիւններէ: Այդ պատճառով հալէպահայերու համար երազանք դարձած է անգամ աւանդական ամառանոց Սուրիոյ ծովեզերեայ Քեսապ հայկական աւան այցելութիւնը:
Չմոռնանք, որ կան հազարաւոր սուրիահայեր, որոնք կը բնակին եւ կ'աշխատին Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ: Այդ մարդիկը ամառային արձակուրդի համար յաճախ կ'այցելէին Հալէպ: Սակայն այս տարուան արտակարգ պայմաններուն բերումով այդ մարդոց մեծ տոկոսը իրենց ամառնային արձակուրդը Հալէպի փոխարէն կ'անցընեն Երեւան: Անոնց նման կան հալէպահայեր, որոնք կ'ապրին արեւմուտքի մէջ, որոնց համար եւս այս ամառ Երեւան գալը աւելի հեշտ է քան Հալէպ երթալը:
Յաճախ այս նիւթին հետ որպէս տուեալ կը ներկայացուի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան դիմող սուրիահայերուն թիւը, որ միայն այս տարուան դրութեամբ մօտ երեք հազարէն աւելի է, ըստ պետական աղբիւրներու: Սակայն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալը որքանո՞վ կապ ունի անոնց Հայաստան տեղափոխման հետ, այդ ալ կը մնայ հարցական:
Այստեղ նկատի պէտք է առնել, որ սուրիահայութեան մեծամասնութիւնը միջին կամ միջինէն ցած դասակարգին կը պատկանի: Նման պայմաններու մէջ ապրող մարդոց համար ալ դիւրին չէ ամէն բան ձգելն ու վաճառելը եւ ուրիշ տեղ նոր կեանքի սկսիլը՝ ըլլայ ատիկա Հայաստան, Լիբանան թէ այլուր:
Իսկ սուրիահայ համայնքը մէկ մասն է այդ հասարակութեան, որուն մէջ այսքան տարի ապրած եւ զարգացած է հասնելով իր այսօրուան (լաւ թէ վատ) վիճակին: Իսկ այդ շրջապատէն բաժամումը կրնայ անշրջելի վնասներ պատճառել թէ՛ սուրիական հասարակութեան, թէ՛ հայ համայնքի անդամներուն եւ թէ՛ ընդհանուր հայութեան: Ուստի պէտք է նաեւ աւելի հաւասարակշռուած մտածել Երեւանի լայն փողոցներուն մէջ սուրիահայութեան դէպի Հայաստան տեղափոխման կոչերով հանդէս գալէ եւ անկապ դրամահաւաքներ կազմակերպելէ առաջ: Վերջապէս այդ մարդիկը իրենց ճակատագրին միակ պատասխանատուներն են: Իսկ Հայաստանի կառավարութեան կը մնայ միայն տէր ելլել անոնց, որոնք օգնութիւն կը հայցեն, ըլլան անոնք սուրիահայեր թէ այլ տեղերէ եկած հայեր: Հայաստանը վերջապէս պէտք է գիտակցի, թէ իսկապէս բոլոր հայերու հայրենի՞քն է, թէ ամառանոցը:
Սակայն հայաստանեան լրատուական դաշտը կարծես թէ չ՚ուզեր լսել, չ՚ուզեր ուսումնասիրել այս տուեալները եւ չ՚ուզեր քննել ներկայացուած խնդիրներուն խորքերը: Անշուշտ միշտ աւելի հեշտ է մեծ վերնագիրներով եւ աղէտալի լուրերով հանդիսատեսին կամ ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւելը:
Մէկ շաբաթ առաջ բրիտանական BBC լրատուամիջոցէն գործընկեր մը զանգած էր տեղեկութիւններ ստանալու համար նոյն այս թեմային մասին: Փաստօրէն «Հայաստան ապաաստանող սուրիահայերու» թեման միջազգային լրատուամիջոցներուն համար ալ գրաւիչ դարձած է: 40 րոպէ տեւած հեռախօսազրուցի ընթացքին անոր բացատրեցի վերը նշուած բոլոր մանրամասնութիւնները: Սակայն մէկ օր ետք ան տեղեկացուց, թէ խմբագիրը նիւթը ուրիշ գործընկերոջ մը յանձնած է, քանի որ ան յաջողած է գտնել այժմ Հայաստան գտնուող պատահական սուրիահայ մը, որ պատրաստ է «իր փնտռած տեղեկութիւնները» տալու կամ «վկայելու»:
Դժբախտաբար լրատուամիջոցներու չափանիշները այնպէս չեն, ինչպէս որ մեզմէ շատերը կը փափաքէին որ ըլլար: Սակայն այս մէկը կոչ է բոլոր անոնց, որոնք իսկապէս հետաքրքրուած են այս թեմայով, որ աւելի ուշադիր հետեւին զարգացումներուն, եւ աւելի շատ հարցումներ հարցնեն ինքնավստահ յայտարարութիւններ հրապարակող բոլոր կողմերուն: Այնուամենայնիւ, այս գրութեան նպատակը մարդիկ ժխտումի մէջ ապրեցնելը չէ: Այս գրութիւնը ներկայի մասին է, եւ կը մաղթեմ, որ ապագան զարգանայ այնպիսի ուղղութեամբ, որ անցեալի փորձառութիւններէն օգտուելով կարենանք շրջանցել բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները:

«ՀԵՏՔ», Յուլիս 20, 2012

No comments:

Post a Comment